Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձմեռը հասաւ եւ ձիւնն ու սառը պատեցին Հայաստան. Բուդայի կոտորածը դադարեցաւ, միայն թէ իւր անուան սոսկումն ամէն սրտի կը տիրէր, եւ ինք ցրուած ժամանակ իւր արիւնախանձ զօրավարքը, խստութեամբ պատուիրել էր ամէնուն, որ գարնան սկիզբը անգանդաղ պեւզք էին հասնիլ Դուին: Սոցայ մէջ էին մեզ ծանօթ երեք մատնիչ հայ նախարարք, որ Խլաթ քաղքեն մէկ-երկու օրուան ճամփայ յուղարկաւոր երթալեն վերջ` հրաժարական ողջոյնը տուին բարբարոս իշխանին եւ բաժնուեցան դառնալու իրենց տուները:

Մուշեղ Վահեւունի երբ իւր երկու մատնութեան ընկերները` երկու Վահրամք բաժնուեցան իրմէ, գնաց բնակելու Նազուկ լճին վրայ իւր Հերեթի ամրոցը, ուր հանգիստ նստած կը սպասէր գարնան մեծամեծ վարձքերու Բուղայէ, որ խոստացեր էր գրել Ամիրապետին նոցայ ամենամեծ ծառայութիւնքը եւ արժանաւոր փոխարէնը: Նազուկ փոքրիկ եւ գեղեցիկ լիճը զարդն էր Կորի գաւառին, եւ ձմեռ ժամանակ ամբողջ սառելով գեղեցիկ հայլի մը կը կազմեր, բայց լճին շրջակայ բազմամարդ գեղերը մեծաւ մասամբ անապատացեալ էին, եւ Մուշեղ չորս կողմ լուր կը ղրկէր, որ բնակիչք չի վախեն դառնան իրենց բնակարանները, ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն իրենց խոստանալով: Իսկ գիւղացիք, որ արդէն իւր անիրաւութիւնն երէն ձանձրացեր էին, շատ դժուարութեամբ եւ ակամայ կը դառնային իրենց բնակարանները, եւ մեծ մասը գիւղերուն անապատ մնացել էր:

Ձմեռուան մէջ Տարօնս կողմեն երիտասարդ խումբեր կ'ուգային իրենց պաշարներով, այդ լքեալ գիւղերուն մէջ բնակութիւն կը հաստատէին, նոյնպէս տարոնեցիք ոմանք հինգ-վեց հոգի Կորայ վանքը եկած հիւրընկալութիւն խնդրելով ուխտաւորաց սենեակները կը բնակէին, եւ վանահայրը թէպէտ սկիզբները հիւրընկալութեան երկայնաթենեն ձանձրացած` կուզեր զիրենք ճամփայ դնել, բայց նոցայ գլխաւորին համեստ եւ առաքինի վարմունքը, իւր ջերմեռանդութիւնը, որ միշտ երկար սաղմոսերգութեանց ներկա էր եկեղեցին, իւր աշխատասիրութիւնը, որ պարապ ժամ անցնել չէր գիտէր, այլ միշտ ծառայութիւն մը, գործ մը կը գտնէր եւ կը կատարէր` վանահօր կարծիքը փոխեցին. մանաւանդ որ այդ ձմեռուան միջոցին այս տարոնեցի տղայք կ'երթային որսի եւ իրենց յաջող նետաձգութենեն ոչ թռչուն, ոչ կենդանի չէր ազատէր դիւրութամբ եւ կրօնաւորաց սեղանատունը ուտիք օրեր պատուական եւ համով կերակուրներով կը զարդարուէր: Վերջապէս ութ-տասը օրուան մէջ ար օտարականները այնպէս ընտանի եղան, որ վանքին փայտակիր, փայտահատ, ջրկիր, աւելաէու, դռնապան այս մարդիկն էին. եւ օրաւուր հարկաւոր անձինք դարձեր էին վանքին մէջ: Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ Կոբայ վանքը Բլրոյ մը վրայ շինուած, մինչեւ այսօր դեռ ունի իր բարձրաբերձ պարիսպները, եւ եթէ եկեղեցուոյն գմբէթը շչիներ վրան բարձրացեալ` աւելի բերդ մը կը կարծուէր քան թէ վանք: Ս. Դանիէլի էերունուոյն էր նուիրեալ եւ իւր մարմինը եկեղեցուոյն մէջ է թաղեալ մինչեւ այսօր: Տարոնեցուոց կիրակի օրեր եկեղեցին բազմաթիւ երեւիլը չէր զարմացնէր մեր վանականքը, վասնզի աշխարհք գիտէր, թէ Տարօն շատ չարչարուէր էր այդ մէկ-երկու տարուան միջոցին մէջ:

Մուշեղ իշխանին գլխաւոր ձմեռուան զուարճութիւն որսն էր. յաճախ որսական բարակներ եւ ութ-տասը թիկնապահներ հետ առած կ'երթար շրջակայքը որսալու: Ուստի նոյնպէս, երբ օր մը որսէ դառնալով Կ'ոբայ վանուց առջեւեն կ'անցնէր` յանկարծ քանի մը հետեւակ տարոնեցի դիմացն ելան, եւ մէկը լայնալիճ աղեղեն այնպիսի նետի հարուած մը տուաւ ձիուն փորին, որ կենդանին ցաւէն յիմար եալ ու կատաղեալ զարկաւ Մուշեղ ի գետին եւ ինք գնաց ինկաւ քանի մը մղոն հեռու եւ հոգին փչեց: Իսկ Մուշեղի թիկնապահները երբ իրենց տէրը տեսան ինկած եւ օգնելու դիմեցին այնպիսի նետաձգութիւն մը իրենց դէմ սկսաւ, եւ թշնամի խումբը այնպէս շատցաւ եւ իրենց դէմ յարձակեցաւ, որ թողին փախան, եւ քանի մը հոգի նոյն միշոցին Մուշեղի ժամանակ չի տալով գետնեն ելնելու, ոտքերը ձեռքերը կապելովառին վանքը տարին, ուր իրենցմէ շատեր արդէն տանտէր դարձեր էին:

Մուշեղ նախ ջանաց այս տարոնցուոց խօսք հասկցնել իմացնելով թէ ինք Բուղայի բարեկամն էր եւ թէ մեծ թագաւորին շատ ծառայութիւններ ըրած, եւ թէ իրենց յանդգնութիւնը մեծ պատիժներու արժանի էր, եւ թէ զինքը եթէ թող տային անյիշաչար կը լինէր եւ կը ներէր` նաեւ վարձ էլ կ'ուտար: Բայց այդ կոշտ գիւղացիքը խօսք մը չէին պատասխանէր, մինչեւ որ այդ ընդարձակ վանքին սենեակներուն մէկը զինք տարին: Հոն իրեն կապերը քակեցին եւ թողին, որ նստի. քիչ մը բան բերին, որ ուտէ եւ քիչ մը գինի, որ զօրանայ: Այս միջոցիս վանահայրն իմանալով եղածը կուզեր ներս մտնել իշխանին քով, իսկ երբ տարոնեցի պահապանք զինքն արգիլեցին` սկսաւ գանգտիլ եւ ձայնը բարձրացնել, մինչեւ որ այս աղաղակը լսելով դուրս եկաւ նոցայ գլխաւորը:

Աս ինչ է, եղբա՛յր, կ'ըսէր վանահայրը, «Տուն իմ տուն աղօթից կ'ոչեսցի, եւ դուք արարիք զդայ այրս աւազակաց» Քրիստոսի խօսքը իմ վանքիս վրա՞յ պիտի ճշգրտէք: Աս ի՜նչ ապերախտութիւն է. ա՞յս է իմ հիւրընկալութեանս փոխարէն ձեր ըրածը, որ գաւառին առաջին մեծ եւ պատուաւոր իշխանը կը յափշտակէք եւ հոս իմ վանքս ձեր աւազակութեան ապաստարան կ'ընէք, եւ ինձ` վանահօրս կ'արգիլէք մտնելու այն սենեակը, ուր իշխանը կը պահէք. ո՜վ է ուրեմն տէր վանուցս, դո՞ւք թէ ես:

Հայր Սուրբ, սիրտդ հանգիստ բռնէ՛, մի՛ վրդովիր, մեր տարոնեցիքը անիրաւ գործ չեն ընէր, եւ եթէ քեզ այսօր արգիլեր են ներս մտնել կալանաւոր իշխանին քով վաղը միւս օր ապահով եղիր, որ պիտի հրաւիրեն քեզ իրեն քով, եւ մենք տարոնցիքս ոչ ապերախտ ենք, ոչ երախտամոռաց, մանաւանդ թէ շնորհակալ ենք ձեր հիւրընկալութեան, միայն մենք դատաստան ունինք իշխանին հետ եւ դու, Հայր Սուրբ, առաջին դատաւորը պիտի լինիս, սիրտդ հանգիստ բռնէ:

Ուրեմն ինչո՞ւ կ'արգիլէք զիս ներս մտնելու:

Եթէ այդչափ կը փափագիս, լաւ՛, մտի՛ր, ըսաւ գլխաւորը եւ աչք ըրաւ պահապանաց ու թողին, որ մտնէ:

Իսկ Մուշեղ Վահեւունի հազիւ թէ տեսաւ վանահայրը, սկսաւ գանգտիլ այս իրեն եղած անիրաւութեան վրայ, եւ այդ վանքին ապերախտութիւնը սկսաւ երեսին զարնել, թէ ինք ինչչափ չարիք կրնար հասցնել եւ չէր հասուցած եւ թէ ինք այն մարդն էր միշտ, որուն շատ դիւրին էր հիմնահատակ ընել այդպիսի վանք մը, որ բոյն կը դառնար դաւաճանութեան ընդդէմ իւր անձին:

Այս խօսքերուն ամենայն քաղաքավարութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը պատասխանէր վանահայրը, իմացնելով թէ եղածը բոլորովին դիպուածական էր, եւ թէ ինք խեղճ տարոնեցուոց հիւրընկալութիւն ընելով չէր կարծէր երբեք, որ նոքա կրնային այդպխսի անզգամութիւն մը կատարել: Այս միջոցին յանկարծ իշխանը խելաբրեց տեսնելով, որ մատանին չի կար մատը, եւ վեր ցատկելով.

Ահա, ըսաւ, այդ անպիտան աւազակաց չարագործութեան մէկ նշանն էլ, մատնիս նաեւ. գողցեր առէր են մատես:

Իսկ տարոնեցուոց գլխաւորը, որ աս խօսակցութեան ներկա մէկ կողմ նստած էր, գլուխը վեր վերցնելով եւ մօտենալով Վահեւունի իշխանին, ծանր, հանդարտ եւ կամաց ձայնով, բայց այնպիսի ձայնով, որ առիւծի մռնչման կը նմանէր, ըսաւ.

Հոգ մի՛ ընէր, Մուշեղ, այդ մատանին կը գտնենք եւ քեզի կը դարձնենք մենք:

Բաւական չէ, որ ինձ պէս ազնուատոհմ իշխանի դէմ ամէն բռնութիւն գործածէք, պէտք է նաեւ որ զիս նախատէք իմ անունս միայն ինձի տալով իբրեւ գռեհիկ մարդու:

Մենք շինական մարդիկ ենք եւ քաղաքացուող պէս չենք գիտէր արժանաւոր յարգանքը տալ ձեզ նման մեծ մարդկանց, պատասխանեց տարոնեցին հեգնական ծիծաղով:

Շատ չանցնիր ես կը սովրեցնեմ ձեզի պէս մարդկանց թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուել իշխանի մը հետ:

Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ տեսակ բան է մեզի սովրեցնելիքդ:

Իսկ վանահայրը նոյն միջոցին յիշելով սենեկին դռան առաջ եղած խօսակցութիւնը, դարձաւ եւ ըսաւ տարոնեցուոյն, որուն անունը մինչեւ այն օր չէր հարցուցեր եւ չէր գիտէր եւ դիանալու էլ փափագ չունէր.

Բայց, Տարօնեցի՛, դու քիչ առաջ կ'ըսէիր թէ մենք դատաստան ունինք իշխանին հետ, դատաստանդ ի՞նչ է:

Մինչեւ որ վկաները չի ժողւուին` դատաստանը չի կրնար սկսիլ եւ այդ նիւթին վրայ հիմա խօսիլ աւելորդ է, մանաւանդ թէ ժամանակ էլ չի կայ եւ հիմա պէտք է երթանք:

Ո՞ւր, հարցուց Մուշեղ հրամայական ձեւով եւ կիրքով:

Դատարանը ուր դատ պիտի վարենք քեզի դէմ, եւ ուր եթէ արդարանաս կը թողունք, որ երթաս:

Եւ եթէ՞ չարդարանամ:

Դատաստանը ինչ որ վճռէ, ի գործ դնել պարտաւոր ենք:

Ձեզի պէս աւազակներու, գռեհիկներու, սինլքորներու հետ դատաստանի մտնելն էր պակա՜ս: Ես որ զձեզ չեմ ճանչեր, ես որ զձեղ չեմ տեսեր, ես որ ոտքիս տակ երբեք չեմ նայէր, որ կ'արէնալի ձեր նմանները նշմարել, եւ դուք կը համարձակի՜ք ինձի հետ դատաստանի խօսք ընել:

Երկայն եւ նախատական խօսքերու պէտք չի կայ: Տղա՛ք, մութը կոխեց, դէ՛, ջորին պատրաստեցէք: Հայր Սուրբին չորին էլ պատրաստեցէք, դուք էլ պատրաստ եղէ՛ք, որ երթանք:

Եմ ջորիս ո՞ւր կը տանիք, ըսաւ Հայր Սուրբը:

Քու ջորին քեզ համար պիտի պատրաստեն, Հայր Սուրբ:

Բայց հիմա աս ցուրտին, աս սառին, գիշերով ես քայլ մը չեմ փոխէր: Դուք խելքերնիդ թռուցեր էք:

Կարելի է որ քու կամքիդ քեզ թողուն տեղեդ չես շարժիր, բայց որովհետեւ քահանայ աստուծոյ ես, արդարութիւնը կը սիրես եւ պարտք է սիրէի պէտք է մեզի հետ գաս, եւ եթէ չուզես սիրել մենք քեզի սիրեցնել կ'ուտանք:

Բռնութեա՞մբ զիս պիտի տանիք, ըսաւ խոժոռելով եւ շփոթելով վանահայրը:

Միթէ՞: Իշխանն էլ պիտի գայ. միթէ՞ բռնութիւն կը գործածենք մարդու, որ մեր բարեկամական խորհրդոց կը հետեւի:

Աս միջոցին տղաքն եկան եւ իմացուցին թէ ամէն բան պատրաստ է:

Երթանք, իշխան, ըսաւ Տարոնեցին:

Ես իմ կամօքս քայլ մը չեմ առնուր, պատասխանեց Մուշեղ:

Դու լաւ մարդ ես. ոչ մէկ` այլ շատ քայլեր էլ կառնուս: Միայն պէտք է, որ քեզի օզնեմ, վասնզի իշխան մարդ ես եւ պէտք է թեւերդ մտնել:

Եւ այս ըսելով Տարոնեցին (որ Յովնան ինքն էր ինչպէս ընթերցողը կրցաւ երեւակայել) թեւէն բռնեց, եւ իբրեւ թէ մեքենայէ մը ցնցուելով Մուշեղ ցատկեց երկու ոտից վրայ:

Ա՜յ անօրէն գռեհիկ, թեւս կոտրեցիր, թո՛ղ, կ'աղաղակէր եւ կը ցնցուէր:

Իսկ նա երեսին վրայ առանց փոքրիկ շարժմունք յայտնելու, եւ ամենայն հանդարտութեամբ,

Քալէ՛, իշխան, քալէ՛, ըսելով սենեկին դուռը բերաւ, եւ հոն երկու հոգի իւր ընկերներէն զինքը պատրաստ ջորիի վրայ պարկի մը պէս նետեցին, առանց իւր աղաղակներուն ականջ դնելու:

Եւ նոյն միջոցին ուրիշ երկու հոգի էլ երկու ոտքերը ամուր` կենդանուոյն ոտքին տակեն իրար կը կապէին:

Մուշեղ աչքերը ան ատեն չորս կողմը դարձուց եւ տեսաւ, որ բակը լեցուն է զինեալ մարդերով, յուսահատութիւն զինքը պաշարեց եւ իմացաւ, որ դիմադրութիւնն անկարելի էր. ուստի այն սկսաւ մտքեն չափել թէ այդ աւազակաց ի՞նչ փրկանք տալով կրնար ազատիր

Իսկ Հայր Սուրբը, աւելի խոհեմ` իւր վերարկուն խնդրեց եւ հեծաւ իւր ջորուոյն վրայ ու տեսնելով թէ աւազակները (նա էլ մտքեն ուրիշ անուն չէր կրնար տալ իւր հիւրերուն) ամէնքը հետեւակ յէին, առջի ազատ քայլափոխին փախչիլ եւ վանք դառնալ եւ դռներն ամուր փակել եւ հիւրընկալութեան, ողորմութեան անուն չի տալ կեանքին մէջ որոշեց մտքեն:

Ուստի, երբ քիչ մը տեղ գնացին եւ դեռ վանքին պարիսպները անյայտ չէին եղել եւ Հայր Սուրբը լեռնականաց շրջանակեն ինքզինքը դուրս տաւ, ջորուոյն գլուխը դարձուց, մտրակեց երկու ոտից ամենայն զօրութեամբ, եւ դառնալով լեռնականաց. «Մնաք բարով, աստուած ձեզի բարի յաջողութիւն տա» գոչեց եւ սկսաւ կրակի պէս երթալ: Իսկ Յովնան. «Տղա՛ք, ձեզ տեսնեմ, Հայր Սուրբը ճամփան շփոթեց, դարձուցէ՛ք», աղաղակեց եւ քսան հոգի սրացան ետեւեն եւ վանքին պարիսպներուն չի հասած շրջապատեցին ջորին, եւ կենդանուոյն գլխեն բռնելով հասուցին խմբին, որ ամենեւին իւր ընթացքեն չէր կասել եւ կը շարունակէր ճամփան:

Մեր խումբը երեք ժամու չափ սասունցուոյ ընթացքով քայլելով, հասաւ շամբի մը առջեւ եւ մտաւ եղէգներու անտառին մէջ սառած ջուրին վրայ ապահով քայլելով, եւ ահա այդ անտառին մէջ կար քաղաք մը իւր օձապտոյտ ճամփաներով, ուր մեր սասնցիք մտան իբրեւ իրենց տուն, եւ վերջապէս կ'անգնեցան բերդանման, ընդարձակ, կ'իստուէր շէնքի մը առաջ, որ հաւանական թէ հռչակաւոր Մամիկոնեանց Մուշեղի եւ Գայլ Վահանայ բնակութիւն եղած էր: Անուանի Օձն քաղաքն էր այդ:

Մուշեղի կապերը քակեցին եւ որովհետեւ չէր կրնար քայլել կապերեն ու ցուրտէն ոտքերը բռնուած լինելուն, ղրկեցին զինքը եւ բերին գեղեցիկ ճարճատող կրակեն հեռու նստեցուցին: Ամօթապարտ Հայր Սուրբն էլ քաղաքավարաբար իջուցին ջորիեն եւ առաջնորդեցին նոյն սենեակը, որ փառաւոր էր տաքութեամբ եւ խոտէ նստարաններով: Բերին առատութեամբ իրենց լեռներուն դարուոյ հացը, իրենց քարի պէս պանիրը, իրենց պատուական մեղրը եւ Մեղրագէտի ցուրտ ջուրը: Եւ Յովնան դառնալով իւր երկու հիւրերուն. «Լեռնցուոյ հիւրասիրութիւնը` թէպէտ Մամիկոնեան քաջ իշխանաց պալատին մէջ` այսչափ կրնայ լինիլ. մի՛ նայիք մեր աղքատիկ կերակուրներուն, այլ հաշուեցէք, որ ո՛չ մեր հաւելուածեն այլ բոլոր ունեցածեն ձեզ կը մեծարենք», կ'ըսէր:

Իսկ Հայր Սուրբը տխուր, բայց տեսնելով թէ զօրաւոր մագիլներու մէջ էր եւ ազատում չի կար, ակամայ պարտաւորեցաւ զինքը զուարթ ցոյց տալու: Թշուառական իշխանը միայն խոժոռադէմ տխուր կը մտածէր. այս հանելուկը, որ իւր գլխուն վրայ կը պտըտէր չէր կարող կատարեալ մեկնել, միայն երբ ոտքերուն կապած տեղուանքը կը շօշափէր եւ ուոեցները կը զգար, միտքը կ'ուգար թէ Աշոտ Արծրունին, որ ինք մատներ էր` նոյնպէս ոտքերը ձեռքերը շղթայներով տեսել էր, որ ընտանեօք այնպէս կապած ուղտերու վրայ բարձած տարին Բաղդատ: Այն միջոցին խղճմտանքը զիսքը կը գրգէր, բայց վայրկենին մէկդի կը վարէր այդ մտածութիւնը:

Ակամայ կը նայէր այս սենեակին առաստաղներուն, որ ահագին գերաններ իրարու յեցեալ լուսամուտ էին կազմել, կը նայէր այդ եղէգներով բորբոքեալ ճարճատող վառարանին եւ բոցոյն, որ զանազան ձեւ ու գոյն կառնուր, որ երկայն ժամանակ ամէնուն աչքը եւ ուշադրութիւնը կը գրաւէր, ուշադրութիւն անհաստատ եւ անկայուն, վատսնզի կայուն միայն իւր մտքին մէջ իւր վիճակին դառն փոփոխութիւնն էր. կ'երեւակայէր թէ նոյն գիշերը իւր կինն ու զաւակները ի՜նչ մտատանջութեան մէջ էին, եւ յանկարծ միտքը կ'ուգար Արծրունեաց մեծ տիկինը Հռիփսիմէ` այդ ծանրագլուխ եւ վսեմ կինը իբրեւ թէ յիմարացեալ` մաղերը փետտելով, առանց վերարկուի, առանց քօղի, իւր երկու զաւակներուն ետեւեն իւր կամօք դիմելով աքսոր եւ ի բանտ:

Բայց ձեռքը ճակտին եւ աչքերուն տանելով` մէկդի վարեց այս մտածութիւնն էլ, շուրջը աչքը պտըտցնելով տեսաւ Յովնանու երկու սայրասուր աչքերն, որ իրեն կը նայէին, եւ կշռելով թէ այդ մարդեն կախուած էր իրեն բախտը, վասնզի աւազակները իր բերնին կը նայէին`

Մա՜րդ, ո՞վ ես դու, ըսաւ ոչ իշխանաբար` այլ յուսահատաբար:

Դու որ գիտես, ինչո՞ւ կը հարցնես, դու չէի՞ր, որ քիչ առաջ աւազակ, գռեհիկ, սինլքոր կ'անուանէիր զիս: Ահա ես այդ երեքն էլ եմ` եթէ հաճիս:

Այո՛, ես այդ խօսքերես բառ մը ետ չեմ առնուր, միայն այդ կը հարցնեմ քեզ թէ դու կին, զաւակ ունեցե՞ր ես. եթէ ունեցեր ես` միտքդ բե՛ր թէ այս գիշեր իմ կինս, իմ զաւկներս, իմ տունս ի՜նչ վիճակի մէջ են. ի՜նչ ողբոց եւ արտասուաց տուն ըրիր դու, դո՛ւ իմ տունս, անօրէ՜ն անաստուած:

Եւ այս խօսքերը զրուցելով աչքերեն հեղեղի պէս այրող արտասուք կը վազէին: Վարդապետը եւ բոլոր խութեցիք մէկ մը Յովնանու, մէկ մը այս մարդուն կը նայէին, եւ երիտաւսարդ լեռնցիք, որոնց սիրտը իրենց ժայռերուն խստութիւնը չունէր, գլուխնին մէկդի կը դարձնէին, իբրեւ թէ Մուշեղին տան տեսարանը տեսած լինէին: Իսկ Յովնան աս խօսքերեն իբրեւ թէ ցնցուած երկու ծունկի վրայ գալով, ընքուիները ցցուած, աչուըները սոսկալի փայլ մը առած.

Մուշե՜ղ, Մաւշե՜ղ, գոռաց, ես քու տանդ վիճակը ոչ այսօր, ոչ երէկ, ոչ ամիս մը առաջ այլ վեց ամիս առաջ երեւակայեցի եւ ողբացի: Հայց դեռ ինչե՜ր տեսայ, ի՜նչ անմեղ կանայք, ի՜նչ անմեղ տղայք տեսայ, որ ոչ իրենց կորուստը միայն կ'ողբային` այլ գազանաբարոյ արաբացուոց սուրերու եւ շղթայներու տակ կը հեծէին. իմ ոտքերս թափուած անմեղ արեանց վրայ լպիրծ սահեցան. քաղաքներ, աւաններ, գիւղեր, որ շէն եւ ուրախ տեսեր էի, ագռաւներու, բուերու եւ գիշակեր գազանաց բնակարան տեսայ: Հարցո՛ւ քու խղճմտանքիդ, մի թէ քու այդ ձեռքդ, մաքուր է այդ արիւններէն, քու միտքդ մասնակից եւ պատճառ եղած չէ՞ կանանց եւ որդուոց դառն արտասուաց: Բայց կ'ուզես իմանալ թէ ո՞վ եմ. իմացի՛ր. ես եւ իմ ընկերներս սասունցիք եմք. Խութեցի Յովնան կ'ըսեն ինձ:

Սակայն ինձմէ ի՜նչ կ'ուզես դու, մա՛րդ, ես ի՞նչ ըրած եմ քեզ, եւս ի՜նչ ըրած եմ քու խութեցուոցդ, ի՜նչ է, որ դատաստան ունիմ, կ'ըսես. եթէ դատաստան ունիս ո՞ւր են դատաւորներդ, ո՞ւր են վկայներդ, ո՞ւր դատախազքդ:

Մինչեւ որ քու ընկերներդ չի հասնին, մինչեւ որ դատախառներդ չի հասնին` կարելի չէ, որ դատաստանը սկսինք: Բայց նոքա էլ չեն ուշանայ, հիմա սուրհանդակներ կը հանենք մենք զամենքն ըստ կարի ժողուելու, եւ այսպէս արդարութիւնը պէտք է տեղը երթա: Արդարութիւնը գթութենէ առաջ…

Այս միջոցիս երիտասարդ աբեղայ մը ներս մտաւ ձեռքը երկու թուղթ մաքուր գրուած եւ Յովնանու տուաւ. իսկ նա զգուշութեամբ կար դա լեն վերջ. «շատ բարի», ըսաւ եւ ծոցեն ոսկի մատանի մը հանեց, թուղթերը նոյնպէս նամակի ձեւով ծալեց եւ վրայները նոյն կնիքով կնքեց: Երբ այդ գործողութիւնները լմնցուց` ելաւ եւ մօտենալով Մուշեղայ, որ ամէն բան կասկածոտ աչօք կը դիտէր`

Ահա՛ քու մատանիդ, որ կարծէիր թէ աւազակներն յափշտակէր են, նոքա լաւ տղաք էին եւ ինձի բերին, որ քեզ դարձնեմ, միայն որպէսզի արդարութիւնը տեղը գտնէ պէտք էր այս մատանին այս երկու թղթերը կնքէր:

Իմ անունովս երկու թուղթ կնքել կը համարձակի՜ս, եւ չե՜ս ամաչէր եւ ինձ հետ արդարութեան վրայ կը խօսիս: Ի՜նչ են այդ նամակները:

Այդ նամակները քու երկու բարեկամացդ են գրուած, որ գան քեզի օգնեն այս միայնութեանդ մէջ, եւ թերեւս քու արդարանալդ դիւրացնեն. եւ ես գաղտնիք մը չեմ համարիր եւ չեմ ուզէր ծածկել քէնէ. ահա կարդամ հասցէները. «Հասցէ գիրս աստուծով ի քաղաքն Արճէշ առ Վահրամ քաջ իշխան հազգեն Տրունեաց ամենայն յաջողութեամբ»: Ահա միւսն էլ. «Հասցէ գիրս աստուծով ի քաղաքն Արճէշ առ քաջ իշխանն Վահրամ հազգեն Գնունեաց թիկնապահ Արծրունեաց նահապետին ամենայն յաջողութեամբ»:

Այս երկու անուններն ու հասցէները լսելով Մուշեղ իւր կարմրած երեսները թալկացան, կանաչցան եւ ցուրտ քրտինք մը ճակատն եկաւ. բայց իմանալու փափագը թէ ի՜նչ կար այն նամակներուն մէջ զօրանալով.

Բա՛ց սա նամակները, իմանամ ի՞նչ է գրուած, ըսաւ:

Նամակները կնքուած են, չեն բացուիր, պատասխանեց` Յովնան ծանրութեամբ, բայց օրինակները կան, գնա՛, հայր, ըսաւ աբեղային, բեր օրինակները, որ իշխանը գոհ ընենք:

հօր լռութիւն մը տիրեց սենեկին մէջ, եւ ամէն աչք այս երկու մարդկանց կը նայէին. Մուշեղի, որ դալկահար նստած դժուարութեամբ շունչ կ'ուտար կառնուր եւ Յովնանու, որ խիստ եւ անաչառ արդարութեան արձանի լզես կանգուն իրեն կը նայէր:

Հազիւ թէ քանի մը րոպէ անցաւ եւ ահա աբեղայն եկաւ թղթին օրինակաւ եւ Յովնանու հրաւփրելովն սկսաւ կարդալ բարձրաձայն.

«Ես Մուշեղ Վահեւունի, իշխան Կոբ գաւառի, կ'իմացնեմ քեզ քաջազն իշխանիդ Վահրամայ Տրունուոյ, որ կարեւոր գործի համար հասեալ կամ Արճէշու վերեւը Մեծոփայ վանք. մեզ համար այնպիսի խնդիր կայ, որ կամ կեանքերնիս կորսնցնենք եւ կամ ամենամեծ իշխանութեանց հասնինք. աճապարէ՛, ե՛կ, վասնզի քեզ եւ Վահրամ Գնունուոյ կը սպասեմ, որ միատեղ եւ համաձայն շարժինք: Քաղաք եւ շէն տեղ մեր տեսութիւնը խօսքի եւ կասկածի առիթ կրնայ լինիլ, այսպիսի առանձին տեղ յարմարազոյն դատեցի. ուստի մ՚ուշանար, վասնզի դանդաղելու ժամանակ չէ: Ողջ լեր»:

Կը տեսնես, իշխան, ըսաւ, որ քու կնիքդ` համախոհ եւ համակամ բարեկամներդ քովդ ժողուելու համար գործածեցի. ես չեմ ուզել, որ այսպիսի բարեկենդանի օրեր տխուր եւ միայնակ անցնես:

Բայց այս խօսքերը չիմացաւ անգամ Մուշեղ, վասնզի խոր մտածութեան մէջ էր թաղուել: Ուստի զինք այն սենեկին մէջ թողլով, Յովնան ուրիշ սենեակ մը մտաւ, ուր առանձին մարդ մը միայն նստած էր եւ մեզ քաջածանօթ Խոսրով Ակէացի:

Եղբա՛յր, այս ինչպէ՜ս տեղ բերել տուիր զիս գիշերով, ըսաւ ծիծաղելով. ուսկի՞ց գտար այս գազանաց բոյնը եւ կիսակործան քաղաքը այս եղէգնուտին մէջ:

Չե՞ս գիտէր, եղբայր, յիշատակարանաց երեւելի Օձն քաղաքն է այս: Ոայց հիմա թողունք անցեալը, նայինք ներկային. իմացա՞ր թէ ո՛վ հիւր ունիմ այստեղ:

Ո՛չ, հիմա եկայ Սասնոյ. ամիսն անցաւ, որ զքեզ չեմ տեսեր. եւ անգործութենէ սկսել էի ձանձրանալ:

Մուշեղ Վահեւունին կալանաւոր ներսն է:

Այդ չարագործը, այդ արիւնարբու գազանը, որ բոլոր Վասպուրական արեան եւ սուգի համակեց:

Նա ինքն. բայց երկու ուրիշ ընկեր էլ ունի:

Երկու Վահրամները:

Այո՛. նոքա էլ պէտք է ձեռք բերենք:

Ինչպէ՞ս, ո՞ւր են:

Արճէշ են երկուքն էլ: Բայց այդ հոգ մի՛ ընել, միայն դու պէտք է մեզի ընկերանաս, եւ այդ բանին համար քեզ ուզեցի:

Ես պատրաստ եմ, ուր որ գնաս, քեզ հետ գնալու:

Բայց պէտք է քիչ մը զգեստներդ նայինք:

Եւ այս ըսելով Յովնան` բացաւ դարան մը, որ պատին թանձրութեան մէջ շինուած էր եւ դուրս քաշեց կաշի մաքուր պարկ մը, ուր մէկ քանի իշխան զարդարելու չափ մաքուր զգեստներ կային:

Ահա, անխիղճ կրնաս գործածել ասոնք, Բռնաշենի աւարեն են. զատէ՛, ջոկէ, յարմար եկածն ընտրէ եւ հագիր:

Երբ այս գործողութիւնն էլ կատարուեցաւ.

Դու այս գիշեր հանգիստ քուն եղիր, միայն վաղն առաւօտ կանուխ կ'ելնենք ճամփայ, հոգ մ՚ընէր, քեզ համար պատուական եւ զարդարուն ձի էլ ունիմ, ըսաւ Յովնան:

Ձիու պէտք չի կայ, եղբայր. ամէն տեսակի կրնամ յարմարիլ:

Բայց դու պէտք է մեր իշխանը լինիս եւ Մուշեղ Վահեւունի անուանիս, մենք էլ պէտք է մեր խութեցի զգեստները թողունք եւ իշխանի թիկնապահի կերպարանք առնունք: Ես երթամ աղոց զգեստները կարգի դնեմ, պատրաստեմ, բարեկենդանի շաբաթ է, տղաքը մեղք են, պէտք չէ, որ այդչափ յոգնին եւ ծոմ պահեն: Պէտք է նաեւ ընտրեմ որոնք մեզի հետ պիտի գան, որոնք այստեղ կալանաւորը պիտի պահպանեն:

Բայց աւելի լաւ եւ ապահով չէ՞ Սասուն ղրկել այդ անզգամը:

Այո, որ ժողովուրդը վայրկենին պատառ-պատառ ընէ: Գիշեր բարի, Խոսրով իշխան: