Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
8 < Առ Պ. Հ . Ճանֆէսճեան>
       Մտերիմդ իմ,
       Ահա՛ անհուն «մնաք բարով»ի առաջին թելը կը զարնեմ: Զքեզ տեսնել ուզեցի. ուզել՝ ինձ համար ծարաւիլ է. դողդոջ քայլերս կարգի դրի ձեր տունը գալու, զքեզ հարցուցի եւ հարցունելուս հետ՝ անմիջապէս կօշիկներուդ տեղը նետեցի ակնարկս. մայրդ եւ դատարկութիւնը տխուր պատասխան մը տուին ինձ . Հոս չէ: —«Եղբայրս , ըսի իւրովի , հոս չէ՜…»:
       Գիտեմ, կենաց դառն ներդաշնակութիւնը չներեց գալ տեսնել անգամ մը եղբայրդ, դալկահար եւ դողդոջ հիւրը. սակայն այս ճակատագրին սեւութեանը ի՛նչ պէտք է ըսել, որ իմ տկար քայլերս չի վարձատրեց եւ ստիպեց զիս յողդողդ ոտնփոխներս ներդաշնակելով մեկնիլ տխուր ու ցաւած : Ո՞ւր . Փնտռել խորշ մը, ուր արտասուաց բոցանուտ շիթերը կը քօղարկուին մարդոց աչերէն:
       Իմ վիճակս յուսահատական է, եղբայր իմ. սակայն ես հանդարտ եմ եւ հարկաւ քիչ մը տխուր. թօշնեցաւ ամէն մարդկային տենչ սրտիս մէջ, տենչ՝ աշխարհի այդ ոսկեզօծումը. ամէն յոյսերս մոխիր դարձան, իբրեւ մեքենայ կ՚ապրիմ գրեթէ, իմացական հրահրումս կորուսի, մտածումներս կարճ են եւ մութ:
       Սակայն մի՛ ցաւիր, բարեկա՛մ, սապէս համոզուէ, որ քու եղբայրդ գերեզմանի տեղ Նոյան տապանը կը մտնէ աշխարհի արիւնահեղեղէն փրկուելու համար… ո՛չ, այս սեւ մտածումը չը կշռեր երբեք ծանր՝ հոգւոյս վրայ, որչափ արցունք մը աչացս մէջ:
       Ո՜հ, որչա՜փ ինձ հաճոյական է քեզ առընթերակցելով դալկահար վերջալուսի մը փողփողումովն քանի մը ժամեր ծծել… սակայն գիտեմ, այս հիւանդութեանս մէջ փոքր ինչ նողկալի եմ… ինձ նայողին ճակտին վրայ արգահատական ծալքերու պատկերումը կը տեսնեմ ես:
       Սակայն դու, սրտահոգ բարեկամ, գիտեմ, որ միշտ զիս ժպիտներուս, ցաւերուս, առողջութեանս եւ հիւանդութեանս մէջ առհասարակ համահաւասար , անյողդողդ , սիրով կը սիրես, եւ երբ իմ վրայ գուրգուրալով ներքինս կ՚ուզես խառնել… Կ՚ուզես կմախքով լի հոգի մը խռովել… սոսկալի երազոց անդունդ մը պղտորել, որ սիրտս է, ուր մահուան լռութիւնը կը տիրէ եւ այն լռութիւնը լուծանող երկնից արձագանքները կան միայն. դուն ալ հնչեցուր հոն քու քաղցր բարբառդ, բարեկամ, գերեզմանի մը համար նոճիի մը ձայնը բաւ է, եւ երբ այսուհետեւ տեսնուինք շատ չը պիտի խօսիմ, այլ լոկ ակնարկներով պիտի գոհանամ:
       Երբեք մի՛ մտաբերեր որ ես յուսահատ եմ. բնա՜ւ , բանաստեղծ մը մահուանէ չը սոսկար. այն ատեն իրաւունք ունէի ցաւելու, երբ ամէնքն անմահ ըլլային, եւ ես միայն մահկանացու:
       Այսպէս համոզուէ՛:
       Ի քաղցր տեսութիւն
Պ . Դուրեան
       1871 Սեպտ . 5
Սկիւտար