Մարգարիտ արքայութեան երկնից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐՋԱԲԱՆ. ԱՌ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ
      
       Որ զՄարգարիտս գնէք եւ ընթեռնուք, Եկեղեցւոյ հաւատացեալ որդիքներ, անեղծ եւ խորագոյն դրոշմեցէք ձեր սրտին ու հոգւոյն մէջ Յիսուսի Աւետարանի վարդապետութեան եւ իւր սիրոյ օրինաց կենդանի տառեր ու դասեր, զոր դարձեալ յաւարտ գործոյս կը կրկնեմ ձեզ եւ չեմ դանդաղիր։
       Սուրբն Պօղոս իւր մշտախօս քարոզութեան խօսքեր յաճախ կը կրկնէր եւ դարձեալ կը կրկնէ, որպէս զի զՔրիստոս իւր խաչին ճառով ուպ ատկերով նկարէր ու կենդանի պահէր հաւատացելոց սրտին մէջ. որով հանապազ յիշել կուտար նա Խաչելոյն սէր, խաչին խորհուրդ եւ փրկութիւն։
       Իսկ մեզ որ աշխարհի ծանր ծանր հոգերով եւ չարաչար զբաղմունքներով ուշամոռաց եղեր ենք, ո՜հ քանի՞ առաւել պէտք է Աւետարանին կենաց բանին տառերը եւ մեր երկնաւոր Վարդապետին ճշմարտութեան դասերը բիւր անգամ խօսիլ, բիւր անգամ գրել ու կրկնել, մինչեւ անեղծապէս տպաւորի մեր սրտին ու խոր երիկամանց մէջ։ Երկնից Սերմանահան` միանգամ եկաւ այս աշխարհ եւ իւր Աւետարանի սերմերը լիաբուռն ցանեց ու գնաց։ Այլ աւա՜ղ, ոմանց սիրտ քար դարձաւ, սերմերն ընդունելու համար հիւթ չունեցաւ. ոմանց սիրտն ճանապարհ դարձաւ, ուր սերմերն առանց ծլելու եւ բողբոջելու, ոտքի տակ կոխան եղան, եւ կամ թռչուններ քաղեցին. ոմանց սիրտ փշաբեր երկիր էր, եւ Յիսուսի սերմերը փշերով հեղձոյց. միայն սակաւ մարդոց սիրտ իբրեւ պարարտ ու պատրաստ երկիր` մեծ իղձով ընդունեց Աւետարանին սերմըն, եւ բազմապատիկ պտղաբերեց։
       Ուրեմն, ո՛վ դու մտադիւր ընթերցող, եթէ ժառանգել կ՚ուզես ինն Երանութեանց մեծութիւնը, եթէ քեզ ըղձալի են ու չես ձանձրանար` հազար անգամ լսել Աւետարանի քաղցր պատուիրանաց ձայներ, բա՛ց ապա քո սիրտ եւ միտք, ո՛ւշ դիր ինձ, եւ ես կրկին յիշեմ քեզ մի մի Յիսուս վարդապետին կենդանարար դասերը, որոց բովանդակութիւնն այս է։
       Հոգւով աղքատ լինել, չբարձրամտիլ, թէեւ աշխարհիս վերայ ճոխութեամբ իշխանութեամբ բարձրանաս. հեզ ու խոնարհ լինել բարկութեան դէմ. ինչպէս Յակոբ Եսաւին առաջ. եւ մոլի կըրից ու ցասման կրակը կրկին եւս չբորբոքել այլ հեզութեան ջրով շիջուցանել։ Աստուծոյ արդարութեան եւ կենաց աղբիւրին միշտ ծարաւի լինել. սուրբ սիրտունենալ` զԱստուած տեսնելու համար. խաղաղարար հոգւով վարիլ` Աստուծոյ որդի կոչուելու համար. հանել սրտէն խռովարարին ոգին եւ Քրիստոսի հոգին ընդունել։ Համբերել, տանիլ ամէն հալածանած ու նախատանաց` Յիսուսի անուան եւ նորա սիրոյն համար։
       Իբրեւ համեմիչ աղ` Աւետարանին քարոզութեամբ համ տալ անհամացեալ ժողովրդոց. իբրեւ լոյս` լոյս տալ նոցա որք անաստուած գիտութեան եւ մեղաց խաւարին մէջ կը նստին։ Առաւել բարի գործով. կենդանի օրինակով, բարի օրինակ տալ մարդկանց, քան թէ լոկ քարոզութեամբ. որպէս զի նոյն իսկ անհաւատներ տեսնան, ու հաւատացելոց հետ փառաւորեն զՀայրն որ յերկինսն է։ Ի զուր եւ տարապարտուց եղբօր դէմ չբարկանալեւ նմանակից եղբայր մորոս չանունել։ Առանց եղբօր հետ հաշտուելու ` սեղանին վերայ պատարագ չի հանել. դեռ դատաւորին դիմաց չելած` ոսոխին հետ իրաւախոհ լինել։Ամենեւին չերդնուլ, ոչ յերկին` որ Աստուծոյ ահեղ աթոռն է, եւ ոչ յերկիր` որ Նորա ոտից պատուանդան է. այլ անկեղծ սրտի ուղղութեամբ այո՛ն այո՛ ասել եւ ո՛չն ո՛չ։ Չարին հակառակ կենալով` նորա զայրոյթին` այլ եւս պատճառ չի տալ։ Շապիկ հանողին բաճկոնն եւս թողուլ։ Ով որ ինչ կ՚խնդրէ `տալ, անխտրապէս կարեկցիլ. Երիքովի ճամբուն վերայ ինկած դժբախտին համար չհարցնել թէ Երուսաղէմացի՞ իցէ կամ Սամարացի։ Ո՜վ, քանի՞ քաղցր սիրտ ունի մեր օրէնսդիր Յիսուս. կուսուցանէ թշնամին սիրել, ատելւոյն բարի առնել, եւ սրտի մտօք աղօթել նոցա համար, որ կը լլկեն ու կը հալածեն զմեզ։
       Միայն սիրելին չը սիրել, զի այն շնորհ մի չէ, կ՚ ասէ. միայն բարեկամաց ողջոյն չիտալ, առանց բնաւ խտրելոյ` մարդասէր լինել։ Ողորմութիւն, պահք եւ աղօթք միայն արտաքին ձեւերով առանց սրտի սրբութեան եւ զգացման չմատուցանել. կըեղծաւոր փարիսեցւոյն պէս Աստուծոյ սեղանին առաջ չկեղծաւորիլ առ ՚ ի ցոյց, եւ մարդիկներէն փառաւորելու համար. հրապարակաց անկիւններում չմրմնջել եւ հեթանոսի նման շատախօս չը լինել։ Միայն Աստուծոյ արքայութիւն եւ նորա սուրբ կամք եւ անունը խնդրել եւ մեր պարտեաց թողութիւն, եւ այնու պայմանաւ միայն` երբ մեք եւս մեր պարտական ընկերին թողումք ՚ ի սրտէ։
       Այս աշխարհիս վերայ, Աւետարանի ազատութեան զինուորելէն յետոյ երկու տերանց չծառայել, այսինքն Աստուծոյ եւ միանգամայն Մամոնայի։ Երկնից Հօր հաւատալէն յետոյ` կերակուրի եւ հանդերձի համար երբէք չի հոգալ. օդային թռչուններ եւ դաշտի ծաղիկներն օրինակ առնելով` բնաւ չերկմտիլ Նախախնամութեան դէմ. հեթանոսներուն թողուլ միայն չափազանց հոգն, եւ վաղուան համար իսկ չհոգալ։ Եղբայր ու զընկեր չդատել չարաչար, թողլով, իւր աչքին մեծ գերան եւ եղբօր աչքին աննշմարելի շիւղ հանելով. այսինքն նախ զինքն սրբել արատէն եւ ապա զեղբայրն։
       Աւետարանի սրբութիւնը չտալ նոցա, որ քան զշուն լիրբ հաչող անզգամ են. եւ ոչ եւս Աւետարանի անգին մարգարիտն անարժան խոզերուն առաջ ձգել։
       Աներկբայ հաւատով խնդրել, հայցել ու բաղխել, անշուշտ կը բացուի դուռն եւ կը տրուի նոցա պէտքն ու կարիք. միայն թէ հացին տեղ` քար չի խնդրեն եւ կամ ձուկին տեղ օձ։ Նեղ դռնէն մտնել, Գողգոթայի անձուկ ու փշոտ ճանապարհէն երթալ որ ուղիղ դէպ ՚ ի երկինք կը տանի. խոյս տալ ու փախչիլ աշխարհիս այն փափուկ եւ ծաղկազարդ ճանապարհէն, որ ՚ի կորուստ կ՚աառաջնորդէ։ Յիսուսի աւանդած սիրոյ կտակ եւ մարդկային ընկերական ու բնական օրէնքը հաստատուն պահել. ամենեւին չառնել ընկերին, ինչ որ իւր անձին` չար կը համարի։
       Սուտ մարգարէից եւ կեղծաւոր քարոզիչներէն զգուշանալ միշտ. առանց ճշմարիտ արդարագործութեան` լոկ շրթունքներով Տէ՛ր, Տէ՛ր, չկանչել։ Աշխարհիս յիմարներուն պէս` աւազին վերայ խախուտ հիմն չդնել եւ շէնք շինել, այլ իբրեւ խոհական, իմաստուն մարդ` ճշմարիտ կրօնի բարոյական հիմն ` խոր եւ հաստատուն վիմի վերայ դնել. այսինքն լսելով հաւատալ Աւետարանին եւ Աստուծոյ Որդւոյն, եւ հաւատալով գործել զարդարութիւն։
       Տէ՛ր, ո՛վ կարող է առանց քո ձեռնտու օժանդակութեան` քո պատուիրած արդարութիւններ անթերրրի կատարել։ Տէ՛ր, դու ինքնին եկար տեսար իսկ մարդկային ապիկարութեան վիճակ ու խօսեցար, «Առանց իմ ոչ ինչ կարէք առնել»։ Ուրեմն Դաւթին պէս ժտելով` քո լոյս եւ օգնութիւն կը խնդրեմք։
       Իմաստուն արա զիս, Տէր. եւ առաջնորդ եղիր ինձ քո պատուիրանաց անխոտոր շաւիղներու մէջ, որոց միայն հաճեցաւ միտքս ու հոգիս։ Տէ՛ր, քո սիրովդ աչքերս դարձուր դէպ ՚ ի երկինք որպէս զի չի տեսնամ աշխարհիս հրապուրիչ նանրութիւններ, որ կը հանեն զիս քո սուրբ ճանապարհէն։ Ահա ցանկացայ, սիրեցի որ գրեցի Աւետարանիդ պատուիրանաց խօսքեր։ Ես որ տրուպ պաշտօնեայ եմ Աւետարանիդ քարոզութեան, այս գուղնաքեայ վաստակ իբրեւ ՚ի քէն նուէր եւ շնորհ` եկեղեցւոյդ որդւոց կ՚ընծայեմ։