Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԸ. ՎԱՆ-ՏՈՍՊ
       Գաւառիս սահմանն է Արեւելէն Խօշապ, (Մահմուտիէ) Արեւմուտէն Վանայ կամ… Աղթամարայ ծով. Հարաւէն Երուանդունիք (Հայոց Ձոր). Հիւսիսէն Առբերանի կամ նոր անուամբ Բերկրի գաւառ:
       Սոյն գաւառի բնական դիրքն մեծագոյն մասամբ դաշտային է, մանաւանդ Հիւսիսային Արեւմտակողմերն, մնացեալքն լեռնային, ձորային եւ հովտային են: Լերանց մէջ նշանակելի է Վարագայ լեառն յԱրեւելից կողմէն, որ կը ձգուի Հիւսիսէն ‘ի Հարաւ 11/2 ժամուան երկայնութեամբ: Այդ լերանց մէջ անպակաս են վայրի կենդանիք, ինչպէս երիվար, արջ, գայլ, աղուէս, նապաստակ եւ ուրիշ վայրի փոքր կենդանիներ: Վարագայ այս հսկայ լեռն, որ 10, 000 ոտք բարձրութիւն ունի, բաժնուած է երկու ճիւղերու երկայն եւ ընդարձակ լեռնահովտով մը, որոյ Արեւելակողման “Վարագայ լեռ” եւ Արեւմտակողմանն “Շուշանից լեռ” կանուանի (սոցա վրայ տակաւին ունիմ խօսելիք):
       Վան-Տոսպ գաւառի օդն բարեխառն է եւ հողն բաւական բարեբեր. ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործ է. Հիւսիսային Թիմար կոչուած ընդարձակ մասի հողերն ամենամեծ մասամբ անջրդի են եւ հետեւաբար այդ խեղճ գիւղացւոց բաղդն Երկնից կամարէն կախեալ է, յորմէ երբ ժամանակին անձրեւք չ’ցօղէն, գաւառիս այս մասի ժողովուրդն ամենամեծ թշուառութեանց կ’ենթարկուի, որով եւ կը մարի:
       Գաւառիս գլխաւոր ջուրն է “Սեւ գետ” կամ “Մամտու գետ” կոչուածն, որ իւր վերջի անունն առած է համանուն գիւղէն, որոյ քովէն կ’անցանէ, երբ կը մօտենայ Բզնունեաց ծովուն, որոյ մէջ կը թափի արդէն:
       Սեւ գետն ամբողջ Թիմարը յԱրեւելէն յԱրեւմուտ կը չափէ, սակայն շատ քիչ օգուտ կընծայէ այդ բազմակարօտ ժողովրդեան: Սոյն գետոյ ժլատ ընթացքին կարելի է այնպիսի ուղղութիւն մի տալ, որով բազմաթիւ արտօրէից ջուր չ’զլանայ. բայց ո՛չ ոք կայ եւ չիք ‘ի միջի , որ այս օրինակ աշխարհագրութեան վերայ մտածելոյ գլուխ հոգնեցնէ կամ նիւթ զոհէ:
       Վան-Տոսպ գաւառն կը պարունակէ 50 գիւղ, որոց բնակչաց ընդհանուր գումարն 22, 000 հոգիէն պակաս չէ միջին հաշուով, յորոց 17, 000 Հայ են եւ մնացեալ հինգ հազարն Տաճիկ, Քուրդ, Ասորի, Եզտի (Արեւապաշտ), Չէրքէզ եւ Գնչու են: Այս վեց տարազգիներէն վերջինքն համեմատաբար փոքրաթիւ են, յորս գնչուներն աստանդական են, իսկ մէկալներն նստական՝ որք կրնան զիրենք համակրելի ցոյց տալ Հայոց եւ Հայերն շատ հաւատարիմ եւ անկեղծապէս սիրող են իրենց ՏԻՐՈՋԸ:
       Երկրիս տգիտութիւնն այն աստիճան շօշափելի է, որ ժողովուրդ անզգայութեան դատապարտած է նոյն իսկ իւր ընտանեկան կամ տնական ամենաանձուկ շրջանակի մէջ, ո՛ւր գոնէ ազատ է ներմուծել ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ եւ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ:
       Այս ընդհանուր տեղեկութիւնք տալէս զկնի գաւառիս ամենակարեւոր տեղին, զՎան քաղաք մեզ կեդրոն բռնելով ուղեւորիմք իւրեան չորս կողմերը եւ տեղադրեմք, կարելի եղածին չափ, զկարեւորն, զօգտակարն եւ զզուարճալին, զորս բազմաչարչար ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ յաջողած եմք ուսումնասիրել եւ ոչ թէ նստած տեղ հանգիստ՝ հարց ու փորձ ընելով գործ յօրինել: