Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Theology  
ՍԻՕՆԻ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆ ԵՒ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԳԱՌՆ ԱՆՑԱՆԷՐ
      
       Ծաղկազարդ եւ քո փառաց վերջին օր, ո՛վ Յիսուս, գալով գայր եւ հասանէր քո աշխարհի կենաց վերջի փրկութեան շաբաթ, վերջի երեկոն, վերջի ընթրիք եւ վերջի զատկական Գառն. զոր ի վաղուց եւ յաւիտենից կը ցանկայիր ուտել քո բարեկամ աշակերտաց հետ, սեղանակից նստելով դրախտի Մարդոյն առ ընթեր, որ ցանկութեամբ ուտել կ»ուզէր կենաց ծառիդ պտուղ եւ անմահանալ։
       Եւ չգիտեմբ ո՛վ Տէր, ո՞ր օրէն էր քո այս անհուն տենչանք. արդեօք յայն օրէ՞ն երբ Մովսէս Իսրայէլի փրկիչ ազատութեան վերջի զատիկ տօնեց յԵգիպտոս. չէ այն օրէն երբ դու անյայտ Աստուած իբրեւ որդի մարդոյ յայտնեցար աշխարհի. Յովհաննէս քո Մկրտիչ զքեզ Գառն Աստուծոյ կոչեց եւ դու Յորդանու մկրտութենէն սկսեցիր զԱւետարանդ քարոզել. «Ես լոյս, յաշխարհ եկի»։ Եւ թէ Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարները գտնելու եկայ։
       Ապիրատ Երուսաղէմ զքեզ չծանեաւ, դու Յակոբայ տունը եւ առ իւրսն քո միայն հիւր եկար. նա փութացաւ մի երեկուն եւ եթ քեզ զարդարուած վերնատուն մի պատրաստել, որ շուտով ուտես զզատիկն երթաս ի խաչ։ Աբրահամու ապաշնորհ որդիք, արդարոյդ յիշատակ բառնան աշխարհէս, զի դու դժպհի եղեր նոցա։
       Բազմեցար, ո՛վ Յիսուս, եւ քո շուրջ ակումբ բոլորեցին այն քո վաստակաւոր քաղցած մշակները, որոց հետ երեք տարի ամբողջ Հրէաստանի քարացեալ, խոստացեալ երկիրը քայլերովդ ակօս ակօս վարեցիր. դու մահճակալ ու սերմանահան էիր, եւ նոքա քո ժրագործ մշակեր, կենաց բանիդ սերմն լիաբուռն ցանեցիր. դու ճշմարիտ որթ Գողգոթայի գլուխ այգի տնկեցիր, եւ ահա բաժակ մի ի բերոյ որթոյ. եւ հաց մի Աւետեաց երկրէն ՚ի ձեռս առեալ, օրհնես գոհանաս, բեկես եւ ասես, «Առէ՛ք կերէ՛ք, հաւատացէք, այդ հաց երեւոյթով հաց է միայն. այլ իսկապէս եւ ճշմարիտ մարմին իմ է, կեանք է դա, անապատի մանանան չէ. զոր ձեր թերահաւատ հարք կերան ու մեռան։ Իսկ դուք նոցա հաւատացեալ որդիք աներկմիտ հաւատով կերէք այս կենաց հաց եւ յաւիտեան կ»ապրիք։ Արբէք նաեւ այս բաժակ լի հոգեզուարճ բերկրութեամբ. այդ իսկ իմ արիւն է, զոր հանդերձեալ եմ թափել խաչին վերայ` բեկելով մարմնոյս բաժակը։
       Երեք տարի մշտախօս քարոզեցիր. «Ես եմ կենդանի հաց իջեալ յԵրկնից», Յակովբայ յամառ որդիքները չուզեցին հասկնայ քո այս խորհրդական խօսքը եւ մերթ եւս վարանամիտեղած սրամտելով կը քրթմնջէին «Թէ զիա՞րդ կարէ սա տալ մեզ զմարմին իւր յուտել»։ Եւ այսօր ահա բացերեւ կը յայտնես Հաղորդութեան ծածկեալ խորհուրդը սոսկ հաց եւ գինին օրհնելով կը սրբագործես եւ ձեռքովդ բաշխելով կ»ասես. «Ահաւասիկ, այս է մարմին իմ եւ արիւն»։
       Կը հաւատամք, Տէր, կեանքդ մեր կեանքին հետը, հացին օրինակով կը հաղորդես. անմահդ մահկանացուին հետը` խորհրդաբար կը խառնիս, որպէս զի մարդոյն կեանքը քո կեանքով անմահանայ։ Վասն այն իսկ միշտ խօսելով կը կրկնէիր դու «Ամղն ամէն ասեմ ձեզ եթէ ոչ կերջիք զմարմին որդւոյ մարդոյ եւ արբջիք զարիւն նորա, ոչ ունիք կեանս յանձինս»։
       Այո՛, Տէր, քո մարմինդ ճշմարիտ կերակուր է. եւ արիւնդ ճշմարիտ ըմպելի է։ Երանի՜, որ հաւատով ճաշակեն։
       Ընթրեաց սեղանոյդ նուագերդուք եւ հոգեխօս երգահանք Դաւիթ եւ Սողոմօն են, որոց գերեզմանին մօտ կազմեցիր քո Զատկական պասեքն։ Դաւիթ գիտես թէ հոտ առնելով իւր հազարամեայ հողի քնարանէն ձայն կուտար Սիօնի քաղցեալ որդիներուն. «Ճաշակեցէք եւ տեսէք, զի քաղցր է տէր. երանեալ է այր, որ յուսա ի նա»։ Իսկ Սողոմօն իբրեւ քո հրաւիրակ բարձր քարոզութեամբ առ հասարակ կը հրաւիրէ բոլոր աշխարհիս անզգամները. որ հաւատան Աւետարանիդ եւ զան նստին քո սեղան. ուստի ասէ. «Եկայք կերայք ի հացէիմմէ. եւ արբէք զգինի իմ զոր խառնեցի ձեզ. թողէք զանզգամութիւն եւ կեցիք, խնդրեցէք զիմաստութիւն, զի ապրեսջիք»։
       Աւարտէ՛, Յիսուս, աւարտէ՛, քո սուրբ ընթրիս` աշխարհիս խնճոյից եւ գինարբուաց սեղան չէ. շուտ կապէ սփածանելին, ջուր արկ ի կոնք, նստիր ի ծունկ, չորս հազար տարուան պարտք ունիս վճարէ այժմիկ, խոնարհիր քո շինական աշակերտաց փոշոտեալ բրտացեալ ոտքերը լուա. դոքա Աբրահամու հարազատ զաւակներն են. որոց հայրը` քո այցելու ոտքերը վաղ լուաց. մինչ դու երկու հրեշտակներով Մամբրէի կաղնւոյն եւ նահապետի վրանին մօտ հիւրաբար նստար։
       Տէր, ի՞նչ ղ քո այս անօրինակ եւ անչափ խոնարհութեանդ ցոյց։ Ես չեմ արժանի քո Ընթրեաց սեղանոյն հուպ մատչիլ. այլ իբրեւ ամօթապարտ ծառայ վերնատան դրան յետուստ կացեալ կը հայիմ սարսափելով եւ կ»ապշիմ քո անհաս հեզութեան վերայ. ոչ կը զզուիս, ոչ կը վիսաս, խոպան մարդոյն տաժանացեալ գարշապարը ձեռքդ առնելով կը շօշափես, կը լուանաս, եւ զենջակաւ սրբելով կը բուժե Ադամորդւոյն այն վիրալից ոտքը, որ քո անիծած այս երկրի փուշերը կոխելով ծակոտուած էր. եւ աշխարհիս խաւարին իշխանութիւնն զայն շղթայակապ առնելով կը վարէր եւ կը տանէր ու կը բերէր առ կուռս անմռունչս։
       Ո՛վ հզօր ազատարար ձեռք, դու զայն հին շղթայն փշրելով յաւիտենից կապեալ որդիներս արձակեցիր թողիր, որ այնուհետեւ կոխեն համարձակ զօձ եւ կարիճ. ամբարհաւաճ իշխանութեան հպարտացեալ գլուխ։
       Այսպէս կ»աւարտես անկշիռ խոնարհութեանդ խորհուրդ. կը յառնես եւ դարձեալ կը բազմիս տիրաբար. եւ կը հարցնես անգիտակ եւ ապշեալ աշակերտներուդ «Գիտէ՛ք զի՞նչ արարի ձեզ»։
       Մենք գիտենք, ո՛վ Տէր, այս աշխարհիս բանտակալութեան կարգ եւ օրէնքն է, որ ստրկացեալ ծառաները իրենց տիրոջ սաքը լուանան, ոչ երբէք տեսանք ու լսեցինք ի յաւիտենից թէ` տէր եւ գլուխ յանձն կ»առնու այսչափ խոնարհիլ, թող որ Աստուածորդի ես-
       Ուսարո՛ւք, ո՛վ իմ աշակերտք, ուսարուք, յիշեցէ՛ք ինչ որ կանխաւ խօսեցայ. զի ես հեզ եմ եւ խոնարհ սրտիւ։ Ես օրինակ մի ետու ձեզ. եթէ ես ձեր վարդապետ, ուսուցիչ եւ տէրն եմ, այսպէս խոնարհելով պաշտեցի զձեզ, քանի՞ առաւել ձեզ պէտք է նոյն օրինակ վարուիլ։ Ամէն ամէն ասեմ ձեզ, ոչ ծառան` իւր տեառնէն` ոչ առաքեալը` իւր առաքողէն մեծ է։ Երանելի՜ էք եթէ գիտնաք, եթէ պահէք, եթէ իսկապէս գործով եւ զանձն օրինակ տալով կատարէք զայս իմ խոնարհութեան խորհուրդը. որ թերեւս աշխարհիս ամբարտաւանութեան առաջ ծաղր եւ կատակ համարուի։
       Այո՛, Տէր, աշխարհ, աշխարհակալք, որք իրենց զօրութեան եւ պերճութեան վերայ հպարտացած են. նոքա կը զարմանան եւ կը թերահաւատին քո անչափ եւ անպայման խոնարհութեան վերայ. երբ դու նուաստ իշով մի նոցա փառասիրութեան, տիրապետութեան գահեր եւ կառքեր կը խորտակես եւ երկնից բարձրութենէն մինչեւ մարդոյն ոտքը իջնելով` քեզ հաւատացող հեզ ու խոնարհ աղքատները մինչեւ երկինք կը հանես, եւ այն գոռոզացեալ հպարտ հոգիները մինչեւ յանդունդս կը գլորես. զի քո վճիռն է. «Որ բարձրացուցանէ զանձն` խոնարհեսցի»։
       Տէր, խոնարհութեանդ դաս` այս աշխարհիս մարդիկ դժուարաւ կը հասկնան, ապուշ մարդիկ` որ կը ծնին եւ կը մեռնին, դեռ չգիտեն թէ գերեզմանի հող են, դեռ կ»ամբարտաւանին եւ ընկեր զընկերը կը կոխոտէ. մարդիկ որ քո մեծագործ ձեռքին մէջ հողակերտ անօթ մի են, մարդիկ` քո ոտքին տակ սողացող որդ մի են, մարդիկ` քո տիրական շունչին առաջ փոշի մի են, զոր թէ ձեռքէդ ձգես` կը փշրի. թէ կոխես ընդ հող կը ճմլի, եւ թէ փչես` հողմատար կը կորնչի։ ւստի քո ծառան Դաւիթ, մարդոյն ոչնչութեան վերայ ձայնարկելով կը խօսէր. «Տէր ո՞վ է մարդ, զի յիշես դու զնա» եւ թէ «Ես ասացի ի զարմանալ իմում թէ ամենայն մարդ սուտ է։»
       Ընթրիք լրացաւ, քաղցեալ աշակերտներդ կենաց հացով, Զատկական խորոված գառով կշտապինդ կերակրեցիր, անապակ արբուցիր. սկսիր արդ` սէր իմ Յիսուս, վերջին սիրոյ ճառդ եւ կտակդ։ Զի՞նչ է այն, զոր ստէպ ստէպ կը կրնես. «Այս է պատուէրն իմ, զի սիրեսջիք զմիմեանս. եւ թէ` Այսու ծանիցեն զձեզ մարդիկ թէ իմ աշակերտք էք, եթէ սիրիցէք զմիմեանս»։
       Անսահման եւ անծիր, դու սիրոյ Ովկիանոսն ես, Տէր, ո՜վ կարող է լայնութիւնդ, բարձրութիւնդ եւ խորութիւնդ չափել. Սիօնի վերնատան յարկէն գետօրէն բացիր սիրոյ ակդ, զաշխարհ բովանդակ սիրոյ հեղեղովդ ողողեցիր. որ իբրեւ ջուր յորդահոս կը վազէր Աստուծոյ քաղաքին հրապարակը եւ կռամոլութեամբ չորցած անջրդի անապատները կ»ոռոգէր, որոց կանխաւ աւետիս կուտար Եսայի. «Ուրախ լեր, անապատ ծարաւի»։
       Չիմանամք, Տէր, զի՞նչ է այս, որ հին եւ յաւիտենական սէրդ իբրեւ նոր պատուիրան եւ օրէնք կ»աւանդես. միթէ Մովսէս քո հաւատարիմ ծառան` Սինայի անապատին մէջ յետ Աստուծոյ բարձր սիրոյն` ընկերին սէր չաւանդե՞ց. արդեօք հին սիրոյդ աստուածատուր աւանդը ինքնին հնացա՞ւ, թէ մարդիկ զայն հնացուցին եւ դու եկար հնացեալ սէր վերանորոգել եւ իբրեւ նոր պատուիրան աւանդել քո հաւատացեալ որդւոց։
       Տեսաք, Տէր, նոր սիրոյդ հրաշալի հուր. զոր բերիք ձգեցիր երկիրը. զաշխարհ համայն բոցավառեց եւ զքեզ իսկ ողջակիզեց խաչի սեղանոյն վերայ։ Ո՞վ է Մովսէս, որ քո սիրոյն հաւասարի։ Մովսէս միայն սիրոյ պատգամ կուտար Իսրայէլի ժողովուրդին. այլ ինքն սիրոյ զոհ չեղաւ. նա կենդանիներ միայն զոհեց զԱստուած ողոքելու համար. իսկ դու ինքնանուէր մատեար ի զոհ եւ յայնժամ երկինք եւ երկիր զիրեար համբուրեցին։
       Ո՞ կարէ չափել քո անհուն անհամեմատ սէր, ո՛վ Տէր, զոր դու քառակուսի փայտով մի չափելով` բարձրութիւնն մինչեւ երկինք հասաւ, խորութիւնն մինչեւ յանդունդս. իսկ լայնութիւն եւ երկայնութիւն ընդ ծագս չորս կոյս աշխարհի։ Եւ յայս բան բովանդակեցեր սիրոյդ մեծութիւն եւ չափ. «Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ, եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին»։
       Այլ ո՞վ էին քո բարեկամք այս աշխարհիս վերայ. մարդիկ` որ զքեզ տարապարտուց կ»ատէին. Յակովբայ որդիք, որ կերան քո հաց ու յափրացան եւ զսիրելիդ անկուշեցին. Աբրահամու խորթ զաւակներ, որ թերահաւատեցան ի քէն. այն ապիրատ եւ դառնացող ա՞զգ, որ վերջապէս զքեզ հալածելով` տարաւ հասոյց մինչեւ Գողգոթային գլուխ, կեանքդ զփայտէն կախեց եւ նշաւակ կացոյց աշխարհին առաջ։
       Հապա ո՞վ էին քո ճշմարիտ բարեկամ, ասա՛ ո՛վ Տէր. մտերիմ աշակերտնե՞րդ, որոց հետ ընթրիս նստած ախորժանօք կ»ուտես Զատկական գառն. ի դոցանէ մին սատանայ է, զոր կը տեսնաս ու չես սրտմտիր որ քո հաց կ»ուտէ, քո գանձապետն է. որ ահաւասիկ այդ կորստեան որդին ելաւ գնաց զքեզ մատնել ու դրժել սիրոյ վարդապետիդ դէմը, եւ դու գիտես, կը տեսնաս ու չես սրտմտիր։
       Բաբէ՜ անոխակալ եւ անյիշաչար սիրոյդ, սէրդ այս աշխարհիս կեղծաւոր մարդկանց սէր է, որ միայն սիրելիներ կը սիրեն, միայն բարեկամաց ողջոյն կուտան եւ միայն ազգակիցները կը պաշտպանեն։ Եւ ի՞նչ է մահկանացուին խաբուսիկ սէր, որ վասն իւր շահուն կը սիրէ ու շատ անգամ եւս յատելութիւն կը փոխի եւ վերջապէս կ»սպառի ու կը ծածկուի մարդոյն սէր իւր հետը գերեզմանի հողին տակ։
       Սիրոյ ճառիդ հետը կցելով` խաղաղութեան կտակ կ»աւանդես, Յիսուս, «Զխաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ զխաղաղութիւն իմ թողում ձեզ. ոչ որպէս աշխարհ տայ` տամ ես»։ Զի՞նչ է այս վերջին խաղաղութեան նշանակը. եւ միթէ քո նախասացեալ բանին հակառա՞կ կը վարդապետես. «Ոչ եկի խաղաղութիւն տալ երկրի, այլ բաժին»։ Աստի թերեւս կարծեն թիւրատես մարդիկ թէ դու սուր եւ կռիւ բերիր այս աշխարհ, որպէս զի մարդկային ընկերութեան յօդակապը կտրելով` զիրենք իրարմէ բաժնես։
       Քա՛ւ քեզ, ո՛վ Տէր, որ չկամեցար իսկ մի ընտանեաց համար բաժանարար լինել, այն որ ստիպաւ կ»աղաչէր զքեզ երթալ բաժնել հայրենի ժառանգութիւնը։ Աւետարանիդ ողջմտութիւնը ես կը հասկնամ. զի դու եկար միայն հաւատացեալ որդիները բաժնել այս աշխարհէն. սորա համար աշխարհ թշնամացաւ քեզ եւ կռիւ բացաւ քո որդւոց դէմ, եւ քո քաջագօտի զինուորներդ Զօրագլխիդ քաջալերութեամբ յաղթահարեցին. աշխարհ նկուն դարձաւ եւ ցասեաւ քո դէմ. կարծեց թէ դու ես այս աշխարհամարտ կռուին գրգռիչ։
       Գիտեմ, ով դու երկնից Հօր եւ նոր ուխտին խաղաղարար Հրեշտակ. այս վերջին խաղաղութիւնը` դու միայն քո հաւատացելոց կ»աւանդես. որ եկեղեցւոյդ արի որդիքը թողուն հին ոխութիւնը, ջախջախեն թշնամի օձին գլուխը, խաղաղութեամբ միանան, ընկերասիրութեամբ թագաւորեն եւ հեզ քաղաքավարութեամբ ժառանգեն երկիրը։
       Ո՛վ երկնատուր չնաշխարհիկ անդէն խաղաղութիւնը, զոր միայն Յիսուս բերաւ այս աշխարհ եւ մարդոցմէ ոչ ոք կարողացաւ տալ։ Ոչ Մովսէս, որ պատժով եւ պատուհասով կ»ածէր միայն խաղաղութիւն խստասիրտ ժողովուրդին. ոչ Սողոմոն, որ թէպէտ Յիսուսի խաղաղութեան նախատիպար եւ նշանակ էր, այլ իւր սակաւորեայ խաղաղութիւնն, մինչեւ ի գերեզման տեւեց եւ վերջացաւ իւր կեանքին հետ։
       Եւ դուք, ո՛վ աշխարհիս աշխարհակալ տիրապետներ, դուք զԱւետարանին խաղաղութիւն ի բաց դնելով` դեռ սոսկալի թնդանօթները կը ձուլէք. նոր նոր հրազէնները կը ճարտարապետէք, պատերազմով, արիւնով եւ մահուամբ միայն խաղաղութիւն պահել կ»ուզէք, եւ դուք մինչեւ ցարդ անխորհուրդ մնացիք, տակաւին չիմացայք փորձով թէ պատերազմ` զպատերազմ կը յարուցանէ եւ սուր` զսուր. վասն զի խօսեցաւ Յիսուս. թէ «Որ սուր առնուցու որով անկանի»։
       Իսկ դու, ո՛վ երկնից եւ երկրի Աստուծոյ եւ մարդկան մէջ ճշմարիտ խաղաղութեան միջնորդ Հրեշտակ. դու միայն կը քարոզես որ մարդիկ սուրն ի պատեան դնեն. քո սէր եւ խաղաղութիւն ընդունին. մարդիկ ողջունելով զիրար համբուրեն. քանզի եղբայր են, համարիւն ազգակից են, պարտք եւ իրաւունք հաւասարապէս ունին. թող այս` քո հաւատացեալ որդիքն են եւ դու այնպէս կը կամիս, որ քո հարազատ որդիները եւ եկեղեցւոյդ ընտանիք սիրով եւ խաղաղութեամբ ապրին։
       Սիրոյ եւ խաղաղութեան պատուէրդ աւարտելով` նորանշան առակ եւ օրինակ մի յառաջ կը բերես «Ես եմ որթն ճշմարիտ, եւ հայր իմ մշակ է». զի՞նչ է այս, ո՛վ Տէր, քանի՞ պէսպէս եւ սքանչելի անուն ունիս երկրիս վերայ, մերթ սերմանահան կը կոչիս, մերթ այգեպան, մերթ լոյս աշխարհի, մերթ հովիւ, մերթ ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն. եւ շատ ստէպ եւս որդի մարդոյ. իսկ այժմիկ ճշմարիտ որթ կ»անուանես զքեզ, եւ քո հայր` մշակ, որ զքեզ Գողգոթայի բլրին վերայ տնկեց, խաչն` քեզ խեչակ արաց, եւ անդ շինեց պատրաստեց քո մահուն հնձան, եւ ինքն որթդ հնձանահար եղար, սրունքներդ բացիր, զխաղողդ ճմլեցիր, բոսորային գեղով կարմրացար։ Մարդ չգիտեր թէ դու եւ քո հայր ի՜նչ կը գործէք. ձեր գործը` անքննին խորախորհուրդ է։
       Որթի ուռ կը կոչես աշակերտներդ եւ կարի բնական օրինակով դաս կ»աւանդես Գալիլեացի մանուկներուն, զորս քո ընտրող ձեռք Իսրայէլի անբեր այգիէն հանելով` պատուաստեր էր ամենաբեր որթատունկիդ վերայ։
       Ո՜վ, քանի՞ խանդաղատելի է քո սիրախօս այս բան, «Կացէ՛ք յիս եւ ես ի ձեզ» ասես թէ ուռն ինքնին կարող չէ պտուղ բերել եթէ հաստատուած չլինի որթի արմատին վերայ։
       Հաւատամ, Տէր, զի դու ես ես զօրութիւն եւ արմատ անմահութեան, առանց քո մշակութեան Լիբանանու մայրեր չեն բարձրանար, եւ ոչ եւս Մամբրէի կաղնին հազարաւոր տարի կ»ապրի, առանց քեզ ոչ գարուն կայ, ոչ ծաղիկ, ոչ պտղաբերութիւն։ Այսպէս եւս Տիբերական ծովու, անճարակ ձկնորսները զի՞նչ կարէին առնել առանց քեզ, որ տրտունջ բառնալով կ»ըսէին. «Տէր, զամենայն գիշեր աշխատեցաք եւ ոչ ինչ կալաք». եւ դու հրամայեցեր զուռկանն յաջակողմն եւս արկանել։ Քո հրաման միայն Պետրոս չլսեց, ծովու ձկներն եւս արագ լսեցին. կայտառելով լեցուեցան Պետրոսին ուռկան եւ այնչափ մինչեւ պարպատէր։
       Տէր, դու երբ աշխարհի մէջ իբրեւ մարդ կը շրջէիր, մարդիկ զքեզ Տէր եւ Վարդապետ կը կոչէին, եւ գուցէ կը կարծէին թէ աշակերտներդ քո ստրուկ մշակ եւ ծառաներ են, եւ ոչ ազատ որդիքները։ Ուստի վերջին երեկուն, կը յայտնես քո տիրական ազատ իրաւունք եւ մտերիմ սէր, «Ոչ եւս կոչեմ զձեզ ծառայ... այլ բարեկամ»։ Յաւել, Տէր, Առաքեալ, հազարապետ, խորհրդական, անտես, հովւ տեսուչ եւ դատաւոր եւս։ Դու որ եկար մարդկային ստրկութիւն բառնալ, հաւասար եղբայրութիւն հաստատել, եւ միթէ հնա՞ր էր, որ քեզ հաւատացող երկնից արքայութեան որդիքները` ծառայ կոչէին, որոց տուիր քո Աւետարանն, որ քարոզեն նոքա, «Դուք ամենքին եղբայր էք»։
       Փրկիչ իմ Յիսուս, Քեզ բարեկամ չիկար այս աշխարհիս վերայ Աբրահամու զաւակներէն, որ ծովու աւազի նման բազմաթիւ էին, միայն եօթսուն պարզամիտ հոգիները հազիւ հազ գտար, եւ ընտրեցիր, որոշեցիր աշխարհէն, եւ աշխարհն ինչպէս զքեզ, զանոնք եւս ատեց, եւ սորա պատճառն ի՞նչ էր։
       Ասես թէ նոքա այս աշխարհէն չէին ինչպէս դու չէիր, վասն այն իսկ աշխարհ զիս եւ զնոսա ի միասին ատեց։ Գիտեմք, ո՛վ Տէր, դու այս աշխարհէն չէիր, միայն Հօր կամք եւ մարդոյն սէր վարեց զքեզ յայս աշխարհ եւ մեք յանկարծ լսեցինք թէ Բեթլէհէմի մէջ մանուկ ծներ ես, թողել ես երկինքը` յերկիր իջեր ես. սակայն ո՛վ են այդ շինական անտոհմիկ մարդոց երկրածին որդիները, որոց համար կ»ասես թէ աշխարհէն չեն։
       Այո՛, Տէր, քո այս խօսք բարձրախորհուրդ է, նոքա` որ քեզ հաւատացին, նոքա` որ քո յայտնութիւնը սիրեցին, նոքա` որ Աւտարանիդ բանը պահեցին, նոքա` որ ծանրալուծ խաչդ յօժարաբար կրեցին, վերջապէս զքեզ պաշտելով եւ խոստովանելով քո անուանդ համար մեռան, եւ քեզ նման զոհուեցան դնելով իենց անձը եկեղեցւոյ որդւոց ազատութեան վերայ։ Սոքա՞ են արդեօք նոր Սէթիդ օրհնեալ զաւակները, որ աշխարհիս Կայենազարմ մարդկանց որդիքներէն չեն։
       Քանի՞ սրտառուչ եւ տրտմագին է քո յետին ողջոյն, որով հրաժեշտ կուտաս այս աշխարհէն եւ ընտրեալ ձեռնասուն խմբէդ. «Որդեակք իմ, փոքր ինչ ժամանակ ընդ ձեզ եմ... եւ թէ երթամ առ Առաքիչն իմ եւ ոչ ոք ի ձէնջ հարցանէ թէ յո՞ երթաս»։ Երթամ առ Հայր, ինչպէս ի Հօրէն ելի եւ եկի յաշխարհ. երթամ, այլ զձեզ չթողում որբ. երթամ ձեզ տեղ պատրաստել եւ դարձեալ պիտի գամ առնում զձեզ. զի ուր ձեր Վարդապետ եւ Տէրն է, արժանի է որ իմ հաւատարիմ պաշտօնեաներդ Ինձ հետ լինիք։ Քաջալերուեցէք, որդեակք իմ, մի վհատիք, ես զձեզ որբ չեմ թողուր։
       Ընթրեաց սեղանէն, սիրական աշակերտներէդ զաչերդ եւ բանիցդ դէմը յանկարծ դէպ ի երկինք կը դարձնես եւ կը գոչես ուժգին ձայնով. «Հա՛յր, հասեալ է ժամ` փառաւորեա զորդի քո զի եւ որդի քո փառաւորեսցէ զքեզ։» Ասացէք ո՛վ Տէր, չգիտեմք ու չեմք հասկնար ի՞նչ է քո փառաւորութիւն եւ ի՞նչ է Հօրդ փառաւորութիւն. արդեօք երկուքն եւս մի եւ նոյն չեն, չարչարանաց բաժակ, զինուորաց կապանք, անարժանից ատեան, թուք, ապտակ, ծաղր ու ծանակ, անպարտ խաչակրութիւն. Գողգոթայի աշխարհական տեսարան, ուր կեանքդ խաչէն պիտի կախուի, ապիրատ որդինեը քեզ յանդիման կենալով վա՛շ վա՛շ պիտի կարդան։ Քո անօրինակ փառքն ա՞յս էր. եւ քո Հայր այսպէ՞ս փառաւորեց զքեզ։
       Տէր, ի՞նչ է այս քո օտար եւ նորանշան գործ. մարդիկ խաչէն խոյս կուտան, դու դէպ ի յայն կ»երթաս, մարդիկ խաչին մահն անարգութիւն կը համարին եւ դու, փառաց Տէր, խաչը քեզ փա՞ռք կը համարիս. մարդիկ մահուան հոտէն եւ փուշէն կը սարսափին եւ կը քստմնին, իսկ դու զայն կը քաղես եւ կը հոտոտաս իբրեւ անուշահոտ վարդ։
       Օ՛ն ուրեմն, Յիսուս, դու խաչին խանդակաթ ես, գիտեմ, անհուն սիրովդ արբեալ մարդոյն փրկութեան համար դէպ ի մահ կ»երթաս. կ»երթաս Սաբեկկայ ծառէն կախուիլ, որպէս զի քո Հայր իւր վրէժխնդրութեան սուրն ի աց դնէ. զոր վերացուցեր էր զաշխարհ հարկանել. այդ սուրը ահաւասիկ Գեթսեմանի ձորին վերայ կը շողայ։ Փութա, ով Տէր, թո՛ղ Սիօնի վերնատունը` երթանք ձիթաստանեայց պարտէզ. հասիր շոյտ տուր քո անձն այդ սրոյն դէմը, ուր ոչ միայն Դաւթի ժողովուրդ, այլ եւ զաշխարհ բովանդակ պիտի կոտորէ երկնից պատուհասիչ հրեշտակ։
       ՅԻՍՈՒՍ Ի ԳԵԹՍԵՄԱՆԻ ՁՈՐ
       Ծո՛ւնր դիր, ո՛վ Տէր, ծո՛ւնր դիր, երեսդ ի հող մած. թող աչքէդ կայլակող կենդանատու կաթիլները հոսին ու թափին այս մեռեալ եւ անիծեալ երկրին վերայ։ Հին մարդն ի հողէն էր` իբրեւ անօթ փշրեցաւ. դու զայն վեաստեղծէ՛ Տէր։ Քո Հայր դրախտի գետէն եւ ջրէն կաւ շինեց ու ստեղծեց մեր նախահայր. իսկ դու աչքիդ ցօղով գետին կը թրջես եւ նոր կաւ կազմելով անդրէն նորահրաշ էր շինես հին բեկեալ ու մանրեալ անօթն։
       Շինէ՛, ո՛վ նորոգիչ ձեռք, շինէ՛ եւ խնամով նոր ճարտարապետութեամբ շինէ, այնպէս որ կրկին չփշրէ եւ չաղարտէ զայն սեւ օձին պատրանք։ Գլուխ խոնարհ շինէ, որ այլ եւս չամբարտաւանի` Աստուած լինել։ Պարանոցը կոր շինէ, որ Աւետարանիդ նոր պատուիրանին քաղցր լուծը սիրով տանի։ Աչքերը երկիւղածութեանց վարագուրով պատէ եւ փակէ մարդոյն ցանկութեան դուռը։ Ամփոփէ ժպիրհ մարդոյն լայն ու բաց բերանը, որ այլ եւս չհամարձակի երկնից դէմ բան խօսիել։ Սիրտն եւ հոգին թիւրեալ է, ուղղէ դէպ առ քեզ, որպէս զի ճանչնայ, հաւատայ, եւ սիրէ բարերար Փրկիչդ։ Իսկ ձեռքերը որչափ հնար է կարճ շինէ, Տէր իմ, որ չհասնի արգիլեալ ծառին ճիւղը եւ չքաղէ մահացու պտուղը։ Ոտքերը զօրաւոր պողպատէ շինէ, որ ջախջախէ իւր թշնամւոյն գլուխ եւ կոխէ անցնի երկրիս տատասկ փուշերուն վերայ։
       Ո՛վ դու մարդոյն հնացեալ բնութեան կենարար եւ կարկատիչ ձեռք. քո արտասուք եւ ճակատէդ հոսեալ քրտունք բաւական չեն մեռեալ մարդոյն նոր կեանք տա. այլ պէտք է անպարտ զոհի մի արիւն. Քո Հօր անդարձ վճիռն է, այդ զոհին արիւնալի դառնագոյն բաժակ ըմպել, զոր ահա խաչիդ գուժաբեր հրեշտակը քեզ կը մատուցանէ։ Առ որ հոգիդ յօժար է. միայն մարմինդ զգածեալ խոյս կուտայ մահէն. բայց ի՞նչ է մարմին, որ կարենայ անհուն սէրդ եւ հոգիդ նուաճել։
       Դու Աստուած եւ Աստուածորդի, որպէս ապիկար մարդ կը վշտակրիս, յանձուկ տագնապիդ մէջ զօրավիգ կը խնդրես, մտադիւր կ»աղօթես եւ կը պաղատիս առ հայրդ, որ թէ հնար է անցնի քեզմէ այդ մահուան բաժակ։ Բայց եւ դարձեալ իբրեւ կամակատար հնազանդ որդի կ»ընկրկես քո կամքը եւ Հօրդ կամաց կը թողուս, որ վայրիկ մի գիտես թէ կը մոռանայ եւ կը թողու իւր սիրելի միակ Որդեակն իւր թշնամեաց ձեռք։ Վասն այսորիկ դու գարձրագոչ կ»աղաղակես Դաւիթին ձայնով «Նայեա՛ առ իս եւ ողորմեա ինձ, զի միամօր եւ աղքատ եմ ես։ Նեղութիւնք սրտի իմոյ բազում եղեն յոյժ, ի վշտաց իմոց հան չիս, (Հայր)։»
       Ահա քեզ զօրավիգ հրեշտակ մի կ»առաքեմ, հզօր Որդեակ իմ, զօրացի՜ր յոտին կաց, կազդուրէ զքեզ, ա՛ռ ըմպէ մահուդ բաժակ, գնա՛ յօժար ի խաչ, լիովին կատարէ մարդեղութեանդ խորհուրդը։ Բեթլէհէմի մսրէն մինչեւ ՚ի գերեզմանն է քո խաչին վախճանը, եւ հոն ամէն վիշտերդ կ»աւարտին։ Մարդիկ թող այնպէս կարծեն թէ դու եւս ի կարգս մեռելոց կը համարիս։ Քաւ թէ զքեզ ի դժոխս թողում. քաւ թէ սուրբդ իմ ապականութիւն տեսնայ, եւ դու ինքն չգիտե՞ս եւ չասացի՞ր թէ` քակցէք մարմնոյս տաճարը եւ ես երեք օրէն յետոյ կը շինեմ։
       «Ես ուխտ ունիմ ընդ քեզ, Որդեակ իմ. ի յաւիտենից մահուանդ վճռագիրը ձեռագրած եմ. բոլոր մարգարէք իրենց գուշակութեամբ վկայ կը կոչեմ այս դաշնագրին. քո մահն` անեղծ վճիռ է։ Ե՛լ մարտադիր մանուկդ իմ, ել գնա բարձրացիր ի խաչ. թող ընկճի խաչիդ ոտքին տակ աշխարհի իշխան։ Խաչէն ի գերեզման իջիր, յաղթահարէ մահ եւ խորտակէ դժոխքին խայթոցը։ Վա՛շ, այն օր ես կը ցնծամ եւ երկնից մէջ կը տօնեմ յաղթանակիդ հանդէս. զքեզ ի մեռելոց կը հանեմ, ազատ Որդեակ իմ, եւ դու նորահրաշ յարութեամբ կը փառաւորիս յոյժ։»
       Մօտեցաւ քո մատնութեան ժամն Յիսուս, խաւարին իշխանութեան զինուորները զքեզ ըմբռնել կուգան. եւ ո՛վ է նոցա առաջնորդ, քո գանձապետ Յուդան. որ ահա կը մերձի համբուրել զքեզ մատնտու կեղծաւորն. եւ դու անհատ հեզութեամբ, ոչ ցասնուս, ոչ կը սրտմտիս. միայն հոգւոյ հեծութեամբ կը պատասխանես. «Յուդա՜, համբուրելո՞վ մատնես զորդի մարդոյ։»
       Թո՛յլ տուր, ո՛վ դու անըմբռնելի լոյս, թոյլ տուր որ կապեն զքեզ. դու կամաւ եկիր յայս ժամ. միթէ եւ այժմ ընդ մէջ անցեալ գնա՞ս ինչպէս Գալիլեայի յարտեւան լերին։ Ահաւոր անուանէդ զգետնի հարան զինուորները, ձեռն տուր ի վեր հան, կազդուրէ թող կապեն զքեզ։ Կայիափա եւ Պիղատոս ատեան կազմեր են եւ կ»սպասեն Արդարոյդ դատաստանը համառօտել ի մահ։
       Ո՞ւր ես, անձնագիր Պետրէ քնաթաթախ ծանրացեալ աչքով կ»աճապարես Վարդապետին պաշտպան հանդիսանալ եւ դու հին արուեստիդ ձկնորսական գուլ դանակովդ Մաղքոսին ականջը կը հատանես։ Ի բա՛ց կաց, ի բաց, սուրդ ի պատեան դիր. երբ միինչեւ ի խաչ եւ գերեզման։ Փրկչին ազատաքայլ ոտից խոչընդոտն մի՛ լինիր. ինչպէս Թափօրական լեառն տակ, ուր ստանային թելագիր ոգւով խաչին խորհուրդ խափանել կ»ուզէիր։
       Սիրական հովիւն իւր սիրելի Հօրէն զարնուեցաւ, ոչխարները ցրուեցան. որք պահ մի յառաջ Սիօնի վերնատան մէջ Հովուին շուրջ բոլորած խնճոյք կը կազմէին. բա՜բէ, խաչակիր զինուորները դասալիք եղան Գեթսեմանի ճակատամարտին մէջ, զօրագլուխ միայնակ թողին։ Ո՛ւր ես արդեօք, Յիսուս վարդապետին սիրահար հոգի Յովհաննէս, որ զլանջօք նորա փարելով կը հարցանէիր մտերմօրէն. «Տէ՛ր, ո՞վ է, որ մատնելոց է զքեզ. » տեսա՞ր աւասիկ թէ ով մատնեց զինքն, եւ դու այժմ յուշիկ յուշիկ վարդապետիդ ետեւէն վարանելով կ»երթաս մինչեւ ի գաւիթ Քահանայապետին եւ մինչեւ Գողգոթային գլուխ. բայց առանց խաչի։
       Իսկ դու եւս անգիտաբար կը հարցնէիր, «Տէ՛ր, ոչ գիտեմք յա՛ երթաս, եւ զիա՞րդ զճանապարհն կարասցուք դիտեալ»։ Մի՛ ապշիր Թովմաս, տես աւասիկ Յիսուս կապուած կ»երթայ խաչին ճանապարհ, կ»երթայ ձեռքեր ոտքեր եւ մի կող ծակել տալ. որպէս զի դու յետ յարութեան շօշափես նորա վէրքեր եւ չթերահաւատիս։ Յիշէ՛ Թովմաս, զի՞նչ խրախոյս կուտայիր յայնժամ ընկերներուդ, մինչ Յիսուս անդրէն դառնալ կ»ուզէր յԵրուսաղէմ իւր Ղազարոս բարեկամն գերեզմանէն կանչել. եւ առ այս մինչ կը դժկամակէին աշակերտները, դու իբրեւ անձնուէր նահատակ հրաւէր կը կարդայիր։ «Օ՛ն եկա՛յք եւ մեք, զի ընդ նմա մեռցուք»։