Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
10 <Առ Պ. Ա . Լուսինեան>
       * Եղբայր իմ,
       Ձեր սիրալիր տողերուն փոխարէն աստղերու հեղեղ մը կու տամ սրտէս…
       Օրհնեա՜լ ըլլաք, որ կ՚ուզէք Ձեր վսեմ կրակովը բռնկել սա նոճեաց դալկահար որդեգիրը, որ միշտ իր սրտին մոխիրները կը գգուէ. օրհնեա՜լ ըլլաք, որ կ՚ուզէք սրտէս դուրս հեղեղել թանձրամած սուգը:
       Պիտի կարդամ միշտ ձեր տողերը քաղցր արտօսրներու փողփողումով եւ վեր պիտի առնեմ թաց բարձիս գամուած դողդոջ գլուխս, կսկիծներուս մէջ վայրկեան մը հպարտ պիտի ըլլամ, կուրծիս հեւքը վայրկեան մը պիտի դադրի՝ եղբօր մը վսեմ ոգին ծծելու եւ իր անմահ անունը սրտիս խորերը կուլ տալու:
       Ա՜հ, խիստ վսեմ կը շարժիք, եղբայր իմ, եւ կը ներէք միշտ վեհանձնութեամբ մը թաղուած հոգւոյս ցուրտ լռութեանը. սակայն ի՞նչ ընեմ. սառոյցէ գօտի մը սիրտս շղթայած է… ո՜հ , թող Ձեր թրթռուն հոգին խօսի միշտ, թէպէտեւ տժգոյն ճակտիս վրայ այնպէս կ՚երեւի, որ ամէն բան կը մարի. սակայն կուրծիս տակ յեղաշրջումներ կ՚եռա՜ն:
       Խօսեցէք, եղբայր իմ. խոզին առջեւ չէ՛ք թափեր Ձեր մարգարիտներն, Ձեր խօսքերը սառոյցէ ճակտիս ետեւ արեւներ են… միշտ խօսեցէք :
       * Կ՚ուզէի ներա պաշտպան հանդիսանալ, կ՚ուզէի այդ Թեր֊Հսկայ Արամը ճզմել, այլ ներեցէք, եղբայր իմ, գրիչս ձեռքիս մէջ կը դողայ, ահա կը տեսնէք, տարտղնած վիճակի մէջ եմ: Եւ արդէն այսչափ… իմ խօսիլ հարկ չէ:
       Գաճաճին գրածին արժանիք տալ է. միակ դուք ալ գրէք, բաւական է, արդէն ես այնպէս կը կարծեմ, որ այդ խծբծումը շատերուն քմծիծաղին արժանացուցած է. այսու ամենայնիւ կ՚ուզեմ գրիչ լզող գտնել այդ մասին մի քանի տող գրելու. ասկէ զատ, եթէ բարեբախտաբար գրելու կարողութիւն մը ունենայի, ներա ատենախօսութիւնը չըկրնալ գտնելուս համար ետ պիտի կենայի, վասնզի Արամի այդ թերաքննութեան մէջ ներա… խօսուածքն… անանկ… նկատմամբ… մը խօսքերուն ակնարկութիւններ կային, որոնք կրնային Արամին անտեղութիւններ ընելովն… խծբծել: Շատ կ՚աղաչեմ, որ այս մասին ներողամիտ լինիք, եղբայր իմ: Ներա համակրանաց նամակը կարդացի. շիտակը սքանչացայ այն վսեմ զգացումներուն արտայայտութիւններն տեսնելով, որոնք կուսական բերանէ մը կ՚ելնեն եւ մեծերու յիշատակարանը կ՚ընկնին:
       Այսպիսի վսեմ նիւթերու առջեւ լռելը մեծ բան է ինձ համար. վսեմ է ինձ համար լոկ դողդոջել:
       Ա՜հ, այսպէս միշտ իմ վրայ գուրգուրալով, կ՚ուզէ՞ք որ միշտ շնորհակալ ըլլամ. ի՞նչ ըրի Ձեզի, չեմ գիտեմ, եղբայր իմ: Ա՜հ, գիտեմ, դալկահար դողդոջ ըլլալուս համար զիս սիրեցիք… բանաստեղծական մը ըլլալուս համար բանաստեղծէ մը գրաւուեցա՜յ , գիտե՜մ…
       Եթէ ճակտիս վրայ վարդ ունենայի՝ կիները զիս պիտի սիրէին. ա՜հ, աւելի լա՛ւ է, որ դալուկն ունիմ , եւ բանաստեղծները զիս կը սիրեն:
       Չորեքշաբթի օր Ձեզ սպասեցի. տխուր վերջալոյս մ՚ունեցայ:
       Տեսնուիմք, եղբայր իմ, գոնէ Ձեզ հետ քանի մը զուարթ ժամեր ծծեմ:
       Կը յուսամ , որ քիչ տաղտկալի կ՚ըլլամ Ձեզ տժգոյն շրթանցս թափթփուկներով:
       Երէկուընէ ի վեր վիճակս վատթարացաւ. կ՚աղաչեմ, մի՛ տրտմիք:
       Ես տրտում ժամերուս աստղերուն կը յառիմ. Աստուծոյ այդ կրակներն զիս փոքր ինչ կը սփոփեն:
       Մնաք բարո՜վ:
       Եղբայրդ
Պ . Դուրեան
       1871 Սեպտ . 9
Սկիւտար