Մարգարիտ արքայութեան երկնից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏԹԷՈՍ Ե. ՎԵՐԱՅ ԻՆՆ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՔ
      
       ԴԱՍ Ա. ԵՐԱՆԻ՛ ԱՂՔԱՏԱՑ ՀՈԳՒՈՎ
       Երկնախօս վարդապետն կը բանայ նոր Աւետարանի փրկութեան մատեան, կ՚սկսի մի առ մի աւանդել ինն Երանութեանց դասն։ Երանի կուտայ նախ հոգւով աղքատներուն, որոց համար եկէր էր ինքն Օծեալն Աստուծոյ. «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ էօծ իսկ զիս. » եւ այլն ։ Ո՞վ են հոգւով աղքատներն. նոքա են որ զօրհանապազ կը մարտնչին սատանայի ամբարտաւանութեանն դէմ. որոց սրտին բաւականութիւն միայն Աստուած է. աշխարհիս բովանդակ մեծութիւն հոգւով աղքատին սիրտ կարող չէ լեցնել. զի նորա սիրտ` ընչից փարթամութենէն իսպառ զատուած է։ Ի՞նչ նմանութիւն կայ Յիսուսի եւ աշխարհի տուած երանութեանց մէջ. աշխարհ երանի կուտայ բոլոր փարթամներուն, որ զօրութեամբ պերճանալով կ՚իշխեն հասարակ ամբոխին ու բազմութեան վրայ։ Յիսուսի երանին տարօրինակ է. նա երանի կուտայ նոցա միայն, որք աշխարհիս փարթամութեան տակ ճնշուած կը հեծեն եւ կը հարստահարին բազմադիմի զրկանքներով։ Յիսուս թող կուտայ աշխարհիս փարթամներուն բաժին, հոգւով աղքատներուն աւետիս կուտայ, թէ ձեր ժառանգութիւն երկնից արքայութիւնն է։ Աւետարանի երանութիւն` փարթամները չի զրկեր, այլ նոյն արքայութիւն կը խոստանայ եթէ արտաքին փարթամութեան մէջ հոգւով աղքատ լինին։ Աբրահամ` մեծահարուստ ստացուածոց մէջ հոգւով աղքատ էր. Յակովբ բազմավաստակ ընչից, բարգաւաճեալ որդւոց եւ թոռանց մէջ` հոգւով աղքատ էր. Յովսէփ` Եգիպտոսի փառաւոր իշխանութեան մէջ` հոգւով աղքատ էր. Մովսէս` Աստուածատուր բարձր իշխանութեան մէջ` հոգւով աղքատ էր. Դաւիթ` թագաւորական աթոռին վրայ հոգւով աղքատ էր, եւ կը խոստովանէր, «Աղքատ եւ ցաւած եմ ես, Աստուած, փրկութիւն քո ընկալցի զիս։» Հոգւով աղքատութիւն աշխարհիս աչքին արհամարհ կը թուի, այլ երկնից եւ Աստուծոյ առաջ` մեծարոյ եւ պատուական է։
      
       ԴԱՍ Բ.
       ԵՐԱՆԻ՛ ՍԳԱՒՈՐԱՑ
       Յիսուս երանի կուտայ աշխարհիս սգաւորաց. ո՞վ էին սգաւորներն. անաստուածութեան ստուերին տակ նստող աղքատներն էին. խաւարին իշխանութեան տակ կապուած գերիներն էին. աշխարհիս հրապարակին մէջ անարգուած խեղճերն էին. չաստուածոց տաճարներուն առաջ անմռունչ կռոց կենդանի զաւակներ զոհող դժբախտ մայրերն էին։ Յիսուսի փրկութիւն միայն սրբեց սոցա արտասուք ու մխիթարեց զիրենք. Եսային տեսաւ ու գուշակեց, «Տալ սգաւորաց Սիոնի փառս, փոխանակ մոխրոյն օծումն ուրախութեան։» Ոչ միայն Երուսաղէմին կամ մոխրոյն վրայ նստող Սիոնին որդիք այս երանութեան հաղորդ եղան, այլ իսկապէս ժառանգեց այս երանութիւն հեթանոսական տաճարներուն զոհագործող մոխրաշունչ ժողովուրդ։ Սիրտ առէք, մի՛ վհատիք, ո՛վ` որ կը սգայք իւրաքանչիւր ձեր արդի մեծամեծ աղէտներու մէջ. համբերեցէք մինչեւ իսպառ. սուգ չի տիրեր յաւիտեան, կ՚անցնի մի վայրկենի մէջ. ձեր տրտմութիւն յաւէրժ ուրախութեան կը փոխուի։
      
       ԴԱՍ Գ.
       ԵՐԱՆԻ՛ ՀԵԶՈՑ
      
       Յիսուս երանի կուտայ հեզոց. ո՛վ են այս հեզերն. զորս Աստուած ի մարտ կը հանէ աշխարհիս բարկութեան դէմ. ջրհեղեղի դարուն ամբարտաւան հսկայից դէմ` Նոյ արդար նահապետ. անաստուած ազգաց դէմ` աստուածապաշտն Աբրահամ. սպառնացող Եսաւին դէմ` հեզն Յակովբ, նախանձոտ եղբարց դէմ` փոքրիկն Յովսէփ. Փարաւօնին դէմ` Մովսէս. Սաւուղին դէմ` Դաւիթ. աշխարհիս իշխանին դէմ` իւր միածին Յիսուս. բարբարոս բռնաւորութեանց դէմ` Յիսուսի աշակերտներն։
       Հեզութիւն Աւետարանի որդւոց զէնքն է. նովաւ տիրեցին աշխարհիս. հեզութիւն երկինք եւ երկիր միանգամայն ժառանգեց. բարկութեան որդիքներն իբրեւ հուր շիջան հեզութեան ջուրին առաջ. Քրիստոնէական վարուց հեզութիւն յաղթանակեց աշխարհիս բոլոր դիմադրող բարկութեանց, ամէն խստութիւն նորա առաջ իւր բնութիւն փոխեց. առիւծն զգօնացաւ` եզին հետ սէր կապեց, գայլն` գառն դարձաւ` հօտին հետ ճարակեց։ Այսպէս թագաւորեցին Աւետարանի հեզ որդիք զոր Դաւիթ նկատեց հոգւով. «Այլ որ հեզքն են, նոքա ժառանգեսցեն զերկիր»։
      
       ԴԱՍ Դ.
       ԵՐԱՆԻ՛ ՈՐ ՔԱՂՑԵԱԼ ԵՒ ԾԱՐԱՒԻ ԻՑԵՆ ՎԱՍՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ
       Յիսուս երանի կուտայ նոցա, որ արդարութեան դէմ քաղցած ու ծարաւի են. ո՛վ են սոքա. Աբրահամու հարազատ որդիք, եւ ակնկալող ժողովուրդ հեթանոսաց։ Ադամէն մինչեւ ի Փրկիչ վեց հազար տարուան միջոց, նոյն Ադամայ ապերջանիկ սերունդ անաստուածութեան մէջ սովալլուկ եղած` երկնից արդարութեան կ՚սպասէին։ Արդարութիւն երկնից յանկարծ իջավ Հրէաստանի դաշտին մէջ եւ այս խօսք Աւետարանեց, «Ես եմ հացն կենդանի իջեալ յերկնից». Դաւիթ եւ Եսայի միաձայն աւետիս տալով քաղցեալ ժողովրդոց կը հրաւիրեն զիրենք ի նոյն արդարութեան սեղան. «Ճաշակեցէք եւ տեսէք զի քաղցր է Տէր, երանեալ է այր որ յուսայ ի նա Որ ծարաւի իցէք երթայք ի ջուրն այն, կամ կշտապինդ վայելեցէք զգալստենէ դորա։»
       Խաչին հանդէս Յիսուսի արդարութեան լրումն է. ուր տեղ եզն զենեց, գինին խառնեց, հրաւիրակներն ղրկեց` անզգամներն կանչեց. եկէ՛ք, ո՛վ ազգ մարդկան, կերէք այս հաց, խմեցէք ուրախութեամբ այս գինին, զոր պատրաստեցի ձեզ. այսուհետեւ ի բաց թողէք կռամոլութեան անզգամութիւն, զիս խնդրեցէք, որ Աստուծոյ իմաստութիւն եւ արդարութիւն եմ. զիս ճաշակեցէք, որ այլ եւս չանօթենաք. զիս խմեցէք, որ այլ եւս չի ծարաւիք։
      
       ԴԱՍ Ե.
ԵՐԱՆԻ՛ ՈՂՈՐՄԱԾԱՑ
       Յիսուս երանի կուտայ ողորմածաց ու կը վճռէ թէ միայն ողորմածներն կարժանանան փոխադվարձ ողորմութիւն գտնելու։ Երկնից Հօր մեծագորով Որդին գթութեան օրէնք կը հաստատէ իւր եղբարց մէջ, անգթութիւն կը բառնայ աշխարհիս մեծատանց սրտէն, կը կարճէ զրկանք եւ յափշտակութիւն մաքսաւորի ձեռքէն, աշխարհիս փշրանաց կարօտ Ղազարոսներն նոյն սեղանին վրայ բազմելով` մեծատանց հետ հաւասարապէս կը ճաշակեն. փողոցի մուրացիկ աղքատներն Աշոտ ողորմածին պալատ հրաւիրելով նորա հետ սեղանակից կը բազմին® հոգւով աղքատն` մարմնով աղքատներուն հետ ուրախութեան բաժակներ կը խմէ. աշխարհիս հպարտներն կը մեղադրեն զինքն, ոգ չէ. Աշոտին անուն մատենագիրք Ողորմած կը դրոշմեն։
       Աւետարանին գթութեան ձեռք գերիներուն շղթաներն կը քակէ, պարտատեարց մուրհակներն կը պատառէ, մերկերուն հանդերձ կուտայ, օտարները ի տուն կը ժողովէ, կարօտելոց հաց կը կարկառէ, ծարաւելոց ջուր. մէկ խօսքով` ամէն խնդրողին կուտայ, ամէն լացողին արտասուք կը սրբէ. այս գթութեան օրէնք` սիրոյ աղբիւրին վտակն է, որ կը բղխի Աւետարանի ակնէն։
       Այս երանին ձեզ համար չէ ուրեմն, ո՛վ աշխարհիս անգութ եւ քարասիրտ փարթամներ. դուք որ միայն Քիստոնեայ անուն կը կրէք, դուք որ մամոնայն եւ փառք առաւել կը պաշտէք. բաւական էր թէ միայն չողորմէիք տնանկին. այլ եւ անխնայ կը կռփէք զանաւագն ու կը հարստահարէք զտնանկն. երկնից արդարութիւն զձեզ յաւուր չարի չպիտի վփրկէ, որովհետեւ դուք ձեր մեծութեան կը յուսայք եւ աղքատին համար բնաւ չէք խորհիր։ Ո՛վ, աշխարհիս հրապարակներու մէջ մեծատանց դռներուն առաջ դեգերող աղքատներ, տրտունջ մի՛ հանէք, համբերեցէք սիրով. ձեր տեղն Աբրահամու գոգն է, իսկ անողորմիցն ի դժոխս։ Դուք ի նոցանէ այսօր հաց կը խնդրէք. օր մի պիտի գայ, յորում նոքա սաստիկ ծարաւէն պապակելով ձեզմէ կաթիլ մի ջուր պիտի խնդրեն, այն ինչ դուք դրախտին գետերով կը զովանաք զուարթ զուարթ։
      
       ԴԱՍ Զ.
ԵՐԱՆԻ՛ ԱՅՆՈՑԻԿ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՆ ՍՐՏԻՒՔ
       Յիսուս երանի կուտայ նոցա, որ սրտով սուրբ են. նոաք միայն կարող են զԱստուած տեսնել։ Աւետարանի ճշմարտութիւն սրտի կրօն է, մարմնոյ կրօն չէ. սրտի սրբութիւն առաւել կը պահանջէ իւր հաւատացեալ որդիքներէն. ի բաց կը մերժէ փարիսեցական մաքրութիւններն, երբ սիրտ զառածեալ է անմաքրութեամբ. այսինքն երբ Աստուծոյ եւ ընկերին սէր չունի սրտին մէջ, երբ սիրոյ տեղ` հեռ եւ նախանձ կը կրէ, երբ պարզութեան տեղ` նենգութիւն եւ միամտութեան տեղ` խորամանկութիւն, երբ բարութեան տեղ ` միշտ չարութեան խորհուրդ կը յղանայ։ Այսպիսի նենգժոտ սիրտեր երբէք ընդունարան չեն Աւետարանի սուրբ կրօնին. ո՞ւր պիտի օթեւանին Յիսուս եւ իւր Հայր, եթէ սիրտն սրբութեամբ պատրաստուած չէ։ Մարդոյն սիրտն է միայն չարութեան եւ բարութեան անօթ. զոր պէտք է սրբենք` չարաչար կրից ժանգոտութենէն։ Մարդ կարող չէ իւր սիրտ թագուցանել. վասն չի սիրտն աղբիւրին ներքին ակն է, յորմէ դառն կամ քաղցր միշտ կը բղխին դէպ ի դուրս։ Թէ փափագիս ուրեմն զԱստուած տեսնալ, ո՛վ Քրիստոնեայ, սրտիդ բժժոտ աչք սրբէ եւ Դաւթին բերանով պաղատէ առ Աստուած. « Սիրտ սուրբ հաստատեա յիս, Աստուած, եւ հոգի ուղիղ նորոգեա ի փորի իմում։»
      
       ԴԱՍ Է.
ԵՐԱՆԻ՛ ԽԱՂԱՂԱՐԱՐԱՑ
       Յիսուս երանի կուտայ խաղաղարար մարդոց, որք Աստուծոյ Որդիք պիտի կոչուին։ Աւետարանն է միայն խռովեալ աշխարհիս խաղաղութեան դաշնագիր, զոր խաչին եւ նո՞ր ուխտին արիւնով կը կնքէ Յիսուս ու կը քարոզէ հանուր տտտտտտտտտիեզերաց։ Մինչդեռ աշխարհիս տիրապատող բռնութիւններն անդադար մարտ կը մղէին, երկնից թագաւորութիւն յԵրուսաղէմէն սկսեալ հաշտութիւն կը քարոզէ։ Յիսուս եւ իւր Աւետարանն են միայն հօր Աստուծոյ կողմէն խաղաղութեան պատգամաւորք։ Մովսէս երկու Եբրայեցի եղբարց մէջ մտնելով ի հաշտութիւն կը համոզէ զիրենք. «Արք եղբարք էք, ընդէ՞ր զրկէք զմիմեանս. » Յիսուս գողգոթայի գլուխ խաչի բարձր բեմին վրայ կեցած, ընդհանուր աշխարհիս բոլոր այլակրօն ազգաց խաղաղութիւն կ՚աւետարանէ։ Խաղաղութիւն Հրէին եւ Հեթանոսին մէջ, խաղաղութիւն Հայուն եւ Յոյնին մէջ, խաղաղութիւն խուժադուժ ազգերու մէջ, խաղաղութիւն եզին եւ առիւծուն, գառին եւ գայլին մէջ, խաղաղութիւն երկնից եւ երկրի մէջ, հրեշտակաց ու մարդիկներու մէջ։ Այս խաղաղութիւն աշխարհս կարող չէր տալ. ոչ Աղէքսանդր, ոչ Կեսար, ոչ Օգոստոս, ոչ Կիւրոս. Քրիստոս տուաւ միայն. ուստի Հօր Աստուծոյ արդարութեան առաջ Ինքն է միայն ճշմարիտ որդիութեան ու երանութեան ժառանգորդ։ Ո՛վ եկեղեցւոյ հարազատ որդիք, մեր անդրանիկ եղբօր Յիսուսի խաղաղարար օրինակին հետեւելով` նախ նորա եւ իւր խաչի սիրոյն համար հաշտուինք իրարու հետ, ինչպէս կը յորդորէ սուրբն Պօղոս. եւ ապա իբրեւ խաղարարար միջնորդ` խռովեալ եւ անջատեալ եղբարք կապենք իրարու հետ. այս առաքինութեամբ միայն կարող ենք Հօր Աստուծոյ արժանաւոր որդիք կոչուիլ։ Խաղաղարարն` Աստուծոյ որդի է. ո՞ւմ որդի է այն, որ կը խռովեցուցանէ, որ կը գռգռէ, որ եղբարց մէջ փոխանակ սիրոյ ատելութիւն կը սերմանէ, որ ընտանիքներ կը բաժանէ, որ մարդկային միութեան կապեր կը քակէ, որ Քրիստոսի եկեղեցւոյ յօդակապ մարմին մասն մասն կը կտրատէ. յայտ իսկ է թէ այսպիսի խաւարագործ մշակ լուսոյ Հօր որդի չէ, այլ խաւարին հօր։
      
       ԴԱՍ Ը.
ԵՐԱՆԻ՛ ՈՐ ՀԱԼԱԾԵԱԼ ԻՑԵՆ ՎԱՍՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ
       Յիսուս երանի կուտայ նոցա, որ արդարութեան համար կը հալածուին։ Արդարութիւն նոյն ինքն էր, որ յերկնից երեւեցաւ. արդարութիւն լոյս էր, խաւարը տեսաւ զինքն եւ սկսեց հալածել. Հերովդէս հալածեց մինչեւ յԵգիպտոս, դպիրք ու փարիսեցիք հալածեցին մինչեւ ի Գողգոթայի գլուխ։ Խաչին վերայ մեռնող Աստուծոյ արդարութեան համար հալածուեցան Աւետարանի ճշմարտութեան բոլոր քարոզիչներն. եւ այն ինչ հալածանք կարող չէր կարճել նոցա ազատ լեզուն, մահուամբ երկրէս բառնալ կուզէին արդարութեան կենդանի վկաներն։ Անթիւ որդիք եկեղեցւոյ, Տիրոջ նման անմռունչ ոչխարի պէս աշխարհիս անզգամներէն ի սպանդ վարեցան։ Այո՛, եկեղեցւոյ կեանք` հալածանք է, իւր որդւոց երջանկութիւն` չարչարանք։ Խաչակիր սուրբն Պօղոս էլ այսպէս կուսուցանէ. « Որ կամիցին աստուածպաշտութեամբ կեալ ի Քրիստոս Յիսուս` ի հալածանս կայցեն։»
      
       ԴԱՍ Թ.
      
       ԵՐԱՆԻ՛ Է ՁԵԶ ՅՈՐԺԱՄ ՆԱԽԱՏԻՑԵՆ ԶՁԵԶ
      
       Յիսուս իններորդ Երանին կուղղէ առ իւր աշակերտս, որք հանդերձեալ էին նախնի մարգարէից նման, մանաւանդ Յիսուս վարդապետին պէս դէպ ի Գողգոթայի ճանապարհ երթալ, որոց համար նոյն խաչին ծանրագոյն վիշտ պատրաստ կար, կամակար սիրով տանել այն ամեն նախատանաց, զոր թէ ընտանի Իսրայէլի ազգէն եւ թէ կռապարիշտ հեթանոսներէն անձնուիրաբար կրել յանձնառու էին։ Ոչ աղաղակել, ոչ վիճել, ոչ եւս տրտունջ բառնալ, Տիրոջ հեզութեան նմանելով. թող սպանեն զձեզ, թող թափի ձեր արիւն ի գետին, ձեր արեան երաշխաւորն ես եմ, կըսէ Յիսուս, կաթիլ մի չի կորսուիր. Արդար Աբէլի օրէն մինչեւ ի Զաքարիա` Աստուծոյ սիրելեաց ճանապարհ արիւնով բացուած է։ Ձեզմէ յառաջ մարգարէներն նոյն շաւղով գնացին. ահաւասիկ եւ ես կ՚երթամ, օ՛ն եւ դուք աշակերտք իմ, ետեւէս եկէք։
      
       ԴԱՍ Ժ.
       ԴՈՒՔ ԷՔ ԱՂ ԵՐԿՐԻ
      
       Մարդկային կեանք Ադամէն մինչեւ ՚ի Քրիստոս փտտեր էր բոլորովին հնութեան եւ ապականութեան մէջ. հոգին անկրօնութեամբ վարակեր էր, մարմին հիւծական ախտով. ամէն անդամներով գլխէն մինչեւ ոտք չարաչար վէրքերով լեցուած` անխնամ թողուած էր աշխարհիս աղբիւսին վրայ. ոչ տէր ունէր, ոչ օգնական, ոչ բժիշկ, ոչ այցելու։ Վասն այսորիկ Դաւիթ, բոլոր մարդկութեան բերնէն, աղաղակ կը բառնայ իւր անձին ցաւոց համար. «Նեխեցան եւ փտեցան վէրք իմ յերեսաց անզգամութեան իմոյ»։
       Քրիստոս իբրեւ իմաստուն բժիշկ` այս կեանք վերանորոգելու համար եկաւ, որ ահա իւր աշակերտներն իբրեւ աղ կը ցանէ բոլոր աշխարհիս ապականեալ մարդկութեան վրայ. որոց կը պատուիրէ ճանչնալ իրենց կոչումն առաքելական պաշտօնին մէջ, միշտ առնելով ուսուցանել քան թէ սոսկ բանիւ, անհամ չի դառնալ կամ հեղգութեան մէջ կամ տգիտութեան մէջ կամ անբարոյ ընթացից մէջ։ Եթէ անհամ լինիք, ասէ, այնուհետեւ դուք պիտանի չէք եկեղեցւոյն. դուք յայնժամ ինքնին անարգուելով կոխան կը լինիք ոտից, եւ իսպառ կը կորսուի ձեր աղին ազդեցութիւն։
      
       ԴԱՍ ԺԱ.
      
       ԴՈՒՔ ԷՔ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ
      
       Յիսուս իւր սեպհական անուն կը կնքէ իւր աշակերտաց վրայ. զի ինքն իսկ էր լոյս աշխարհի։
       «Ես լոյս յաշխարհ եկի»։ Այս լուսաբեր արեւ Հրէաստանի հորիզոնէն ծագելով զԱռաքեալս իբրեւ լուսոյ ճառագայթներ կը սփռէ հանուր աշխարհի վրայ։ Գնացէք, կ՚ըսէ, փարատեցէք հեթանոսութեան խաւարն. դուք երբ աշխարհի լոյսն էք, երբէք կարելի չէ որ ծածկուիք. բարձր լերան վրայ շինուած քաղաք չի թաքչիր։ ԵՍ զձեզ իբրեւ ճրագ վառելով` կը դնեմ Աւետարանի քարոզութեան բարձրագոյն աշտանակին վրայ, դուք պիտի լուսաւորէք բոլոր աշխարհիս տուն։ Զգոյշ եղիք, որ կեղծաւոր դպրաց ու փարիսեցւոց պէս ձեր ճրագի լոյս` կուրութեան գրուանին տակ չի թագուցանէք։ Առանց զձեզ նախ լուսաւորելու, դուք կարող չէք ուրիշներ լուսաւորել։ Ձեր առաջնորդութիւն Մովսիսի առաջնորդութենէն մեծ է. նա միայն Հրէական ազգին էր, դուք բոլոր Հեթանոսաց. նորա բանակին առաջ լուսեղէն ամպ կ՚ ընթանար, իսկ ձեր լոյս ձեր անձէն պիտի արտափայլի։ Ի՞նչ է այս լոյս. վարուց ուղղութիւն, անարատ կեանք, սէր` ատելութեան դէմ, համբերութիւն` հալածանաց դէմ, ներողութիւն` յանցաւորաց դէմ, հեզութիւն` բարկութեան դէմ, խոնարհութիւն` ամբարտաւանութեան դէմ, զրկանք` անիրաւութեան դէմ, խաղաղութիւն` հակառակութեան դէմ. ՚ի վերջոյ, բոլորովին լոյս` խաւարին դէմ, պարանոց`սուրին դէմ, մարմին` կտտանաց դէմ, կեանք` մահուան դէմ։
       Այս է, ահա ձեր առաքելութեան լուսաւոոր վարք, զոր պէտք է տեսնէ աշխարհ ու փառաւորէ ձեր Հայրը, որ երկինքն է։
       Ողբալ պէտք է այս տեղ, ո՛վ պաշտոնակից եղբարք. Քրիստոս զմեզ լոյս կ՚անուանէ, մեք տգիտութեամբ խաւար դարձանք. իբրեւ լոյս եւ ճրագ` Տէրը որոշեց զմեզ ուրիշներ լուսաւորելու, մեք մեր աղօտ լուսով նոյն իսկ մեր անձն լուսաւորելու բաւական չեմք։ Քրիստոս զմեզ աղ կը կոչէ, մսեք մեր ընդաբոյս եւ եկամուտ անհամութեամբ անպիտան համարուեցանք. չունիմք իրաւունք բողոքել` թէ ժողովուրդն յանգնութեամբ ոտից կոխան առնելով` կ՚ անպատուէ զմեզ հրապարակներու մէջ. այլ պէտք է ուշաբերելով մտաբերենք եւ մեզէն ինքնադատ լինելով վճռենք այս դատաստան, թէ մեր անպատուութիւն` մեր տգիտութեան երեսէն է։
      
       ԴԱՍ ԺԲ.
      
       Մի՛ ՀԱՄԱՐԻՔ ԵԹԷ ԵԿԻ ԼՈՒԾԱՆԵԼ ԶՕՐԷՆՍ
      
       Յիսուս իւր աշակերտաց առաքելութեան դասերն աւարտելէն զկնի` կ՚սկսի նոր պատուիրանաց դաս, որով հին օրինաց թերութիւն կը լեցնէ։ Թերեւս կարծիք ունէին Հրէայք եւ օրինաց դպիրք, թէ Քրիստոս եկեր է հին օրինաց կապեր իսպառ քակելու։ Ուստի կ՚ըսէ. «Մի՛ համարիք եթէ եկի լուծանել զօրէնս եւ զմարգարէս, » եւ այլն։ Նոյն օրէնսդիրն Աստուած, մինչ երբեմն Մովսիսին ձեռքով օրէնքներ կուտար, ինքնին յաշխարհ գալով` հին օրինաց արմատին վրայ նոր Աւետարանին ազատ օրինաց ճիւղեր կը պատուաստէ։ Արմատ չի խլեր, այլ առաւել եւս կ՚ամրապնդէ Աստուածադիր օրինաց ցանկ, զոր մարդոյն ձեռք երբէք կարող չէ խրամատել զայն. մինչեւ անցնին երկինք եւ երկիր` օրինաց կամ մարգարէից տառերէն նշանախեց մի չպիտի եղծուի։ Ով որ համարձակի այս պատուիրաններէն փոքրիկ կարծուած պատուէր մի լուծել զանցառութեամբ եւ այնպէս ուսուցանել, այնպիսին երկնից արքայութեան մէջ փոքր եւ աննշան կը համարուի. նա իւր տիրոջ առաջ ազնիւ ծառայ չէ, այլ անհաւատարիմ եւ հեղգամիտ մշակ, որ աւանդեալ օրինաց տաղանդ ամբողջապէս չի գործադրեր։ Այո՛, մեծ կը գրեմ, ձեր անուն երկնից արքայութեան մէջ, եթէ Աւետարանի պատուէրներն կատարելապէս ուսուցանէք։ Եւ ահաւասիկ այս տեղ այժմէն իսկ ձեզ բացախօսութեամբ կ՚իմացնեմ. եթէ ձեր արդարութիւն դպրաց ու փարիսեցւոց կեղծեալ արդարութենէն չի գերազանցի ճշմարտութեամբ` դուք կարող չէք երկնից արքայութիւն մտնել։ Նոքա Աստուծոյ անխառն սուրբ օրինա հետ` ծերոց աւանդութիւն խառնելով կ՚ուսուցանեն. դուք պարտիք զայն ամենայն ճշմարտութեամբ հաւատարմապէս ուսուցանել, ոչ յաւելուլ, ոչ հատանել։
      
       ԴԱՍ ԺԳ.
      
       ՈՐ ԲԱՐԿԱՆԱՅ ԵՂԲՕՐ ԻՒՐՈՒՄ ՏԱՐԱՊԱՐՏՈՒՑ.
      
       Յիսուս իւր Աւետարանի տապարով չարութիւն արմատէն կը կտրէ. Մովսէս կը պատուիրէ չսպանանել, Յիսուս գեհենի կրակին պարտաւոր կը դատի զայն, որ ՚ի զուր տեղ իւր եղբօր վրայ կը բարկանայ. ձեռք յայնժամ կ՚սպանանէ, երբ մարդոյն սիրտ կը զայրանայ լի ցասմամբ։ Այս նոր պատուիրան կ՚սպառնայ չի բարկանալ, որպէս զի ձեռք կարճի սպանութենէն եւ սուր պատենէն չի հանէ։
       Գեթսեմանի ձորին մէջ այն ինչ Պետրոս, վարդապետին սիրով եւ միանգամայն վրէժխնդրութեան ոգւով վառուած, սուրը պատենէն հանեց եւ զարկաւ զինուորին ականջը կտրեց. հեզ Յիսուս սաստեց զինքն, ո՞ր սուրն ՚ ի պատեան դնէ։ Բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան ոգին կրակ է եւ ներքուստ կը տանջէ զմարդ, սորա համար Յիսուս վարդապետն սորվեցուց մեզ իւր հեզութեան դասն. «Ուսարուք յինէն զի հեզ եմ եւ խոնարհ սրտիւ եւ գտջիք հանգիստ անձանց ձերոց». որով յայտնի կը պատուիրէ, որ Աւետարանի հեզ որդիքները բարկութեան սուրն ՚ի պատեան դնեն. ցածուն, ներողամիտ եւ խաղաղասէր լինին. որպէս զի Քրիստոնէական ճշմարիտ ընկերսիրութեան պարտիքը լիովին կատարեն։
      
       ԴԱՍ ԺԴ.
      
       ԹՈՂ ԶՊԱՏԱՐԱԳՆ Ի ՎԵՐԱՅ ՍԵՂԱՆՈՅՆ
      
       Յիսուս այնչափ կը մեծարէ սիրոյ եւ հաշտութեան օրէնք, մինչեւ թողուլ կը պատուիրէ սեղանին պատարագ եւ նուէր, երթալ նախ հաշտութիւն եւ սէր կապել այն եղբօր հետ, որ խէթ ինչ կամ կասկած ունի իւր մտքին մէջ` թէ՛ իրաւ թէ անիրաւ, կարծելով թէ եղբայր զրկեր է զինքն կամ ո՛ եւ իցէ պատճառաւ մի վիրաւորեր է նորա սիրտ։ Ուստի Աւետարանին սիրոյ օրէնք պարտաւոր կը կացուցանէ զմեզ, եթէ զրկեր ենք եղբայր` վճարենք նորաե փոխադարձ. իսկ եթէ ոչ` փարատենք իւր կասկած® խօսելով, հհամոզելով դարձեալ շինել ու կցել զինքն ՚ի սէր եղբայրութեան։ Եթէ այսպէս, զուր կ՚ աշխատիս ուրեմն սեղանին առաջ երթալ եւ զԱստուած ՚ի հաշտութիւն ողոքել պատարագով, եթէ չի հոգաս նախ խռոված եղբօրդ հետ հաշտուիլ։
       Առանց այս պայմանին ոչ խունկ, ոչ մոմ, ոչ նուէրք, ոչ պատարագ, ոչ աղօթք, ընդունելի չեն Աստուծոյ առաջ։
      
       ԴԱՍ ԺԵ.
      
       ԼԵՐ ԻՐԱՒԱԽՈՀ ԸՆԴ ՈՍՈԽԻ ՔՈՒՄ
      
       Յիսուս, որ հանդերձեալ աշխարհին ահեղ դատաւորն է, որչա՞փ խնամով կ՚ուսուցանէ, մինչդեռ կենցաղոյս ճանապարհին վրայ կամք, մեր ոսոխ ընկերին հետ իրաւախոհ լինիմք։ Ներողութեան օրէնսդիրն չուզէր երբէք, որ երկու եղբարց անհաշտ մնալով` դատը արդարութեան ատենին մնայ. վասն զի երկուքէն որ մէկ դատապարտուի` նորա համար կ՚ աղէկիզի երկնաւոր Հօր սիրտ, քանզի իւր որդին է եւ Յիսուսին եղբայր։ « Ահ մեծ է անկանիլ ՚ի ձեռս Աստուծոյ» կ՚ըսէ սուրբն Պօղոս. հանդերձեալ դատաւորին ատեան` արդարութեան սուր մի է, Սողոմօնի դատաստանին պէս իսկոյն մէջտեղէն կը կտրէ երախայն. մարդկային ատեան կ՚ողոքի կաշառով, երկնից ատեան` ոչ երբէք. վասն զի «Արդար է Տէր եւ զարդարութիւն սիրէ, եւ զուղղութիւն տեսանեն երեսք նորա»։
      
       ԴԱՍ ԺԶ.
      
       ՈՐ ՀԱՅԻ Ի ԿԻՆ ՄԱՐԴ ԱՌ Ի ՑԱՆԿԱՆԱԼՈՅ
      
       Մովսիսական օրէնք` շնութիւն կը համարի յայնժամ միայն, երբ մարդ իրօք կը շնանայ. Յիսուսին գերազանց օրէնք նոյն շնութեան արմատ սրտէն կը կտրէ. ուստի կ՚ ըսէ. Ով որ ցանկանալու համար ՚ի կին մարդ հայի, նա իւր սրտին մէջ կը շնանայ չարութեան խորհրդով։ Այո՛, որչա՞փ մեծ է Աւետարանին այս զգուշութեան պատուէր։ Աչք` սրտին կարապետն է, որ կ՚ զբօսնու միշտ աշխարհիս առարկայից վրայ բնական հակամիտութեամբ եւ մարդոյս զգայարանաց մէջ ամենէն դիւրազգացն է։ Սրտի ցանկութիւն միշտ մոխրին տակ թաղուած գաղտնի հուր մի է. աչաց հայեցուածքն է, որ զայն կը վառէ եւ կը բորբոքէ ՚ ի վատթարն։ Ճշմարիտ է այս. Սուրբ Գիրք բազմադիմի օրինակներ կը հանէ մեր առաջ։ Դրախտի ծառն, որ գեղեցիկ էր եւ հաճոյ աչաց հայելոյ` զնախահայրն մեր հրապուրեց ՚ ի պատուիրանա զանցութիւն։ Սեթայ ցեղի Աստուծոյ որդիքներն` Կայենի դստերք տեսնալով չժուժեցին, այլ ՚ ի նոցանէ ամուսին ընտրելով` Աստուծոյ որդիքներն մոլորեցան որդւոց մարդկան հետ, մինչեւ համաշխարհական ջրհեղեղ ողողեց զիրենք առ հասարակ ՚ ի կորուստ։ Դաւիթ մինչդեռ իւր պալատի տանիքին վրայ կը ճեմէր` աչքին զբօսանք դարձաւ ՚ի ԲԵրսաբէն. յորմէ հետեւեցաւ կատարեալ շնութիւն եւ անտի ձեռնարկեց այն ահեղ ոճրագործութեան, որուն համար զօրհանապազ լալով իւր մահիճ կը թրջէր։ Կը թողում յաստ Յակովբին դուստր Դինա, Յոսէփ գեղեցիկ, Յուդիթ եւ Շուշան, որք առհասարակ աչքին թակարդով բռնուեցան։ Ո՞վ կարող է աչքի գայթակղութենէն ազատ մնալ. նա միայն, որ Աստուծոյ երկիւղ, Յիսուսի սէր, խաչին երախտիք յաճախ կրելով սրտին մէջ` միշտ յաղօթս կ՚ապաստանի. « Դիր, Տէր, պահապան բերանոյ իմոյ եւ դուռն ամուր շրթանց իմոց. զի մի՛ խոտորեսցի սիրտ իմ բանիւ չարութեան»։ « Տէր զբօսանս աչաց մի՛ տար ինձ եւ զցանկութիւն դարձո՛ յինէն»։
      
       ԴԱՍ ԺԷ.
      
       ԵԹԷ ԱԿՆ ՔՈ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԱՆԷ ԶՔԵԶ
      
       Յիսուս այնչափ մեծ ու կարեւոր կը դատի մեր սրտէն արմատովի խլել ցանկութեան կիրք, մինչեւ բացարձակ հրաման կ՚ընէ, ՚ի բաց կտրել մեր մարմնոյ այն պիտանի անդամներն, որ մեր սրտին ու հոգւոյն գայթակղութեան առիթ կը լինին, այսինքն հանել լուսատու աչք ու կտրել գործակատար ձեռք. բարի ու լաւ է անաչք եւ անձեռն մնալ, քան թէ ամբողջ մարմնով գեհենի կրակին մատնուիլ։ Հոգւոյն կեանք ու բարեմասնութիւններն ամբողջ պահելու համար` մարմնոյ հեշտութեան զգայարանքներն զոհել կ՚ուսուցանէ Աւետարան. զի հոգի առաւել է քան զմարմին։ Թող այս, եթէ աչքդ զարնուած է մի բանի որուն, հակամիտեալ ես մոլեկան կիրքերուդ բուռն յօժարութեամբ, թող զայն, կտրէ, հեռացուր քեզմէ, երբ գայթակղութեան առիթ է քեզ։ Աշխարհիս ճանապարհի մէջ այս դարանակալ օձի որոգայթէն փախչիլ մեծ արիութիւն է։ Յովսէփ մինչդեռ մօտ էր եւ բռնուած, թող տուաւ իւր հանդերձ, փախաւ ազատեցաւ, մարմին մատնեց բանտին եւ շղթային, հոգին ազատ մնաց վավաշ կնոջ հրապուրանաց կապանքէն։ Դաւիթ այս որոգայթէն բացակայ էր բաւական, բայց խոյս չի տալով բռնուեցաւ արագ. Ուրիա Քետացւոյ պարտիզի որսորդն զինքն իբրեւ թռչուն մի նետահար` պալատի պատշգամէն վար ձգեց։ Ուրեմն եթէ մօտ ես` խոյս տուր, եթէ հեռու ես` մի՛ մօտենար, աչքէդ միշտ զգուշացիր, որ սրտիդ մէջ վատ կիրքերու տեղի չի տաս։
      
       ԴԱՍ ԺԸ.
      
       ՈՐ ԱՐՁԱԿԻՑԷ ԶԿԻՆ ԻՒՐ
      
       Մովսէս Հրէից խստասրտութեան համար ամուսնեաց միութեան կապ յակամայից կտրելու սահման կը դնէ. այսինքն ատելի կամ արհամարեալ կին` իւր այրէն բաժանելով, ապահարզանի այն է արձակման թուղթ մի տալ ձեռք։ Յիսուս այս նուիրական կապ անլուծանելի կերպով կ՚ամրապնդէ, Աստուածական վճռով մի կնքելով զայն. « Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի՛ մեկնեսցէ։» Աստուած այս պսակ զուգեց դրախտին մէջ։ Ադամն ընդունեց զայն, ճանչցաւ այս մեծ խորհրդոյն գերազանցութիւն եւ զուրցեց այս նշանաւոր խօսք. «Թողցէ այր զհայր եւ զմայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ». եւ այլն։ Վասն զի Ադամ իբրեւ մարգարէ մի գուշակեց թէ նորաստեղծ կին` իւր մարմնոյ ոսկերներէն առնուած կող մի է` ճիշտ նման է ինքեան, որով ինքն եւ իւր կին մի մարմին կը կազմեն նոյն եւ համատիպ, չիկայ բնաւ մարդկային օրինաց սուր մի, որ կարենայ սոյն միացած մարմին ընդ մէջ բաժանել։ Եկեղեցին Աւետարանի այս խօսքը «Առանց բանի պոռնկութեան» հիմն բռնելով` դուն ուրեք ներողապէս կ՚արձակէ այն կին, որ անհաւատարիմ է սուրբ ամուսնութեան պայմանին մէջ եւ յայտնապէս պոռնիկ։ Աստուծոյ այս գերագոյն օրէնք անխախտ պահելով` ոչ ոք կարող է Եկեղեցւոյ հրամանէն դուեւրս ինքնահաճոյ տնօրէնութիւն ի առնել։ Խստաբարոյ Հրեայք շատ անգա թեթեւ պատճառներու համար կ՚ ատէին իրենց կիներ ու արհամարհանօք դուրս կը հանէին տնէն։ Աւետարանի արդարութիւն կանանց իրաւունք պաշտպանելով` պոռնկութեան պատճառէն ՚ի զատ, ուրիշ պատճառ մի իրաւացի չի համարիր ամուսնական կապին պինտ հանգոյց քակել։ Սուրբն Պօղոս, որ Քրիստոսի հոգին կը կրէր, մեծ պատկառանօք կը յարգէ տիրոջ օրէնք. «Այլ կանամբեանցն պատուիրեմ, ոչ ես` այլ Տէր. կնոջ յառնէ մի՛ մեկնիլ. ապա թէ մեկնեսցի, անայր մնասցէ, կամ անդրէն ընդ առն իւրում հաշտեսցի եւ առն զկին իւր մի թողուլ»։
      
       ԴԱՍ ԺԹ.
      
       ՄԻ՛ ԵՐԴՆՈՒՑՈՒՍ ՍՈՒՏ
      
       Հին օրինաց մատեան` միայն սուտ երդումն կ՚ արգիլէ. իսկ նոր Աւետարան երդման խօսքերն իսպառ կը մերժէ եւ կը հրամայէ ամենեւին չերդնուլ ոչ սուտ, ոչ ճշմարիտ. ոչ երկինք` որ Աստուծոյ Աթոռն է, ոչ երկիր` որ նորա ոտից պատուանդանն է, ոչ Երուսաղէէմ` որ նորա սուրբ քաղաքն է եւ ոչ եւս ՚ի գլուխ մարդոյ, որ կարող չէ մազ մի ստեղծել թուխ կամ սպիտակ։ Այլ ձեր խօսքերուն ճշմարտութեան պայման այս միայն բաւական է. այոն` այո՛ ասել եւ ոչն` ոչ. քան զայս աւելին սրտի խարդախութենէ է։ Քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ երբէք հարկ չիկայ երդման, երբ ընկերական սիրոյ եւ հաւատարմութեան պայմաններն պահուին, որէ խօսքին պարզ կերպարանք չպատրուակել` ընկեր խաբելու նպատակաւ, հապա ամէն բանի մէջ անկեղծ խօսիլ ուղիղ եւ ճշմարիտ դատել։ Ստախօսութիւն` հին չարագիւտ հնարք է, որ օձին բանսարկութեամբ մարդոյն ականջն ապականեց. ով որ սուտ կը խօսի, նա որդի չէ Աւետարանի ճշմարտութեան. այլ դրախտի օձին հետեւող արբանեակն է։ Որչա՞փ թեթեւ է այնպիսեաց առաջ Աւետարանին այս ահաւոր պատուէր, որք աշխարհիս շահավաճառութեան մէջ, ոչ թէ երկինք, գետին, Երուսաղէմ, գլուխ, այլ Ամենականլ Աստուծոյ մեծ անուն միշտ երդմամբ յեղյեղելով կը խօսին եւ կը խաբեն։ Եթէ արարուած բաներուն պատիւը կը պահանջէ Աստուած, որչա՞փ իւր վեհ անուան. որ նոցա արարչապետն է։ Կա՛մ փախչիլ կամ զգուշանալ պէտք է ժամանակիս պատրող ու խաբուսիկ կեղծաւորներէն. մէկն կ՚ երդնու, միւսն կը հաւատայ. ճարտար լեզուն կը կեղծէ, պարզամիտ կը խաբուի. սուտ եւ կեղծաւոր քաղաքավարութիւնն մեր ընկերական կեանք իսպառ խանգարերէ։ Այսպիսի սուտակասպաս մարդոցմէն ազատ կենալու համար` Դաւթի խնդրուածներով առ Աստուած դիմենք. «Ապրեցո զիս, Տէր, զի նուաղեաց սուրբ. նուաղեցան ճշմարտութիւնք յորդւոց ՚ ի մարդկանէ։ Ի նանիր խօսեցաւ այր ընդ ընկերի իւրում, շրթամբք նենգաւորօք սրտէ ՚ի սիրտ խօսեցաւ»։ Համբերենք ուրեմն միշտ այս աղօթելով. Տէր վրէժխնդիր է, օր մի կը բառնայ երկրէս այն անձն, որ իւր ընկերին հետ նենգաւոր շրթունքներով կը խօսի։
      
       ԴԱՍ Ի.
      
       ՄԻ՛ ԿԱԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ՉԱՐԻՆ
      
       Մովսիսի օրինաց դատավճիռ ատեան աններող խստութեամբ պատուհաս կը վճռէ. Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման. այսինքն վնասին տեղ դարրձեալ վնաս փոխարինել։ Ինչ էր այս օրինաց զօրութիւն. աչքին տեղ` աչք, ատամին տեղ` ատամ միշտ վճարելով` մարդկային ընկերութիւն կոյր եւ ատամնաթափ կը կացուցանէր։ Օրինաց խստութիւն այսպէս մարմին պատժելով` հետզհետէ խեղանդամ կ՚ընէր ողջ մարդիկ. պատուհասի երկիւղ թէպէտ եւ չարութիւն կարճել կ՚ուզէր մարդկային ընկերութենէն, այլ վրէժխնդրութեան հո՞գին իսպառ կարող չէր հանել մարդոց ոխակալ սրտէն։
       Յիսուս Մովսիսին տէր` իւր ծառայէն աւելի հեզ է, այս վրիժառու բարկութեան կրակ կը շիջուցանէ նոր պատուիրանադրութեամբ. «Այլ ես ասեմ ձեզ մի՛ կալ հակառակ չարն»։ Ո՛վ որ աջ երեսիդ ապտակ կը զարնէ` ձախն եւս դարձուր. ո՛վ որ շապիկդ կը հանէ, բաճկոնդ ալ թող տուր. ո՛վ որ զքեզ մղոն մի տեղ բռնաբար կը վարէ, դուն երկու մղոն գնայ. ո՛վ որ քեզմէ կը խնդրէ, տուր. ո՛վ որ փոխ առնուլ կ՚ուզէ ` դժկամակութեամբ երեսդ մի՛ դարձուներ։ Այս է ահա Աւետարանի մշտնջենաւոր հաշտութեան սքանչելի օրէնք, սիրոյ եւ խաղաղութեան աստուածանշան աղեղն, զոր Քրիստոս միայն եբեր յաշխարհ, այն ինչ ինքն իբրեւ արդար Նոյին զոհ` Գողգոթային գլուխ զենուեցաւ, իւր կարմիր արեան կաթիլներու ցօղերէն նոր հաշտութեան աղեղն կամարաձեւ յօրինեց խաչին վրայ. Նոյ միայն չը տեսաւ զայն այլ բովանդակ աշխարհ։
       Չարին դէմ հակառակելով կը զայրանայ չարն. չարին դէմ հեզանալով` կը զիջանի չարն։ Մովսիսին օրէնք հուր էր, որ միշտ բարկութիւն նիւթելով մարդիկ իրարու դէմ ՚ի վրէժխնդրութիւն կը վառէր. Յիսուսի օրէնք ջուր է, որ մարդոց սրտի բարկութեան հրդեհ իսպառ կը շիջուցանէ։ Ո՞վ են այս երկու գերագոյն օրէնսդիրք. մէկին ձեռք սուր` երեսէն բարկութեան բոց կը փայլատակի, ներել բնաւ չը գիտեր, թշնամին եւ ատելին առ հասարակ կ՚ սպանանէ. միւսին ձեռք խաչ եւ Աւետարան` իւր ատելին իբրեւ բարեկամ կը սիրէ եւ ՚ի սրտէ կը ներէ իւր չարանենգ թշնամւոյն։ Մովսէս եւ Յիսուսն են սոքա. մէկն նեղ սիրտ մարդ է, միւսն երկայնամիտ Աստուած. չափէ այս տեղ մարդոյն եւ Աստուծոյ գութ. մէկին վճիռ մահ է, միւսին կեանք. Մովսէս ազգասէր է, Յիսուս մարդասէր. Մովսէս մարդկային ընդարձակ սիրոյն պայման կ՚ամփոփէ միայն Հրէական ազգին վրայ, ուստի կը պատուիրէ օտարազգի թշնամին մահու չափ ատելեւ ընտանի ազգակից սիրել։ Այսպէս չէ Յիսուսին պատուէր, այլ բարձր եւ գերագոյն։ Յիսուս մարդկային ընկերութեան անպայման սիրոյն չափ չի դներ այս կամ այն ազգի վրայ ամփոփելով, հապա սէր կ՚ընդարձակէ համատարած մարդկութեան վրայ. եւ կը հրամայէ առանց խտրութեան սիրել այն ամենայն, որ մարդ է եւ ընկեր, չբաժանել իրարմէ բնաւ Հրէայն եւ Հեթանոս։ Աւետարանի ուսման մէջ ամէն դասերէն բարձրագոյն դասն է այս, զոր աշխարհի որդիք կարող չեն սորվիլ. միայն Աւետարանի աշակերտաց մէջ խիստ փոքրիկ մասն են այս դասին համար մրցանակ առնողներն։ Մինչդեռ աշխարհ թշնամին կ՚ատէ, ո՞վ կարէ ընդունել. աշխարհ լլկողաց եւ չարչարողաց համար նզովք կը կարդայ, Ո՞վ կարէ հալածիչներ օրհնել կամ ատելեաց համար բարիս մաղթել։ Այո՛ Յակովբ, Յովսէփ եւ Դաւիթ առանց Աւետարանի աշակերտութեան ուսան այս դաս, իսկ Մարգարէք, Առքեալք, Մարտիրոսք, Հայրապետք, այս դասին մէջ քաջավարժ հանդիսացան։ Որչա՞փ բարձր ու վսեմ է սոյն առաքինութեան նպատակ. անկատար մարդ` Աստուծոյ կատարելութեան կը վերածէ, աշխարհիս որդիքներ երկնաւոր հօր որդիքներ կը գրէ, որ իւր արեւ եւ անձրեւ բարեաց եւ չարեաց, արդարոց եւ մեղաւորաց վրայ հաւասար կը բաշխէ։
       Աշխարհ իւր սիրելին կը սիրէ, աշխարհ իւր բարեկամաց միայն ողջոյն կուտայ. Աւետարան իւր ընտիր զաւակներ կ՚որոշէ եւ կը զատէ աշխարհիս սովորական ճանապարհէն ու կեղծաւոր վարմունքէն եւ կ՚ առաջնորդէ դէպ ՚ ի եւս կատարելագոյն ճանապարհ. երկնաւոր Հօր կատարելութեան նմանութիւն` հարազատ որդիքներէն կը պահանջէ։ Այո՛ մարդ մահկանացու եւ ապիկար իւր փոքրիկ անձին չափաւորութեամբ միայն կարող է առաքինանալ, թող չի ձգտի յանդգնութեամբ Հօր Աստուծոյ անհասանելի կատարելութեան հաւասարիլ։ Ի՞նչ հաւասարութիւն ունի կաթիլ մի ջուր` անսահման ովկիանոսին հետ, նշոյլ մի լոյս` արեւուն հետ, նուաստ արարած մի` իւր Արարչին հետ։ Մարդոյն կատարելութիւն` միայն իւր ուժին եւ դրուած պատուիրաններուն չափով է. երանի՛ թէ նոյն չափով բաղձայինք առաքինանալ, բաւ եւ շատ էր։