Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն…


Բարեկա՛մ, գիրդառի, արեւելման հով, հայերէն ոճ ու անկլիական ոգի կբուրէ: Նոր կ'իմանամուղեւորութիւնդ բուն նպատակը, զօր արդարացընելու համար որքան լեզու թափէր ես: Միթէակընյայտնի բան մի փաստի կարօտ ու զարմանալի է: Հիանալին մեր Հոպսն[1]է, որ մարդուս հոգին շարժական մեքենայի մը կուզէ փոխել, որպէսզի ամէն բռնաւորուզածին պէս զայն լարէ ու գործածէ Մարդուս վայել է ճշմարտութիւն փնտրել, գիտցածըկատարելագործել եւ դժուարութենէ չընկրկիլ Որչափ որ թեզի չափ հետաքըրքիր չեմ նորհայու մը ինչ լինելը հասկնալու, քանի որ հինին վրայ ալ խիստ որոշ տեսիլներ չունիմ, դարձեալ ձեռքես եկածը պրտի ընեմ քեղի օգնելու խուզարկութեանցդ մէջ, տեսնելով որհպարտութիւնս պիտի չկրնամ ձգել հայագէտ պատգամ կոչուիլ հ’անկլիայ եւ պարծիլ, ու նոյն միջոցինչգիտնալ, որ Եւրոպայի կեդրոնը հայկազուններ կգտնուին Ես ալ քեզի հետ կը զարմանամմեր տգիտութեան վրայ այս մասին Յանցանքը որու՞ է. թէ որ ըստ մասին մերը, մեծմասամբ հալուն է: Փոքր-ինչ մերն է. կ'ըսեմ, վասնզի մեր անթիւ անձնական ու իսկականգործերն ու ինքնահաճութիւնը չեն թողուր մեզ աննշան բանէր ու ուշադիր լինելու, թէեւվարժարանը ուսեր ենք թէ Բրուտոս ինչու՞ Կեսարը սպաննեց, թէ Տիմոսթենես ինչպէ՞սյորդորեց Աթենացիքը Փիլիպպոսի դէմ, եւ թէ Արամ ի՞նչ թաղաքականութեան կը հետեւէրՀին պատմական եղելութիւնները ուշի ուշով կը քննենք ու մեծ կհամարինք այն ազգը`որուն ազդեցութիւնը մինչեւ մեր օրը կներգործէ Թէ՛ աստուածներէ իջնէ եւ թէ
* Կերեւի թե հոս Վուտ երեւելի Հոպս փիլիսոփային կակնարկե, որ միահեծանկառավարութեան ջերմ ջատագով կեցավ:
դեւերէ, կործանմանժամը զարկաւ՞, գիրքը կը գոցենք, աւերակներուն վրայ տապանագիրը կը կարդանք, ու խրատառնելեն ետեւ մնաս բարեւ կ'ըսենք, առանց դառնալու ու նայելու որ մեռելին շունչըդեռ վրան է ու գլուխը շիրմեն դուրս է հանէր: Իսկ միւս կողմեն աւելի մեղադրելինհաչն է, որ չշարժիր, չկանչէր, մեր աչքին չերեւիր. եւ կարծես թէ երկնառաք հրեշտակիմը կսպասէ, որ զինք Խոր Վիրապեն հանէ. Լաբոնացիք անգամ մեզի ծանօթ են, հիւսիս ենվար մուշտակ եւ ձուկ կը ղրկեն մեզ Կովկասու խորշերեն Շամիլի գոռն Եւրոպա արձագանքկարձակէ եւ մեր համակրութիւնը եւ ուշադրութիւնը կշարժէ: Միթէ պարտաւո՜ր ենքշարունակ ճրագ եւ սպեղանի ի ձեռին կիսամեռ դիակնէր փնտրել ու դարման սատարել: Հինազգի մը ձայնը պատմութիւնն է, իսկ նորինն իր գործերը: Ինչպե՞ս հնարաւոր է, որ միհայ ազգ գտնուի ու ողջ լինի: Կ'երեւի որ արդի հայը, տարօրէն առաքինութեան տէր, բոյսերու կեանքը կ'ապրի: Վասնզի կա՛մ ես ականջ ու աչք, կամ նա լեզու չունի, չունիձայն ու գործ հ’եւրոպայ, չունի աթոռիկ մը ազգաց կաճառին մէջ: Արդեօք Հայկայ ուրուակա՞նն երեւցաւ երազդ, միթէ հիւ՞ր մ’էհայն, որ սխալ դուռ զարկաւ ու ազգերու դռան սեմին վրայ նըստաւ. միթէ գերի՞ մ’է շղթայի արժանի, ի՞նչ է խնդրեմ, ժամ մ’առաջ նկարագրէ ինձ այդ էակը:
Մեծ կարեւորութիւնկը տաս դու այն ազգին, որ կը զլորի ու նորեն կը կանգնի: Այո՛, երբ վերջի կանգնումըառաջինին պէս փառավոր դառնա, ապա թէ ոչ նոյն ազգը շատ կը վնասի թէ իր նախնիհամբաւին ու մեծութեանը մասին եւ թէ մեր համարումին կողմեն: Ուստի լաւագոյն կըսեպեմ, որ ազգ մը պարծանաց գագաթը հասնելեն ետեւ առօք փառօք կործանի, անդիմադրելիպարագաներէ ստիպեալ` անհետ մարի, քան թէ շքեղ անցեալէ մ’ետեւ անփոյթ ու հաշմ թափառի ներկային մէջ, աղքատիկ ապրի ու ազգաց դուռը մուրա: Վասնզի` հիները մեր աչքին իբր դիւցազունքկերեւին, թէեւ նոյն անուան աւելի արժանիներ կգտնուին այս պայուս մեր երկիրն եւուրիշ տեղեր; Ժամանակը խոշորացոյց մ’է, որ քանի հեռանաք մեր երեւակայութեան առջեւհասարակ բաներու անգամ, խոշորւ փայլուն ու խորհրդաւոր գոյն մը կընծայէ: Ասկէ զատ`ամէն դար իր յատուկ եւ յարմար մարդիկն ունեցեր է: Երբ աշխարհ դեռ տղայ էր, անորյառաջադիմութեան միջոցներն անտաշ ու սահմանաւոր էին, մինչդեռ հիմա անհամար են եւգերագոյն: Մեծն Վարդան, ստուգիւ մեծ մարդ է, թէ որ այսօր գար եւ մեզի դէմ խալւսկիրմը հանէր` խիստ պզտիկ մարդ մը կը դառնար: Այս գարուս մէջ Դել 2 մը, Ֆրանքլին 3 մը, Ուոշինկթն 4 մի պէտք է լինի, որպէսզիմեծութիւնը պահէ: Ուստի եթէ հայը, զօր քննելու սկսար, դարուս լուսաւորութեան եւքաղաքակրթութեան հետ չքալէր, նոր բան մը հաղորդած չես լինիր ինձ` եթէ ըսես թէ նոյնհայը, Տիգրանայ, Տրդատայ եւ Վարազգատայ որդին է միայն: Հիմա Տրդատայ մի ձեռամբերկու ցուլերու եղջիւրը թափող ոյժը իրեն թագաւորութիւն մի շահել տալու առիթ մը չէրլինէր, վասնզի` շոգի եւ բարոյական զօրութիւն ունինք, եւ ոչ սրտեայ եւ քաջամարտիկՎարազդատ մի արիաբար ձի աշտանակելուն` կայսեր մը շնորհն ու Հայաստանի գահը պիտիստանար, վասնզի` ահա մեր Բալմերսդն5 ու Տէրպին քաջ որսորդներ են, ուասոնց նմանները փոսի ու բլրակներու վրայեն ամեհի ձիով ցատկելնուն համար չէ որԲարլմենթին մէջ աթոռ եւ մեծ ազդեցութիւն ունին: Այս բարձր աստիճանն աւելի իրենցմտաւորական հանգամանաց ու հայրենասիրական հոգուոյն պարտաւոր են: Իրաւի կխոստովանիմնաեւ, որ կը սիրեմ այն ազգը, որ թէեւ թշուառ, ներքին արժողութիւն, անպաշար գլուխ, կորովի բնութիւն մ’ունի, միաբան սիրով կանգնելու ճիգ կթափէ եւ ինքն իւր ճամփան կյարդարէ եւ առաջ կքալէ:
Ուրեմն եթէ հայդիր հայրենական բնութեան հետ շաղեր է նաեւ դարուս հոգին, ազատասիրութիւնը եւյառաջադէմ կանգնելու կարողութիւնները, ան ատեն կրնամ ըսել քեզի հետ որՆախախնամութիւնը զինքն ապագայի եւ առաքելութեան մի սահմանած է աշխարհիս մէջ: Իսկայս առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարէ ազգ մը, եթէ ոչ տար ազգաց վրայ թէ նիւթականեւ թէ բարոյական ազդեցութիւն մի, իրաւունք մի, անոնց հետ յարաբերութիւն միստանալով: Ազգերու հրապարակին մէջ ամէն մէկն իր որոշ դրոշակով կմտնէ, իր սեփականվաճառքը հոն կբերէ, յարկը կվճարէ, քաղաքականութեան համբարին ու փոխարէն անուն, կացութիւն ու իր հաստատ զոհութեան երաշխաւոր ութսուններ կ'ընդունի: Ին՞չ նորսկզբունք, ի՞նչ նոր գիւտ, ի՞նչ գործի հնարած, ի՞նչ տոհմական առաքինութիւն, ի՞նչինքնահնար ճարտարութեան արգասիքը բերած ունի հայդ նոյն ընդհանուր ատենին առջեւ[1]*: Ո՞ր ժողովըրդեան սրտին մէջ կտիրէ, ո՞ր դահլիճին մէջ անունը կը յիշուի, ո՞րընկերական վիճակի, ո՞ր քաղաքական դաշանց մէջ կշիռ մունի, ցցուր ինձ ասոնց մէկնշմարանքը, փորձը, եւ իսկոյն գլուխ կը ծռեմ գրածիդ:
Չեմ ուրանար, որ հին հայր իրեն շրջակայ ազգերուն վրայ փոքր ի շատէ ազդեցութիւն բանեցուցած է թէ՛ լեզուի, թէ՛ զինու, թէ՛ վաճառականութեան եւ թէ իրենլուսաւորութեան զօրութեամբ: Ինչպես մենք Յունաստանեն եւ Հռոմեն, անտարակոյսնոյնպէս եւ Պարսիկք, Վիրք, Աղուանք անորմէ շատ բան ուսած են: Խորենացին իրաւամբկգոչէ, որ«Հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն էր այն”: Վեհագոյն չէ թէ պատերազմական փառացմէջ, որ ժամ մի միայն փայլեցաւ, չէ թէ մարտիրոսներու եւ նահատակներու արեան համար, որ ընդհանուր եկեղեցիին խորանը մաքրեց, առանց Հայաստանը բոլորովին ազատելու, այլհայոց բարոյական բարուց, անոնց առ հայրենի աշխարհն տածած անշէջ սիրոյն համար, այլով գիտէ, թերեւս նաեւ արեւպաշտական մատենարութեան մասիս, այլեւայլ մեհեաններու մէջփակեալ, եւ զօր քրիստոնէական եռանդ մը հրօ ձարակ տուաւ, հայ ազգին մէկ թեւը կտրեցու անոր արմատը քակեց: Արեւելք էր մարդկութեան օրօրոցը եւ բանաստեղծութեանաշխարհը, եւ միթէ հայք պիտի չունենային իրենց Պինտարոսը, Հոմերոսը. Պլատոն մըչելաւ՞ անոնց մէջ. անշուշտ ունէին, եւ երբ Խորենացին հին երգերէ, առասպելներէ քանի մը հատ ու կոտոր կյիշէ` վկայ է խօսքիս: Սակայն դարձեալ այս ամէնը, եւ ինչ գրավորգանձեր, որ գտնուին հայուն ձեռքը, իր արժանաւորութեան վաւերագիրը չեն սեպուիր` թէոր անոնց ճակատը ներկա դարուս դրոշմը չկոխէ: Ենթադրէ թէ Արշակունի մը Մասիսենփրթելով գա առ քեզ մէկ ձեռքը նոյայ տապանեն կտրած փայտ մի, եւ միւսը պատառունծիրանի մը ու քու նպաստդ խնդրէ, միթէ չե՞ս դառնար անոր ըսելու. «Պարոն, քու հարցդպանծալի պատմութիւնը գիտեմ ու կը յարգեմ, դուն ի՞նչ կարժես հիմա, հայրենասիրութեանդ եւ արժանաւորութեանդ փորձը տուր հիմա ինձ, ու անկէ ետեւ թերեւսիմ նպաստիս իրաւունք մի ստանաս”: Նոյնպէս է եւ ամբողջ ազգի մը համար: Հազար տարիհնոտի եւ պատռած արքունական ծիրանին հագնի ու դուռ դուռ մուրա ասեղ մի գտնելու`դարձեալ անօգուտ Է, եւ ոչ դերձան կը տանք անոր, քանի որ ինքը նոր ծիրանի հագուստմը կտրելու միջոց մը եւ կտրելու ասեղը չունի: Ուստի հայր ներկա դարուս մէջ ինչվիճակի եւ ճամփու մէջ է այն կը հարցնեմ, միթէ ճակատագրի կը հաւտայ` թէ ոչ ապառնինշինելու կը յուսայ եւ գէթ իր վրայ ազգութեան նշան մ’ունի:
Կրնամ ըսել թէ`մարդիկ նոյն շրջանի մէջ նոյն լեզուն, նոյն կրօնը, նոյն արհեստը ունենալուն համարմիայն ազգ մը չեն կազմեր: Ահա քեզ Ամերիկացիք, որ թէեւ մեր կրօնը գրեթէ կդաւանին, մեր լեզուն կխօսին, որ աւելին է մեր զարմեն ելած` մեր զավակներն են, սակայն իրօք, որքան Հնդիկը` այնքան անոնք մեզի աննման են, թող իրենց արմատացեալ ատելութիւննմեղի դէմ, եւ որ մեր լորտ Ջեդամին բռնասէր քաղաքականութենեն ծագեցաւ: Ուրեմնազգութիւն մ’աւելիէական եւ հաստատուն պայմաններ ու վրայ պէտք է որ հիմնուի Անոնց աղբիւրը պէտք էմարդուս սեփական բնութեան մէջ փնտրել: Ա՛ռ բաւական մեծկակ ժողովուրդ մը միեւնոյնհողի մէջ` նոյն տոհմէ եղած, քննէ անոր թէ՛ նիւթական կազմուածքը, թէ՛ բարոյականյատկութիւնները, նշանակէ անոր հոգին, բարքը, կենսավարութեան կերպը, ընտանեկան եւքաղաքական կեանքը եւ կացութիւնը, անոր հանդէսները, խաղերը մինչեւ նախապաշարմունքը, կարդա՛յ անոր գրականութիւնը եւ պատէ մութիւնը. բաղդատէ զանոնք ուրիշ ազգի մըհանգամանաց հետ, թէ որ զանազանութիւն գտար, ըսել է թէ այն ժողովուրդը, ինչպէսանհատ մի բազմութեան մէջ, իր որոշ կերպարանքը եւ նշաններն ունի ժողովրդոց մէջ ումի որոշ ազգ կոչուելու արժանի է Իսկ նախակարգ կը դասուի ազգաց մէջ երբ իր ամէնպարտաւորութիւններուն հաւատարիմ գտնուի, թէ ընտանեկան, թէ՛ կրօնական եւ թէընկերական. երբ լուսաւոր դաստիարակութեան պտուղները վայելէ, արդար օրինաց եւիշխանութեան տակ կառավարուի, իր հայրենի աշխարհը, իր գոյութիւնը, ազատութիւնը, իրաւունքը պաշտպանելու համար յետին ճիգը թափէ ու բոլոր ուժովը զինի չարադէպ ութշնամական յարձակումներու դէմ: Ստուգիւ` այն ատեն նոյն ազգը գործով ցոյց կը տայ որմի գեղեցիկ ապագայի կդիմէ:
Թէեւ Բարլմենթինբացման ժամանակ կայ, արդէն դուրսը թէ՛ ակումբներու, թէ՛ լրագիրներու եւ թէտուներու մէջ լորտ, վաճառական, կին ու սպասաւոր կխօսին այն խնդիրներու վրայ, որայն մեծ ատեանին մէջ վիճաբանութեան նիւթ պիտի չինին: Անկլիացին պարտ կսեպէ ոչմիայն առտնին գործերու ազատօրէն պարապիլ, այլեւ քաղաքականին` որ սերտիւ կապուած էշահուցը հետ: Չկայ խնդիր մ’որ նախհասարակաց կարծիքն չգրաւէ, չյուզի, չզտուի ազգային խորհրդարանը չելած Անբախտ էանի` որու կացութիւնը չներէր, եւ վատ` երբ կամաւ կը հրաժարի իր երկրին քաղաքականգործերուն մասնակից լինելեն: Ին՞չ անուն տանք այն ազգին, որ հոգին, կամքը, մարմինըմարդու մը յանձնած է, ու անոր ոտքը կը սողայ, կամ գաւազանեն երկնչելով` կամ ոսկիէ, շքանշանէ հրապուրուելով եւ կամ իւր դանդաղութենեն: Ժիբսիները*[1]անոնցմէ աւելի յարգ ունին, գոնէ ազատ օդ կծծեն:
գեղանի Լիլիդ գացիտեսնելու, շատ փոխուած գտայ, եւ կարծեմ թէ բան մի անցած է ձեր մէջը, իզմէ ինչու՞կը պահես: Ամէն անգամ զիս տեսնելուն զքեզ տեսածի պէս կը լինէր, բայց այս հեղուն`պաղ կերպարանք մը դասեց ու տրտում էր: Գիրդ շուտ մը աչքէ անցորդ ու ըսաւ, «Ուրեմնպարոն Նելսոն բոլորովին հայ է դարձեր ու այնքան հոգը հատեր` որ մի աննշան ազդիփշրանքը գտնելու ելեր է, երբ ինք ուրիշի հոգին կփշրէ”: Պատրաստ կեցիր, փոթորիկ մըպիտի փրթի գխիդ, զի Լիլիին անոյշ աչքերուն մէջ ամպ մը, կայձակ մը տեսա:
Շատ կան ըսելիք, սակայն նամակի սահմանեն դուրս ելնելն ձանձրոյթ տալ է: Գրելիքս կը գուշակես, մենքքու լուրերուդ անհամբեր սպասելով չսպասենք, ո՜վ Պիւզանդեան Անաքարսիս: