Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Թ. ԱՇՈՏԱՅ ԴՈՒՌՆ ԿԱՄ ԲԵՐԴ ԵՒ ԻՒՐ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Այս տեղը բաւական երկայն եւ ընդարձակ լերան մի վերայ դուռն մի կայ քարափոր, զոր “Աշոտայ դուռն” եւ երբեմն եւս “Աշոտայ բերդ” կ’անուանեն, ո՛չ միայն գաւառիս Հայք, այլ սոյն կողմերու Քուրդերն անգամ մի եւ նոյն անուն կը տան այդ խորհրդաւոր տեղւոյն:
       Սոյն լեռն ձգուած է յԱրեւելէն յԱրեւմուտ միջակ բարձրութեամբ, եւ երկու գլխաւոր մասերու բաժնուած նեղ կիրճով մը, որոյ երկու կողերուն վերայ փորուած են մեծամեծ խաչեր, որք հնութենէն ծաղկած են, այլ դժբաղդաբար չ’ունին յիշատակութեան գիր մը կամ թուական մը: Բերդն բնական լեռնակ մ’է, զուրկ արհեստական պարիսպներէ եւ շինութիւններէ, այսու ամենայնիւ իւր Արեւելեան մասն բնականէն զարմանալի համեմատութեամբ մը կը բարձրանայ, որոյ ‘ի Հարաւ նայող ճակտին վերայ միապաղաղ քարէ փորուած վերոյիշեալ դուռն է հսկայաձեւ, զոր, որպէս յիշեցի, այս կողմերու բնակիչք անխտրապէս “Աշոտայ դուռն” կը կոչեն եւ ընդհանուր առմամբ եւս “Աշոտայ բերդ”: Սոյն դրան բարձրութիւնն է 4 մեթր, լայնութիւնն 2 եւ խորութիւն 1 մեթր կը լինի: Դրան վերնակողմն 1 մեթր երկայնութեամբ 10 կարգ բեւեռագրերով զարդարուած է, միջնակողերուն վերայ մանր ու մունր աննշան խաչեր կան փորուած, որք՝ պատմութիւն փոքր ինչ թղթատողին դիւրին է գուշակել թէ նոքա վերջի ժամանակաց գործեր են: Դրան առջեւի դիրքն, որ յատուկ մուրճերով կարգադրած են եւ տակաւին սանդուխի մի քանի ել եւ էջերն կը կենան, վեհանձն դատաւորի մը տեղի լինել կրնայ կարծուիլ՝ իւր տարածութեան եւ ձեւին նայելով:
       Սոյն հին բերդի կողերուն վերայ արձանի կամ կռոց պատուանդանի տեղուանք կը տեսնուին փորուած քառակուսի եւ ուղղանկիւն ձեւերով: Վերի կողմերը կը գտնուին այլ եւ այլ հետաքրքիր խորութիւնք ու մասնաւոր այրեր: Բերդիս Արեւմտեան մասին վերայ փորուած են միակտուր քարէ մեծամեծ խորեր թուով 3-4, որք կը թուին լինել ցորեանի ամբարատեղի կամ ջրշեղջ: Աշոտայ դրան հանդիպոյ կողմն ‘ի Հարաւ նշմարելի են հինաւուրց այլ եւ այլ բնակութեանց աւերեալ հիմունք, բաւական թուով, որոց վերաբերութեամբ տառ մ’անգամ չ’գտնըւիր մեզ լոյս տուող, միայն կ’աւանդեն թէ “հին եւ մեծ քաղաքի մը տեղերն են”, թէ սոյն աւանդութիւն քանի՛ տարեկան է մեզ անծանօթ կը մնայ, թէեւ շատ հետաքրքրուիմք:
       Յիշեալ, անշուշտ, արքայական կամ իշխանական դրան վերայ շատ տեսակ կարծիքներ եւ խորհուրդներ ‘ի մեզ կրնան ծնանիլ, յորոց մին սա է թէ Քրիստոնէութենէն առաջ Երկրի բնիկ իշխանաց կամ նախարարաց մի ապաստանարան եղած լինի, որոյ շարունակութիւնն տեւած է մինչեւ քրիստոնէութեան դարումն, ո՛ւր այդ բերդի կրճի կողերուն վերայ փորած լինին յիշեալ վիթխարի խաչերն, որք մօտ դարերու աշխատութեան գործ չեն թուիր, որպէս իւրեանց տեսքէն դիւրին է մակաբերել:
       Տեղւոյս բեւեռագրեանց օրինակն առնելոյ համար աւելի գերմանացիք կը յաճախեն աստ. եւ գրերն բաւական եղծեալ եւ խանգարեալ են ժամանակի աւերիչ ձեռքէն կամ դէպքերէն:
       Ինչ որ ալ լինի, ազնիւ բանասիրաց եւ հայրենախօսաց, տեղւոյս նկատմամբ այսչափ գրելով՝ բաւ կը համարիմ եւ կ’իյնամ յուղի գնալ դէպ ‘ի յԱրեւելահարաւ, յԱղբակ գաւառ, որոյ սահմանը 2 ժամէն հազիւ կրնամք մտնել յիշեալ գծովն, որ դժուար կետերէ կը բաղկանայ, բայց մենք ո՛չ թէ կէտերէ այլ եւ մարդակուլ գետերէ պարտաւորեալ եմք անցնիլ: