Դրախտի ընտանիք, գրեց Խրիմեան Հայրիկ ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
Ե. ՏՈՒՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ
       Ինչպէս որ երկու պսակաւոր լծակիցներէն ամուսնական միութիւն կը կազմուի, այսպէս նաեւ նոյն զուգակից միութենէն կը ծնի եւ կ՚աճի ամբողջ ընտանիքը, որոյ նախածնող անդամներն են հայր եւ մայր. իսկ ծնեալ անդամներն են արու եւ էգ զաւակները քոյր, եղբայր. որք երբ ամուսնանան` փեսաներով, հարսներով եւ թոռներով կը յաւելուն ընտանեաց թիւը։
       Ուստի ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարերը կը համարուին հայր եւ մայր։ Ո՞րչափ սքանչելի զարմանալի են ամուսնական պարտէզին մէջ այս երկու մանանեխի փոքրիկ հատիկները, որ ըստ Աւետարանի առակին` երթալով աճելով մեծ ծառ կը լինին եւ իրենց բազմապատիկ ճիւղերը կը համասփռեն բոլոր աշխարհը։ Վասնզի։ ամուսնական արմատէն ընտանիքը կը հաստատուի, ընտանիքէն ժողովուրդ, ժողովուրդէն այլ եւ այլ ազգերը, ազգերէն իշխանական պետութիւններըբ եւ պետութիւններէն ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն։ Յորմէ դիւրաւ կ՚իմաստասիրեմք թէ մեր ընկերական աշխարհին բովանդակ շէնքը ամուսնական եւ ընտանեկան պատուանդանին վրայ հաստատուած է. ժողովրդոց ոտքը եւ պետութեանց գահերը նորա վրայ դրուած են. եթէ քանդուի այս պատուանդանը` ժողովուրդը եւ գահերը ի միասին կը տապալին. այնուհետեւ ոչ եւս կայ, ոչ աշխարհ, ոչ ադամորդի, ոչ կեանք, եւ երկիր կը դառնայ նոյն առաջին վիճակը, «Երկիր աներեւոյթ եւ անպատրաստ»։
       Ոչ ոք կարէ ժխտել թէ այս այսպէս չէ. աշխարհիս հին ազգաց պատմութեան, արդի ընկերական վիճակը` այս ընդհանուր ազգաց կեանքը ամէն կ»ապացուցանեն թէ ոչ միայն մարդկային աճումն, այլեւ ժողովրդոց, ազգաց, հայրենեաց եւ թագաւորութեանց բախտը ընտանեկան կեանքէն կախումն ունի. թէեւ մեր ընկերական երջանկութեան եւ թշուառութեան մէջ կան արտաքին ուրիշ այլեւայլ պատճառներ, բայց իմաստուն խելամտութեամբ նկատելով աշխարհիս իրողութեանց սկիզբն, միջոց եւ վախճանը. կը տեսնամք որ աշխարհիս չարեաց ու բարեաց սկզբնածնունդ մայր ընտանիքն է։ Հապա ընտանեկան կենաց թէ չարութեան եւ թէ բարութեան պատճառ ո՞վ է. դորա պատճառն եւս շատ մօտ եւ յայտնի է. այսինքն ծնողք` հայր ու մայր, որոց հպատակութեան տակ կ»ապրի ամբողջ ընտանեկան գերդաստանը։
       Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութեան երկիր ու սահման է. որոյ նահապետական աթոռին վերայ կը նստին ծնողք. հայր իբրեւ թագաւոր, եւ մայրն իբրեւ թագուհի. եւ կը կառավարեն հպատակ ընտանիքը։ Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամենուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է. դաստիարակ եւ խրատ` ծնողաց կենդանի օրինակն է։ Այս օրինակը այնչափ բարի ու տպաւորիչ է, որ գիտես թէ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողաց պատկերը նոյնատիպ կը հանէ իւր զաւակաց վերայ եւ զաւակները այդ սկզբնական տիպարն առնելով կը մտնեն ժողովուրդին եւ ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ տարածել կ»սկսի օրինակէ առ օրինակ, եւ այսպէս ընտանեկան կենաց բարի եւ չար օրինակներէն, ժողովուրդին կեանքը կը բարւոքի կամ կը զեղծանի, կը շինուի կամ գայթակղութեամբ կը փլչի. կենդանի կը մնայ աշխարհիս վերայ կամ կենդանւոյն կը մեռնի, եւ իւր յիշատակ կը բարձուի աշխարհէս։
       Ժողովուրդը եւ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր. թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ առաւել բարոյական կեանքով. եւ այդ կենսական կեանք տուողը ընտանիքն է։ Ուշադիր եղիր, եւ ես նկարագրեմ քեզ։
       Ժողովուրդը եթէ կը յառաջադիմէ` իւր առաջին քայլը ընտանեաց սրահէն կ»առնու. եթէ կը լուսաւորի, իւր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է. եթէ կը միանայ, իւր ոգին եւ կապն ընտանիքն է. եթէ կը զօրանայ իւր ուժ եւ բազուկն ընտանիքն է. եթէ կը հարստանայ, իւր գանձարան եւ գանձապետն ընտանիքն է. եթէ իւր տուն եւ սեղան բարելից եւ առատ է, արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է. եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իւր հրապարակը` աղբիւրը դրախտի ընտանիքն է. եթէ իւր կարասները լի են գինւով` կը խմէ կ»ուրախանայ, խաղողաբեր այգին ընտանիքն է. եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր ըստ օրէ բիւրապատիկ կ»աճի, իւր նախածնող խնամատար ընտանիքն է, եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կ»ուզէ, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կ»ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւր ընտանիքն է. եթէ երկրէս յետոյ երկինք եւս ժառանգել կ»ուզէ` պահելով իւր հայրենի կրօն, հաւատ եւ եկեղեցին, այո՛ այդ սուրբ աւանդները անեղծ անկորուստ պահելու խորանն ընտանիքն է։ Զի այդ գանձը եւ Աւետարանի անգիւտ մարգարիտը աշխարհիս շահավաճառութեան հրապարակին մէջ, կառավարութեանց դահլիճներու մէջ, գիտութեանց ճեմարանաց մէջ անկորուստ չեն պահուիր, այ միայն դորա հաւատարիմ աւանդապահ ընտանիքն է։
       Տեսար, մտադիր ընթերցող, այս նկարագրին մէջ քեզ յանդիման երի. թէ ո եւ ի ցէ ժողովուրդ իւր բարոյական կենաց տիպարը ուղղակի ընտանիքէն կ»առնու, եւ պարծանօք ցոյց կուտայ աշխարհի թէ ինքն բարեկիրթ ընտանեաց զաւակ եւ ժողովուրդ է։
       Տեսնանք նաեւ սորա հակադիր պատկերը, եւ աւագ աչքով նկատենք. որ չարաբաստ ապերջանիկ ժողովուրդ իւր կեանքի զեղծումները դարձեալ նոյն ընտանեկան պատկերէն կ»ընդօրինակէ եւ ի տես կը հանէ աշխարհի հրապարակը. եւ ահաւասիկ ցուցնեմ քեզ։
       Ժողովուրդ եթէ կը զեղծանի` ներքին իւր զեղծանի` ներքին իւր զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է, եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի` մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէ, իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է. եթէ ծունկեր կթոտ են, իւր քայլերը յառաջ չեն երթար, լքումըն ու կարողութիւն ընտանիքէն է, եթէ երկու ձեռքով կը հարստահարուի` մէկ ձեռքն ընտանիքէն է. եթէ արտաքին թշնամիներէն պաշարուելով ապշած է, իւր ներքին մերձաւոր ու բարեկամ թշնամի իւր տան ընտանիքն է, եթէ աշխարհիս կեանքի ճանապարհին մէջ ուղղութիւն չունի, յոռութիւն ընտանիքէն է. եթէ Եւրոպիոյ կախարդիչ նորասիրութիւնը զինքը պիտի կողոպտեն անխնայ, թող զգաստ լինի եւ տեսնայոր մեծ կողոպտիչ ձեռք իր ընտանիքն է. եթէ իր զաւակներ օր ըստ օրէ հացի կարօտ թշուառ կը լինեն, այդ քաջ յայտնի է որ ընտանեկան մշակները անաշխատ հեղդ եւ անհոգացող են, եթէ առանց տնտեսութեան, առանց նախատեսութեան կը վատնէ իւր վաստակ եւ գանձը, ո՞վ չի գիտեր թէ շռայլութեան տընտեսապետն ընտանիքն է. եթէ իւր զաւակները առոյգ ազնուածնունդ չեն, ուրեմն ընտանեկան սերունդն հիւծելով ստրկացած է. եթէ իւր օրիորդք եւ երիտասարդք վարակած են մաշողական ախտով, ո՜հ, դոցա մահ եւ գերեզման փորող ընտանիքն է։ Ի վերջոյ եթէ ժողովուրդ, կրօն, հաւատ, եկեղեցին կը թողու, Աստուածպաշտութեան պարտիքները սրտէն կը հանէ եւ կը դառնայ դէպի ջրհեղեղին դարը, ամբարիշտ կեանք կը վարէ, գիտցիր այդ ապականութիւնը Կայենի դստերաց հետեւող ընտանիքէն է։
       Տակաւին շատ ու բազում է զեղծեալ ժողովուրդի մի նկարագիրը, որ իւր սկզբնատիպ գաղափար իւր բնակած տան ընտանիքէն կ»առնու. մենք միայն այսքան բաւ համարեցինք, թող մնացորդ եւ ժամանակի նոր բերած զեղծմունքները հայրեր ու մայրեր ինքնին իմաստասիրեն, եւ ուշաբերելով ճանչնան թէ առանց բարի ընտանիք կազմելու, առանց հայրական ու մայրական դաստիարակութեան` անհնարին է բարեկեցիկ ազգ, ժողովուրդ կազմել։ Վասն զի ինչ որ շինինք, ինչ որ կազմենք, պէտք է գիտնանք, որ այդ կազմող առաջին տարերք ընտանիքն է։ Իսկ այդ ազնիւ ու պատուական տարերքը ո՛վ կը ստեղծէ, ով կը կազմէ եւ ո՛վ կը պատրաստէ զայն ժողովուրդին եւ ազգին համար. ես խօսիմ քեզ, այդ պատրաստող ձեռք` ուսումն եւ դաստիարակութիւնն է, որ պէտք է տարածի նախ այն ամէն յարկերուն տակ, ուր կը բնակի ընտանիքը։ Ճշմարիտ է, որ ժողովրդական դպրոցները լոյս եւ գիտութիւն կը սփռեն. սակայն բարի դաստիարակութեան տուրքը` միայն ծնողաց սեպհական է. զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են. ուրիշ ոչ ոք այդ վեհ պաշտօն չունի։ Ընտանեկան դաստիարակութեան մասին դարձեալ երկարօրէն պիտի խօսինք իւր տեղը. այժմ սկսինք խորհրդածել ընտանեկան միութեան եւ բաժանման, զարգացման եւ նուազման ներքին եւ արտաքին պատճառներու վերայ։
       Ընտանեկան միութիւնը բուն նահապետական կեանքին օրինակն է, որով ընտանեկան ճիւղերը մի արմատէն շառաւիղելով միշտ մի ընտանիք կազմել եւ մի տան յարկի տակ բնակիլ. զոր կը դրուատէ Դաւիթը թէ «Զի՜ բարի կամ զի՞ վայելուչ, զի բնակին եղբարք ի միասին»։
       Այս միութեան կեանքը առաւել գիւղացի ժողովրդոց համար փափաքելի եւ օգտակար համարուած է. վասնզի տան մի երկրագործ աշխատաւորները որչափ շատ լինին, այնչափ աւելի կ»ընդարձակեն իրենց վարուցան. եւ արդեանց մեծ շահեկանութիւն կը ստանան։
       Շինական ընտանիքը շատ ցաւ կ»զգան, եւ տան աւերումն եւ քանդումն կը գուշակեն եթէ ընտանեաց բաժանումն պատահի. եւ բախտ մեծ կը համարին, յորժամ տան ծերունի նահապետ ողջ է, ու կը կառավարէ որդիքները եւ աթոռները, նմանապէս մայր տանտիկին իւր հարսները եւ աղջիկները. ո՞րչափ փառք եւ պարծանք կը համարին, երբ նորածին մանուկներու օրօրոցներով կը լեցոի եւ կը ցընծայ տունը։ Դեռ մանուկ էի, աստի 50 տարի յառաջ կը պատմէր հայրս, որ իւր ուղեւորութեան մէջ Մշոյ Հացեաց գաւառը մի գիւղական մեծ ընտանիքի հիւր եղած է եւ զարմացեր է երբ քսանի չափ նորածին տղոց օրօրոցները համրած է. թերեւս ամբողջ ընտանեաց թիւը Յակոբ նահապետի ընտանիքէն աւելի եղած են։
       Սակայն նկատել պէտք է, որ ամէն բաժանում ընտանեկան բարգաւաճման արգելք չէ. անշուշտ կարեւոր է, որ ընտանեաց ճիւղերը բաժանուելով նոր նոր ընտանիքներ կազմեն։ Ինչպէս Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհ աւելի բարւոք դատած է. որ չափահաս զաւակները բաժանուելով ուրիշ ընտանիքները կազմեն։ Այլ այս դրութիւնը միայն յարմար եւ օգտակար է այն ազգաց ու քաղաքացի ժողովրդոց, ուր դաստիարակութիւնն յառաջ գնացած է. եւ ուր բաժանեալզաւկըները հայրենի տնէն միայն ստացուածոց ժառանգութեան բաժին առնելով` դուրս չեն ելնէր, այլ եւ միանգամայն գիտութիւն, ապրուստ եւ դաստիարակութիւն, որոց ժառանգութիւնը` առաւել անկորուստ եւ մեծայարգի է։
       Իսկ մեր հայրենի աշխարհին եւ նոյնիսկ գաղթական Հայոց Համար ընտանեկան անդէպ բաժանումն միշտ վնասակար է. մանաւանդ երկրագործ ժողովրդոց համար, որոց ուժ` արդիւնքը` ընտանեկան միութեան ու միաբան աշխատութեան մէջն է, եթէ բաժանուի` միացեալ զօրութիւնը կը ջլատի եւ իսպառ ուժաթափ կը լինին։ Ընտանեկան նահապետները միութեան հրաշքը` Նոյայ դարէն ի վեր փորձառութեամբ ճանչցած են։ Ուստի այդ առաքինի տան ծերունիք իրենց մահուան օրը վերջին կտակը միշտ այս կ»աւանդեն ողջ ընտանեաց. որ նոքա սիրով ապրին, միաբան կենան, եւ չբաժնուին, շէն տուն չաւրեն։ Թերեւս փորձառութեան հետ Աւետարանէն եւս սորված են այդ միութեան բարձրագոյն դաս, թէ «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն` կործանի, եւ տուն բաժանեալ յանձն աւերի»։
       Թողունք արտաքին պատճառները, որ պատահար են, ի՞նչ է արդեօք ներքին պատճառը, որ կը խռովէ տունը եւ ընտանիքը կը բաժնէ. այդ ինքնին յայտնի է` ատելութիւն, նախանձ ու վայելմանց անհաւասարութիւն. խստութիւն, աչառութիւն, անհաւատարմութիւն, անվստահութիւն. ի վերջոյ մեծերու անխոհեմ ու յոռի ընթացք եւ փոքրերու ստահակութիւն եւայլն։ Այս եւ սոյնպիսի առիթներով կը խռովի տունը, եւ կը բաժնուին զաւակներ ծնողքէն, եղբայր երբօրմէն եւ մերթ եւս երկու ամուսինք իրարմէ։
       Արդեօք ի՞նչ է հնար եւ դարման, որ ապրին եւ վարին միշտ սիրակապ միութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Նոր աշխարհ կ»ուսուցանէ որ դորա միակ դարման է` մարդոց կատարեա կրթութիւն տալ. չէ թէ միակողմանի կրթութիւնը, այսինքն մարդոյն կէսը կրթել, կէս մասին լոյս տալ, եւ նորա միւս կէս մասն թողուլ կոյր, խեղճ, ստրուկ եւ ապուշ։ Իմացնել կ»ուզեմ մարդոց երկու սեռին առանց խտրութեան կրթութիւն տալ իւրաքանչիւրին իւր կոչման պատշաճ. որպէսզի ընտանեաց մէն մի անդամը, իւր իրաւունք, իւր պարտիքը ճանչնայ, իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ. այր կամ կին, ծնողք կամ զաւակները, հարսն կամ սկեսուրն։
       Այսպէս երբ նոր աշխարհի մէջ հաւասար կրթութիւն պէտք է ընտանեկան միութիւնը պահելու համար. մարդ կը զարմանայ թէ, հապա ի՞նչ բան էր եւ ի՞նչ զօրութիւն, որ հին աշխարհի նահապետական կեանքի մէջ անխզելի կը պահէր ընտանեկան միութեան կապը։
       Զարմանալ պէտք չէ, այդ միութիւնը պահելու համար, բաւական էր տան կառավար նահապետին հայրական պատկառանք մեծ տանտիկնոջ ժրագործ տնտեսութիւնն, զաւակաց ակնածութիւն եւ մեծարանք առ ծնողս, հարսներաց հլու հնազանդութիւն, եւ քան զամէն աւելի` կրօնի երկիւղածութիւն եւ աստուածապաշութեան հաւատքը։
       Այս կամայական եւ ազատ առաքինութիւնք նահապետական ընտանեաց համար իբրեւ բնական օրէնք եւ նախնական վարուց բարի ժառանգութիւն համարուած էր. որ աւանդաբար յորդւոց յորդիս կը ձգէր ու միշտ ջանային անեղծ եւ անարատ պահել. որոց մնացորդ նշխարները դեռ հայկական աշխարհին մէջ կ»երեւին. մանաւանդ հողագործ ժողովրդոց մէջ։
       Սակայն աշխարհ եւ ժամանակը ամէն բանը կը յեղաշրջեն. արեւմտեան նոր քաղաքակրթութեան կեանքը դէպ արեւելք կուգայ հեղեղի պէս. Կոստանդնուպոլսոյ եւ ծովեզերեայ քաղաքաց ընտանեկան հին կեանքը ողողեց. ո՛վ կարող է թումբ քաշել այս հեղեղին դէմը. անշուշտ այս հեղեղը պիտի երթայ հասնի մինչեւ Մասեաց ոտն` Նոյին գերդաստանը եւս ողողելով պիտի քշէ հետ տանի առ հասարակ բոլոր ազգերու հին կեանքը։ Երանի՜ թէ մեր կեանքի միայն յոռի մասն տանէր, ոչ, պարզ եւ ուղիղն եւս ի միասին կը տանի. շատ քաջ է այն ազգ եւ ընտանիք, որ յոռին կը թողու եւ իւր նախնական կեանքին լաւ եւ ուղիղ մասն պինդ կը բռնէ։ Նկատել արժան է, որ արեւմտեան քաղաքակրթութեան այս հեղեղին ջուրը շատ խառնուրդ ու պղտոր է. չարն ու բարին, լոյսն ու խաւար, անկրօն գիտութիւնը իւր հետ զուգընթաց է։ Ուստի Հայոց ընտանիքը պէտք է այժմէն իրենց աչքը բանան գիտութեան լուսով եւ բարի դաստիարակութեամբ պատրաստուին, միայն այսու կարելի է քաղաքակրթութեան խառնուրդէն բարի մասն ընտրել։ Իսկ եթէ լոյս եւ դաստիարակութիւն թողու, ապուշ ու տգէտ լինելով բարի մասն ընտրել չգիտնայ, իւր բերան բանայ հեղեղին դէմ, ամէ՛ն ամէ՛ն ասեմ քեզ, մտադիր ընթերցող, Հայոց ընտանեկան կեանքը պիտի խեղդուի. աւա՜ղ կարդամ այն ընտանեաց, որ փոխանակ ի մի կողմ փախչելու, հեղեղի հոսանքին առաջ կեցած փորձ կը փորձեն. կը տեսնան իսկ իրենց աչքով որ շատ ընտանիք խեղդուելով իրենց դիակները դեռ այսօր Վոսփորի ծովուն երեսը կը տանին. որով ջնջեցաւ իսպառ իրենց ընտանեկան սեռն ու ճետն Այնպէս չը կարծենք թէ այդ արեւմտեան հեղեղը` միայն արեւելեան ընտանիքները կը խեղդէ իւր զեղխութեան հոսանաց մէջը, ոչ, այդպէս չխորհինք` հաւաստի լինելով, որ նոյն իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ շատ ընտանիքներ կը խեղդուին ու կը ջնջուին. միայն նոքա կ»ապրին ապահով, որոց փրկութեան տախտակը միայն ընտանեկան կրթութիւնն է։
       Հետեւինք ու հաւատանք ուրեմն թէ այդ է միայն Հայոց ընտանեաց ապաւէն, թող ամէն ընտանիքը գրկէ կրթութեան փայտը, որ Քրիստոսի կենաց փայտին պէս պիտի պատսպարէ զինքն։