Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն…

Բարեկամ, Հայկազանց վրայ դրած նամակդ բաւական հետաքըրքրական է. կը ջանաս արդի պատմականքննադատութեան լուսով մեկնել ու երեւան հանել ինչ որ Խօրէնացիին մտքեն չէ անցած բնաւ: Հին, մանաւանդ արեւելեան ազգերն իրարու շատ կնմանին բարքով, կրօնքով, քաղաքականկացութեամբ եւ Հայկազունք ալ բացառութիւն մը չէին: Երեք բառով կարելի է սահմանելայդ ազգերու կացութիւնը, աստուածապետութիւն էր իրենց կրօնական դրութիւնը, բռնապետութիւն, իրենց կառավարութիւնը, գերութիւն, իրենց ընկերական վիճակը:
Ստոյգ է, երբպատմութիւնն մեր առջեւ կհանէ ազգ մը, որու ներքին կեանքը, գրականութիւնը, օրէնսդրութիւնն անյայտ են, անմիջապէս անոր կ'ընծայենք այնպիսի բանէր, որ միայնարդի քաղաքական աշխարհի մէջ դարէ դար գոյութիւն ստացած են: Ինչպէս որ մեր պերճ ուզարդարուն ակումբներուն եւ պճնազարդ ընկերութեանց մէջ չենք կրնար երեւակայել, որկիսամերկ կամ վայրենի անձ մը գտնուի, կոշտ լեզուով, բիրտ վարքով, աղտոտկերպարանքով, նոյնպէս արդի տեսութեամբ չենք կարող ըմբռնել ժողովուրդ մ’որ անկիրթ, անօրէն, անբան եղած լինի, քաղաքական ու կրօնական դաւանանք ունեցած չլինի, այլկ'ուզենք, որ անհատական ազատութիւն, քաղաքային իրաւունք, սահմանադրական իրաւունքունեցած լինի, նոյնպէս բոլոր այն հանգամանքն, որ արդի քաղաքակիրթ կոչուածժողովուրդները կը վայելեն, թէեւ այղ հանգամանքն անդուլ կռիւներու եւ արեանհեղեղներու գինն են: Քիչ մ’եւս, մեր պատմութեան վրայ դատելով` արեւելեան ժողովրդոցմէջ habeas corpus բարլմենթ, Վիկ 10 ու Դորի 11 (ազատականու ազնըւական) կուսակցութիւնները պիտի գտնենք:
Հին ժողովուրդ մինչ որ է, այնպէս նկատել պէտք է, այսինքն իր ամենէ պարզ, նախնական վիճակի մէջ, երբոր զանազան խու՛մ բերու բաժնուած իրարու դէմ կը մաքառէր, աւարառութեամբ ուելուզակութեամբ կ'ապրէր, կերպ մը վայրենի կեանք կը վարէր, եւ կրոնի, ազգայինշահու, հայրենի երկրի վրայ եւ ոչ իսկ աղօտ գաղափար մ’ուներ: Այսպիսի ժողովրդեան մըկրօնի տարերքն երկիւղն է, իր հայրենիքը` վրանն է կամ տնակն է, իր կառավարութիւննամենէ զօրաւորին բազուկն ու կորովն է: Շատ դարեր` Արարատայ ստորոտն ընկած մարդիկ, որ վերջեն թերեւս քաջ որսորդի կամ հովուի մ’անուամբ հայ կ'ոչուեցան, այդ վայրագկեանքը կը վարէին անշուշտ, ինչպէս կը վարէին եւ մինչեւ հիմակ կը վարեն շատմարդկային ցեղեր: Կան պատմաբաններ, որ այս տեսակ ցեղերու մէջ ընտանեկան կապ, ազգային օրէնք, օրինաւոր իշխանութիւն կը փնտրեն եւ ինձի համար փիլիսոփայական քարըփնտրողներուն կնմանին: Կը շինեն ու կը կազմեն ժողովուրդ մ’որ միայն իրենցերեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի: Անոր սկիզբ մը, հիմնադիր մը կը տան, անորբնութիւնն ու բարքը կը նկարագրեն, այլեւայլ քաղաքական ու բարոյականառաքինութիւններով կը զարդարեն ու գրչի ծայրով կքաղաքակբրթեն: Շատ անգամ ալպատմական իրողութեան մը, կամ ժողովըրդեան մ’այնպիսի նշանակութիւն ու նպատակ մը կըվերագրեն, որ իրօք ոչ այդ նշանակութիւնն ունեցած է եւ ոչ այդ նպատակը: Քանի՛ քանի՛ապուշ աշխարհակալներ, թագակիր աւազակներ, այս տեսակ պատմագիրներու ձեռոք մեծմարդեր եղած են, քանի՛ քանի փառասիրական գործեր` իբրեւ նախախնամականտնօրէնութիւններ նկատուած են…:
Հին պատմիչներ` եւասոնց հայրը Հերոդոտ` մարդկային վայրի խումբերու, այս է նախնի ընկերութեանցնկարագիրը չեն ըրած եւ չէին կրնար ընել, այլ ինչ որ նոր է, ինչ որ գրեթէ մեզի մօտէ, մի քանի հազար տարուան պատմութիւն, մեզի աւանդած են, չկըրնալով թափանցել այնանթիւ դարերու մէջ, որ թանձր մթութեան անդունդը կը կորսուին: Ցաւալին այս է, որիրենց գրած պատմութիւնն ալ կիսկտուր, սուտումուտ եւ ստեպ մութ ու անզօդ իրողությռլններոլկոյտ մ’է: Եւ միթէ կարելի՞ էր նկարագրել ընկերութեանց կազմակերպութիւնն, որ դեռեւսհանելուկ մ’է` նոյնիսկ արդի գիտուններու առջեւ, գիտուններ, որ թէեւ գիտութեանբոլոր զէնքերով զինուած, ընկերաբանական ու ֆիզիկական օրինաց հը֊ մուտ, չեն կարողվճռական եզրակացութիւն մը հանել ընկերական վիճակի ծագման մասին:
Հայոցքերթողահայրը` Խորենացին, կամ Մար Աբաս 12, աւելի խոհեմ են, հինըկթողուն մութը եւ նորը կնկարէն, միայն այդ նորն ալ յունական կանխակալ գաղափարներուվրայ կը ձեւեն, հայկազուն նահապետներու, պատերազմներու, նախարարներու շարք մըկներկայէն, առանց անոնց կապակցութիւնն ու պատճառները հետազոտելու: Հայկազնհիմնադիրն, որը ինչպէս արդէն գրած եմ, ազատասիրական զգացումով մը կ'ապստամբի Բէլինդէմ, կարծես թէ մեր աշխարհի մարդ է: Բեն մ’է Հայկ, որ Արարատ գաղթեր է, ինչպես Բենսիլուանիոյ ժողովրդեան հիմնադիրն Ամերիկա գաղթեց ազատութեան ոգուով վառուած: Իսկ իր յաջորդաց պատմութիւնը կենդանագրի մը կնմանի, պարսիկ նկարչի մը շինածպատկերին պէս, որ փայլուն ու կենդանի գոյներ ունի թէեւ, այլ անշուք է ու անստուեր, որոշ գծեր ունի թէեւ, այլ անկանոն այնպէս, որ բուն բնագրին ճշգրիտ բացատրութիւնը չէ:
Ես կը փափաքէիտեսնել հին հայկազն ժողովուրդն իր տան մէջ, իր շուկային մէջ, իր գործարանին մէջ. Քսենոփոնի դրածը բաւական չսեպելով կ'ուզէի գիտնալ թէ ի՞նչ ձեւ ունէին իրբնակարաններն ու ապարանքը, ի՞նչ գործիքներով կը հերկէր իր հողն, ի՞նչ բարբառներովկը խոսէր, կ'երգէր ու կ'աղօթէր, ինչպէ՞ս կը վարէր իր դատաստաններն, ի՞նչյարաբերութիւն ունէր իր նահապետին, նախարարին, թագաւորին հետ, ի՞նչ կրթութեանվիճակ ունէր եւ այլն: Բայց գիտեմ նաեւ, որ այս փափաքներս ծայրայեղ են, վասընզի` իբաց առեալ յոյներն ու հռոմայեցիներն, որ հակառակ ծայրը հասնելով, շատ անգամդէպքերու կանոնաւորութիւն եւ իմաստասիրական շինծու ուղղութիւն մը տալու համար, իրենց ազգային գոռոզութեան նպաստաւոր, ճշմարտութիւնը կը թիւրէին չկայ հինժողովուրդ մ’որ իր ընտանեկան ու քաղաքական կեանքն ճշգրիտ աւանդած լինի ապագային իրպատմագիրներու ձեռոք Եւ իրաւի, ինչպէս կըսէ մեր մեծիմաստ Մաքոլեյ 13, եթէ`”Լաւ պատմութիւններ չունինք” հիմակ իսկ, ի՞նչ իրաւամբ պահանջենք հիներէն: Պատմական ընտիր վէպեր ունինք եւ ընտիր պատմական փորձեր”: Ըսել կուզէ թէ երեւակայութիւննու բանականութիւնն իրենց մէջ բաժնէր են գրականութեան սոյն ճիւղն, փոխանակբոլորովին գրաւելու միասին:
Ասկից կըհետեւեցնեմ, որ ինչպէս շատ նոր ազգեր, հիներն ալ եւ մասնաւորապէս հայկազուններնլաւ պատմութիւն մը չունին կարծեմ: Բոլոր նորոգ գրուածներն ալ Խօրէնացիեն, Զէնոբեն, Ասողիկեն, Արիստակէսեն եւ ուրիշ հին պատմիչներէ օրինակուած են Չեմ տեսնէր անոնցմէջ պատմութիւնը վերակազմելու շարժումն, որ Անկլիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ կ'երեւի: Ռիչարտսընի 14, Հիւմի 15, Կիպ` պոնի 16, Հալամի, նոյնիսկ Մաքոլեյի պատմական եղանակը հին ու թերի կը նկատուի. Պքըլի 17պէս, ժերուինիոսի 18 ու Վէպերի պէս նոր նոր պատմաբաններ յառաջ կը գան, այնպէս որ պատմութեան հորիզոնը կ'ընդարձակի, նոր գիւտերն, իմաստասիրական, բանասիրական ու հնախօսական խուզարկութիւններն նոր լոյս կը սփռես պատմութեան վրայ, որ այժմ գրեթէ իր մէջ կպարունակէ ազգի մը մտաւորական ու ճարտարական կենաց ամբողջպատկերը Հայկազնեան իշխանութեան վրայ` պատմական տեսութիւնդ, Նելսոն, մասամբ հայ պատմաբաններու տուածտեղեկութեանց վրայ հիմնուած Է եւ մասամբ ազգերու յաջորդական զարգացման օրինացվրայ; Այդ գովելի աշխատութիւն մ’է, իրաւ, բայց վաւերականութեան պայմաններըբոլորովին չպարունակէր եւ երբեմն ենթադրութիւնն իրողութեան տեղը կբռնէ: Յայտնի է, որ հայոց լաւ պատմութիւն մը գրելու համար բաւական չեն երեւակայութիւն ու գրավորաղբիւրներ, այլ ուրիշ իրական միջոցներ պէտք են Պէտք է Հայաստանի բոլոր պատմականյիշատակարանները հետազօտել, աւերակները փորել, ամէն անկիւն ու փոս, որ հնութեան նշխար մ’ունի, կրկտել, հին դրամներ ու հինբարբառներու հետքն որոնէի աւանդական զրոյցներն, առածներն ու առասպելները հաւաքէք, տեղագրական մանր խուզարկութիւններ ընել, մէկ խօսքով նկարագրել, ուսումնասիրել ամէնգիւղ, աւան, դէպք, սովորութիւն, շէնք, որ Հայուն կենաց հետ վերաբերութիւն ունին:
Ո՞վ յանձն պիտիառնու այսպիսի ծանր աշխատութիւն մը: Մասնաւորի ոյժ, տաղանդ ու դրամագլուխ չենբաւէր, վանական գրագէտներ անձեռնհաս են. վասնզի եթէ պատմութիւն օրելու ամէն պիտանինիւթերն անգամ ունենան, դարձեալ` իմաստասիրական խուզարկութեան ոգիէ զուրկգտնուելով առհասարակ ամէն բան կրօնական անձուկ տեսակէտով մեկնելու պիտի ճգնին: Ըստիս` եթէ ազգի մը պատմական կենաց իր ներկային վրայ ազդեցութիւն ունենալըկընդունինք, կարեւոր է, որ Հայք յատուկ ընկերութիւններ կազմեն, դրամագլուխ դիզեն, հմտութիւն ու գիտութիւն ունեցող անձեր Հայաստանի այլեւայլ կողմերը տարածեն, որպէսզի ոչ միայն իրենց նախնեաց, այլ զավառայնոց վիճակը հետազոտեն եւ հինպատմութեան հետ նորը կապեն:
Կը տեսնե՞ս, Նելսոն, որ երբ դու Թարապիայ եւ ես Յայտ Բարքի մօտ նստած կ'ելնենք մտովին Հայաստանկշրջինք, մեր Սդերնի 19 Զգացականճամբորդութեան նման բանմը միայն կարող ենք հորինել, թէեւ այդ հեղինակին զօրաւոր երեւակայութիւնն ալչունինք:
Բայց գոնէ սիրտունինք, յանդգնութիւն ունինք: Միայն կերկբայիմ, որ քու սիրտդ ծոցդ լինի. այստեղթողուցիր զայն, եւ ես չեմ համարձակիր հարցընելու թէ ի՞նչ վիճակի մէջ Է: