Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս…


Բարեկա՛մ, զարմանա՞ս թէ ոչ, ծիծաղիս պիտի եթէ խոստովանիմ` որ Թարապիաեն Կ. Պոլիս իջնելուս ուանգամ մի չորս դիս` նեղ, տղմուտ զազրելի փողոցնէր, կիսափուլ ու անձեւ փայտէտուներ, այլանդակ դէմքեր, աննման հագուստներ տեսնելուս` ապուշ մնացի, ինքզինքսՔարաիպներու մէջ կարծեցի, եւ քիչ մնաց, ոոյ կրկին նաւ մանելով եկած տեղս պիտիդառնալի: Ելիսեան դաշտեն Պլուտօնի բնակարանը իջնելու՜ն այնքան դառն տպաւորութիւնչզգաց Տելեմաք անշուշտ, որչափ ես Պոսֆորի գեղածիծաղ տեսարանեն Ղալաթիայի մութքարայրը մտնելուս: Մեր Լոնտօնի Սենդկայլս անոր քով արքայութիւն է. ալ գնա՛ մտածէ տեղուոյսաղտեղութիւնը: Սակայն իմ քաջութեանս նայէ, որ համբերեցի եւ ասդիս անդին ալպտոյտներ ըրի, դիտեցի: Ստուգիւ կամ մի անբան բնիկ լինելու կամ մասնաւոր նպատակճունենալու է մարդ մ’որայստեղ կարէնայ ապրիլ: Գիտեմ որ երեւելի ճամփորդներ Արեւելքի բնական շքեղութիւնը երկինքհանէր, եւ այս քաղաքն` իր չքնաղ դիրքը դիտելով` աշխարհիս մայրաքաղաքը լինելուարժանի սեպեր են: Իրաւի` դիրքն ուր որ էր այն տեղն է: Հին հոյաշէն Պիզանդիոնիգետնաշարժէ փլելէն ի վեր, մինչեւ յոյն ձկնորսներու, Քսերքսեսի, Արտաշիսի, Միհրդատիեւ Ալեքսանդրի ժամանակ, որ հետըզհետէ այս երկիրս բնակեցան, գրաւեցին, անոր ծովերըարշաւեցին, եւ Մեծն Կ'ոստանդիանոսեն մինչեւ այսօր բնութիւնը միեւնոյն հրաշալիքը եւզարդը կպարզէ աչաց, ի բնէ անտի եւրոպական փառաւոր եզերքը` ասիականին դալարագեղդէմքը եւ աստուածաբնակ Ոլիմպոսը կբարեւէ. սակայն ի՞նչ ընեմ ես երկրի մը դրսիտեսքը, երբ ներսի դին նողկալի է. Պատկերհանին վրձինին գործն է աչն սիրունհովիտները, մարգագետինները, անուշ եւ վճիտ ակներս ու առուներն, որ Պոլսի շրջակայքըկը զարդարեն, նկարել, իսկ անոր պատկերը կատարեալ ընելու համար զարմանք է, որերկրացիք փոխանակ ժահահոտ եւ վատառողջ խոռոչներու մէջ սմքելու, զօր տունկ'անուանեն, եւ անյատակ եւ ծուռ մուռ ճամփաներու վրայ իրենց ոտքը ծեքելու եւկոտրտելու, ամէնքը միասին դուրս չեն թափիր ու Լեն երթար Պեօյուք-տերէ, Կեօք-սույու, Քեհատ-հանէ եւ ուրիշ գեղեցիկ դաշտեր ու բլրակներ, վրաններ կանգնելուու անոնը տակ ամառ ձմեռ բնակելու, քանի որ անփոյթ են, գէթ բնութիւնը օրինակառնլով, քաղաքնին շէնցնելու, եւ քանի որ մարդկութեան պայմանները մոռնալով ո՛չքաղաքական եւ ընկերական իրաւանց վայելքն ունին եւ ո՛չ նիւթական հանգստութիւնը: Ուրեմն պարտաւոր եմ չէ թէ բնութեան` այլ մարդկան ձեռակերտը քննել, վասնզի քաղքի մըպարծանքն են նախ շէնքերն, որ նոյնպէս բնակիչներուն ճարտարութեան աստիճանը կըցուցնեն: Չկայ աստ նշանաւոր նոր շէնք, ու հինուց մնացորդներն ալ փոքր առ փոքրկփլփլին: Ահա Յունաց ճարտարապետութեան նշխարներն, Այա-սոֆիայ, որ մեր սուրբ Պօղոսիեկեղեցիին հետ թէ ոչ բարձրութեամբ, հնութեամբ եւ գեղեցկութեամբ կը մրցի. փլփլածպարիսպներ, որոց արդի վեհապետներու մեծագործութիւններն ալ աւելցնելով` ինչպէսմզկիթներ ու մինարէներ, որ գոյնզգոյն տուներու մէջեն կը բարձրանան, մի շատ արքունիծովափնեայ պալատներ, որ հմայական զօրութեամբ օր օրի Պոսֆորի եզերքը կշարուին, եւկամարաշէն քարկիր շուկաներ, ահա ասոնք բոլոր Պոլսի արուեստական հարստութիւնները կըկազմեն: Իսկ մասնաւոր զեխութեան եւ շռայլութեան համար շինուած քեօշքերուն, որընդհանրապէս ծաղկաւէտ բլուրներու կատարը կը պսակեն, համարը չկայ: Ո՛չ թանգարան, ո՛չ ժողովարան, ո՛չ դրամատուն, ո՛չ սակարան եւ ո՛չ քլըպ կը տեսնեմ աստ: Հաւայնական է, որ այս երկրին օրինաց դէմ է խորհիլ, լուսաւորել, վիճաբանել, կանոնաւորառեւտուր ու սակ վարել ու յառաջ քալել: Քաղաքակիրթ Եւրոպայի մի փառաւոր դուռըբռնող ազգն, քաղաքակրթութեան յետին դռնակը նստեր, անոր բանալին վերնառաք աղաւնիիմը կտուցեն կամ հազարումէկ գիշերներէն կսպասե… եւ զարմանք չեն: Ատտիլասայ եւԼենկթիմուրի արշաւանքներէն ակընյայտնի կ'երեւի, որ վրանաբնակ ու միանգամայնյաղթական Ժողովրդեան մը կոխած տեղը աւերակ եւ դադարած վայրը ողջ դառնալեն զատ, եթէձեռքի սուրը, որուն տիրապետութիւնը միշտ կարճատեւ է մարդկային մտաց աննկունյառաջադիմութեան առջեւ, վար գնելով` բարեկիրթ ազդաց հետ չխմորիր, ինքնիրեն կը թթուիեւ այն թթուածեն կը ծնի հրէշ մը, կամ ինչպէս Եզնիկ կըսէ, Արհմն, որ իր մօրորովայնը ծակծկելով յանկարծ դուրս կը ցատկի ու Որմիզդին լուսաւոր տիրապետութիւնըժամ մը կպղտորէ Լաւ կըսէ Թոգուիլ*[1]թէ մշտնջենաւոր անիշխանութեան եւ ինքնակամ գերութեան մէջ տատանող ժողովուրդ մըպէտք է, որ իր սովորութիւնները եւ օրէնքը նորոգէ եւ կամ կորսուի Թէպէտեւ իմնպատակս քաղաքական չէ, կարող ես ինքնին զանազանել` թէ այս գեղեցիկ երկրիս յետադէմվիճակը բնակիչներուն թմբրութենե՞ն ու տգիտութենեն կը ծագի թէ ոչ կառավարութեանմեքենայեն, որու մի քանի թելերը քրիստոնէից ձեռքն են. եթէ ըսեմ միայն` որտէրութեան դրութիւնը Եանոսին երկդեմ գլխուն կնմանի` որու մէկ երեսը դէպ անցեալն, աստուածապետական իշխանութեան, երկնատուր եւ խորհրդաւոր օրինաց կը նալի, անմեկնելիվճիռներ, շնորհաբաշխութիւն, արտօնութիւն, հարստահարութիւն, կրակ ու բոց կփչէ, մարդուս է՛ն նուիրական իրաւանց, այն է կենաց, պատուոյն, ստացուածքինապահովութիւնն` իբրեւ առասպելաբանութիւն կլսէ, ստութիւնը իբրեւ արդարութիւն, տգիտութիւնը եւ շողոմարարութիւնը իբրեւ արժանաւորութիւն, իսկ մոլի տիրասիրութիւնըիբրեւ առաքելական առաքինութիւն կնկատէ: Միւս երեսը` ակամայ դէպ ներկան` խոժոռելովեւ ահուդողով կը նայի արդի լուսաւորութեան, յառաջադիմութեան եւ հարկին պահանջածնորոգութիւններու բռնի հպատակիլը, աչքը պինդ կգոցէ հեռուն արեւմտեան հորիզոնինվրայ մշտավառ քաղաքակրթութեան փարոսին առջեւ, բերանը անէծք կը կարդայ զայնվառողին, միտքը հնար ու նենգ կհնարէ, որ անոր ճառագայթներուն դէմ մաքառի, եւ դեռնոր կերազէ, որ մարդս հոգի, կամք եւ իրավունք կրնայ ունենալ: Իսկ այն գլուխը չունիերես ու աչք, ապագային համար, այլ ճակատագրական մութ ամպերու մէջ կը թաւալի եւամէն ճիգը կթափէ, որ անցելոյն մէջ ապրի:
Իրաւ է նաեւ, որերբ մէկ կողմէ այսպիսի անհեթեթ գլուխ կ'ըտեսնեմ, եւ միւս կողմէ մի անուշ կլիմայ, շռայլ բնութիւն, բերրի երկիր, սակայնմարդկային կեանքը աժան, կալուածքը անստոյգ, շահու դռները մի քանի մենավաճառներուձեռքը, նենգութիւնն ու անկարգութիւնը միշտ կանոնաւոր, ի հարկէ եւ ընդհանրապէս կըգուշակեմ, որ մարդիկ անգործ եւ թոյլ մի կեանք կը վարեն, ճարտարութեամբ անոնց բերքըեւ արդիւնքը առատացընելու չեն աշխատիր, այլ ամէն բան բախտին կթողուն: Սակայն եթէ յանկարծ անկլիացիքս աստ` եւ այս ժողովուրդը այդտեղ փոխադրուին, մենք մեր սովորականպիտոյքը եւ անհատնում փափաքը շատացնելու համար իսկոյն գործի կը սկսէինք, ու նախմեր իրաւունքը պաշտպանող օրէնքներ հաստատելեն ետեւ, մեր պարտաւորութիւնը կըկատարէինք, հողէն, ջուրեն, օդեն ամբաւ գանձեր կրնայինք քաղել, նաեւ բոլոր աշխարհիպիտոյքն հոգալու ջանալ, միմիայն մեր հնարագիտութեան կէսը ի գործ դնելով` քանի որաստ բնութիւնը մերինին պէս ապաշնորհ չէ: Իսկ ասոնք մեր գործարաններուն եւհսկայական մեքենայից առջեւ իբրեւ շնչաւոր թզուկներ պիտի ապուշ մնային, եւ դժուարինչէ գուշակել, թէ մեր հարստութեանց գործիք֊ ներուն գիրկն որչափ ժամանակ պիտիկրնային ողջ մնալ:
Բայց բնակիչներունդառնանք եւ մանաւանդ հայուն: Կ. Պոլիս անհամար ազգերու, տոհմերու բնակարանը կամապաստանարանն է, որոցմէ իւրաքանչիւրն իր յատուկ կրօնը, լեզուն եւ հնարքըգործածելու կը նայի: Ահա մատրան քով մզկիթ մը, խաչին մօտ մահիկը կը տեսնես, համրֆէսը, արագաշարժ փեղոյրը, բութ ապորոշը, սրամէտ փափախը, բրդեայ փարթամ խոյրըիրարու մօտ կտատանին: Արդարեւ շատ նկարագեղ է տեսարանս եւ անոր օրի֊ նակը մենքԼոնտօն թատրի վրայ երբեմն կտեսնենք: Սակայն կարծեմ որ այս քաղաքս ալ տեսակ մըթատրոն է, ուր մեն մի ազգ իր յատուկ հագուստով սորուած գերն առանձին կը խաղայ, ուչգիտեմ որ եթէ վարագոյրը իջնէ եւ իրենց բնական կերպարանքով երեւին, անոնցմէ որը՞յաղթական պսակը պիտի տանի: Որչափ որ առերես իրարմէ տարբեր են ամէնքը, իրօք գրեթէամէնքը թիւրք են ի ծնէ, դաստիարակութեամբ, շահասիրութեամբ կամ սովորութեամբ: Ուստիայս նոր տեսակ Բաբիլոնս, հինին շքեղութենէ զուրկ, որպէ՞ս կանգուն կը կենայ եւվերին բարկութիւնը չշարժէր, ինձ չիյնար վըճռել: Թերեւս կան աստ քանի մ’անմեղներ, հինօրեայ աստուածապաշտնահապետներ, որ այս խառնակ աշտարակին շինութեան ոչ քար, ոչ կիր եւ ոչ աղիւս կըկրեն, ուստի եւ Ամենակալին հուրը կը մեղմեն ու Յովնան մարգարէն շանթովը կըյուղարկեն, որ քիչ մ ատեն կիտին փորը երթա սպասէ:
Այս նաւապետները հայերը պիտի լինին անշուշտ: Հայր Աբրայ համին թոռներուն պէսհանդարտօրէն հոտը կ'արածեն եւ զանոնք մի նոր ու ընտրեալ ժողովուրդ կազմելու, Քանանու մեղրալի երկթին դուռը ցուցնելու համար ո՛չ հրեշտակ ունիմ, որ անոնց ձայնտամ եւ ո՛չ Մովսիսական զօրութիւն` որ Փարաւոնի ձեռքեն աղատեմ ու վարձատրեմ: Եկունայէ որ աստուած ալ ձանձրացաւ ժողովուրդ ընտրելէ ու Իսրայէլի ապերախտութենեն, եւթողուց, որ մարդիկ իրենց բնակութեան զօրութեամբդ եւ արիութեամբդ իրենք ընկերականկացութիւնը ընտրեն. ինչպէս որ ըրին մեր օրերը յոյնք. եւ 1600-ին ճոհն Սմիտհ, լորտՏելաւար եւ մանաւանդ Պրաունեան Բիւրիդանները, որ մեր հայրենիքին ամենեն ազատամիտզաւակները բռնութենէ ազատելով` առին տարին ու նոր Անկլիայի Վիրգինիա ու Մասաչուսեդաշխարհին մէջ հաստատեցին, եւ ի՛նչ որ երկնային շունչը, որ միշտ մարդուս ազատ կամքինանխափան է, Մովսէսի բերնով չուզես բռնի կատարել, նոյն դիւցազունները տարուէ տարիշատնալով միեւնոյն Աստուածաշունչ գրոց վրայ կազմեցին, հիմ բռնելով զանոնք իրենցնոր հայրենեաց սահմանադրական օրինաց եւ աշխատասիրութեամբ յառաջ գնալով հոն տնկեցինԱմերիկեան Միացեալ-նահանգաց ազգութեան այն կաղնին որուն արմատը անդադար խորունկ կըտարածի կ'ամրանայ եւ ճիւղերը չորս դին սաւառնելով անոնց հովանին մինչեւ մեր հինցածաշխարհին շուք եւ զառամեալ ու երկաթասէր բռնաւորներու ահ կսպառնա: Սակայն եստարրեղէն լինելովս` նախ պէտք է որ նոյն հայ մարդիկը աչօքս տեսնեմ, եւ վերջը եթէըսածիդ պէս ազատութեան արժանի են, Բեն*[1]մի կրնա ելնել անոնց առաջնորդելու: Անշուշտ եթէ աչք զարնելու բան մը կայ հոս, ասժողովուրդը պիտի չինի կ'ըսէի ինքնիրենս: Ուստի` առանց յանձնարարական թղթի կամԿիկերոնի` ասդիս անդին ընկայ որ հայու դէմք գտնեմ: Կ'երեւակայէի զանի բարձրագիտակ, լայն ճակատ, հաստաբազուկ, Հայկին ոգուովը վառ, Աշոտին պէս երկաթ, Գագիկինվրէժխնդրութեամբ լի եւ այս խառն հրոսին մէջ իբրեւ Արարատեան փայլուն գոհար:
Սակայն քանի՛ քանիվրիպէր եմ, բարեկամ, եւ դու որչա՛փ իրավունք ունիս ըսելու որ հայութեան անունը կայաշխարհիս ամէն անկիւնը, բայց ինքը չկայ. արդեօք խլուրդի պէս գետնափո՞ր տեղվանքկ'ապրի, վասնզի ո՛ր կողմն որ զարկի, որու՛ն որ քսուեցայ,
ի՛նչ տուն որ գացի, իզուր նկարագրած նշանովս կերպարան մը, իզուր հաքու ձայն փնտրեցի: Անկլիացիի վրայ դատելով` կը կարծէի, որ հայն ալ անոր պէս առաջին տեսքին կը ճանչցուի, սակայնհիմա կը հասկնամ, որ Արեւելեան նշանաւոր գերութիւնը ամէն ժողովուրդներուն ճակատինսեւ աղտ մ’է կոխէր եւ անոնց սերմըարատէր է, ուստի գծագրութիւննին զանազանելը դիւրին բան չէ: Այսպէս` այս ընդհանուրտեսութիւնս ընելէ ետեւ, պէտք է որ ասոր անոր դիմեմ. բարեկամներէ հրահանգ ստանամ, որպէսզի Տօն Քիշոդին պէս հեռուեն մտացածին հայ Տիւլսինէի մը չզարնիմ, այլիսկականին ներկայանամ, երկար-բարակ քննեմ զանի եւ ըսայ այնմ ուրիշ անգամ նկարագրեմքեզ անոր վիճակը: