Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
11 < Առ Պ. Ա . Լուսինեան>
       Եղբայր իմ,
       Ինէ մէկ քանի թատերախաղերս կ՚ուզէք. բայց ես միայն նոցա ծրագիրներն ունիմ, որոնք անընթեռնելի ըլլալէ զատ՝ թղթի կտորուանքներու վրայ գրուած են: Մաքուր ըլլալով «Վարդ եւ Շուշան » անուն սիրային թատրերգութեան խաղատետրն ունիմ քովս: Ասի տասն եւ հինգ տարեկան հասակի սիրոյ եւ հանճարի յանդուգն փթթում մ՚է. եթէ կը հաճիք, սա Ձեզի կրնամ յուղարկել . իսկ միւս Ձեր մասնաւոր խնդրուածներուն գալով, անոնցմէ մէկ երկուքին <այսինքն՝ Արտաշէսին եւ Անկումն Արշակունեացին տետրերը> կը խոստանամ, որ Վարդովեանը տեսնելով՝ քիչ մը միջոցի համար ուզեմ. եթէ տալու հաճի, ուրախութեամբ Ձեզ կը յուղարկեմ. բայց նոքա ո՛ւր երթալնին չգիտցող փոթորիկներ են:
       Եղբայր իմ, ի՞նչ պիտի ընենք զանոնք, Ձեր գրութեան ձեւը զիս հետաքրքրութեան մէջ ձգեց. պէտք է որ առանց ատեն անցնելու հետաքրքրութիւնս յագեցնէք. ինձ մի քանի զուարճալի վայրկեաններ պիտի յաւելուք. ուրեմն, պիտի աշխատիմ զանոնք Ձեզ յուղարկելու ջանալ:
       Դուք բան մը ինձ կ՚իմացնէք . ես կը գուշակէի զայն արդէն. բայց դարձեալ լսած ատենս սիրուն հրճուանք մը ունեցայ. ըսի ինքնին. «Արդեօք պիտի վայելե՞մ այն օրն, ուր նոքա գլուխ գլխի պիտի տան… » մեծ պիտի ըլլայ ինձ համար այն օրն… հարկ է որ հարուցած խոշոր անիւներուն իւղ քսուի:
       (Արդեօք պիտի ապրի՞մ մինչեւ այն ժամանակ):
       Այն շնորհալի հանդէսին մէջ ես ալ շշուկ մը պիտի ունենամ, չեմ ուզեր զայս երազներու կարգն անցել . մօտեցո՛ւր այդ օրն, եղբա՛յր իմ , կ՚ուզեմ Ձեր ըմպած երջանկութեան բաժակէն կաթիլ մը գողնալ, որ կարող է սրտիս անհուն բաժակը լնուլ: Ձեր ադամանդեայ պսակին հետ իմ սիրտն ալ պիտի ճաճանչէ: Թո՛ղ գայ այդ փառազօծ օրն, եղբա՛յր իմ:
       Դարձեալ սիրտս ցամքած է , չկարեմ զգացումներս ուզածիս պէս դուրս տալ… ո՜հ, ցամա՛ք սիրտ, ե՞րբ պիտի թարմանաս, ե՞րբ առաջուան պէս խնդումներ պիտի անձրեւես:
       Չտեսութիւննիս երկարեցաւ, եղբայր իմ, Սկիւտարը մի՛ մոռնար:
       Նամակներուդ տողերը քիչ մը ստուարացուր, միշտ գրէ՛, եղբա՛յր իմ, եթէ ես զուարթ եւ առողջ ըլլայի, միշտ պիտի գրէի:
       Սիրոյ անհունութիւն մը կը մաղթեմ…
       Եղբայրդ
Պ . Դուրեան
       1871 Սեպտ. 30
Սկիւտար