Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԴ. ԿԱՏԵՊԱՆՑ
       Արտամետի այգեստանի յԱրեւմտակողմն 3/4 ժամ հեռաւորութեամբ կայ Կատեպանց կոչուած գրեթէ ծովեզերեայ տեղի մը, ո՛ւր կը տեսնուի դարձեալ հին շէնքերու հին աւերակներ եւ նշմարելի բեկորք նուիրականք. աստ փոքրիկ անտառակի մը նման ծառոց մէջ տաղաւարիկ մի կայ, ո՛ւր կը բնակի Ս. Յովհաննէս, որում երբեմն կը գան յուխտ:
       Մեծահռչակ Շամիրամայ գետն ասկէ կանցանէ սիգաճեմ ընթացիւք այգիներու վրայէն, Հայոց բնակութեանց Արեւմտեան Հիւսիսային անմիջական ստորոտը պատելով` կերթայ ի Վան քաղաք: Սոյն ջրոյ առուակի երեսէն ‘ի յատակ նայողն խորունկութենէն կրնայ զարհուրիլ ու ետ քաշուիլ: Հսկայ գետոյս հսկայ առուներու աջ ու ձախ կողմերն հիանալի ամրութեամբ շարուած են քարերով եւ հաստատուած ամրապէս:
       Կատեպանց կոչուած տեղւոյն մերձ Շամիրամայ առուի երկու եզերքը կան երկու մեծամեծ եւ տաշուած քարեր, որոնց վերայ կը տեսնուին բեւեռագիր յիշատակագրեանք, որք գրուած են հաւանօրէն Շամիրամ թագուհւոյն օրովն եւ թերեւս նորա հրահանգովն: Տեղէս մէկ քարընկէց հեռու կայ ահագին լեռնակարկառ մի փորուած, զոր տեղացիք թահմիզի հէր կանուանեն: Այս քարի դուռն որովհետեւ քարի կողին վերայ բարձրէն բացուած է, բաւական դժուարութեամբ ներս կը մտնուի, նախ մուրճով յատկապէս փորուած սենեակ մը կը բացուի եւ հետզհետէ մի քանի սենեակներ իրարու մէջ փորուած: Աստ քիչ մը վարօք կը տեսնուի վիթխարի քարամբք շարուած տեղի մը, զոր կանուանեն ըզտատուն, որ ունի 2 կանգուն լայնութիւն, 21/2 բարձրութիւն եւ 15 կանգնոյ չափ երկայնութիւն, որոյ վրայէն կանցանէ Շամիրամայ գետն, զոր շատ անգամ կը կոչեն “Շամիրամ”:
       Թէ նախորդ քարափոր տանց եւ թէ ըզտատան վերաբերմամբ աւանդութիւն մը չ’կրցայ ձեռք բերել, որ միտքս կարենայ գոնէ փոքր ինչ գոհանալ եւ գոհացնել:
       ԱՐՏԱՄԵՏԻ կամ Արտամատի հին բարգաւաճ վիճակն եւ որմէ շինուած լինելը Թովմայ Արծրունին քաջ կը պատմէ, հետեւաբար աստ կրկնել աւելորդ է եւ մանաւանդ որ Թովմայ Արծրունիէն աւելի կենդանի, այլ անբառբառ վկայներն կը տեսնուին ամեն կողմն: Այգեստանեայց մէջ ընտիր եւ ոչ ընտիր բազմաթիւ քարերու կոյտեր կան, որք Տաճկաց 360 բնակութիւնք շինելէն յետոյ մէկ մարդաչափ բարձրութեամբ ցանկեր կազմած են, իբրեւ պարիսպ հարիւրաւոր այգիներու, որոց մէջ փորուած ատեն երբեմն կահ կարասիք կը գտնուին թէպէտեւ լինին փտտած, որով եւ անարժեք. նոյնպէս երկաթի եւ պղնձի կտորուանք: Ո՜վ Երկիր, վրադ անցքերով եւ տակդ գանձերով լի են:
       ***
       Տեղւոյս մերայնոց մէջ հետեւեալ աւանդութիւնն կը պատմուի “մեր ԱՐՏԱՄԵՏՈՒ թագաւոր (առանց անուն մը տալոյ) երեք եղբայր ունեցած է եւ իւրաքանչիւրն ունէր մէկ պալատ շինուած յիշեալ եռանկեան անկիւններուն վերայ, գաղտնի հեռագիրներ ունէին, եւ ի պահանջել հարկին, այդ թելերու միջոցաւ իրարու գաղտնի լուրեր կամ խորհուրդներ կը հաղորդէին”. իսկ ինձ գալով` կերեւի թէ այդ պալատներն (պալատներու տեաղիք) որ ծովահայեաց բարձր դիրք մը եւ հիանալի հորիզոն մի ունին թագաւորական արքունիք եղած լինին երբեմն` ըստ որում ԱՐՏԱՄԵՏՈՒ ամենէն լաւ տեղին լինելով հանդերձ համայն գիւղաքաղաքն տներովն եւ ընդարձակ ծառաստաններովը իւր տեսութեան տակն կիյնան:
       Գիւղաքաղաքս ունի գրեթէ մի ջրաղաց բանեցնելոյ չափ անուշահամ եւ արտասուքի նման լաւ ջուր մը, որ քարի տակէ կը բղխի եւ որմէ առ հասարակ թէ՛ Հայք եւ թէ՛ Մահմետականք կը գործածեն ու գիւղիս մերձ խմելոյ ջուրն այս է արդէն: Սոյն աղբիւրն տեղւոյս Արեւելակողման զարդն է, մանաւանդ Հայ բնակութեանց նկատմամբ, որոց առ երի կը գըտնուի: Աղբիւրն ճանապարհի ճիշտ այն կէտին վերայ է, ո՛ւր Հայոց եւ Տաճկաց թաղերն իրարմէ կը բաժնուին:
       Արտամետու Հայ ժողովուրդն երկրագործ եւ միանգամայն այգեգործ է. իսկ մահմետականաց գալով` նոքա քիչ թուով երկրագործ են, կապրին այգեաց պտուղներովն: Այգեաց մէջ 2-3 հատ հազիւ խաղողի են եւ մնացեալ 3-350 այգիներն, բացի խաղողէն, ամեն տեսակ պտուղներ յառաջ կը բերեն, յորս նշանաւոր եւ առատ խնձորն է, որ պտղաբերած տարին նաւերն ծովով, Հայ եւ Քուրդ գիւղացւոց հարիւրաւոր կարաւաններ ցամաքով կը տանին ու կը տանին եւ չեն կարող վերջ տալ: Վանայ այգեստանի պտուղներէն զատ ունի նաեւ փաշեկի եւ մեհրապիկ կոչուած տարբեր տանձեր: Կեռաս եւ բալ (ֆիշնէ) առատ են:
       Տեղւոյս խնձորի նման շատ առատ է նոյնպէս ընկոյզ, որոյ մէջ նշանաւոր է շարան անուանեալն, որ կը լինի հաւկթի մեծութեամբ, անօսր կեղեւով, այնպէս որ երբ ծառէն վար իյնայ երկուքի կը տապուի (կը բաժնուի) եւ զուտ ընկոյզն, ճենճի նման, դուրս կը գայ, զոր թելի վերայ անցունելով կը շարեն, որ յետոյ շարան անուն կը կրէ:
       Գիւղաքաղաքիս 120 տուն Հայերէն 80 հոգի պանդուխտ կը գտնուի ‘ի Պօլիս: Աստ անչափահաս ամուսնութիւնք երբեմն տեղի կունենան եւ իրենց մէջ նշանաւոր առակախօսներ ժամանակ առ ժամանակ կը տեսնուին, թէեւ չունենան Գողթան գաւառի գինին: Տեղւոյս մերայնոց դժբաղդութիւններէն մին է գիւղին ճանապարհի վերայ գտնուիլն: Աստ չ’կայ քիչ նիւթ գրելիք, բայց ի՞նչ ընեմ երբ գրիչս հաճութիւն չունի: Արտամետցիք վեհանձն ձիրքերէ զուրկ չեն: 1870 թուականին կազմած են իւրեանց մէջ միութիւն մը, զոր կ’անուանեն “Արշակունեան Ընկերութիւն”, որոյ բուն նպատակն է դպրոցի ապագայն նիւթապէս ապահովել, դասատուի վարձ հոգալ եւ դպրոցական պիտոյք մատակարարել. այժմ գոհ եմ ըսելոյ որ մեծապէս յաջողած են իրենց բարի նպատակի մէջ, ըստ որում ամեն ջանքերնին ‘ի գործ դնելով ‘ի Պօլիս գնած են մի խան, որ ամիս 5 ոսկի հաստատուն եկամուտ կը բերէ, մինչդեռ դպրոցի տարեկան ծախքն 25 ոսկիէն դեռ պակաս է եւ ընկերութիւնն տակաւին կանոնաւորապէս կը շարունակի: Արշակունեան ընկերութիւնն իւր գործունէութեամբ կարժէ օրինակելի լինիլ այն ընկերութեանց, որք միշտ գեղեցիկ խորհուրդներով կը յղանան, ծնանելով յաշխարհ կը գան, այնու ամենայնիւ տակաւին փոքր ժամանակ մը կեանք չ’վարած` կը մեռնին իւրեանց խանձարրոյ մէջ, ո՛ւր մարդկային ԷԱԿՆ խորհուրդներով լեցուի:
       ԱՐՏԱՄԵՏՈՒ վերջի մխիթարական կողմէն ընդունած ուրախ տպաւորութեամբ տեղէս մեկնիմք ‘ի Ս. Խաչ, որոյ վերայ գրեմք յաջորդ գլխով: