7
Առ
Մեծ.
[ապատիւ
]
Ա.
Էֆ.
[ենտի
]
Լուսինեան
Կ .
Պոլիս
Եղբա՛յր
իմ,
Ներեցէք:
Իրաւամբ
զնէ
հռչակել
կ՚ուզէի,
այլ
զգացումներս
եւ
գրիչս
տկար
գտի
նիւթին
վսեմութեան
առջեւ…
ա՜հ,
միթէ
կարելի՞
է
ովսաննա
մը
հեծկլտալ:
Այս
օրերս
դարձեալ
մշտնջենաւոր
վէրքս
շունչ
առաւ
տակ,
այդ
սեւ
աստղը.
ձգէ՛
սա
«նոճեաց
»
օձիքը,
սա
«դաշնակաց
բուն
»
որ
առջեւ
երբեմն
կ՚ապշի,
որուն
սրտին
անդունդը
կ՚ալեծփի
շուրթերը
քար
կը
կտրին,
որ
միշտ
իր
վէրքին
կը
նայի,
ինչպէս
փառասէրն
իր
աստղին…
Ձգէ՛
սա
«մտերմաց
դալկահարը»…
Յանցաւոր
եմ…
այլ
ո՛չ,
վէրքիս
մօտեցի՛ր,
եղբայր
իմ,
սա
ահարկու
անդունդին…
սակայն
սեւ
ժայռը
եւ
կրնան
հոն
նայիլ
լոկ:
Կը
յուսամ
որ
մինչեւ
այս
տողերուն
հասնելուդ
ներեցիր
եւ
չը
կրցած
դու
հասկցար
անշուշտ,
վասնզի
սրտի
մը
խաւերը
կրնայ
թափանցել
բանաստեղծի
մը
խոկմանց
սլաքը.
դեռ
շատ
կ՚ուզէի
գրել,
բայց
թէ՛
ես
անհուն
եմ
եւ
թէ
եղբայրս
նամակը
ուշ
ձեռքս
հասցուց,
բայց
նա
ալ
այսպէս
ընել
ստիպուած
էր
պարագայից
բերմամբ:
:
Ի
տեսութիւն.
Եղբայրդ
Պ .
Դուրեան
1871
Օգոստ.