Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԶ

Կ. Պօլիս, 29 մայիս 1866:

Սահմանադրութեան վերաքննութեան մասին կ՚ուզես, որ օր առաջ ես ալ ըստ խոստմանս իմ կարծիքս յայտնեմ: Բայց նախ այս կ՚ուզեմ յայտնել, որ այսօր Հայ երիտասարդութիւնը Սահմանադրութեան (յուղարկաւորութիւնը պիտի ըսես, ո՛չ) վեցերորդ տարեդարձը կը տօնէ ի Հիւնքեար իսքելեսի: Ճիշտ նոյնը կ՚ընէր եւ 1863-ին երբ Սահմանադրութիւնը քննութեան բովն ընկած էր: Ին՛չ գեղեցիկ յոռի շրջան: Կ՚դառնանք, կ՚դառնանք եւ միշտ նոյն վայրն ենք: Է՛հ, հայ երիտասարդութիւնը սահմանադրական սկզբունքը կ՚սիրէ, կ՚հռչակէ եւ գոհ է: Իսկ երբ անոր գործադրութեան համար պարտք մը, ստակ մը, գործ մը վճարել հարկ լինի տաս մղոն հեռու կ՚փախչի: Ին՛չ կ՚ուզես որ ընէ: Ինչպէս պլատոնական սէրը, նոյնպէս սահմանադրականն անուշ բան է: Ունիս եւ չունիս: Կ՚վայելես եւ չես վայելէր: Աշխարհիս ո՞ր մէկ բանն այսպէս չէ: Այսօր հարուստ կ՚ննջես, վաղն աղքատ կ՚արթըննաս: Ցերեկը սահմանադրական ես, գիշերը միապետական: Այսօր փառք պատիւ կ՚երազես, վաղը սեւ հողին տակ կ՚պառկես, եւ Աստուած գիտէ թէ որ անդին երազիդ պիտի հասնիս:

Սակայն երբ սահմանադրասէր հայը կ՚տեսնեմ այժմ, կ՚յիշեմ այն մուրացկանն, որ մեղրի գոց ամանին վրայ հացը կ՚քսէր կ՚ուտէր, եւ կը կարծէր թէ մեղր է կերածն: Ա՛հ, ինչ երջանիկ մարդ, դեռ պատրանքի անուշութիւնը կ՚վայելէ, եւ հիւթը ձեռք ձգելու անկարող` անոր հոտովը կ՚կշտանայ: Սահմանադրութեան հոտն ու յիշատակը Հիւնքեարի մարգագետնին, ծառերուն եւ հովին մէջ կան, գոնէ տարին անգամ մը այս հոտն եւ յիշատակը շնչել սովորութիւն եւ սփոփանք չէ՞ մի… :

Բայց կատակը մէկդի, թո՛ղ հայ երիտասարդութիւնը սփոփի, անմեղ եւ խորհրդաւոր է իր զուարճութիւնն, եւ թո՛ղ քաղաքագէտ հայը ծաղրական ժպիտ մը չցուցընէ: Եթէ ոչ այսօր վաղը սկզբունք մը, գաղափար մը կ՚իրանայ: Ի՞նչ են քանի մ՚օր եւ տարի ազգի մը ապագային առջեւ: Ընկնիլ եւ ելնել, շարժիլ կ՚ենթադրէ, այս շարժումը քանի որ մտաց մէջ կայ գործոց մէջ ալ պիտի տեսնուի վաղ կամ անագան. փափաքելին այն է, որ այս շարժումն ընդարձակի օրինաւոր դաստիարակութեամբ: Թէեւ Ժիւլ Սիմօն մարդս ազատ կ՚ծնի կ՚ըսէ, սակայն եթէ իմ տեղս լինէր` մարդս ոչ ազատ եւ ոչ ստրուկ կ՚ծնի պիտի ըսէր: Ըստ իս` մարդս թէ ազատութեան եւ թէ գերութեան հաւասարապէս ընդունակ կ՚ծնի, գտնուած միջոցը (milieu) կ՚որոշէ թէ ո՛ր կողմը պիտի դիմէ: Ժողովուրդներն ալ տեսակ մը երեխաներ են. Ինչ որ են, էին եւ պիտի լինին, իրենց առած եւ առնելիք դաստիարակութիւնը կ՚ցուցընէ. Այսինչ անձն ազատական է յանգղիայ, որ ֆաքիր մը կ՚լինէր ի Հնդկաստան, եւ մարդակեր յՈվկիանիա…:

ԼԷ

Կ. Պօլիս, 29 յունիս 1866:

Անհամբերն Պարոյր` աչքը կէս բաց կէս գոց ելաւ եւ շիտակ Մորֆէոսի ծոցը նետուելու վազեց: Նոյնն ըրի եւ ես: Առաջին քունս, ահ, որչա՛փ անուշ էր, այնինչ առէր տարեր էր զիս Փասիֆաէյի տաճարն, եւ ահա ձայն մը սոսկալի ձայն մը, որ դեռ ականջիս մէջ կ՚հնչէ, ձայն մը որ ոչ կատուի մլաւելն էր, ոչ շան հաչելն, ոչ ձիու խխնջելն, ոչ խոզի խռնչելն, այլ աւելի եզան բառաչման կ՚նմանէր, կարծես թէ հորէ մը ելնելով` եկաւ հանգիստս վրդովեց: Այսդիս, այնդին դարձայ անկողնիս մէջ առանց աչքս բանալու` կարծելով թէ շփոթ երազի մը արդիւնքն է այն, բայց երբ ձայնը նորէն մաաա, մաաա կրկնեց, ընդոստ ելայ, հրացանիս վազեցի, սենեկիս դուռը բացի եւ ականջ դրի…

Ձայն ձուն չկայ: Պարոյրին թեթեւ շնչառութիւնը միայն կը լսուի եւ տախտակի կրծան որդերու տխուր թըքրտոցն: Իրաւ է, որ օդին մէջ մանր մունր թռչուն փայլակներ, պատին վրայ երերուն ստուերներ նշմարեցի եւ քանի մ՚անգամ հրացանս շտկեցի որ կրակ տամ, սակայն սթափելով որ երեւակայութիւնս կ՚ստեղծէ այն շրրջմոլի տեսիլները, սկսայ ծիծաղիլ, մանաւանդ սարսռիլ այն բոբիկ եւ կիսամերկ վիճակիս մէջ: Ուստի դասալիք զինուորի մը պէս իմ կակուղ դագաղիս դարձայ, միշտ հրազէն ի ձեռին, եւ այս անգամ մտածեցի, որ մեր դրացիին անօթի եզան ողբը պիտի լինի այն չարագուշակ ձայնը։ Գլուխս բարձին վրայ դրի չդրի եւ ահռելի ձայնն է նորէն փրթաւ… եզը նորէն բառաչեց… դողն է զիս առաւ… այլ տարակոյս չկայ, սպասաւորս կ՚խեղդեն, կարգը մեզի պիտի գայ ըսի, եւ անկողնէս գլտորելով ցատկելս, մոմը վառել, սեւ վերարկուս վրաս նետել եւ սանդուղէն վար վազելս մէկ ըրի:

Ընդունա՜յն վաստակ: Թշուառական սպասաւորս մուշ մուշ կ՚քնանար, տունն առնէին տանէին չպիտի իմանար, եւ գողն ի՞նչ պէտք ունէր մեռել մը խղդել: Բայց դարձեալ ծակ ու ծուկ նայելով վեր ելայ եւ շիտակ Պարոյրին խուցը գացի եւ նոյն պահուն ես ինքս աւազակի մը կերպարանքն ունէի:

Պարոյր անշուշտ կ՚երազէր. մերթ ակռաները կ՚կրճտէր, մերթ երեսը կ՚խորշոմէր, մերթ անիմաստ բառեր կ՚փչէր... յանկարծ բերանը սաստիկ բացաւ… լոյսը մօտեցուցի, որ աղէկ մը նայիմ… գէշ ըրի: Վասնզի Պարոյր բերանը գոցեց կոկորդային խռնչիւն մը արձակելով եւ աչքը բացաւ… ապուշ ապուշ նայեցաւ ինձի եւ գլուխն անդին դարձուց…: Մինչդեռ դէպի ետեւ շարժում մը կ՚ընէի կամացուկ մը, Պարոյր լեղապատառ ելաւ անկողնին մէջ արձանի պէս կեցաւ եւ բոլոր ուժովը սկսաւ պոռալ. «Չէ՛, երազ չէ եղեր… օգնութիւ՛ն, հասի՛ր, հասի՛ր… Վրոյր, Վրոյր…: Մի՛, մի՛ վախնար, Պարոյր, ես եմ…: Ինչ դո՞ւն… ի՞նչ կ՚ուզես հրացանովդ իզմէ… զիս հոս բերիր որ մորթես… ի՞նչ կ՚ուզես, աղբեր, փախուցե՞ր ես, թէ գիշերաշրջիկ ես: Միթէ Պօլսի՞ սովորութիւնն է գիշերային այցելութեան ելնել սպառազէն. այդ ի՞նչ դիւահարի կ՚երպարանք է քուկդ: Ցերեկը դադար չկայ, գիշերը քուն…: Արդէն սոսկալի երազով մը կը տանջուէի... հրէշ մը իր ճանկերովը կոկորդս բռնէր կ՚սեղմեր… հոգիս պիտի հանէր: Ահա, Պարոյր, այդ երազըդ զիս արթընցուց, ըսի, եւ եղելութիւնը համառօտիւ պատմեցի:

Սկսանք միասին քահ քահ խնդալ: Եթէ նոյն միջոցին աչք մը զմեզ ծակէ մը տեսնէր, անշուշտ յիմարանոցէն փախչող խենդեր են պիտի ըսէր:

Քունս փախաւ, յարեց Պարոյր, սակայն այս գիշերուան տագնապս, մանաւանդ չարաշուք երազիս տպաւորութիւնն երբեք մտքէս ելնելիք չունին: Դեռ սիրտս սաստիկ կ՚զարնէ, ճիւաղ մ՚աւելի կ՚ներգործէ եղեր մարդկային կենաց վրայ քան թէ իրական պատահար մը: Քանի ես ես եմ առաջին անգամն է, որ այսպիսի երազ մը կը տեսնեմ: Ժամու մը մէջ բիւրաւոր մղոններով հեռի աշխարհ մը ման եկայ, նոր մարդիկ, նոր երեսներ տեսայ` ես որ մինչեւ ցայսօր քունիս մէջ Սաթինկան պարեգօտը, Շամիրամայ հերարձակ գլուխն ու Յակոբ նահապետին ծիր ծիր հրեշտակները տեսած էր։ Ուստի՞ է այս փոփոխութիւնն եւ ի՞նչ յարաբերութիւն ունին ինձի հետ Չինաստանի Շիամը (դենպետ) եւ Ֆին—մունը (կոյս): Միթէ Պոլսի ջրէ՞ն է այս, բարակ եւ թեթեւ ջուր մը զոր միշտ պիտի փնտրեմ, թէ ոչ ստամոքսիս վիճակէն, որմէ միշտ դժգոհ եմ, թէ ոչ վաղն իրկուն իմ տեսնելիք սեւ դիմակէն։ Մեծ մամս կ՚ըսէր թէ փորին վրայ պառկողը սեւ սեւ, եւ կռնակին վրայ պառկողը կարմիր կարմիր երազներ կ՚տեսնէ եւ Աստուծոյ առտուն խաչ հանելով` բարին ընէ, երազ տեսայ կ՚ըսէր, եւ մարդ կ՚փնտրէր որ պատմէր, բարին ընէ ըսելով: Զարմանք չեն, որ գարնան ժամանակ` երբ արեան շրջանն աւելի ուժգին կ՚ներգործէ ջղային դրութեան վրայ` ծաղկահաս օրիորդներ գոյնզգոյն երազներ եւ հրեշտակի թեւեր տեսնեն, սակայն պառաւները, պառաւներն ի՞նչ գործ ունին երազի հետ, արդեօք սիպիլներու պէս ափիո՞ն կ՚կլլեն, ո՞ գիտէ…: Ինչեւէ, երազ ըսուածը բնութեան զարմանալի մէկ երեւոյթն է: Ես երազի կը հաւտամ, աղբեր, ինչ մեղքս պահեմ: Մեր ապառնիին խորհուրդն անոր մէջ է, խորհուրդ մը որ, թէեւ ինչպէս ուրիշ գաղտնիքներ, անմեկնելի է, բայց շատ մը հին մարգարէներ ջանացին մեկնել եւ նորերը մեկնութեանց մեկնութիւնը դեռ կ՚գրէն: Երբ մարդուս արտաքին գործարաններուն շարժումը կ՚դադրի` ուրիշ մարդ մ՚անոր մէջ կ՚սկսի գործել եւ անոր արեան փրփուրը կամ էլեկտրական հոսանուտը հոգւոյ պաշտօնը կ՚վարէ մարմնոյն գործակցութիւնը կեղծելով: Թերեւս ասկից կ՚հետեւին Ալան-Գարտէքի միջնորդները (medium): Բասգալ` որ շատ անգամ մտածելու տեղ կ՚երազէ, կ՚ըսէ թէ երազն իրականութենէ տարբերութիւն մը չէր ընծայէր թէ որ մարդս շարունակ ամէն գիշեր միեւնոյն երազը տեսնէր, եթէ երազն անուշ է` երջանիկ կ՚լինէր, եթէ լեղի` թշուառ: Ուրեմն երանի՛ անոնց որ միշտ վարդագոյն երազներ կ՚տեսնեն: Երազել եւ երազ մեկնել մեծ արհեստ մի էր հին ատենն եւ ամէն մարդու բաժինը չէր երազատես եւ երազահան լինիլ: Ասոր համար մոգեր, տաճարներ պէտք էին ի վերուստ հաստատեալ, ինչպէս այժմ արտօնագիր կ՚տրուի այսինչ կամ այնինչ արհեստը բանելու: Ա՛հ, ինչպէ՛ս ամէն գեղեցիկ բան կ՚եղծանի այս աշխարհիս մէջ: Հիմակ ամէն մարդ երազ տեսնելու ազատութիւն ունի եւ այս սուտ մարգարէներուն շնորհիւն ամէն բան ծուռ կը բուսնի։ Գէթ հիները մութին եւ ստորերկրեայ տեղեր կ՚երազէին, հիմակ լոյս աչքով ալ երազներ կը տեսնենք եւ ճիւաղներու առջեւ ծունր կ՚դնենք: Կան մարդիկ, որ եթէ ցերեկն երազ չտեսնեն գիշերը կ՚մեռնին: Ասոնց համար երազն աւելի իրական է քան թէ կեանքը…

Ի՞նչ կը լինէր Հայաստան թէ որ Աշդահակ երազ մը չտեսներ: Ո՞ր աշխարհէն երեւան պիտի գային Մովսէս եւ Քրիստոս թէ որ Յովսէփ Փարաւոնի մը երազը չմեկնէր: Ո՞ւր կ՚երթար մեր բանը թէ որ սուրբ Մեսրոպ իր տեսլին մէջ հայերէն տառերուն ձեւը չգծեր…: Ուրեմն մի՛ ըսէր, աղբեր, որ երազը պարապ բան է: Հիպոկրատ մեծ բժիշկն անգամ իր հիւանդը բուժելու համար նախ անոր տեսած երազը մտիկ կ՚ընէր եւ ապա հիւանդութեան տեսակը հոգւոյ կրած հեշտ կամ դառն տպաւորութիւններն կ՚գուշակեր:

Արդեօք աւելի լաւ չլինիր, ըսի Պարոյրին, որ այդ քնէած խորհրդածութեանց տեղ սա տեսած երազդ պարզօրէն պատմես որպէսզի ես ալ քու ըղեղիդ ծանրութիւնը կշռեմ:

Եթէ հաւատ ունիս եւ Պղնձէ քաղաքը կարդացէր ես` կ՚պատմեմ, թէ ոչ ծաղր ու ծանակ լինելու միտք չունիմ… ուստի բարին ընէ ըսէ, եւ միտ դիր…:

ԼԸ

Կ. Պօլիս, 5 յուլիս 1866:

Երբ անկողին մտայ` լալու փափաք մ՚ունէի, յարեց Պարոյր: Թէեւ գլուխս ծանր էր եւ գինիդ կ՚ներգործէր, սակայն սիրտս այնքան թեթեւ էր եւ արթուն, որ թեւ կառնուր թռելու համար, գիտես ո՛ւր, ու կը փղձկէր քանի կ՚դիտէի այն նեղ աշխարհն, որուն սահմանն առագաստս էր: Ճրագին նսեմ ու փլփլուն նշոյլն, որ առագաստիս զարկեր էր, հիւսիսայգի երեւոյթ մ՚ունէր եւ կարծես թէ կ՚յորդորէր զիս արեւուն ծագման սպասել քան նիրհել: Ա՛հ, նիրհել մեռնիլ է իրօք, մահ մը որ վերածնութիւն կամ յարութիւն կ՚ենթադրէ իրաւ, եւ ասոր նշանն է այն լոյսն, որ կ՚փլփլի մարդուս սնարին վերի դին` երբ հրեշտակի մը թեւին ներքեւ կ՚ննջէ. այն սգալի մոմն, որ կ՚վառի մեռելին վերեւն` երբ սեւ հողին մէջն է եւ հոգին թերեւս քերոբէից դասուն հետ կ՚հսկէ…: Իսկ ես նոյն ժամուն չէի կարող մեռնիլ եւ անքթիթ հսկելու մտօք ելայ ձեռքս գիրք մ՚առի, ճրագը բարձիս մօտ գրի եւ պատանքին մէջ պարուրեալ` իր վրայ կարդացող ուրուական Պարոյրի մը կերպարանն առի:

Պատահմամբ Նարեկացին ընկեր էր ձեռքս եւ աչքս ԺԲ բանին Գ հատուածին վրայ ընկաւ… «Կացուսցե՛ս շրջափակ զպար զօրուդ երկնայնոյ... » տողին հասայ չհասայ եւ ահա աչքս սկսաւ մթանալ եւ գրքին տառերը սեւ մամուկներու պէս ոստոստել: Պտոյտ մ՚առաւ գլուխս, բոլոր տունը շուրջ կը դառնար, կ՚օրօրէի, կ՚վերանայի մինչեւ որ չգիտեմ երբ` Նարեկացին ձեռքէս թռաւ, հոգիս մարմնէս ելաւ եւ անեզր անջրպետի մը մէջ սրացաւ…:

Երկիրս ոտքիս տակ իբր ամպապատ գնդակ մը կ՚թաւալէր, Պօլիս աննշմարելի տղմի կտոր մ՚էր, Քաղկեդոնդ աւազի հատ մը…: Շողուն ու նօսր մթնոլորտ մը կ՚պատէր համասփիւռ, մանր մունր լուսաւոր կէտեր կ՚նշմարէի ու երկնաճեմ հիւսեր, որ գիտես թէ հրէշներ էին եւ դես ու դէն դեգերելով` կ՚ուզէին տարածուիլ, երկրիս յիմարութիւններու վրայ սաւան մը ծածկել եւ ջրհեղեղ մը սպառնալ: Եւ արդարեւ երկին յանկարծ իր պարզ գոյնը կ՚փոխէ, հիւսերը գունդագունդ կ՚սուրան, կ՚սեւնան, կ՚որոտան: Հրէշներէն մին հրաշէկ դէմքով մը վրաս կ՚վազէ, զիս կ՚կլլէ ու կ՚սկսի գլորիլ: Ճանբան ուրիշ հրէշի մը շփուելով փայլակ կ՚արձակէ ու փայլակն երկնային սեւաթոյր կամարին վրայ սողոսկելու ատեն կարծես թէ Աշխէն անունը կ՚գրէ… անհետ կլինի… եւ նորէն երեւան գալով` լեռնաձեւ ամպի մը սարէն դար վար կ՚սահի շանթելով ու սիրտս թունդ կ՚հանէ…

Ա՛հ, դու ես, Աշխէն, ըսի չըսի եւ ինքզինքս նոյն լեռան վրայ գտայ թէեւ ինքզինքս միեւնոյն անձը չգտայ…: Շանթէն սեւցեր էր բոլոր մարմինս եւ մազերս այրեր…: Ո՞ւր ես, անողորմ օրիորդ, արի՛ դիակս ալ կե՛ր, գոչեցի եւ հազիւ ողբագին ձայնս առի. ձայնս մարեր էր եւ անհնարին սոսկում մը պաշարեց զիս: Լեռան վրայ շրջան մ՚ըրի. մէկ կողմէն ձիւնապատ ովկիանոս մը, միւս կողմէն հրեղէն կոհակներ, առջեւս գահավէժ լեռեր, ետիս անհուն կապոյտ դաշտ մը տեսայ: Ո՞ւր էի, ո՞ գիտէ…:

Յանկարծ ահագին շառաչիւնով մը իմ լեռս կ՚սկսի վառիլ ու շուրջանակի կրակ ու բոց արձակել: Բոցերուն մէջեն սպիտակ ու ամեհի երիվար մը կը վազէր, վրան ծիրանի օրիորդ մը նստած որ ծիածան աչեր ունէր ու դրօշակ ի ձեռին… Դրօշակին մէկ երեսը գրուած էր ֆին-մուն (սէր), միւս երեսը մահ ազատութեան: Որչափ ձայնս կ՚զօրէր գոչեցի. Սէրդ չեմ ուզէր, տո՛ւր, մահ տո՛ւր ազատութեան զաւակի մը եւ զիս այս գեհենէն ազատէ…: Նազելի օրիորդը ճախրելով մօտեցաւ ինձ, Աշխէնին դէմքն ունէր, ու ըսաւ. «Վատ ու ապիրատ սողուն դու, ուսկի՞ց ընկար այս լեռն, որ Ալթա մահու լեռն է, որ հիւսիսէն Սիպիր, հարաւէն մեր երկնային չինական պետութիւնն, արեւելքէն Ովկիանոսն, արեւմուտքէն Ճենաց աշխարհը կ՚նայի: Ա՛հ, դու իմ սէրս կ՚մերժես, իմ լուծս կ՚թոթուես, որովհետեւ մեր Շիամը գաղտնի սպաննելու միտք ունիս. սակայն ես անոր պահապան հրեշտակն եմ եւ թշնամիներն անդունդն կ՚գահավիժեմ: Շուտ կորի՛ր եւ դո՛ւ, անօրէն ու անսիրտ օտարականդ, որ զիս ուրացար, ու գետնին տակն անցիր…» այս ըսաւ, դրօշակին նիզակը լեռան զարկաւ, լեռն է ճեղք բացաւ ու զիս կլլեց: Մոմի պէս գլխի վեր սահեցայ, սուզայ խոր ու խոր իջայ… շունչս հատաւ ու կիսամեռ անդունդին յատակը գտայ, ինչպէս երբեմն Արիստոմէն: Կարծէի թէ մարմնումս վրայ լպրծուն իժեր, գալարուն օձեր ու կարիճներ կ՚պատէին: Ոլոր ոլոր կ՚գայի, կ՚փրփրէի, կ՚մռնչէի… եւ կ՚երեւի թէ նոյն միջոցին էր, որ վայնասունս արթընցուց քեզ, Վրոյր: Սակայն Արիստոմէնն ազատող աղուէսն, ու ֆին-մունէն աւելի գութ ունէր, չկար որ պոչէն բռնելով ելք մը գտնէի. Դեռ եւս քաշելիք ունէի: Աչքս բացի գոցեցի եւ ի՞նչ տեսնեմ աղէկ: Չորս մարմնեղ սատանաներ խարոյկի մը բոլորն առած` կ՚փչէին ու կ՚փչէին Ուժգին: Չորսին դէմքն ալ ահռելի, ստուար, անճակատ: Ապակիի նման անլոյս ու կլոր աչեր, կարճ թուշեր ունէին եւ ուռած այտեր, որ արիւն քիրտով լի` բոցին առջեւ քստմնելի լոյս մը կը ցոլանային, Լայնաշուրթ բերաններ, տափակ քիթերու մօտ` խորշակի նման հով մը կ՚բուրէին եւ կենդանի փքոցներու պէս շարժուն` կրակին չորս դին ճիշտ գեհենին զաւակներն էին:

Թէեւ խարոյկին երերուն ու տմոյն նշոյլը բաւական չէր այս տարտարոսին մութն ու մուխը փարատելով` չորս դեւերուն բոլոր կերպարանն երեւան հանել, սակայն ուր ուրեմն թռչտող կայծերէն նկատեցի որ մէկին գլուխը սրամէտ սեւ խոյր մը կար, միւսին կուրծքն երեւակի նշան մը, ասոր գդակին վրայ բանալի ու բոժոժ մը, անոր ձեռքը դաշոյն մը…:

Երբոր խարոյկը հնոցի պէս բռնկիլ սկսաւ, սատանաներն առին զիս ու դագաղի մը մէջ դնելով ատրուշանի մը առջեւ տարին: Ատրուշանին վերի դին սեղան մը կար ու վրան գահ մը: Գահը նստեր էր արձանի պէս ալեւոր ու պատկառելի ծերունի մը: Արծուի պէս սուր աչեր ունէր, թէեւ կարծես թէ կ՚նիրհէր, ժպտուն շուրթեր ունէր, թէեւ կարծես թէ կ՚աղօթէր, այս տեսարանին առջեւ անտարբեր կերպարան մը առէր է, թէեւ կարծես թէ դեւերուն ոգին ինքն էր…:

Երեւակի սատանան գահակալին դառնալով` ըսաւ խեղդուկ ձայնիւ մը, Վեհդ վեհազանց, այս օտարականը դաւաճան է կենացդ, ապստամբ է տէրութեան, թշնամի է Չէուին (Էն լուսոյ) եւ որ մեծն է, հերետիկոս կ՚հոտի եւ իբր այն մանաւանդ ողջակէզ պիտի նուիրուի վեհիդ…: Օրհնեալ է կամք թէյ-գունչին (որդին լուսոյ), մրմնջեց ծերունին…: Ամէն, ըսին միւս դեւերն եւ ծափ զարնելով ճաղիս բոլորը պարել սկսան: Վերջը սրամէտ խոյրը վառ փայտ մ՚առաւ եւ անոր լուսովը վրաս գիրք մը եւ յորդոր կարդաց որ խոստովանիմ...: Ճիկ, շունչ չէի հաներ…: Նետեցէ՛ք, կրակը՛ նետեցէք այդ գէշը, պոռաց զինակիր դեւը, կորած է հոգին արդէն: Իսկոյն շալակ առին զիս եւ հուրին մէջ նետեցին…: Լեղապատառ կանգ առի եւ սոսկալի աղաղակ մը ձգելով խարոյկէն դուրս ընկայ…: Անշուշտ այս աղաղակն է, որ վերի աշխարհն ալ ականջիդ հասած է, Վրոյր…: Սատանաներն, որ միշտ մարդէ կ՚վախնան, նիհու-ճինին կենդանի ճին է գոչելով` կծիկը դրին եւ մինակ բոժոժաւոր այսն ակռաները կրճտելով, Ես ուրիշ տեղ պիտի բռնեմ զքեզ, մռմռաց…:

Արիւնս գրեթէ սառած էր, թէեւ կրակէն ելեր էի. շարժիլ չէի կարող եւ ոչ ազատումի հնար մը գտնել…:

է՛հ, կարծէի թէ երազդ լմընցաւ, ըսի Պարոյրին, կ՚երեւի թէ այս գիշեր քնանալու միտք չունիս, թէեւ իմ աչքէս քունը կ՚վազի եւ մինակ գահավէժ երեւակայութեանդ հրէշներն, վիշապները, խարոյկներն ու սատանաները քիչ մը շարժ տուին գլխիս: Բայց ո՞վ պիտի մեկնէ այդ երազդ. բաւական տաղտկալի է եւ կաղանդի իրիկունները տղաքը զուարճացընելու յարմար…։ Բայց երբ զիս կրակը նետելու ելան` իմ վիճակս զուարճալի չէր, բարեկամ, եւ ոչ կատակ մը, ճակտէս թափած պաղ քրտինքը…: Նայէ՛ դեռ բարձս թրջած է: Երազ մը դաշնակաւոր հիւս մը չկրնար լինիլ. մեկնութիւնն իր մէջն է: Կ՚ուզէիր, որ շինծու ու զարդարուն պատմութիւն մը հիւսէի: Մոլորակային վէպի մը չնմանիր այն, թէ որ կամք ունիս լսէ, թէ ոչ կ՚լռեմ…:

Շարունակէ…:

ԼԹ

Կ. Պօլիս, 7 յուլիս 1866:

Հաշմ ու ապիկար մարդու մը պէս ոտք ելայ, շարունակեց Պարոյր, ձեռքս ջահ մ՚առի ու ծանր ծանր սկսայ քալել խոր վիրապին մէջ: Կամարակապ ստորերկրեայ բազմուղի բաւիղ մը կամ գերեզման մ՚էր այն, ուր տեղ տեղ բագիններ, մարդու ոսկրներ, գանգեր, սափորներ ու շիրիմներ կային…: Պտոյտ մ՚ըրի ու երկայն սրահ մը մտայ: Սրահին երկու կողմը շար շար կիսատ սիւներ տեսայ, որոց վրայ կուժեր դրուած էին եւ մէն մի կուժի վրայ արձանագիր մը: Դէմն ահագին գմբէթաձեւ խորան մը, խորանին մէջտեղը հսկայ արձան մը բիւրեղեայ, ուսկից բարակ լոյս մը կ՚ցայտեր: Դէպ ի խորանը քայլ առի, որ լաւ գիտեմ: Արձանը կորովի կնկան մը կերպարանն ունէր, մէկ ձեռքը գաւազան մը, միւսն` երկրագունդ մը բռնած: Ճակատն` ազատութիւն, լանջն` իրաւունք գրուած էր: Իսկ պատուանդանին վրայ հեշտօրէն երկընցած կոյս մը կ՚նիրհէր եւ հր պաշտելի երեսն որ սեւ սեւ մազերուն մէջ կը շողար, թեթեւ մը սպիտակ ու կլոր թեւին հենած էր: Նօսր շարգոյր մը ոսկեթել՝ պարուրեր էր անոր ձիւնի պէս մարմինն եւ կ՚թրթռար քանի օրիորդը շունչ կ՚տար ու պիտի թռէր կարծես, թէ որ երկու վարդի կոկոն երկու ճերմակ նարնջի վրայ բուսած` արգելք չլինէին: Անոյշ ճակտին վրայ յոյս, սէր, հաւատ կ՚փայլէր. կիս բաց նուրբ ու կարմրուն շուրթերն, որ մարգարտի շար մը կ՚պահէին, ժպիտ, համբոյր ու անմահական հոտ կ՚բուրէին եւ ատեն ատեն փսփսուք մը…: Աջ մատունքը սրտին վրայ դրած էր, այնպէս որ կարծես թէ նետէ մը կ՚ուզէր պահպանել, թէեւ իրօք արիւնալի սպի մը կար անոր վրայ եւ նուռի պէս կայլակներ կ՚հոսէր շարգուրին վրայ…: Ահն ու դողը զիս առին. անրջական երազ մը կ՚թուէր ինձ այս տեսիլս, թէեւ իրական նոր բան մը տեսնելով սթափեցայ…: Օրիորդին ոտքին մէկը, գողտրիկ, շնորհալի ու թափանցիկ ոտք մը, ոտք մը` որ սիրտեր ոտնահար ընելու արժանի էր, ոսկի օղակէ մ՚անցած պատուանդանին կապուած էր…: Իսկոյն վազել ու օղակը կտրել էր փափաքս, երբ կոյսն ի քուն սկսաւ ժպտիլ ու մնջել այսպէս.

«Կայտառ թռչուն մ՚էի ես երբեմն եւ դայլայլիկս բնութեան ներդաշնակութիւնն…: Արեւն էր իմ մայրս, լոյսն` իմ սնունդս, արփին` իմ բնակարանս, անմահութիւնն` իմ ճակատագիրս…: Ուր որ թռէի` վեհ ու սիրասուն սիրտեր առ իս կ՚թռէին, ուր որ դադարէի` լոյս, ազատութիւն, գարուն ու առատութիւն կ՚բերէի…: Կեանք կ՚ներշնչէի ազգերու, կենդանութիւն ստրուկներու, ապագայ մը թշուառներու սիրտ կ՚շնորհէի աղջիկներու եւ դիւցազուններ մայրերու…: Ա՛հ, հիմակ ո՞ւր եմ, գերեզմանի մը մէջ. տգէտը` բռնաւորին ու քուրմին ընկերն, ի բնէ անտի հալածական կ՚վանէ զիս, թեւերս կ՚կտրէ, կ՚կապէ զիս. սակայն չեմ անյոյս. օր մը թեւերս կ՚բուսնին, վէրքս կ՚դարմանի ու կ՚թռիմ, պիտի թռիմ միշտ, անցած տեղերես կայծէր պիտի ցանեմ. ամէն մէկ կաթիլէս դիւցազն մը պիտի ծնի, ամէն մէկ կայծէս Պրոմեթէ մը պիտի ծնի եւ երկրային ոսկեկուռ կուռքերը պիտի կործանեն անյարիր…»:

Կոյսը հառաչեց սրտագին եւ արտսուքի կաթիլներ արտեւանին ծայրերը փլփլելով մի առ մի վարսին վրայ կ՚սահէին եւ կարծես թէ փրփրալի սեւ ամպի մը երեսն անդամանդներ կ՚շողային եւ նոր փայլ մը կ՚շնորհէին իր հրեշտակածին դէմքին:

Իսկ ես բոլոր վիշտս մոռցայ, ու թէեւ կարող չէի մեկնել այս երեւոյթս, նոր լոյս եւ ոյժ կ՚առնէի քանի ազատութեան վշտակիր հրեշտակին երեսը կը նայէի։ Ի վերջէ չկրնալով եռանդս զսպել` ելայ բերանս անոր ոտիցը դրոշմեցի…: Աչքը բացաւ, երկնագոյն հեշտալի աչեր, որոց վեհ ակնարկը սիրտս այրեց ու դիւթեց…: «Ա՛հ, նմանավիշտ կ՚տառապիմ եւ ես, վեհդ հոգի, գոչեցի, կենացս մէջ միշտ սէր ու ազատութիւն փնտրեցի ու միշտ պատիր, նենգ ու շպար գտայ, եւ ահա մահու անդունդն ընկայ…: Տո՛ւր, կ՚աղաչեմ, սիրտդ տուր ինձ եւ ես դեռ յուսալու կ՚յանդգնիմ, լոյսն որու կ՚ենդանի աղբիւրն ես, նորէն վայելելու կ՚ուսամ… թոյլ տուր մանավանդ խորտակել օղակդ եւ քեզ զինուոր գրուիլ…»

«Մի՛, անփորձ պատանի, մի՛ այդչափ արտորար, ըսաւ օրիորդը հանդարտ ոտք ելնելով, մեծ ու ծանր է կրելիք խաչդ եթէ զիս ընդունիս, ու դառն ժպիտ մը, մռայլ մը իր ջինջ ճակատը նսեմցուց: Ազատութիւնն ի բնէ անտի շատ սիրահարներ, այլ քիչ շահատակներ ունի, յարեց նա, ազատութեան բառն ամէնուն բերանն է եւ ոչ ոք անոր զօրութիւնն եւ ոգին գիտէ ու կ՚զգայ…: Հագուստ մ՚է այժմ նորաձեւ` զոր ամէն մարդ ազատութենէ զատ նպատակի մը հասնելու համար կ՚հագնի, դրօշակ մ՚է այն անգոյն` որ կրողին սրտին կանաչ, դեղին, կարմիր, կապոյտ եւ մինչեւ անգամ սեւ գոյնը կ՚առնու եւ միամիտ հոգիները կ՚որսայ, տուներ կ՚փլէ, ազգեր կ՚կործանէ, աշխարհներ աւէր ու քանդ կ՚ընէ... Ազատութիւնն աւելի սեւ օրեր կրեց իր սուտ եւ դիմակաւոր սպասարկուներուն երեսէն, քան բռնաւորներէն...: Եւ սակայն ազատութիւնը, նորահաս պատանի, ոչ Պետրոսի բանալին է, ոչ Պօղոսի փողն, ոչ Քրոմվէլի աւետարանն, ոչ Մարայի կարմիր գդակն, ոչ բանականութեան քրմուհիին աթոռն, ոչ Նափոլէօնի հրաշէկ ռումբն, այլ Սոկրատի լեղի բաժակը, Նազովրեցիին խաչը, Վարդանայ արիւնը, Պրուտոսի դաշոյնը, Թելի նետը, Տանդօնի որոտընդոստ ձայնը, Ֆրանգլինի գրիչը, Վօշինկդընի եւ Կարիպալտիի դրօշակն… եւ ո՞ր մէկն ըսեմ: Խորաններ ունի նա, ուր բռնակալներ անմեղին արիւնը կ՚թափեն եւ անոր դիակովը կ՚սնանին, պատգամներ ունի նա, որ մամուլի շնորհիւը գահեր կ՚սարսեն, քաղաքական փոթորիկներ կ՚յուզեն եւ թնդանօթի վրայ կռթնած տէրութիւններն անգամ կ՚տապալեն…: Վա՜յ այն իշխանութեան, որ այս հեղեղատին դէմ թումբ կ՚կանգնէ…:

«Իրաւ է, որ ազատութիւնը ստեպ կ՚վիրաւորի ինձի պէս, բայց չմեռնիր. մի՛ զարմանար եթէ անոր անմահութիւնը կ՚հռչակեմ, եւ ես ինքս վիրաւոր գերի մ՚եմ: Հիմակ վերը չէ լոյսն, այլ վարը, գահերու վրայ չէ ազատութիւնն, այլ գերեզմանի մէջ: Դարձո՛ւր աչքդ եւ սա շիրիմներն ու սիւները նկատէ, ասոնք մարդկային ազգի բարերարներն ու ազատութեան ճշմարիտ նահատակները կ՚ամփոփեն, եւ որոց հոգին դեռ շատ ազգեր ու ժողովուրդներ կ՚հովուէ: Ահա այս դամբանական վայրս են Մովսէս, Սօլոն, Հայկ, Սոկրատ, Ներսէս, Լուտեր, 89ի դիւցազուններն, Իտալիոյ շահատակներն, եւ ամէն անոնք, որ թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ մասնաւորապէս իրենց ազգին սկզբունք մը, բեղմնաւոր խորհուրդ մը աւանդած են. ահա ասոնք են իմ ընկերներս, որ վշտաբեկ սրտիս փոքր ինչ սփոփում կ՚ազդեն եւ յոյս... Սակայն դեռ վերը գերին աւելի շատ է քան թէ ազատը, խաւարն աւելի շատ որս ունի քան լոյսը զաւակ…:

Բայց սատանաներն ի՞նչ բան ունին այս սրբանուէր վայրս, ըսի դողդողալով:

Անոնք գերութեան գործակատարներն են, պատասխանեց կոյսն, եւ ամէն ազատ շունչ կ՚խեղդեն...: Վասնզի երկնային ըսուած պետութիւնն ալ, որ երկրիս վրայ կ՚սողայ, Լու կայսեր լծին տակ կ՚հեծէր, իր դարաւոր թշուառութեան բեռը հազիւ զգալով յուսահատութեան ճիկ մը հանեց, ի զէն վազեց եւ իր բռնաւորներուն գլուխը խորտակեց: Իր վսեմ կոչումը լսեցի, օգնութեան հասայ: Ֆոհիի ու Կոմփիւկիոսի ազատ եւ արդար օրէնքն, որ իր թահիօ (մեծ գիտութիւն) մատենին մէջ դրուած են, վերահաստատեցի: Բայց պոնզերը զայրացան, դարան դրին, օտար տէրութենէ զօրք խնդրեցին, ժողովուրդը ջարդ ու բուրդ ըրին ու դիակներու վրայ իրենց իշխանութիւնը վերականգնելով` բոլոր ազատութեան զինուորները թրէ անցուցին: Այն ատեն այս ազատութեան արձանն ալ, որուն ստուերին տակ կ՚նիրհէի, թաւալգլոր բերին եւ ամէն կողմն լրտեսներ կարգեցին, որոց պարագլուխը Ֆին-մունն է, որպէսզի ճանճ մ՚անգամ երկնային պետութեանս դռնէն ներս չմտնէ: Ուստի բանի մեծին Շիամի հակառակ մէկը բռնեն` այս քարայրս կ՚բերես կ՚այրեն…:

Նոյն պահուն իսկ հեռուէն սոսկալի ձայն մը փրթաւ, օրհասական անձի մը աղաղակն էր այն… գոյնս նետեց եւ սկսայ դողդողալ, մտածելով որ թերեւս նոր որս մը խարոյկին վրայ կ՚տոչորի…: Իսկ օրիորդն անվրդով ըսաւ. «Քակէ սա օղակս, արիութեանդ առաջին փորձը ցոյց տուր եւ ետեւէս եկո՛ւր…»: