Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այն միջոցին, որ Բերկրուոյ Արծրունեաց ապարանից մէջ, Հռիփսիմէ տիկին իւր ցաւած սիրտը աստուծոյ առջեւ կը տարածէր, Աշոտ իշխան իւր զուարճութեանց եւ իւր դիներ բուաց մէջ կը հրճուէր, Յովնան իւր լեռներուն ամրութիւնը բաւական չի գտնելով կ'աշխատէր, Վահրիճ ուրախ, զուարթ իւր կնոջ եւ զաւկներուն հետ կը պագտուէր: Վարագայ լեռան ստորոտեն բաժնուած հեծեալ մը իւր չայն մոխրագոյն վերարկուին փաթթուած, որ իւր սպառազինութիւնքն կը ծածկէր եւ ցուրտեն կը պահպանէր` ծանր եւ մտախոհ կ'երթար դէպի Խոյ: Թէպէտ եկեղեցի, խորան, սեղան չի կար իւր առաջ, այլ երկինք ամպամած եւ գետին ձիւնամած, բայց այդ մարդը երբեմն գլուխը երկինք կը վերցնէր, եւ իւր լայն կ'ուրծքեն մեծ հառաչանք մը կը հանէր, ապահով, որ ոչ ոք չէր կրնար լսել իւր սրտին տխուր ձայնը: Գուրգէնն էր այդ մարդը, որուն ծանր էր Վասպուրականի օդը, եւ որոշէր էր վայրկեան մը առաշ ձգել հեռանալ այն երկրեն, որ իրեն թշուառութեանը աղբիւր մը եղած էր: Թէպէտ անբժշկելի էր իր սրտին վէրքը եւ իրեն համար չի կար բան մը բնութեան մէջ, որ զայն դարմանէր, բայց դարձեալ ինքնիրեն կ'ըսէր. «Անգամ մը եթէ զինք տեսնէի, անգամ մը եթէ սրտիս սա վէրքը նորա առջեւ դնէի եւ նորա սիրտն էլ անգամ մը տեսնէի, եւ այնպէս հեռանայի սա երկրեն, երթայի Թորթում` փոխանակ երջանկութեան, որ երազէ էյ ի ցաւագին կեանքս անցնելու, հեռու աշխարհքեն, որ զիս ծնաւ, հեռու անձեն առանց որոյ կեանքը տանջանք է մշտնջենականս:

Այդ եղանակին ուղեգնացութիւնը թէեւ զուարճալի չէր, բայց խանձեալ սրտի մը համար մարդկանցմէ հեռաւորութիւնն ու միայնութիւնը այնչա՛փ փափագելի էր, որ երբ ճանապարհին վրայ գիւղ մը կը հասնէր Գուրգէն` ժամ առաջ հեռանալ կը ջանար, որպէսզի խօսելու, պատասխանելու յարաբերութիւնն երէն ազատ մնա: Երկու-երէք գիշեր աննշան գիւղերու մէջ անցնելէ վերջը իւր ուղեգնացութիւնը, երբ Խոյի մօտեցաւ եւ ճանապարհն երկուքի կը բաժնուէր, փոխանակ արեւելք երթալու դարձաւ դէպ հիւսիս եւ մտաւ Անձեւացեաց ժայռոտ գաւառը:

Հեղինէն անգամ մը տեսնելու փափագը որչա՛փ զօրաւոր էր սրտին մէջ այնչափ էր իրմէ փախչելու մտածութիւնն էլ, որպէսզի նորա կեանքին մէջ դժբախտ պարագայ մը չաւելցնէ` իւր միտքը կը տատանէր, բայց դարձեալ սիրոյ զօրութիւնը, որ կը ձգէր զինք դէպի հիւսիս` դէպի Կ'անգուար ամուրն` շատ աւելի բուռն էր: Թէպէտ մեծ եւ բարձր էր սիրտը, սակայն չէր կրնար անցնիլ եւ արհամարհել տեղեկութիւն Մուշեղի` Անձեւացուոց իշխանին վրայ, որ կարելի էր առնուլ առանց խոյզ եւ խնդիր ընելու այդ երկրին մէջ` վասնզի իւր Հեղինէի կեանքը կապուած էր նորա կենաց:

Այսպէս կը մօտենար նա Հոգեաց վանքի շրջակայքը, որ շատ հեռի չէր Կանգուարէ, եւ ուսկից կը նշմարէր ամրոցին երկնաբերձ աշտարակները: Այս ահաւոր բերդը Անձեւացեաց ժայռերուն մէջ նաեւ ամենեն անառիկ համարուած էր, նախ որ` քարայրներէ ի քարայր իբրեւ թէ լաբիրինթոսի մը մէջ պէտք էր պտըտիլ հասնելու համար ահագին ժայռի մը ստորոտը, երկրորդ` ժայռին բարձրութեան վրայ արհեստական պարիսպներուն եւ աշտարակներուն պատճառաւ, ուր ոչ պատեթազմական հարուած եւ ոչինչ չէր հասնէր հողի կտոր մը հանելու: Եւ երրորդ միմիայն ճանապարհ կար այդ ժայռին գլուխը դրան հասնելու համար, ճանապարհ, որ թշնամուոյն դէմ բազմատեսակ արգելքներ ունէր:

Այդ կէտին վրայ կանգնած Գուրգէն, սրտատրոփ կը նայէր ամրոցին. ո՛չ անոր բարձրութեան եւ ոչ շինութեանդ վրայ ապշեալ, այլ միայն անոր համար, որ Հեղինէ այդ ամրոցին մէջ կը բնակէր եւ իրեն շատ դժուարին էր հասնիլ նաեւ անգամ մը հետը առանձին տեսութեան համար:

Երբ այս մտածութեանց մէջ շփոթած` չէր կրնար որոշել թէ ո՛ր կողմն երթար, ուղղակի ամրոցը՞ թէ վանքը կամ թէ գեղերուն մէկը, որ ժայռերուն մէջ կը ծածկուէին, յանկարծ մէկ երկու հոգի տեսաւ, որ փախչելով դէպ իրեն կը վազէին եւ երբ իրեն մօտեցան «Փախի՛ր եղբայր, փախի՛ր»: Մէկն անցաւ, եւ միւսն էլ կ'անցնէր` Գուրգէն նորա թեւէն բռնեց եւ արձանի մը պէս կեցուց: «Ա՜յ եղբայր, թեւս կոտրեցիր», կը գոչէր մարդը. իսկ Գուրգէն թուլցնելով, «Մա՛րդ, ինչո՞ւ կը փախչիս, պատճառն զրուցէ՛», ըսաւ:

Պատճառն այն է, որ աւազակ քուրդերն դարանի էին եւ բազմութեամբ մեզ զարկին, իշխանը վիրաւորեցին, եւ այս ճամփով կ'ուգան, քեզ էլ, մեզ էլ եթէ չսպաննեն` գերի կը տանին: Եւ դարձեալ կը ջանար փախչելու ձեռքեն:

Իսկ Գուրգէն դարձեալ ամուր սեղմելով թեւը.

Մա՛րդ, կ'ըսէր, սա իշխանին անունը տուր եթէ կ'ուզես, որ քեզ թողում:

Ա՛յ, թեւս կոտրեցիր, Մուշեղ, Մուշեղ է անունը. Անձեւացեաց իշխանն է… ահա՛ եկան անօրէնները…

Վայրկենին Գուրգէն թողուց մարդը, «Տէ՛. հիմա փախի՛ր, անպիտան մարդ», ըսաւ, եւ աչքով կշռեց ձիաւորաց խումբը, որ կ'ուգար` տասնութը-քսանի չափ նիզակաւոր, սոցայ կերպարանքեն եւ ըրած գործողութիւնն երէն յայտնի էր թէ մօտ գտնուած Խոյա տաճիկ ամիրայի զօրքերեն էին, որ դարանի մտած Կ'անդուար ամրոցին շուրջը` Մուշեղ իշխանը ձեռք անցնելով փրկանք առնուլ, ամրոցին տիրել իրենց նպատակ ունէին: Իսկ Գուրգէն վերարկուն վար առաւ, փոքրիկ վահանը ձախ ձեռք, աջով երկայն որով զինեալ. «Տէ՛, քեզ տեսնեմ, Ցոլակ», ըսաւ, եւ երասանակը սղմեց` ու թողուց. փոթորիկ մը եղան մարդ ու ձին, եւ իբրեւ թէ թռչելով յարձակում մ՚ըրին խումբին դէմ, որ կ'ուգար: Ահագին սուրը կը շողար աջ ու ձախ, փայլատակման լոյս մ՚էր, որ կը ցոլար, եւ այս ու այն կողմ մեռեալ եւ վիրաւոր կը թապլտկէին. հազիւ թէ քանի մը վայրկեան` ոչ ոք ոտքի վրայ շուրջը չի կար, այլ ո՛վ որ կրցեր էր փախեր էր, եւ միայն մէկ մարդ մը կար ձիու մը վրայ` ձեռքերը իրարու կապած եւ ոտքերը ձիուն փորին տակեն շղթայած. Մուշեղ Անձեւացուոց իշխանն էր այդ մարդը, որ զարմանթով կը նայէր եղածին: Առանց խօսք մը զրուցելու մօտեցաւ Գուրգէն, իջաւ ձիեն, եւ երկսայրի դաշոյն մը հանելով մէջքեն ձեռքին կապերը կտրտեց, իսկ ոտքին շղթայները զննեց տեսաւ, որ կղպակով էին, պէտք էր կամ բանալին գտնել` կամ դարբինի մը կոտրել տալ: Այն միջոցին ամէն կողմեն վազող վազողի կը հասնէին, ոմանք զինեալ, ոմանք անզէն, եւ մեծ փութով եւ եռանդեամբ իրենց ազատ եալ իշխանին շուրջը կառնուին, մէկն իր գլխարկը կը գտնէր կը բերէր, միւսը իւր սուրբ, ուրիշ մը իւր աջ ուսին վրայի վէրքը կը պատեր: Իսկ Գուրգէն իբր թէ լոկ հանդիսատես մէկ կողմ կեցէր էր, մինչեւ որ Մուշեղ իւր ապուշութիւնը թօթափելով` դարձաւ`

Ո՜վ քաջ, ըսաւ, խնդրեմ շնորհել ինձ քու անունդ, որ իմանամ թէ ո՞ւմ շնորհապարտ եմ այս ազատութեան. որպէսզի արժանաւոր փոխարէն ընեմ:

Սուրէն Շաղգումեցի կանուանիմ, ըսաւ Գուրգէն:

Շատ լաւ, տեար Սուրէն, եթէ կը հաճիս իմ ամրոցս կը բնակիս, եթէ ոչ` պարգեւներ կընդունիս այս մեծ ծառայութեան փոխարէն: Երթա՛նք հիմա:

Իսկ Գուրգէն առանց պատասխանի անգամ արժանի համարելու այս խօսքերը` կը դիտէր Մուշեղի կերպարանքը. լաւ, միամիտ մարդ մը կը նշմտրեր չաւէաւոր կարողութեամբ թէ մտքի եւ թէ մարմնոյ կողմանէ, ոչ սիրելի եւ ոչ ատելի իր ժողովրդեան, քառասնամեայ գրեթէ բայց յոգնած ի զուարճութեանց, ի գիներբուաց եւ ի մոլութեանց. կատարեալ պատկեր ժամանակի իշխանաց: Եւ այս դիտողութեամբ, «Մե՜ղք, մե՜ղք հազար անգամ մեզի` իմ Հեղինէինյ», կ'ըսէր մտքեն եւ լռիկ կը հետեւեր ամբոխին, որ յարգանօք մեծ շրջանակ միջոց մը կը թողուր իւր Ցոլակին չորս կողմը, եւ մօտ եկողները փսփսուքով կ'ըսէին իրարու. «Սա՜ է մարդը, որ քսան-երեսուն հոգին ցրուեց եւ իշխւանն ազատեց»: Իսկ նոքա, որ հեռուեն կ'ուգային, աւելի բարձր ձայնով կը խոսէին իրենց մէջ, իշխանը թողլով փախչողները` քուրդաց խումբը յարեարեն աւելի կը պատմէին: Իսկ նա, որ զգուրգէն փախչելու յորդորէր էր, իւր թեւին կապոյտը ցոյց տալով.

Տեսէ՛ք, կ'ըսէր, սա մատներուն տեղը, եթէ քիչ մ՚էլ սղմէր` ոսկորս կը փշրէր, ի՜նչ զարմանք եթէ այդչափ ուժ ունեցող մարդ այս կոտորածն ըրաւ:

Իսկ կոտորածը` չորս մեռեալ, երեք վիրաւոր էին, որ իրօք մեռելէ տարբերութիւն չունէինք վասնզի ոչ ոք մէջերնեն ապրանաց չէր. ոչ միայն իրենց վէրքի ծանրութեան համար, այլ նաեւ անխնամ մնալէ զատ ձիւնին վրայ` պէտք էր որ անցնող, դարձողին ոտնահարութիւնն էլ ընդունէին: Ժամանակի՜ սովորութիւնը, որ դեռ մինչեւ հիմա ոչ միայն Ասիոյ այլեւ քաղաքականացեալ Եւրոպայի շատ տեղուանք թերեւս կը տիրէ:

Վանքը ետ թողուցին եւ ուղղուեցան դէպ ամուրը, որու բոլոր ժողովուրդը պատահարը լսելով գունդագունդ վար կ'իջնէր դիմաւորելու եկող խումբը, ուր քանի մը ձիաւորներու մէջեն կ'երթար բարձր ի գլուխ Մուշեղ` քանի որ իւր իշխանական գլխարկը գտեր գլուխը գրեր էին իւր հաւատարիմ հպատակները: Իսկ Գուրգէն քիչ մը հեռուեն կը հետեւեր դարձեալ ժողովրդեն շրջապատեալ` որ միշտ զօրութեան եւ յաջողութեան երկրպագուն է ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ:

Երբ Կ'անգուարի ժայռին գլխուն միջնաբերդին առջեւ հասան, որ իշխանական ընդարձակ ապարանը կը կազմեր, ժողովուրդը քիչ-քիչ սկսաւ ետ քաշուիլ եւ ցրուիլ: Իսկ ազատաց խումբը իւր սմբակաց արձագանքներով կը մտնէր պարսպաց ներքին դռնեն ներս ուր իշխանը պարտաւոր եալ էր կոտրել տալու, իւր ոտքին շղթան, որու բանալիքը չէին գտած, եւ հոնկից դիմեց իւր պալատը որպէսզի սփոփի իւր վէրքերեն ու ցաւերեն:

Գուրգէն իւր Ցոլակին վիճակը նախ ապահովեց, վասնզի աւելի կը վախեր թէ իշխանական պալատի մը մէջ անհանգիստ լինի կենդանին քան թէ գիւղացուոյ տան մը: Երբ իւր միմիայն շնչաւոր ընկերին հանգստութիւնը հոգաց, է՛լ ժամանակ չունէր ակնարկ մը ձգելու այդ սոսկալի ժայռերու, քարափներու վրայ, որ Անձեւացեաց գաւառն կը կազմեն: Իւր միտքն հոն էր` ուր Հեղինէ էր, ուստի հառաչանքները խեղդելով` մտաւ դահլիճը, որ դարերէ ի վեր Անձեւացի նախարարաց զինարան եւ հիւրընկալութեան դահլիճն էր, բայց որովհետեւ ժամանակը ձմեռ էր` աւելի տաք սենեակ մը իրեն ցոյց տուին: Հոն` զէնք-զրահ թողուց եւ տխուր խորհրդածութեանց մէջ թաղուեցաւ, առանց տեսնելու թէ դռան առջեւ կախուած վարագոյրին ետին ամէն Անձեւացեաց տան սպասաւոր եւ աղախին կ'ուգային այդ նորահրաշ դիւցազնը տեսնելու:

Այս միջոցիս Մուշեղ կը տքար` ոչ վէրքին, այլ դարմանին առջեւ. թէպէտ վէրքը վտանգաւոր չէր, բայց ուսին գլուխը շատ զգայուն տեղ մ՚էր, եւ պառաւ կինը (պէտք է գիտնալ թէ սովորաբար բժշկութիւնը միայն դոցայ վերապահ եալ էր այն ժամանակ ի Հայաստան) առանց փաղաքշանաց իր ասեղը իշխանական մարմնոյն կը մխէր եւ կը կարեր եւ վէրքին երկու բերանը միացնելեն վերջ` հին գինուով, մեղրով ու զանազան խնկեղէններով շինած զանգուած մը վրան կը տարածէր եւ սովորական առածը կը կրկներ. «Օգտակար է թէ աստուած կամի»:

Մուշեղ թթու երեսով, հառաչանոք եւ գրեթէ արցունքը աչքին այդ դարմանին տարաւ, միշտ «Անիծած պառաւ, շուտ ըրէ», ըսելով: Իսկ Անձեւացեաց Տիկինը ամէն պէտք եղածը բերել տալէ վերջ` մարմարէ արձանի մը պէս կեցած էր: Խեղճ իշխանը երբեմն աչքը իրեն կը վերցնէր, իբրեւ թէ ողորմութեան փշրանք մը հայցելով նորա նայուածքեն, իսկ նա ամենեւին անզգայ յայտնի էր յետազնին աչքի մը թէ իւր քով սիրտը մեռած էր: Նշանաւոր կերպարանք մը ունէր այդ կինը, եւ որ ամէն բանեն աւելի դիմացինին կ'ազդէր իւր աչքերն էին, որոնց խորութիւնը եւ արտեւանանց երկարութիւնը եւ նոցայ գոյնը կը ծածկէին եւ սեւ կը կարծեցնէին, երբ բուն իրօք իւր ծովուն ծիրանի գոյնն ունէին: Գեղեցիկ ճակատը սեւ ագռաւի մազեր կը պսակէին, երեսը դժգոյն ճերմկութիւնմը կար ուր ծիծաղ կ'ըսէիր թէ ամենեւին չէ ծագած. ամէն տեսնող այդ սակաւախօս կինը կը յարգէր եւ կ'ակնածէր իրմէ, բայց շատ քիչ մարդ կրնար սիրել, վասնզի անթափանցելի էր ամէն տեսակ բարեկամութեան եւ ընտանութեան: Հիմա էլ նոյն անտարբերութեամբ կեցած էր իշխանի առջեւ, ինչպէս անտարբերութեամբ լսած էր նորա գերի երթալը եւ հրամայած ամէն մարդ զինելու եւ աւազակաց ետեւեն արշաւելու` ինչպէս անտարբերութեամբ եւ անուշադիր մտիկ ըրած էր օտարականին քաջութեան պատմութիւնը, եւ ամենեւին հետաքրքրութիւն չէր ցոյց տուած զնայ տեսնելու:

Երբ իշխանը հանդարտեցաւ եւ հոգի առաւ.

Տիկին, ըսաւ, մենք հոս բարերար մ՚ունինք, աննշան մարդ էլ լինի` ա՛ն աստիճանի է նորա ըրած ծառայութիւնը, որ կարելի չէ զինք մեզի սեղանակից չընել. ուստի փրկանաց իրաւունք` եղբօր եւ հաւասարի պէս զինք պատուել ինձ կ'իյնայ. եւ ներս հրաւփրել:

Քու դիանալու բանդ է այդ, իշխան, դու ես տէր:

Զարմա՜նք է, որ սա ամրոցիս մէջ ես եւ դու լինելով այս քանի ամիս է, եւ ուրիշ մէկ անձ մը չունենալով օր մը, անգամ մը սխալէիր եւ կարծիք յայտնէիր… բայց երբ կին մը այդչափ անփոյթ է` յայտնի է, որ եթէ իւր սրտին մէջ գաղտնի խորհուրդ մը չունի` սոսկալի անտարբերութիւն ունի: Արդէն ես լաւ գիտեմ թէ ինչչա՜փ ակամայ յանձն առիր այս ամուսնութիւնը եւ եթէ բռնադատեալ պարագայներե…

Ինչո՞ւ կ'եցար, շարունակէ՛, ըսաւ Տիկինը նոյն անդրդուելի ձեւը անսասան պահելով:

Ո՞ւմ համար շարունակեմ, ես արւչափ կին տեսած էի, այսպիսի անզգայ արձան մը ուրախութեան եւ տրտմութեան չէի կրնար երեւակայել: Յանցանք ոչ իմս է եւ ոչ քու, այլ Արծրունեաց:

Եթէ իմ քովս յանցանք չես գտնէր, ուրիշներունը իմանալու հետաքրքիր չեմ…

Ո՜ւր կ'երթաս, հրաւէր ղրկէ սա մարդուն, որ գայ, սեղան պատրաստել տո՛ւր, մարդկութիւն չէ մնացեր աշխարհիս վրայ:

Դարձեալ Տիկինը ելաւ դուրս, կանչեց աղախինները, պէտք եղած հրամանները տուաւ: Եւ ահա քանի մը վայրկեան վերջը Գուրգէն կը մտնէր իշխանին քով, որ իւր անկիւնը բազմեալ ըսաւ.

Արի՛, տեար Սուրէն, նստէ եւ ներէ թէ որ մինչեւ հիմա զքեզ թողինք, բայց մենք ալ զբաղած էինք մեր վէրքերով. ուստի՞ է քու գալուստդ, այսպիսի վտանգաւոր ժամանակներով քու զօրութիւնդ եւ քաջութիւնդ ունենալու է, որ մարդ համարձակի առանց թիկնապահի, առանց ծառայի, առանց ընկերի ուղեւորուիր

Այս խօսքերուն տարտամ պատասխաններ տուաւ Գուրգէն եւ ամենայն ուշադրութեամբ եւ գազանութեամբ սենեկին ամենայն մութ խորշերը, վարագոյրները եւ վանդակները կը դիտէր: Սեղանը եկաւ. իշխանը Տիկինը հարցուց, բայց նա անհանգիստ էր, Մուշեղ ինք ալ ախորժակ չունէր եւ կը զարմանար, որ Գուրգէն հազիւ թէ քանի մը պատառ առնելով քաշուեցաւ: Իշխանն էլ իւր անկողնոյ սենեակները մտաւ: Եւ բոլոր Կ'անգուարի բնակիչները քուն եղան: Հեղինէ տիկինը, պառաւին հրամանն ի գործ դնելով` բերաւ տեսակ մը օշարակ, որ լաւ քունի համար պատրաստէր էր, եւ նա էլ «անիծեա՜լ պառաւը» կրկնելով գաւաթը պարպեց եւ խոր քուն ի մէջ թաղուեցաւ:

Ան ատեն կանչեց Հեղինէ իւր միմիայն աղախինը, որ Ռշտունեաց երկրեն հետը բերէր էր, ոչ միայն հաւատարմութեան, այլ նաեւ քիչ խօսեւուն համար, եւ հրամայեց, որ իշխանին ամենտափոքր շարժմունքին իրեն իմաց տա, եւ ինք ուղղեցաւ համարձակ Գուրգէնի սենեակը: Եւ ինչպէս կ'երեւակայէր, երբ դուռը բացաւ նա արթուն էր եւ նստած վառարանին բոցին կը նայէր խոր մտածութեանց մէջ ընկղմած:

Իսկ երբ առջեւ կանգնեցաւ Հեղինէ, ահագին սարսուռ մը անցաւ Գուրգէնի մարմնոյն վրայեն եւ ելաւ կանգնեցաւ. երբ ոտքն առաջ նետեց մօտենալու համար, նա ետ ետ քաշուելով.

Մի՛ մօտենար ինձի. ըսաւ, մարդ մը միայն իրաւունք ունի ինձ մօտենալու, իսկ նոքա, որ իրենց խօսքին կը դրժեն` տարիներով որբերը եւ անտէրները կը խաբեն, կը մատնէն, այդպիսիները արհամարհանաց են արժանի:

Կանգ առաւ իշխանը եւ իւր բոլոր եռանդը սառելով`

Թշուա՛ռ Հեղինէ, քեզ խաբէր են, եւ դու շատ շուտ յուսահատէր ես, եւ մեզ երկուքնիս էլ այս յուսահատ վիճակին մէջ դրեր ես:

Ինչ կ'ըսես դու, այդ գիրը քուկդ չէ՞:

Եւ այս ըսելով լի բարկութեամբ նամակ մը երեսին նետեց:

Իշխանը քննիչ աչք մը ձգեց եւ շուտ մը կարդալով վերեն վար այդ համառօտ նամակը, որ քանի մը բառէ կը կազմուէր, երկրորդ անգամ բարձր սկսաւ կարդալ:

  «Ազնուատոհմ Օրիորդ Ռշտունեաց».

«Կը փափագէի քու եւ իմ կամաց յարմար նամակ մը գրել, բայց նախախնամութիւնն Աստուծոյ ուրիշ կերպ սահմանէր է: Այս վայրկենիս որ ձեռքդ կը հասնի այս իմ գիրս, ես արդէն կայսեր պալատան մեծամեծաց մէկուն աղջկան հետ ամուսնացեալ կը լինիմ: Նոյն բախտը քեզ էլ կը մաղթեմ: Ռշտունեաց Օրիորդի փեսայ չի պակսիր: Իսկ ես այնպիսի պարագայներու մէջ գտնուեցայ, որ այս ամուսնութիւնն ընդունելով կեանքս աղատեցի»:

  «Գուրգէն Արծրունի Ապուպելճ»:

Անիծեա՛լ այն խարդախ ձեռքը, որ այս նամակը գրեր է: Այս գիրը իմս չէ՛, այս ստորագրութիւնը իմս չէ՛, այս կնիքը իմս չէ: Մէջի իմաստը իմս չէ, վասնզի մինչեւ Ռշտունեաց Ոստանը ոչ ձիւն, ոչ ցուրտ, ոչ բուք, ոչ թշնամեաց բազմութիւն զիս չարգիլեցին իմ Հեղինէի հասնելու ճանապարհս ընդհատելու: Ութ տարի քրտինք, արիւն թափեցի, ամէն տեսակ արշաւանք յանձն առի, անկարելի կարծուածը կարելի ըրի, որ իմ եւ քու հայրենի ժառանգութեան փոխարէն մը ստեղծեմ, փոքր գեղեցիկ գաւառ մը խնդրեցի, վասնզի լիճ մը ունէր, վասնզի գետակ մը ունէր, որպէսզի իմ Հեղինէս հայրենի երկրին նմանութեամբ գոնէ օտարութեան մէջ մխիթարուի, եւ երբ նպատակիս հասած կը կարծէի ինքզինքս եւ երջանիկ` Ոստանը գլխուս վրայ եթէ կործանէր ոչինչ էր:

Այդ նամակը քու գիրդ չէ՞:

Իրաւ ջանացեր է գիրը նմանեցնելու, կնիքը ջանացեր են նմանեցնել, բայց տե՛ս, բաղդատէ՛ սա երկու կնիքները:

Եւ ծոցեն կսքեալ թուղթ մը հանելով ցոյց կ'ուտար Հեղինէին, որ բաղդատէ: Իսկ նա, երբ սուր աչք մը նետելով որոշ տեսաւ խարդախութիւնը, փոխուեցաւ բոլորովին, եւ այդ կորովի կինը ձեռքը աչքերուն դրաւ եւ լռիկ յորդահոս արտասուքներ սկսաւ թափել:

Զրուցէ՛, Հեղինէ՛, ո՞վ կը կարծես այդ դաւաճանը` գոնէ ես զանի պատմելով մխիթարվիմ:

Ի՜նչ օգուտ դաւաճանը պատժելեն, միթէ՜ եղածը չեղած կրնա՞յ լինիլ. այս յուսահատ խօսքը զրուցելով խեղճ կինը նստաւ բազմոցին վրայ, վասնզի է՛լ ծունկները զինք չէին կրնար վերցնել: Իսկ Գուրգէն նորա ոտքերուն քով նստած գետինը կը մտածէր. երկայն լռութիւն մը տիրեց:

Այդ արցունքը կը վկայէն, որ դու զիս կը սիրես, Հեղինէ. աստուած արդար է, վերջապէս իր արդարութիւնն կը հասնի այդ անզգամները պատմելու համար. ես դարձեալ քեզ խօսք կ'ուտամ հաւատարիմ մնալու, չեմ էլ զղջար այսօր այս մարդը ազատելուս: Ռայց այդ նենգաւորը, որ իմ գիրս, որուն մէջ իմ գալուստս քեզ կ'իմացնէի` փոխէր խարդախէր է, այդ մարդուն ձեռքը կտրել իմ պարտքս լինի:

Դու աւելի երջանիկ ես, որ ազատ ես եւ ամենեւին պարտականութիւն մը չունիս միշտ անձի մը քով լինելու, որուն համար ոչ սէր եւ ոչ համակրութիւն ունիս: Իսկ ես…

Իրաւունք ունիս, քու վիճակդ աւելի դառն է, ինձ համար մեծ ազատութիւն կայ. բայց մի թէ նոյնն է վիճակը այսուհետեւ ինձ համար. երբ երբեմն ես թշնամեաց վրայ կը յարձակէի` ամբողջ գունդեր իբրեւ փոթորկէ պաշարեալ իմ սուրիս առջեւ կը սարսէին, կը շփոթէին եւ խառնափնթոր կը փախչէին. կայսրը եւ Մանուէլ Սպարապետը զուարթ աչքով ինձ կ'ակնարկէին, Մանուէլ «Կեցցէ՛ մեր արծիւը», կ'ըսէր, իսկ ես հազիւ զիրենք կը տեսնէի, իմ միտքս քու քովդ էր եւ ամէն բան ինձ դիւրին էր, վասնզի քեզ արժանանալու եւ քու երջանկութեանդ համար էր այս իմ բազկացս զօրութիւնը: Հիմա ոչինչ չի կայ ինձ համար. թէ՛ նիւթական կեանք, թէ՛ բարոյական կեանք կորուսած են իրենց քաղցրութիւնը:

Դեռ այսօր միթէ՞ Մուշեղ ազատելդ մոռցա՞ր:

Այդ ամէն հայու համար պարտականութիւն մ՚էր անպիտան աւազակներու ձեռքէ աղատել հայ իշխան մը, որ գերի կը տանէին ի նախատինս ազդիս:

Ուրեմն, իմ ազնիւ Գուրգէնս, իմ սիրելի Գուրգէնս, ապրէ՛ ազգիդ համար, ապրէ՛ ժողովրդեանդ համար, որուն պատիւը, կեանքը, ստացուածքը` շատ ժամանկներէ ի վեր արհամարհեալ` ոտնակոխ եղած է եւ կը լինի: Ես լաւ կը յիշեմ ամէն գանգատ` ամէն պարագայ, ուր ժողովուրդը կ'ուգար մօրս` Ռշտունեաց Տիկնոջ տրտնջելու իւր կրած անիրաւութեանց համար. խե՜ղճ, սուրբ կին, ինքզինքը կը ղրկէր, որպէսզի այդ դառնացեալ շինականները մխիթարէ, վասնզի եղած անզգամութեանս դէմ բան մը ընել կարող չէր, վասնզի ամէն յափշտակութիւն` նաեւ իրեն դէմ գործելու չէին ամաչէր` նոքա որոնք պաշտօն էր արդարութեան հսկելու: Ուստի դու հիմա սրտիս միմիայն սիրելին, գնա, քաջ եղիր, արդար եղիր, հասիր զրկելոյն, հայր եղիր որբոյն եւ մխիթարիչ այրուոյն. աստուած քեզ վարձատրէ, եւ երբ ես լսեմ քու անուանդ օրհնութիւնը, երբ իմանամ թէ սրտիս Գուրգէնն է, որ հայր եւ պաշտպան եղեր է ժողովրդով, մխիթարութիւն պիտի իմանամ իմ ցաւած եւ վիրալից սրտիս:

Օրհնեա՜լ է քու սրտիդ փափագը, իմ հրեշտակս, տարին չի կատարած պիտի լսես իմ անունս, վասնզի աստուած պահէ` բայց ես շատ կը վախեմ թէ այս գարունը սոսկալի գարուն մը պիտի լինի, եւ Հայաստան արիւններու աւազան մը:

Աստուած ինքը հասնի՜ այս թշուառ հայրենեաց:

Եւ Հեղինէ կանդնեցաւ ու պատրաստուեցաւ երթալու:

Ուրեմն այս մեր առաջին եւ վերջին տեսութիւ՞նն է ութ երկայն տարիներէ վերջ, ըսաւ Գուրգէն:

Այո, աստուած մւր այսպէս ուզեց, նոյն աստուած քեզ օգնական լինի:

Մնաս բարեաւ, հրեշտակդ իմ, զրուցեց Գուրգէն, եւ իւր թեւերուն ու կուրծքին մէջ սեղմելով ծածկեց նրա սիրուն գլուխը համբոյրներով: Իսկ Հեղինէ անշարժ, անսասան իբրեւ արձան

Աստուած քեզի օգնական, իմ սրտիս միմիայն սէրը, ըսաւ եւ աներեւոյթ եղաւ:

Երկրորդ առաւօտուն, երբ Կ'անգուարի բնակիչքը մեծ եւ փոքր ելան այդ Շաղգումեցի Սուրէնը փնտրեցին, տեսան եւ իմացան, որ չի կար, զարմացան թէ այդչափ մեծ ծառայութիւն ընելով եւ փոխարէն մը չընդունած իշխանեն ինչպէ՛ս ելեր հեռացեր էր: