Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կ. Պոլիս…

ՙԶի կամ մեռցուք…եւ կամ զգացողութիւն մատանց մերոց ի նա (Բելայ) ցուցէալ… մէք եղիցուք եաղթութիւն(ազատութիւն) ստացէալք”:
Խորէն. գլ. ԺԴ
Բարեկամ, հինժամանակ յարկը, սուրը, կրօնը եւ տիրասիրութիւնը շատ ու շատ պետութիւններ կանգնեցինաշխարհիս երեսը, սակայն ուր ուրեք տեսնուած թան է, որ մեծ ժողովրդեան մը ծննդեանեւ ծագման սկզբունքը ազատութեան սէրն եղած լինի: Ահա սոյն սկզբան վերա հիմնեալ էհայկական ազգութեան էութիւնը:
Արդարեւ գեղապանծտեսարան է տեսնել ազգապետ մը` որ անկախութեան դրօշակն ի ձեռին թողու ետին քաղաք, շէն ու փառք, անցնի ընտանեօք սար ու ձոր եւ գա Արարատայ ստորոտը կանդ առնու, լաւագոյն համարելով սառնամանեաց օդը ծծել, քան թէ Բելա չծին ներքեւ հեծեծել: Այսպիսի փառաւոր սկզբնաւորութիւն մը փառաւորագոյն վախճանի արժանի էր ու դիտողինայնպէս իմն կ'երեւի հեռուեն, որ Հայկական տոհմին մի բնական յատկութիւնն է դարձերազատասիրութիւնը, ըստ որում նոյնին պարտաւոր է իր ազգին գոյութիւնը:
Հայկազատասիրութիւնը գիտութեամբ եւ ուսմամբ չստացաւ` այլ բնութենէ ուսաւ, այլ իրհոգուոյն մէջ գտաւ, այլ իր մարդկային իրաւանց մէջ տեսաւ: նա զգաց իր ծննդականիրաւունքը, որ ոտից կոխան լինելու մօտ Էր, նա յիշեց իր նախնեաց պարզ եւ անկախկենսավարութիւնը, որ արդէն ապականելու վտանգին կ'ըդիմէր, եւ երբոր ինքը վսեմմարդասիրութենէ վառեալ` փորձ փորձեց, բայց անկարող եղաւ Բաբելոնի ժողովուրդը քաջորսորդին բռնութենէ ազատել, առանձին գլուխ քաշեց եւ ապականութեան եւ անօրէնութեանցաշխարհեն հեռացաւ: Միթէ՞ գէշ ըրաւ Խօրէնացին, ապստամբեցաւ, կըսէ, որով թերեւսկնշանակէ թէ գտնուած երկրին օրինաց անհնազանդութիւն ցցուց եւ հետեւապէսդատապարտելի ընթացք մը բռնեց: Սակայն ըստ իս ոչ միայն մարդաւայել` այլեւաստուածահաճոյ գործ գործեց: Վասնզի պետութեան մը մէջ վեհապետ մ’որ իբրեւ աստուած կամի պաշտուիլ, աստուծոյդէմ
ապստամբ եւմարդկան առջեւ եղեռնագործ եւ իբր այն` մահուան արժանի լինելեն զատ, երբ նոյնմիջոցին մարդ մը կամ ժողովուրդ մ’որ իրիրաւանց եւ կենաց ապահովութիւն եւ օրինական երաշխաւռրութիւն չգտնէր նոյն վեհապետինտակ, ի բնէ իրեն շնորհված ազատութիւնը գործածած կը լինի եթէ նոյն բռնաւորին պա֊հանջմանց դէմ բողոք բառնա, եւ ինքզինք սրով պաշտպանէ. իսկ եթէ սուրը չզօրէր` այնընկերական վիճակեն քակուի: Ահա այս ըրաւ Հայկ, որու սիրտը վառող անշէջ հուրը իրբնական ձրից եւ բազկին այնպիսի ոյժ եւ կորով ազդեց, որ կարող եղաւ զտիտանյեանըյերկիր կործանել շնչասպառ. ”Կամ մեռցուք եւ կամ ազատ կացցուք” այս սկզբան դէմորեւէ՛ բռնակալի վահանափակ բանակը թէ ոչ այսօր օրին մէկը անշուշտ պիտի խորտակի;
Հայկ իր վսեմազգաշէն ձեռնարկութեան արդէն սկսէր էր: Արարատայ աշխարհը` որ իր անուամբը ծանուցաւպատմութեան` բոլորովին անբնակ չէր: Սլկունեաց վայրենի ցեղը այն կողմերը կըտիրապետէր: Մարդկային ազգի առաջին օթեւանը կհամարին հայք այն աշխարհը, սակայն չենկարող բացատրել թէ ինչու՞ երկիրը ամայի եւ բնիկները ցիր ու ցան եւ գազանաբարոյմնացած լինին մինչեւ Հայկայ արշաւանաց ժամանակը, մինչդեռ Բաբելոն քաղաքը` որՀայաստանի նկատմամբ նորաբնակ կհամարին, ոչ միայն բազմամարդ` այլեւ արհեստիւք եւմեծակառոյց շէնքերով զարգացած
ծաղկած էր: Նոյնպէս տղայօրէն յաւիտեան կը պարծենան (առանց մարդկօրէն մեկնելու), որ այսհայերէն լեզուս թէ՛ Նոյայ եւ թէ Հայկայ խօսածն է, միայն թէ ենթադրենք, որ երկնայինմասնաւոր շնորհիւ մը Հայկայ լեզուն Աշտարակին անմեկին խառնակութենէ անխառնակ եւանպատուհաս մնացեր էր…:
Բայց իմ նիւթիսդառնամ, հաստաբազուկ դիւցազնը իբր աշխարհակալ իր որդուոց եւ թոռանց մէջ կբաժնէԱրարատայ նահանգը, փոքր առ փոքր եւ հեշտիւ բնիկները նուաճելով: Հոս ծովակի մօտ, անդին մի հովտի խորը, ասդիս բլրի մը ստորոտը տակաւ առ տակաւ տուներ, գիւղեր եւաւաններ կշինուին: Հայկաշեն, Արագածու, Արմավիր, Սիսական ու Գեղամի երեւան կ'ելնեննոյն լեռնոայ, քարուտ, բայց գեղեցկադիր աշխարհին մէջ: Իւրաքանչիւր նահապետ իրշինութեան քարը կը կանգնէ իբրեւ ազդարար ապագայ համասեռ սերնդոց, որ նոյնաշխարհաշինութեան գործը շարունակեն: Եւ արդարեւ Հայկազեան պետերը ոչ միայն իրենցներկա որդվոցը` այլեւ նախատեսութեամբ իրենց յաջորդացը համար ալ իմնարկութիւններ կըսկսէին եւ կը հաստատէին:
տանտիրական եւնահապետական իշխանութիւնը Հայկազանց
առաջին վարչականձեւը եղած է մինչեւ Արա: Հայկ իր ազատասէր զգացմանը յաղթութիւններ տանելէ ետեւ ալ, հաւատարիմ մնալով թողուց, որ մեն մի ցեղապետ իր գերդաստանը ու տոհմը պարզօրէն եւանկախօրէն հսկէ, հոգածէ եւ իր երիտասարդութեան ներքեւ պահպանէ: Գրեթէ համայն նախնիընկերութիւնք այս դրութիւնը ընտրած են, որ յարմար էր իրենց պարզասէր եւ անդորրբարուց, սակաւապետ կենաց եւ սահմանաւոր փափաքանաց. թէեւ կան շատ մը բանասէրներ, որհակառակը կը պնդեն եւ կ'ուզեն, որ միապետական կառավարութեան սկիգբը նախնիժողովրդոց պատկանի, եւ այս` ըստ իս` ոչ թէ արդար եւ անմեղ բարուց գործ է, այլմոլեգին կրից, չարահնար մտաց եւ ապականակիր սովորութեանդ արժանի հրէշ մը: Սակայնորչափ որ մեն մի նահապետ իր առանձին աւանդութիւնը, հողն ու դաստակերտը եւ զանոնքպաշտպանելու միջոցները փոքր ի շատէ ունէր, այս իրաւ է, որ իրմէ վեր քաղաքականգլուխ կը ճանչնար ուղղակի Հայկայ զարմեն իջնող նահապետը, որ ոչ միայն ժառանգականիրաւամբ ալյեւ մեծագոյն ազդեցութեամբը եւ զօրութեամբը հայրենական ծանր խնդրոց եւպարագայից ատեն կարող էր վճիռ արձակել, հրաման հանել, ընդհանուր օրէնք հաստատել, իսկ միւս տանտէրները իրարու հետ անգիր դաշամբ կապուած էին, հարկին եւ. դիպուածոցբերմանց նայելով Այնպէս որ եթէ մի կողմանէ բացարձակ իշխանութիւն ունէին իրենցսեփական երկրին եւ կալուածոց մէջ` մասնաւոր կարգադրութիւններ տնօրինել, տասանորդպահանջել եւ զօրաժողով ընել, միւս կողմանէ հայրենի ընդհանուր հողերունպաշտպանութեան եւ բնակիչներուն բարօրութեան նպատակաւ արտաքին ոսո-խաց դէմ իրարունիւթապէս օգնելու պարտաւոր էին:
Այս էր ուրեմնտեսակ մը պարզ հասարակապետութիւն, որ ոչ աւատային դրութեան եւ ոչ ռամկավարութեանկը նմանէր Անշուշտ ասոր ընդհանուր ատեանը խիստ ծանր պարագայից ատեն մեհաններու մէջկամ անտառներու հովանիին տակ կը կազմուէր, եւ քանի որ նեղ շրջանի մը մէջ, այս է, Արարատայ չորս կողմը մնաց` իր հանդարտութիւնը, անկախութիւնը եւ ապահովութիւնըվայեչեց: Սակայն երբ յարկը եւ փառասիրութիւնը պահանջեցին, որ Արամ եւ ՏիգրանՀայաստանի սահմանները ընդարձակեն, սոյն ընդարձակութեան պատասխանող կեդրոնականազդու եւ յարատեւ քաղաքական իշխանութիւն մ’եւս չհաստատուելով` տէրութիւնը թէեւտարածութիւն ստացաւ, բայց զօրութիւն եւ հաւասարութիւն կորոյս: Ասկէ զատ օտարիշխանաց եկն ու մուտը տկարութեան եւ տարասեռութեան զատ զատ որոմներ եղան, ինչպէսոր վերջը պիտի տեսնենք:
Հին Հայոց բարքնու վարքը դժուարին չէ փոքրիշատէ սահմանել: Ընդհանրապէս ժուժկալութիւնը, տնասիրութիւնըանոնց գըլխաւոր առաքինութիւններն էին, որոնք չէ թէ մարդկային օրինաց արդիւնքը, չէթէ ուսման եւ կրթութեան արգասիքը, այլ բնութեանն էին: Այս բնական չափասիրութիւնը, խաղաղասիրութիւնը եւ ինքնակեդրոնութիւնը, որ մի տեսակ ինքնասիրութիւն դարձաւվերջը, Հայկեան տոհմը շքեղ գործերէ հեռի պահեցին, իրենց մէջ անգամ հաղորդակցելուեռանդն ու իղձը, որ բնական է ընկերական վիճակին, անմշակ եւ մարած թողին, եւհետեւաբար ազգութեան տեսիլը կամ զգացմունքը շատ ուշ արթնացաւ անոնը սրտին մէջ. Բնական է եւ վայրենի մարդուն իր խոռոչը կամ ծնած վայրը սիրել եւ բնակիլ, սակայնայս բնածին ազդմունքը հայրենասիրութիւն չէ: Հայրենասիրութիւնը վսեմագոյն իղձ եւթռիչք ունի, որ ամէն հայրենական վիշտ ու խնդութիւն, վնաս եւ օգուտ իր սեփականվիշտը եւ խնդութիւնը կհամարէ, հայրենի երկրի փառաց եւ թշուառութեան մասնակից կըլինի եւ իր անձանձիր թեւերը անդուլ հայրենյաց ամէն սահման, ամէն խորշն ու ամէնանկիւնը անձկանոք կտարածէ:
Հայկազունը էապէսպատերազմասէր ժողովուրդ մը չէին, թէեւ իբրեւ քաջ զինուորներ ստեպ իրենց կորուսեալանկախութեան տէր եղած են. Իրենց հողը կոխող հենը, տնակնին մտնող գողը, հանդըստութիւննին եւ պարէննին յափշտակող ասպատակը անվրէպ որս եւ ճարակ կիյնայինիրենց արիասրտութեան եւ զինուց, բայց բնաւին աշխարհակալութեան ու յափշտակութեանոգուով ուրիշներուն կալուածքը եւ իրաւունքը ոտնակոխ ընելու յօժարութիւն կամ միտումչէ տեսնուած նոյն նորակազմ ազգին մէջ: Չունէին մարզարան, օլիմպիական խաղեր ուկրկէս, որով Սպարտացի եւ Աթենցի պատանիք անվեհեր դիւցազուններ եւ Հռոմայեցիզինուորը գիշատող գազան կը դառնային: Հայոց մարզարանն Մասեաց ապառաժուտ հրապարակնու լեռներն էին: Մարմնավարժութիւն, ձիարշաւ, նետաձգութիւն, հորում կարի ճարտար էինՀայք, դաստիարակական պարտք չէին համարէր, այլ մի բնական եւ հարկաւոր պիտոյք: Հայկայտառ պատանին սար ու փոս ինկած օրէն ստիպված էր սառնամանեաց, հովի, փոթորիկի, վայրի կենդանեաց եւ շատ անգամ իր որսորդութեան ատեն ելուզակաց դէմ կռուիլ եւհետեւակ կամ թեթեւաշարժ նժոյգը հեծած, աղեղն ի բազկին, դաշոյնը մէջքը դիմագրաւդիմել պէս պէս վտանգներու դէմ, որոնք
ի մանկութենէ անտիիրեն ընտանի խաղերը եւ զբօսանքը կը կազմէին: Իսկ մինչդեռ այս խստամբեր կրթութեամբմարմնով կորով եւ արագաշարժութիւն կը ստանար, հոգին անկախութեան կրակով կեռար:
Ուստի զինուորականմասնաւոր կարգ չկար հոն, այլ ամէն մարդ ի բնէ զինուոր էր երբ յարկը պահանջեր: Բայցինչպէս որ ժառանգական արտօնութիւններ նուիրական բանէր կը համարուէին հին աշխարհիսմէջ, նոյնպէս ի հայս մի շատ բարձր պաշտօններէ զատ պատերազմի գնալու պանծալիպաշտօնը, ինչպէս եւ մեր մէջ, միայն ազատ արանց, այս է, ազնուական երիտասարդացկպատկաներ. եւ Հայկ, նոյնպէս ասոր յաջորդները, միշտ թշնամին իրենց ընտանի եւտոհմակից մարդկան ընտիր ընտիր գնդով դիմաւորելու կ'երթային: Առն ու աւարը ընդոծնացմէջ կը բաժնէին, որ փոքր գրգիռ չէր չիներ պատերազմական եռանդը վառ պահելու; Իսկեթէ նոր երկիր եւ քաղաք ձեռք ձգուէր, նահապետի մը տղուն կամ թոռան կը շնորհուէր, որով զատ նախարարութիւն, կամ լաւ եւս ըսեմ, նահապետական իշխանութեան նոր ճիւղ մըկ'աւելնար: Բնաւ չյիշուիր, որ հայք Լիգուրղոս, Նինոս եւ Նիւմայ մը ունեցած լինին, ոչ միայն այս առաջի ժամանակները, այլեւ վերջին.
Ուստի անհնար էորոշակի ըսել թէ ի՛նչ օրինաց եւ պաշտամանց կը հետեւէին: Կրնամ երեւակայել նորժողովրդեան մ’առաջի բերան խառն եւ գրաւոր օրինաց հարկաւորութիւնը չզգալը, քանի որխառն յարաբերութիւններ չունենալով հայրական տեսչութեան ու բնական օրինաց եւ խղճիազդմանց կը հնաղանդի ու գրեթէ տեսակ մը բուսական կեանք կվարէ. սակայն չեմ կարողերեւակայել ժողովուրդ մ’առանը տեսակ մը դրական կրօնի: Ուստի այս կարծիքս ունիմ, որի սկզբան հայք մի աստուած կդաւանէին: Վասնզի Բելա ինքնատուր աստուածութեան ծունրկրկնել չուզող եւ անոր բռնութենէ խոյս տուող մարդիկ Հայաստան գալով` արարածոցպաշտօն չէին կարող տանիլ: Սակայն գռեհիկը երկայն ատեն աներեւոյթ աստուած մը չկրնարըմբռնել, այլ շօշափելի ու իր թանձր մտաց եւ անհեթեթ կրից յարմար եւ շինծու էակներկաստուածացնէ եւ անոր խունկ, զոհ եւ երկրպագութիւն կմատուցանէ: Հայք աս իրենցպաշտամանց մաքրութիւնը եւ զտութիւնը կորուսին եւ սկսան մեհեաններ կանգնել, ատրուշաններ շինել եւ արեգական ու մոլորակաց մատաղ եւ պատարագ նուիրել: Այնպէս որերբ Շամիրամ Արայի մահվան վրայ հայկազն զօրաց վրէժխնդրութեան բորբոքը եւ զայրոյթըմարել ուզեց, դիք զանի լղելով պիտի կենդանացնեն ըսելուն` հայկական զօրացկատաղութեան փրփուրը զիջուց: Ահա իրենց հավատը զիրենք պաշարեց, գերեց եւ բարոյապէսսպաննեց: Քանի՛ մեծ է եւ նոյնակշիռ սուտ կամ անսուտ դաւանութեան ազդեցութիւնըռամիկին վրայ: Իսկ քանի որ հայերը օտարաց հետ իրենց հաղորդակցութիւնը աւելցուցին`անոնց կրօնական ազդեցութեանց եւս ենթակայ եղան եւ հետզհետէ զրադաշտական եւյունական աղանդից հետ շաղեցին եւ իրենց յատուկ սնապաշտութիւնները: Այսմուրացկանութիւնը եւ օտարին թէ՛ լաւն եւ թէ՛ վատթարը օրինակելու սովորութիւնըիրենց քաղաքական վիճակին մեծ տկարութեան եւ այլափոխութեան պատճառ եղաւ: Վասնզիկրօնը հին յառաջադեմ ազգերու մէջ ազգայնութեան եւ տէրութեան մի բարոյական հզօրնեցուկն եւ արիական գործոց շարժառիթն էր եւ իւրաքանչիւր կառավարութիւն իրժողովրդեան ոգուոյն եւ բարուց յարմար պաշտօնական կրօն մը, յատուկ ծէս եւ պատգամկ'ընտրէր եւ կը կարգեր: Մինակ Արշակունեաց օրովը կրօնը Արամազդայ եւ մանաւանդԱնահտայ տիրապետութեամբը մի յատուկ ազգային կերպարանք առաւ:
Արամ իրժամանակակից նահապետներէն աւելի ճարտար եւ յաջողակ գտնուելով` կարծես թէ Հայաստանիայլեւայլ նախարարական բաժանմանց մէջ միակցութեան կապ մը հաստատեց: Հին ատենմարտական յաջողութիւն եւ հնարագէտ միտք մ’ամեն ապըստամբ գլուխ եւ անզուսպ հոպիկրնային շլացնել եւ հրապուրել: Նախարարք ճիգ չհանեցին անոր քաղաքականութեան դէմ: Նա եղաւ գրեթէ Հայկազանց երկրորդ հարազատ հիմնադիրը, որ կրկին անգամ զանոնք իրանուամբը մկրտեց, եւ մինչդեռ Հայոց աշխարհը լռիկ եւ անխռով կ'ապրէր եւ կը յառաջանար, Արամ եկաւ ու շրջակայ վայրագ ժողովրդոց իմացուց, որ ինքն է անոր տիրապետը եւ թէանպատուհաս չմնար զայն աւըշտըկողը:
Սակայն Արամ որչափոր միապետական ճամփայ բռնեց եւ արքայական փառք եւ պատիւ լիապէս ստացաւ, իր երկրինքաղաքական կացութիւնը իր նպատակին չյարմարցուց: Նա մանաւանդ Հայաստանի թշնամիքը եւմանր մունր իշխանաց նախանձն գրգըռեց: Ուստի` հայոց նորածին մեծութիւնն իրմահուամբը իյնալեն զատ` անոնց ընկերական վիճակը վտանգի մէջ ինկաւ: Եւ ահա Շամիրամ, որ աւելի աշխարհակալուհի էր, քան թէ բորբորիտ, հարուածով մը նուաճեց ու հարկատուըրաւ Հայաստանը, բնիկ կամ օտար կուսակալներ կարգեց հոն եւ Արայի գեղեցկութիւնն ալըստ իս մասամբ իւիք գրգիռ եղաւ Հայկայ դիւցազնական շէնքը կիսող կործանելու, թէպէտեւ իբր արեւելեան գեղեցիկ սիրոյ վէպ կ'ըմբռնեմ այս դէպքը: Վասնզի Շամիրամայպէս բազմայր կին մը չեմ հավատար, որ Արայի սիրոյն համար միայն, անոր ծծած օդը եւըմպած ջուրը ճաշակելու տենչով` զինուք Հայաստան կոխէր, եւ Վանայ ծովակին մօտհոյակապ ամարանոց եւ անառիկ ամբարտակ մը շինէր. Փառասիրութիւնը իր կէտին հասնելուհամար անհամար հնար եւ պատրուակ կհնարէ ու միամիտ պատմիչը մինակ այս պատըրուակըկտեսնե:
Հայաստան` այսառաջին պարտութիւնը կրելեն յետոյ` ինքզինքը հազիւ հազ գտաւ, եւ Պարոյրին օրովընորէն հոգի եւ անկախութիւն ձեռք ձգեց, իրաւ, սակայն սոյն հոգին հայկական աղատ եւհարազատ հոգին չէր Հայաստան Ասորեստանեայց գաւառ դառնալեն իւեր ժողովուրդ եւ իշխանիրենց առաքինական հանգամանքը կորուսին եւ գերութեան ներքեւ մեղկ եւ թոյլ բարուցտիրացան: Սոյն միջոցին աքսորատեղի կամ ապաստանարան դարձեր էր սոյն երկիրը, ու՛րայլեւայլ կողմերէ փախստական իշխաններ, հայրասպան արքայազուններ կ'իջեւանէին եւորոցմէ ծագեցան Գընթունիք, Արծրունիք, Գնունիք եւ մեն մի ինքնագլուխնախարարութիւններ կազմելով` Խոռխոռունեաց, Բզնունեաց եւ Սիւնեաց հին եւ ազնիւցեղերը գրեթէ մութը թողին:
Պարոյր, մերԱլֆրետ իշխանին պէս գերութեան լուծը թոթվեց եւ գլուխը թագաւորական թագ դրաւԱսորեստանի կործանման համար Կ'իաքսարայ հետ զինակից լինելուն, իրաւ, սակայն ինքըեւ իր թուլամորթ յաջորդները Հայաստանի անկախութիւնը գլխովին չկրցան ապահովել: Տիգրանին պահուած էր ոչ միայն այս կարեւոր գործը կատարել, այլ մեծ եւ նշանաւորյաղթանակներ տանիլ օտարաց վրայ: Բայց դարձեալ որեւէ ազգ մը արքայական հրամանաւ եւանոր ժամանակը միայն եւ յանկարծակի չէ կարող տիրապես նորոգուիլ եւ վերականգնիլ, եւՏիգրան ի՛նչ զինուորական կանոն եւ ներքին կարգադրութիւններ, որ հաստատեց` հիմ եւարմատ չառին, ըստ որում իր ազգային գործը շարունակող չեղաւ: Ասկեզատ` ժողովրդեանմէջ նոր օրէնքներ հաստատութիւն չեն առնուր, եթէ արդէն անոնց սերմը սովորութեանց եւմտաց մէջ չեն զետեղված: Ուստի եթէ գահը նստողը ծոյլ եւ անհոգ կենար, նախարարքգլուխ կը բառնային, երկպառակութեան ոգին ամէնուրեք կը տիրէր եւ ռամիկ ժողովուրդըիր նիւթական հանգստութեան համար միշտ կազմ եւ պատրաստ էր ներքին կամ օտար բռնակալիմը գավազանին առջեւ գլուխ ծռել: Տիգրանին մահուանեն ետեւ` մի շատ դատարկապորտթագաւորներ ծնան եւ Հայաստան անոնը անիշխանութեան ժամանակ խիստ ստորին վիճակի մէջանկաւ, մինչեւ Վահէ, որ մեծն Աղեքսանդրի դէմ պատերազմելով` իբր իր նախահորը Հայկայվերջին արժանի զաւակ` զէն ի ձեռին` ազատութեան սիրոյն նահատակ մեռաւ: Իսկ անկէետեւ բնիկ եւ եկամուտ իշխաններ` անիշխանութեան մեզ մնալով` իրարու տուն կ'աւերէինեւ ինչպէս Խորենացին կըսէ. ”Այր զարամբ ելանէին տիրել աշխարհիս”:
Այս համառօտ եւընդհանուր տեսութենես, Հայկազեան հարըստութեան մասին, սա կը հետեւի, որ մինչդեռ միկողմէ Հայաստանի քաղաքական պարզ վիճակը կը փոխուէր, հետզհետէ անոր սահմաններըկ'ընդարձակէին, արտաքին յարաբերութիւնները կը շատնային, դրացի աղգաց մօտկարեւորութիւն կը ստանար, քիչ շատ արհեստ եւ առեւտուր կը ծաղկէին, նոր նոր եւօտարոտի նախարարութիւններ կը ծագէին միւս կողմանէ Հայկազեան տոհմին կենսավարականընթացքը պետութեան քաղաքականութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցները, սովորութեանցպարզ վիճակը, ինքնիշխանութեան անկանոն սերմը եւ թանձր տգիտութիւնը անփոփոխ կըմնային եւ իրաց այս անկապ եւ անհամաձայն կարգին մէջ, ժողովուրդը, թէեւ իրառոյգութիւնը եւ քաջասրտութիւնը տեղ տեղ պահած էր, այլ իր սեփական շահուց եւիրաւանց անհմուտ եւ օտարական կ'երեւար եւ իր ճակատագրին վճիռը միշտ բարձրագոյնիշխանութենէ մը սկըսեր էր սպասել:
Ուրեմն չորսանհաղորդ տարերք կային ի Հայս նոյն միջոցին. արքունականք, նախարարեանք, գիւղացիքեւ խուժան, որոց մէջ տակաւին չէր հաստատուած այնպիսի հաստատուն եւ բնականյարաբերութիւններ եւ ազգային միօրինակ դաստիարակութեան կանոններ, որով կարողլինէին միազանգ եւ միավախճան քաղաքական մարմին մը կաղմել: