Կարնոյ
դաշտը
պատերազմի
ասպարէզն
էր,
ուր
երկու
բանակ
իրար
դէմ
կանգնած`
զիրար
կը
դիտէին
օրերով:
Թէոդորոս
իմանալով
թէ
իրեն
օգնութեան
կ'ուգար
տարոնացի
մեծ
խմբով
Համազասպ
Մամիկոնեան`
գիշերով
անցաւ
Եփրատ
եւ
բանակեցաւ
Կարնոյ
քաղաքի
հարաւային
բլրոց
վրայ,
յոյս
ունէր
նաեւ
այդ
դիրքով
արգիլել
թշնամուոյն
հասնելու
ոեւէ՛
օգնութիւն,
որ
կրնար
գալ
արեւմուտքէ:
Մաւրիանոս
այս
շարժմունքին
կարեւորութիւնն
ուշ
իմացաւ.
ուստի
պատերազմը
ուզեց
գրգռել,
վասնզի
օրաւուր
կը
տեսներ,
որ
հայոց
բանակը
կը
զօրանար,
եւ
իրեն
նոր
օգնութիւն
չէր
հասնէր:
Բայց
Թէոդորոս
բացէիբաց
մերժեց
պատերազմը,
եւ
բավականացաւ
իւր
բանակն
ամրացնելով:
Գիտնալով,
որ
յունաց
մեծ
ուժը
իրենց
հետեւակազօրին
վրայ
է,
կը
ցրուէր
իւր
հեծելոց
խումբը
դաշտին
վրայ,
արգիլելով
իրենց
հասնիլ
պաշար`
պարէն
եւ
ճարակ
անասնոց:
Մեծ
յոյսով
կը
սպասէր
նաեւ
Փոքր
հայոց
Վասակայ
եւ
Սուրէնի
օգնութեան.
ուստի
պատերազմն
ամենեւին
վտանգի
դնելու
յոյս
չունէր,
թէպէտ
ոմանք
նախարարք
հայոց
սկսան
գանգտիլ
այս
դանդաղութեան
վրայ:
Իսկ
երբ
հասաւ
Համազասպ,
այն
ատեն
որոշեց
պատերազմը,
եւ
առաւօտուն,
երբ
փողերը
պիտի
հնչեցնէին,
ահա
երկու
հազար
Ռշտունեաց
նոր
գնդով
կը
հասնէր
Գրիգորմամիկոնեան,
եւ
այդպիսի
վայրկենի
եկած
փոքր
օգնութիւնը
նաեւ
յաջողութեան
նշան
համարուեցաւ
բանակին
մէջ:
Մաւրիանոս
այն
ժամանակի
յոյն
զօրավարաց
առաջինը
կը
համարուէր
իւր
փորձառու
հմտութեամբ
եւ
յանդգնութեամբ,
ուստի
պատերազմը
յամառ
եւ
արիւնռուշտ
եղաւ,
եւ
մինչդեռ
հա՛յ
նախարարաց
յանդգնութիւնը,
որ
թշնամուոյն
աջ
թեւը
հալածելու
համար`
իրենց
կեդրոնեն
հեռանալով
վտանգի
մէջ
դրին
յաղթութիւնը`
եւ
այս
դէպքը
Թէոդորոսի
մեծ
տագնապ
կը
բերէր,
եւ
Գրիգորի
նորահաս
ու
յոգնած
ռշտունականք
հազիւ
թէ
կը
տոկային
յունաց
յարձակմանց
դիմադրելու`
եւ
կարկամեալ
մնացեր
էին
չի
կրնալով
վանել,
—
ահա
Եփրատայ
ափունքն
ի
վեր
փոշի
մ՚է
երեւցաւ.
հազարի
չափ
ձիաւորաց
խումբ
մը
կը
հասնէր
սուրալով,
գռռալով,
իրենց
նշաններէն
եւ
դրօշակներէն
իմացաւ
Թէոդորոս
թէ
Սուրէնի
խումբն
էր,
ուստի
ըսաւ
Գրիգորի
խումբին.
«Ձեր
յաղթութիւնը
յափշտակելու
համար
գունդ
կը
հասնի,
տղա՛ք,
եւ
դուք
կը
դանդաղի՜ք»:
Այս
համառօտ
խօսքերն
ահագին
ձայնիւ
զրուցուած
եւ
լսուած
ամենեն`
կատաղութեամբ
լցուց
զօրքը,
յոյնք
սկսան
ընկրկիր
Իսկ
երբ
Սուրենի
մոլեկան
գունդն
հասաւ`
բոլորովին
խորտակեցան,
խառնիխուռն
փախան
քաղաք.
հազիւ
յունաց
քառորդ
մասը
կրցաւ
ազատիլ,
մեծ
մասը
սրոյ
ճարակ
եղաւ,
եւ
շատ
քիչեր
գերի
ինկան:
Յաղթութիւնը
մեծ
էր,
թշնամեաց
բանակը
ոչնչացէք
էր
եւ
իւր
մնացորդքը
Կարնո՜յ
հզօր
պարիսպներու
շնորհիւք
կը
մնար,
ամէնքը
յաղթութեամբ
արբէր
էին,
ուրախութեան
երգեր`
սրինգ
եւ
տաւիղ
երկինք
կը
բարձրանային,
մեծ
եւ
փոքր,
զօրապետ
եւ
զինուոր,
Հայաստանի
հիւսիսն
եւ
հարաւը,
արեւելք
եւ
արեւմուտք
եւ
մինչեւ
Փոքր
Հայոց
բնակիչք
ներկա
էին,
եւ
զիրար
կը
տեսնէին
օտարին
դէմ,
հարստահարողին
դէմ,
կրօնից
եւ
խղճմտանքի
բռնաբարողին
դէմ
միաբան:
Հոն`
տարիներով
բաժանեալ
ծանօթք,
բարեկամք
եւ
մերձաւորք
իրարու
հանդիպած`
իրարու
հետ
գրկախառն
եալ
հին
ատելութիւններ
կը
մոռնային,
սէրը
կը
նորոգէին,
եղբայրութիւն
կը
հմսստատէին.
ամէն
մարդ
գոհ
էր
եւ
զուարթ:
Միայն
մարդ
մը
անթափանց
ամէն
ուրախութեան,
թշնամի
արեամբ
ներկուած,
քրտինքը
ճակատը,
փոշիով
ծածկուած,
դեռ
ձիեն
չէր
իջած.
ամէն
կողմ
կը
դիմէր,
մեռելները
թաղման
կը
պատրաստէր,
վիրաւորները
գիւղերը
բաժնել
կ'ուտար,
եւ
բանակին`
պահապանաց
խումբեր
կը
որոշեր:
Այդ
մարդը
Թէոդորոսս
Ռշտունին
էր:
Կ'էս-գիշերուան
մօտ
էր,
երբ
հասաւ
Վասակ
պատրիկ
փոքրը
բայց
ընտիր
բանակաւ,
ճիշտ
այն
ժամուն,
որ
հայոց
իշխանք
եւ
զօրավարք`
յունաց
սպարապետին
վրանին
մէջ
պիտի
ընթրէին:
Մեծ
ուրախութիւն
էր
տեսնել
հոն,
հայոց
պատմական
ճոխ
եւ
փառաւոր
անուններ
կրողները
սեղանի
մը
շուրջ
միացած
եղբայրաբար.
հոն
էին
Բագրատունիք
եւ
Արծրունիք,
Սիւնիք
եւ
Մամիկոնյանք,
Կ'ամսարականք
եւ
Ռշտունիք,
Աղուանք,
Խորխոռունիք,
Ամատունիք,
Վահեւունիք,
Առաւեղեանք,
վերջապէս
ամէն
անունք,
որ
քանի
մը
ամիս
առաջ
Թէոդորոսի
ամբաստանող
եւ
զրպարտիչ
նաեւ
լքյնիլ
չէին
դանդաղէր,
եւ
անոնք,
որ
իրեն
հետ
միաբան
բիւզանդացի
կայսեր
դէմ
խիզախէր
էին:
Նա
ամէնուն
քաջութիւնը
գովեց,
ամէնուն
սիրալիր
կերպարանք
ցցուց,
ամէնուն
եղբօր
կամ
որդուոյ
քաղցր
անուն
տուաւ.
բայց
դարձեալ
ուրախ
չէր,
այնչափ
տարուան
ջանք,
բանագնացութիւնք,
դաշնադրութիւնք
ընդունայն
գնացած
զինք
լաւ
համոզած
էին
թէ
այդ
մարդիկը
զօրութեան,
լուծի
եւ
անձնական
ողորմելի
շահու
առջեւ
միայն
կը
խոնարհէին,
հայրենասիրութեան,
կրօնասիրութեան
սկզբոմսք
արմատ
չունէին
իրենց
սրտին
մէջ:
Սուրէն
եւ
Գրիգոր
նոյն
օրը
պատերազմի
դաշտին
մէջ
զբաղյալ`
իրար
տեսնելու
համար
ժամանակ
չէին
ունեցեր,
հիմա
իրարու
քով
նստած
անցեալ
աւուրց
թշուառ
արկածներու
վրայ
կը
խոսէին,
եւ
եւ
Սուրէն
տեսնելով
Գրիգորի
ուրախութիւնը
կը
զուարթանար,
վասնզի
այդ
երիտասարդը,
որոմս
բնական
սրամտութիւնը,
կորովը
զինք
գերազանց
կ'ընէին
իւր
ընկերակցաց
մէջ,
ազնիւ
հոգի
նաեւ
ունէր
եւ
կը
յիշէր
իւր
քեռուոյն
անմոռանալի
երախտիքը:
Հոն`
Կ'ամսարական
ցեղին
մեծ
ուրախութիւն
էր
տեսնել
ոչ
միայն
իրենց
եղբայրը,
քեռորդին
ողջ-առողջ
գտնել,
այլեւ
զարմանքով
կը
տեսնէին,
որ
երկուքն
էլ
տարիներով
մեռած
համարուելէ
վերջ`
հիմա
փառազարդ
ճակատ
մը
կը
ցցնէին,
վասնզի
Վասակ
պատրիկ
Սուրէնի
քաջութիւնը
կը
գովեր
եւ
Թէոդորոս
զգրիգոր
բարի
օրինակ
հայ
երիտասարդութեան
ցոյց
կ'ուտար
իւր
քաջութեան
հաւասար
իմաստութեան
եւ
գիտութեան
համար:
Իսկ
երբ
ընթրիքը
վերջացաւ,
Թէոդորոս
ժողուեց
նախարարաց
գլխաւորքը,
հարցուց
իրենց
կարծիքը,
եւ
վերջապէս
միաբան
միախորհուրդ
որոշուեցաւ
թողուլ
Կարնոյ
մօտ
քանի
մը
հազար
զօրաց
խումբ
մը
եւ
յարձակիլ
Պոնտոսի
կողմն
յունաբնակ
գաւառաց
վրայ:
Եւ
ահա
այդ
յաղթող
բանակը
կը
շարժէր,
կ'իջնէր
Բարձր
Հայոց
գավառներէն,
կը
զարնէր,
կավարէր,
բոլոր
ծովեզրը
կառնուր
ինչպէս
եւ
Տրապիզոն
քաղաքը,
եւ
կը
դառնար
մեծ
աւարաւ
եւ
գերութեամբ:
Թէոդորոս
արաբացի
խումբը
ընծայուք
լի
կը
դարձնէր
առ
ամիրապետն
եւ
ինք
հրաւիրուած
կ'երթար
Դամասկոս:
Մաւիաս
մեծարեց
զինքն
«Ոսկեթել
եւ
Ոսկեղէն
ընծայուք
եւ
դրօշակոք»,
տուաւ
իշխանութիւն
Հայոց,
Վրաց
եւ
Աղուանից
եւ
մինչեւ
Ճորայ
պահակին
վրայ:
Գարնան
գեղեցիկ
օրերով
Ռշտունեաց
Ոստանը
մեծ
հանդէս
էր
կրկին
հարսանեաց
Գրիգոր
Մամիկոնեանի
Ռշտունեաց
Օրիորդին
հետ`
եւ
Վարդի`
Սիւնեաց
Օրիորդին
հետ:
Վասպուրական
եւ
բոլոր
Հայաստան
երջանիկ
օրուան
արշալոյս
մը
հասած
կը
կարծէին,
վասնզի
միաբանութիւն
կը
տիրէր
հայ
նախարարաց
մէջ,
եւ
այնպես
կը
համարուէր
թէ
թշնամի
չի
կար,
որ
համարձակէր
ոտնակոխ
րնել
հայուն
հայրենիքը:
Բայց
երբ
հաստատ
օրինաց
եւ
սահմանափակ
իշխանութեանց
վրայ
չէ
ամրապնդեալ
երկրի
մը
վիճակը,
ոչ
երբեք
երջանկութեան
պէտք
է
սպասէի
դիպուած
մը,
պարագայ
մը,
արկած
մը,
որ
ոմանք
բախտ
անուանած
են,
ամէն
բան
վեր
ի
վար
կրնայ
ընել
եւ
ամէն
յոյս
եւ
ջանք
ի
դերեւ
հանել:
Այսպէս
եղաւ
նաեւ
Թէոդորոսի
ծանր
եւ
երկար
հիւանդութեամբ:
Ենք
ժողուեց
հայ
նախարարքը,
դրաւ
իրենց
առաջ
երկրին
վիճակը
եւ
երկու
մեծ
տէրութեանց`
յունաց
եւ
արաբաց
տկար
ու
զորաւոր
կողմերը,
յայտնեց
թէ
ոչինչ
կը
համարէր
ամիրապետին
իրեն
տուած
իշխանութիւնը
եւ
ամենեւին
գոհ
չէր
է
թէ
ինք
աւելի
սիրով
յանձն
կառն
ուր
հնազանդիլ
ազգային
իշխանութեան
մը,
զօր
նախարարք
իրենց
ազատ
կամօք
ընտրէին,
միայն
թէ
այդ
իշխանութեան
սահման
մը
եւ
չափ
կը
փափագէր,
որպէսզի
զեղծմանց
չհանդիպէր,
եւ
որպէսզի
իմանան
թէ
ինք
իշխանութեան
աչք
չունէր`
երդում
ըրաւ
թէ
իրեն
տրուած
ոիցէ
ձայն
ինք
պիտի
չընդունէր:
Այս
խօսքերն
ըսելով
թողուց
ժողովքը
եւ
Խլաթայ
նաւահանգստեն
նաւ
մտաւ
եւ
ելաւ
Աղթամարայ
կղզուոյն
պալատը,
վասնզի
սաստիկ
հիւանդ
կը
գտնէր
ինքզինքը:
Ի՞նչ
ըրին
հայ
նախարարք,
մենք
չենք
ուզէր
դատել,
այլ
ահա
մէջտեղ
կը
դնենք
ժամանակակից
պատմագրի
մը
խօսքերը,
եւ
ընթերցողք
թող
դատեն:
«Իսկ
իշխանին
Հայոց,
որ
ի
Իւնաց
եւ
ի
Տաճկաց
կողմանէ,
Համազասպ
եւ
Մուշեղ,
եւ
այլն
ամենայն
եկէալ
ի
մի
վայր
միաբանեցան,
եւ
արարին
ընդ
միմէանս
հաշտութիւն,
զի
մի
եղիցի
ի
մէջ
նոցայ
սուր
եւ
արիւնհեղութիւն,
եւ
անցուցին
խաղաղութէամբ
զաւուրըս
ձմերայնւոյն,
զի
եւ
զշինականս
ապրեցուցանեն:
Քանզի
Ռշտունէաց
Տէրն
անկաւ
եախտս
հիւանդութէան
եւ
չոքաւ
անկալ
եաղթամար
կղզին:
Ել
ոչ
գոյր
նմա
լինիլ
կարողութիւն
ելանել
արտաքս
կամ
խորհիլ
ինչ,
եւ
բաժանեցին
զերկիրն
ըստ
թւոյ
իւրաքանչիւր
հեծելոց
եւ
կարգեցին
հարկապահանջս
ոսկւոյ
եւ
արծաթոյ:
Եւ
աստ
էր
տեսանել
զաղէտս
տարակուսի,
զօրէն
հիւանդաց
եօրժամ
տագնապեսցին
ցաւն
եւ
հատանիցէ
ի
խօսից,
այնպէս
ինչ
եղէն,
զի
ոչ
գոյր
մարդկան
տեղի
փախստի
եւ
թագստէան
եւ
ոչ
խնայել
ի
ներքուստ,
այլ
որպէս
ոք
զի
անկցի
ի
ծով`
եւ
ոչ
կարիցէ
գտանել:
Ել
իբրեւ
ետես
զայս
Ռշտունէաց
Տէրն
խնղրէաց
իւր
զօրս
յիսմայէլացւոց
զի
հարցէ
զհայն
եւ
հալածական
արասցէ
եւ
զուիրս
սատակեսցէ
ի
սուր
սուսերի»:
Ոեւէ
Հայու
ծանր
է
կարդալ
այս
տողերը,
ծանր
էր
նաեւ
այն
մարդուն,
որ
բոլոր
կենաց
մէջ
աշխատէր
էր
Հայաստան
հայով
փրկելու
եւ
միարանութիւն
այդ
բանին
համար
հաստատելու,
տեսնել
այդ
միաբանութիւնն
ի
վնաս
ժողովրդեան
դառնալ,
անտանելի
հարստահարութեանց
գործիք
լին
իլ
եւ
երկրին
կործանմունքը
հայ
ձեռքերէ
տեսնել:
Ուստի
յուսահատ`
այն
դեղին
կը
դիմէր,
որ
թոյն
էր
եւ
ոչ
դեղթափ,
այն
երկաթին
կը
դիմէր,
որ
վիրաբոյժի
դանակին
առողջութիւնը
չէր
կրնար
բերել`
այլ
մահ:
Եկաւ
արարացին,
երբ
միաբանութիւնը
քակտեցաւ,
տիրեց
երկրին
եւ
առաւ
պատանդ
տարաւ
նախ
զթէոդորոս
բոլոր
իւր
ընտանեօք,
եւ
ամբողջ
հայ
նախարարութեան
ծաղիկը
ժողուեց
իջեցուց
ի
Դամասկոս:
Չանցաւ
շատ
ժամանակ`
Ռշտունեաց
երկիրը
կը
տանէին
հայրենական
շիրմաց
մէջ
դնելու
այն
մարդուն
մարմինը,
որ
եօթանասուն
երկայն
տարիներու
մէջ
առաջին
մարդն
եղած
էր
աշխարհին
սիրած
էր
իր
հայրենիքը,
մորմոքէր
էր
իւր
ազգին
ցաւոց
եւ
տառապանաց
վրայ,
իւր
կեանքը
չէր
խնայէր
ոչ
պատերազմի
եւ
ոչ
խաղաղութեան
մէջ,
ամէն
ջանք
ինչ
որ
մարդկօրէն
կարելի
էր`
աշխատէր
էր
ի
գործ
ունել
եւ
վերջապէս
տխուր,
դառնացեալ,
բայց
ոչ
երբեք
յուսահատ
եղել
էր:
Իւր
վերջին
խօսքերը
փեսին
Գրիգորի
ասոնք
եղան.
—
«Իմ
երկար
կենացս
մէջ,
որդեակ
իմ,
վասնզի
թշուառութեան
եւ
ձախորդութեան
տարիներն
երկայն
են
միշտ,
միմիայն
զեղջ
եւ
ապաշաւ
այն
եղաւ,
որ
իմ
հայրենակցաց
անիրաւութիւնը
պատուհասելու
համար`
օտարին
զէնքը
հրաւխրեցի,
չի
կրցի
նախատեսել
թէ
օտարին
շահասէր
բարերարութիւնը
ընտանեաց
անիրաւութենեն
վատ
է,
եւ
դորայ
պատիժը
ահա
կը
կրեմ
օտարութեան
մէջ
վերջացնելով
կեանքս:
Այո,
արդար
են
աստուծոյ
դատաստանները:
Դու`
այնպես
կը
հաւտամ,
որ
Հայաստանի
կեանքին
մէջ
պիտի
խառնուիս
եւ
պիտի
գործես:
Յորդորէ՛,
խրատէ
ամէնքն,
որ
եթէ
չեն
կարող
պատժել
համբերութեամբ
տանին
իրարու
պակասութեանց,
յանցանաց
եւ
եղեռանց
անդամ,
այլ
անքաւելի
ոճիր
համարին
օտարը
հրաւիրել,
օտարին`
հայրենի
երկիրն
ոտնակոխ
ընել
տալ»: