Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԲ. Քրդաց վերայ համառօտակի
       Քուրդ ցեղի ընտանեկան կեանքն քիչ կը տարբերի մեր գիւղական Հայոց ունեցածէն: Սոքա կը բաժնուին երկու գլխաւոր կարգի. Ա. աստանդական (վրանաբնակ): Բ. նստկան (հաստատուն բնակութիւն ունեցող): Առաջինքն հողին վերայ քրտինք թափել ո՛չ ‘ի հօրէ տեսած են եւ ո՛չ ‘ի մօրէ սորված. իրենք կենաց աշխատութեան վերայ նոր յաւելում մի ընել տակաւին չ’գիտեն, այսու ամենայնիւ երջանիկ ապրելոյ հնարքներուն քաջ ծանօթ են. իւրեանց գլխաւոր հարստութիւնքն կը կազմուին ոչխարներէ եւ ձիերէ, շատերն արդէն կը պահեն յատուկ նժոյգներ հեծնելոյ համար: Ընդհանրապէս ունին պետեր, որք թոռուն կ’անուանին, որ ազնուական գերդաստանէ սերեալ կը նշանակէ: Թոռուններուն հրամաններն անդառնալի են եւ վճիռնին վաղ կամ անագան միշտ գործադրելի: Իւրաքանչիւր թոռուն իւր հպատակ բոլոր վրանաբնակներն ‘ի միասին առած՝ Աշիրէթ կամ Հաշիրէթ կը կոչուի եւ իրարմէ կ’որոշուին տոհմական ու միանգամայն իրենց բնակած վայրերու անուանի տեղերէն ընդունած անուանց ներքեւ, յորոց մի քանի նշանաւոր ցեղեր աստ կը նշանակեմ, զորօրինակ Ճիպրանցի, Զիլանցի, Պլըգցի, Սիփըգցի, Չորեքցի եւ այլն:
       Վրանաբնակաց մէջ կը գտնուին նշանաւոր տաղանդի տէրեր, (ուղղակի արդիւնք իւրեանց ծծած օդի ներգործութեան), այլ խոպան եւ բոլորովին անմշակ մտօք, զի դաստիարակութիւնն, որով եւ քաղաքակրթութիւնն իրենցմէ տակաւին շատ հեռու է, հարստութիւն քաջասրտութեան չափ նշանակութիւն գրեթէ չունի սոցա մէջ, քաջասիրտն ամենէն պատուաւորն է, ում ամենքն կը հպատակին սիրով: Բ. Նստկան մասն կը պարապի երկրագործութեամբ, որ բոլորովին անզարգացեալ վիճակի մէջ կը գտնուի: Հայոցմէ աւելի մեծ քանակութեամբ ոչխար պահելոյ ապահովութիւն ունին, որպէս եւ բաւական քաղցր յարաբերութիւն մերայնոց հետ, երբ մի եւ նոյն գիւղին կը պատկանին: Իրենց ընտանիքներէն շատերն ունին նախշուն գորգ (քիլիմ) գործելոյ արհեստն, որով կընեն գլխաւոր առ եւ տուրնին:
       ***
       Քրդաց տարրէն, որպէս յիշեցի, շատ քիչեր Հայկական յատկանիշներէ զուրկ են եւ ոմանք եւս Հայոց կնքահայր կը լինին խաչ բռնելով կամ այլոց բռնել տալով, այսուհետեւ այդ քուրդն փեսայի տան քրիվան է եւ անոր պաշտպանն նեղ վայրկեաններու մէ:
       Սոքա կրօնական պարտականութեան մէջ շատ թերի են, մանաւանդ վրանաբնակներն, թէպէտեւ ունին կրօնական գլուխներ, որոնք շէխ կը կոչուին, որոց խօսքերը եւ խրատներն Աստուածային պատգամի չափ իւրեանց կը ներգործէ, կը վայելէն ամեն տեսակ յարգանք ու պատիւ: Քուրդերն ասոր նման թերի են նաեւ քաղաքական պարտականութիւն կատարելոյ մասին, այսինքն կառավարութեան տուրք տալուն մէջ, որ գիտես թէ ինքնուրոյն վիճակ մ’ունին. վասն զի իւրաքանչիւր Պետն Տէրութեան մասնաւոր տուրք մը կըտայ իւր հպատակաց կողմանէ եւ ապա ինքն անոնցմէ կընդունի:
       Այս ցեղն շատ վրէժառու է, այնպէս որ յորդոց յորդիս կը տեւէ, նոյն իսկ եղբայր եղբօր դէմ եւ վրէժն կը լուծուի միայն մահուամբ:
       Քրդաց մէջ պանդխտութիւնն ամենամեծ նախատինք համարուած է, ամեն ոք կապրի իւր ընտանեաց քով եւ գոհ իւր կացութենէն, եւ երբ իւրեանց կոխած տեղէն դժգոհութիւն մը զգան, բնաւ դժուարութիւն չունին փոխադրուիլ (կէօզ ընել) ուրիշ տեղ մը, որ հաճոյ լինի իրենց եւ անասնոցն: Ունին մի այլ սովորութիւն, այն է թէ երբէք առանձին ճամբորդութիւն չեն ըներ, կուզէ լինին ունեւոր, կուզէ լինին չունեւոր, գովելի է ընկերական այս համերաշխ զգացումնին, որով լաւ ըմբռնած են թէ ճանապարհորդաց համար ամեն ինչ յուսալի այդ ապառաժ երկրի մէջ, թէ միայնութիւնն մահ է իւրեանց համար եւ կեանք՝ երբ տեսնեն զայն այլոց վերայ: Մեր գիւղացւոց ճանապարհորդութեան կերպն գրեթէ միշտ միայնութեամբ է, ուրեմն թող ականջ խօսի այդ անտարբեր Հայ-մարդոց, որք, ըստ իս, իւրենց կեանքէն շատ քիչ դժգոհութիւն զգալոյ իրաւունք ունին. վասն զի իրենք արդէն կը հետեւին այնպիսի ուղղութեան մը, որ ամեն ազգաց մէջ հաւասարապէս կրնայ դատապարտելի համարուիլ:
       Ուստի խօսքս կը վերջացնեմ Եղիշէ Ս. հօր գրած հետեւեալ տողերովն թէ “զուգութիւն է մայր բարեաց եւ անզուգութիւն ծնող չարեաց” որոյ մէջ կը փափաքիմ ընդ միշտ տեսնել Ազգի եւ Կառավարութեան շահերն անբաժան:
       ԱՐԱԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆՔ
       ԱնկրճատԿրճատեալ
       Աբրահամ. Աբրօ
       Առաքել. Ռըկօ
       Աւետիս. Աւօ, Աւտէ կամ Աւտօ
       Գասպար. Գապօ, Գսպօ կամ Գսպէ
       Գրիգոր. Գորիկ, Գրկօ կամ Գորկո
       Դաւիթ. Դաւօ
       Զաքար. Զաքօ, Զքօ կամ Զքէ
       Թովմաս. Թումօ կամ Թումէ
       Կարապետ. Կարօ
       Համբարձում. Խամբօ կամ Խամբար
       Մաքսուտ. Մախսօ
       ՄարտիրոսՄարտօ, Մարտէ, կամ Մարտիկ
       Մելքոն. Մէլօ
       Միքայէլ. Մքէ, Մուքէ կամ Մուքօ
       Մխիթար. Մխօ
       ՄկրտիչՄկօ, Մկրէ կամ Մկըր
       Մնացական. Մնօ
       Մովսէս. Մոսո կամ Մուսա
       Յակոբ. Ակէս, Յակօ կամ Յակէ
       Յարութիւն. Յարօ կամ Յարթին
       Յովհաննէս. Յովօ կամ Յովէ
       Պաղտասար. Պղտօ, Պաղտօ կամ Պղտէ
       Պետրոս. Պիտօ կամ Պէտէ
       Սահակ. Սըհօ կամ Սախօ
       Սարգիս. Սրկօ կամ Սրկէ
       Սեդրակ. Սեդօ
       ԻԳԱԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆՔ
       ԵղիսաբեթԵղսօ
       Իւղաբեր. Օղիկ
       Հռիփսիմէ. Խուռիկ
       Մարիամ. Մարան կամ Մայրօ
       Նուպար. Նուպօ:
      
       ՎԵՐՋ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍԻ
       (ԱՒԱՐՏ)