Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յարմար եւ ճիշտ ժամանակին հասաւ Մարգրիտ Անարզաբայ միջնաբերդը եւ իրեն կասկածները արդէն այդ սրիկայ եւ անզգամ զինուորաց համար շատ իրաւացի էին, վասնզի ոմանք մէջերնեն սկսած էին մտածել թէ կարելի չէ՞ր արդեօք իշխանուհուոյն ընտանիքը պատանդ ունենալով ձեռուընին` Սմբատայ բոլոր ստացուածքը իրենց գրաւել եւ այնպէս իրենց օգտակար դաշինք մը դնելով յանձնել թշնամուոյն միջնաբերդը: Սակայն իր ներկայութիւնն ամէն այդ խորհուրդները հալածեց եւ ամէն գրգռութիւն հանդարտեցուց. առանց ժամանակ տալու, միջնաբերդին դռանը տիրեց Ստեփանէ, եւ Ռուբինեան խաչի դրօշը սկսաւ ծածանիլ փոխանակ յունական դրօշին, որ բոլոր քաղքին եւ բանակին ուրախութեան աղաղակը իմացուց Թորոսի:

Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ կ'իմացնէր մօրը եւ եղբօրը, թէ իրենց համար շնորհուած կար Պապեռոն, եւ անոնք մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին այս պայմանը եւ սկսան իրենց փոխադրութեան պատրաստութեան: Միայն թէ երբ սրբազանը միջնաբերդեն դուրս ելաւ, քահանայ եւ ժողովուրդ միաբան դատախազ կ'այնեցան եւ խնդրեցին, որ օրինաւորապէս դատուի եւ մինչեւ նոյն ժամանակ եպիսկոպոսարանը արգիլուի, եւ Թորոս հաւանեցաւ կաթողիկոսին գրել ի Ծովք դղեակը, որպէսզի ժողովրդեան արդար պահանջը կատարուի: Մենք աւելորդ կը համարինք անարժան եւ գայթակղեցուցիչ եպիսկոպոսի մը վրայ դառնալ, որ ըստ իւր անառակութեան արժանեաց` վանքի մը մէջ ապաշխարելու դատապարտեցաւ. երանի թէ իր զղջումն ալ սրտանց լինէր, որպէսզի հանդերձեալ կենաց մէջ երկրորդ եւ մեծ դատապարտութենէ մը ազատ լինէր:

Իսկ Մարգրիտ, որ որոշած էր` ոչ այլոց բռնադատութեամբ, այլ իր կամօք եւ փափագանոք հեռանալ հաշխարհէ եւ չի գործած մեղքերուն համար ապաշխարել, պարտաւորեցաւ Եւփիմէի ու Ստեփանէի աղաչանաց զիջանիլ, եւ քանի մը ամիս վերջը Անարզաբայ եւ անկայուն վիճակի մը դատապարտեալ էր ամէն ոք. հոս գերի ժողովուրդ մը, անդին աղատ էր եւ տէր. ճիշտ այս ժամանակին Համար էր գուշակութիւնը` «Եարիցեն ազգ ազգի վերայ եւ թագաւորութիւն ի թագաւորութէան վերայ». Եւրոպա իր հրոսը Փոքր Ասիոյ եւ Պաղեստինու վրայ կը պարպէր, եւ թաթարաց խուժանը կը յորդէր կասպիականին ետեւեն. հին ազգութեանց արմատներ կը ցնցուէին. նոր ազգութիւնք կ'ընձիւղէին. քաղաքներ եւ ամրութիւնք կը տապալէին, նորեր անոնց տեղ կը բուսնէին: Այս վիճակը կը տեսնէր Թորոս եւ կը մտածէր իր շինութեան հաստատ հիմ մը ձգել:

Ինք կը տեսնէր Կիլիկիա, ուր ամէն ազգաց խառնուրդ մը կը բնակէր, յոյն, արաբ, թուրք, հայ, ասորի ցիրուցան իրենց որջերը շինած էին: Բիւզանդական կայսրութիւնը իսքգինքը տէր կ'անուանէր երկրին, թէպէտ շատ տարիներէ ի վեր իր իշխանութեան ոչ միայն հիմունքն խախտեալ էին, այլ նաեւ երեւոյթն անգամ կ'անյետանար. արարք առջի հարուածը տուած էին նոյն իշխանութեան, եւ անոնց տկարանալեն վերջը շարունակ պատերազմի դաշտ մը եղած էր երկիրը այս զանազան ժողովրդոց մէջ: Իր ջանքն եղաւ իր ազգը, որ ցրուած էր ի Փոքր Ասիա, հասորիս, ի Միջագետս եւ մինչեւ հեգիպտոս, գաղտնի հրաւիրակներով ժողուել ի Կիլիկիա եւ զօրացնել, մանաւանդ որ կը տեսնէր վտանգը, որ ամէն կողմէ իրեն կը սպառնար, իր դիտող, հեռատես եւ խոհուն սրամտութիւնը շատ հեռու էր այն անհոգութենեն, որ եղած յաջողութեանը վրայ կը քնանայ եւ զուարճութեան ու թուլութեան կը մատնէ ինքզինքը:

Ուստի քանի մը ամսուան մէջ ոչ միայն իր հայրենական երկրին տէրն էր Թորոս, այլ երջանիկ, գոհ ու զուարթ ժողովրդեան մը հայրն էր, նա, որ երբեմն միայնակ իբրեւ հովիւ Սեւ լեռան խորամիտները այծերու հետ չափեր էր հետի, հիմա շատ անգամ փոքրիկ բայց ընտիր գունդ մը առնելով բոլոր Տորոսի բերդերուն, աւաններուն, զիւղերուն անխոնջ այցելութիւն կ'ընէր` ամէն թան անձամբ կը տեսնէր, կը քննէր, ամէն տեղ յանկարծական գինուց հանդէսներ կ'ընէր, դատաւորներու եւ իրաւարարներու վրայ տեղեկուքիւն կառնուր, անիրաւները կը պատժէր, քաջերն ու առաքինիները կը վարձատրէր, աւերակները կը շինէր` կը բնակեցնէր. ամէն տեղ ժողովրդոց ապաստաններ կը պատրաստէր, եւ միանգամայն խստիւ կը պատուիրէր թշնամի չի գրգռել` չի զարթուցանել այնպիսի ժամանակ եւ այնպիսի դրացնութեամբ, ուր բարեկամ գտնել անհնարին էր, իսկ թշնամին միշտ ինքնայորդոր ի պատրաստի: Երբ իր անհամբեր եղբարքն ու զօրավարք կը ցուցնէին իրեն Կիլիկիոյ լայնարձակ դաշտերն լի հարստութեամբ անպատսպարան որս ամենայն յարձակմանց, երբ Մլեհ իրմէ կը խնդրէր ութ հազար զինուոր միայն տիրելու համար Տարսոնի եւ մինչեւ ի ծով` Թորոս անուշ ժպտով մը կը պատասխանէր.

Ես քու քաշութեանդ վրայ վստահ եմ, Մլեհ, եւ կը հաւատամ, որ դու աւելի պակաս զօրքով կրնաս յաղթել ոչ միայն Տարսոնի, այլ մինչեւ Սելեւկիոյ ալ տիրելու, եւ թէ որ չեմ ուզէր` միմիայն պատճառը այն է, որ հոս, այս փոքրիկ զօրութեամբ յունական թէեւ վատթարացեալ` մեծատարած կայսրութեան դէմ պատերազմիլ եթէ անկարելի ալ չէ, շատ դժուարին է: Ասոր փորձը մեր հայրը ունեցաւ երբեմն, եւ մենք ալ իրեն հետ շղթայներու, գերութեան եւ օտարին ծառայութեան մատնուեցանք տարիներով: Հիմա որ աստուած մեզի ողորմեցաւ` մեր պարտքը մեր ժողովուրդը զօրացնել եւ աղէկ կառավարելն է: Օգնենք իրարու, սիրենք մէկզմէկ, ըլլանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի, զօրացնենք, շատցնենք մեր ժողովուրդը, բնակինք լեռները, ուր մեր ցուրտ երկրին բնիկ հայը կորովի եւ քաշ կը լինի. օրը հեռու չէ, որ դաշտը մերինն է, դիանանք համբերել եւ մեր փառասիրութիւնը չափաւորել:

Այս խօսքերուն պատասխան չէին տար Մլեհ եւ իր նմանիքը, այլ առանձին գանգատներ եւ լուտանքներ կը թափէին անոր դէմ, որ իբր թէ կորովի բազուկներ կը ջլատէր եւ եռանդուն սրտեր կը սառեցնէր իր խոհեմութեան քարոզնեւրովն:

Շատ անգամ կը տեսնուէր Մլեհ Վահկայ բերդին մօտ փոքրիկ հովանոցի մը մէջ իր մտերիմներէն շրջապատեալ, խնջույից եւ գիներբուաց տուած ինքզինքն, որ եղբօրը դէմ կ'որոտար, մանաւանդ այն միջոցներուն. երբ Թորոս օրերով իր քննութեանց կը պտրտեր:

Տեսէ՛ք այս իշխանաց իշխանը, որ սուրհանդակի պէս լեռնե-լեռ կը վազվռտէ. ի՞նչ ընելու համար հոս տասը-քսան տուն գիւղացիներու հետ խօսելու, համոզեւու համար ճղճիմութեամբ, անդին դատաւորի մը վճիռն անիրաւ գտնելու համար, քիչ մը հեռուն ժայռ մը պարսպով պատելու համար, եւ աւելի հեռուն եկեղեցի մը շինել տալու համար, եւ ասոնք ընողը այն մարդն է, որուն խիստ կերպարանքը, կամաց ձայնը եւ ծանր-ծանր խօսակցութիւնը եւ ձեւը` իշխանաց, ազատաց, ազնուականաց եւ ինձի` իր հարազատ եղբօրն անգամ, սանձ մ՚է ոչ թէ վիճելու այլ խօսելու նաեւ: Ստեփանէի հմար ի՞նչ զրուցեմ. ազուն գլխուն այնպէս կախարդ կին մը հանեց, որ ոտքով-ձեռքով կաշկանդեցաւ եւ եղբօրը կապիկը դարձաւ. ի՛նչ որ զրուցես, ի՛նչ որ առաջարկես, «Մեր մեծ եղբօրը պէտք է հարցնել, անոր հաւանութիւնը պէտք է առնել» կըսէ եւ կնկանը երեսը կը նայի, երես մը, ուր օր մը ժպիտ չէ ծագած. լուրջ կերպարանք մը, որ իբրեւ թէ միշտ աստուծոյ սեղանին առջեւն է: Ես` եղբայրը, ես` իր այնչափ տարուան ընկերը, խնջոյքի մը զինքը չկըրցի հրաւիրել. կինը հրաման չի տար, ի՛նչ որ առաջարկես` մէկ մը աչքը կնկանը կը դարձնէ, բան մը կը հարցնես` կնկանը կը նայի. առանց կնկանը հրամանին ոչ կուտէ, ոչ կը խմէ եւ ոչ Անարզաբայ պարիսպներէն դուրս կելնե… բայց մի կարծէք թէ կախարդը միայն հանարզաբայ է. չէ՛, կախարդին մեծը այս դիմացի մեր Վահկայ բերդը կը բնակի. այս հայ-հոռոմ կինը տեսա՞ք, որ միշտ կը ծիծաղի, միշտ անուշ կը խօսի, միշտ խօսքդ կատակի կը դարձնէ, միշտ հագուած սգուած ծիրանիներով, բեհեզներով կը պտըտի, ճշմարիտ կախարդը նա է. աստուած վկայ, քանի անգամ ես կռիւ փնտրելու համար գացի, ծանր, խիստ խօսեցայ, նա կարծես թէ ոչ իրեն համար, ոչ էրկանը համար էր խօսքերս ժպտեցաւ, ծիծաղեցաւ, մրմնջեց, երգեց, վերջապէս յուսահատեցայ, առի քալեցի: Եղբարք, ես այս կեանքին չեմ սորուած, նստէ՛, նստէ՛, նստէ՛, սպասէ՛, որ աստուած պատերազմ մը ղրկէ, որ կռվփս: Եթէ կարող ես, գնա գեղ մը, երկու բարեկամիդ հետ, հաճոյքիդ եկաւ գառնուկ մը մորթել հրամայէ, երկրորդ օրը կ'իմանաս թէ լուրը եւ հաշիւդ ալ մէկտեղ եղբօրդ հասեր է: Ինչպէ՜ս կախարդ չըսեմ ես այս մարդկանց, անուշ-անուշ առջի օրէն քեզի հետ կը խօսին, քոյր եղբայր կը լինին քեզի, հայրենի ժառանգութեան խօսք չեն ընէր, հայրենի բերդդ ահա կեցած է, նահապետական կեանքը գեղեցիկ է, եղբայրներ մէկտեղ բնակին` վայելուչ է, սուրբին մէկն է ըսէր, այս կախարդները` սատանային ալ, հրեշտակին ալ կարդալ կը սորուեցնեն. պէտք եղածը առ ինչչափ ուզես իշխանական գանձեն, մի՛ քաշուիր. նոյն գանձը կը վճարէ հեծելազօրիդ թոշակն ու ռոճիկը. բայց զինուորական ատեան մը կայ, որ քու մարդիկդ կը դատէ, կը դատապարտէ, կը պատժէ առանց քեզի հարցնելու, շատ անգամ ոչինչ պատճառներու համար. ալ անկից վերջը միտքդ դիր, որ քու մարդիկդ քուկդ են. Անարզաբան Ստեփանէին որ տուին, այն յիմարն ալ կարծե թէ իրենն է, օտարին թշնամուոյն աղջկանը տուին… ըսէք թէ` առ քու բաժինդ, ուզէ. գեղացիին տղուն ինչպէս բերդ մը տուին, քեզ ալ թան մը կուտան… ծովասպատակին հաւասար եղիր. դու` Ռուբենի շառաւիղը: Դու, որ իշխան մ՚ես, դու Ռուբենի թոռը, պէտք եղաւ, յարկ եղաւ գեղացի մը յանդիմանել, պատժել, ծեծել. երկրորդ օրը իշխան եղբօրդ քիթը կախ, ընքուիները քթին ծայրը իջած կը տեսնես. շաբաթ մը ժանիք կայ, ի՛նչ բանի համար, ուսկի՞ց, ժանտերես մ՚ալ կայ, ծառայ մը մեր տղայութեան ատեն` հիմա բերդակալ իշխան դարձած անոր բերանը փնտրէ, քարէ մարդու բերան, շնորհք ընէ մէկ մ՚որ խօսի` կ'իմանաս թէ մեծ յանցանքը ո՛ւր է եղել: Ես Հալէպու ամիրային քով շատ մեծ մարդ էի, երբ ձիս կը հեծնէի կ'ելնէի, ամէնքը կը դողային. հոս արտի մը մէջ կոխես` անպիտան քոսոտ գեղացի մը` «Հոս արտ է, իշխանս, անղիեն անցիր» կըսէ. քու պարտքդ այնչափ ցածեն ելած հրամանին չհնազանդիլն է, խուլ ըլլալ չի լսելէ է. առկայ կը կրճտեցնէ ետեւեդ: Այս է վիճակը, աստուած համբերութիւն տա՜… ամէն օր համբերութեան քարոզ մտիկ կընենք… բայց թէ անոր Թորոս կ'ըսեն, ինձի ալ Մլեհ կ'ըսեն: Օրը թէ մէկ մը հասնի՜…

Այս ձեւով` այս կերպով խօսքեր միշտ անպակաս էին: Եւփիմէ անոնք կը լսէր` երբեմն Թորոսի կ'իմացնէր, որ իրմէ առաջ իմացած արդէն կը ժպտեր, անհոգ լինիլ կը յորդորէր, թէպէտ ինք ամենայն արթնութեամբ կը հսկէր, եւ այս տեսակ սպառնալեաց անհոգ ձեւանալով` ժողովրդեան հարստահարութեան մասին միայն խիստ կերպարանք մը կառնուր:

Իրաւ գոհ էր Ստեփանեն, մանաւանդ երբ Մարգրիտ նորա գլխուն վերեւն էր` կատարեալ իշխան էր նա. Անարզաբայ բնակիչք, որ Սմբատայ ժամանակ այնչափ հարստահարեալ էին, Կիլիկիոյ ամենեն երջանիկ ժողովուրդը կը համարուէին հիմա, գանգատ մը ամենեւին չէր լսուէր, ոչ իշխանին, ոչ դատաւորաց, ոչ հարկահանաց եւ ոչ եկեղեցականաց դէմ. վասնզի ժողովուրդը բողոքելու անձ մը ունէր պատրաստ. ամէն ոք եւ ամենեն ողորմելին մատնանիշ միջնաբերդը կը ցուցնէր, եւ «Տիկինը հոն է» կ'ըսէր, եւ այս սպառնալիքը ժողովուրդը անխտիր ամէնուն կը գործածէր, բաւական էր թէ իրաւունք ունենալուն վրայ վստահ լինէր: Եւ զաւեշտական մասը հոն էր, երբ միամիտ եւ տգէտ մարդ մը` սխալ համոզմամբ, առանց իրաւունք ունենալու դիմէր Տիկնոջ, եւ նա երբ` «Դու իրաւունք չունիս» ըսելով ճամփեր, Մարգրիտի անսխալականութեան վրայ ընդհանուր այնպիսի համոզմունք մը կար, որ նոյն անձը պարզաբար կը խոստովանէր իր սխալմունքը, վասնզի Տիկինն «իրաւունք չունիս» ըսէր էր:

Մարգրիտի սիրտը միշտ կը տրոփէր, երբ տագրը իրեն այցելութեան գար, վասնզի Թորոս սովորաբար ամբաստանութիւն մը ունէր` գրեթէ միշտ` այն Հալեպեն Ստեփանէի հետ եկած հեծելազօրին անկարգութեանց համար: Որ թէպէտ շատ փոխուած էին Տիկնոջ հսկողութենեն եւ Ստեփանէի խստութենեն, բայց գրեթէ կատարեալ աւազակութեան եւ անառակութեան սովրած մարդիկ` նեղ կը գտնէին Կիլիկիան, եւ Հալէպու յիշատակը` Եգիպտոսի սոխն ու սխտորն էր իրենց փափագանաց:

Թորոսի գաղափարներն իր ընթերցմունքը նաեւ շատ փոխած էին զինուորութեան վրայ, եւ արեւելքի մէջ ընդհանուր եղած սովորութիւնը, որ արեւմուտք նաեւ այն ժամանակը ընդունած էր` բանակի զօրութիւն հեծելագնդին համարելու, ինք սկսած էր փոխէի հետեւակ զօրքը կրթութեամբ եւ զինուք կը կատարելագործէր, որով իշխանաց զօրութիւնը կը տկարանար եւ իրենց գոռոզութիւնը կ'ոչնչանար, բայց պատերազմ մը պէտք էր, որ Թորոսի այս կարծիքը ապացուցաներ. իսկ նա համբերել դիանալով, ամէնուն հետ աղէկ վարուելով` միշտ աչքն արեւմուտք դարձուցած կը սպասէր, ամիսները կը համրէր եւ ուրախութեամբ կը տեսնէր, որ կայսրը ձայն-ձուն չունէր, եւ գոհ էր նորա շատ զբաղած լինելուն Եւրոպիոյ կողմերը ընդդէմ Ունկարաց եւ Պուլղարաց: