Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Theology  
ՅԻՍՈՒ ԱՌԱՋԻ ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
       Միայնակ մնցիր Յիսուս, անձնանուէրներդ ամէն քեզմէ շոգան ի բաց, միայնակ ելար յատեան Քահանայապետին, որ իբրեւ անգէտ եւ շքմեղս կը հարցնէր, եւ միթէ գիտնա՞լ կ»ուզէր նենգամիտն թէ` ի՞նչ է քո վարդապետութիւն եւ ի՞նչ է աշակերտներուդ ուսումն։ Գալիլեայի բարձրութենէն սկսեալ մինչեւ յԵրուսաղէմ, բովանդակ Հրէաստանի գաւառները, Սիօնի Աւետարանչիդ ձայն տանեաց վերայ բարձրաբարբառ քարոզեցաւ։ Միայն պարզամիտ ժողովուրդ լսեց քո ձայն, քահանայապետք, դպիրք, փարիսեցիք, եւ օրինաց վարդապետք խուլ դարձան։
       Դու հեզաբար կը պատասխանես, այլ կատաղի ծառան քահանայապետին զքեզ կ»ապտակէ։ Համբերէ գառնուկդ հեզ, համբերէ, դարձուր եւ զմիւսն երեսդ. դու այսպէս վարդապետեցիր եւ այդ օրինակով ցոյց տուր մեզ քո անսահման հեզութեան դասը. մի՛ ջանար այդ անիրաւ ատենէն իրաւունք պահանջել։ Թող Ահարոնեան դասը զքեզ դատափետէ, Մովսիսի հաւատարիմ ժողովուրդը քեզ համար վկայ է. դու ոչ երբէք չար խօսեցար, եւ ոչ նենգութիւն գտաւ ի բերանդ։
       Պատառէ` պատմուճանդ ո՛վ Կայիափայ, պատառէ այլ եւս պէտք չեն Ահարոնեան այդ հնոտի հանդերձ. չեն պէտք ոչ ձեր զոհ, ոչ պատարագ, ոչ քաւութիւնք. մի՛ անմեղ մեղապարտին դատաստանը. տարէք հանէք այդ կարմիր անմռունչ երինջ խաչի սեղանին վրայ. այսուհետեւ Յիսուս ինքն է միայն փրկութեան զոհ եւ պատարագ հանուր աշխահի համար։
       Անցաւ երրորդ պահ գիշերոյն. դու ու՞ր կաս եւ զի՞նչ առնես, պարծողդ Պետրէ, ջերմ ոգիդ ի սիրոյ վարդապետին սառուցեր ես, եւ այժմ վառուած խարոյկին մօտ նստած մարմընո՞վ կը ջեռնուս։ Աւարտէ երրակի ուրացութիւնդ, աւարտէ, ահա հաւիկն թեւ ի թափ կը խօսի. սթափի՜ր դու, հաւուն ձայն զքեզ ի լաց կը կոչէ. դարձի՛ր դէպ ՚ի Տէր, Պետրոս, դարձիր. Յիսուսն եւս, ո՛հ, ձեռակապ կացեալ յատենին, զաչերն առ քեզ ածելով զքեզ ի դարձ կը հրաւիրէ, ե՛լ մի՜ կենար. ե՛լ այս գաղութէն, գնա մտիր Գեթսամանի ձոր, ուր թողիր քո սուր. եւ անդ լաց դառնապէս, ուր Տէրն աղօթեց, հոսէ արտասուք մինչեւ գետ լինի, հեղեղ դառնայ, անցնի Կեդրոնի ձորէն։
       Յատենէ յատեան տարին զքեզ, Տէ՛ր, այլ եւս քո դատաւորն Կայիափայն չէ եւ ոչ Մովսիսին օրինագիրք. այլ Պոնտացի Պիղատոս, որ Հռովմայ կայսրութենէն դատաւոր կարգուած էր, ոչ Մովսէս կը ճանչնար ոչ նորա օրէնք։ Նա հեթանոս էր. բայց խղճի գիտակցութեամբ ծանեաւ զքեզ թէ անմեղ ես, անպարտ ես. ոչ կայսեր, ոչ. աշխարհին վնաս մի չունիս գիտցաւ քաջ թէ հրէաները առ նախանձու մատներ են զքեզ։ Սակայն ի վերջոյ կեղծաւորեցաւ, արիական արդարութեամբ չպաշտպանեց քո դատը. ձեռք լուաց ժողովուրդին առաջ, խաբեց ու կարծեց թէ քաւեցաւ արդարոյդ արենէն։
       Ո՛վ խորախօս Իմաստութիւն, հանդերձելոյն դատաւոր, եւ Աւետարանիդ ճշմարտութեան փաստաբան դպիր, մարդ կը զարմանայ քու վրադ թէ` ինչպէս վարուեցար դու այդ աչառող դատաւորաց առաջ. մերթ կը խօսէիր, մերթ հարցմանց պատասխան կուտայիր, եւ մերթ եւս անխօսուն էակ մի դարձած այնչափ լռութիւն կը պահէիր, իբրեւ մարդ մի որ չի լսեր, չի խօսիր, եւ բերան ու լեզու չունի։ Գիտեմ դու առ վշտին եւս բերանդ չբացիր. մարդիկ քեզ պէս չեն. վշտին մէջ առաւել կ»աղաղակեն։ Այո՛, Տէր իմ հեզ, ոչ ձայն կը հանես, ոչ կը վիճիս, ոչ կ»աղաղակես, զի մի՛ ձայնիդ եւ շնչոյդ ուժգնութենէն, ջախջախեալ եղէգն փշրի, եւ առկայծեալ պատրոյգն շրջանի։ Արդեօք այսչափ խոնարհութեա՞նդ համար դատաստանդ շուտ բարձաւ ու վերջացաւ ինչպէս գուշակեց Եսայիաս։
       Անհանդուրժ վիշտերուդ գիշերուան երկրորդ պահն էր. մինչ մարդահաճոյն այն` որ ինքն էր դատաւոր եւ իշխան. ո՜հ, զքեզ նոյն իսկ քո մատնչաց ձեռք մատնեց, իւր ատենէն ի բաց մերժելով ասաց. «Ահա այրդ ցձեզ։» Զի՞նչ այնուհետեւ վայրագ զինուորներ ու Հրէից վրիժահան խուժանն զքեզ մեկուսի առնելով` դառնագոյն նախատանաց թատերգութիւն մի կատարեցին քու վրադ. զքեզ յաթոռ նստուցին իբրեւ քո հօրԴաւթի առոթը. գերագոյն դշխոյն փուշ պսակ բոլորեցին, զոր դպրաց ու փարիսեցւոց տատասկաբեր անդաստանէն քաղեր էին. մի եղեգնէ գաւազան եւս քո աջ ձեռք տուին, եւ դէմդ անցած ծունր դնելով կը կատարէին զքեզ։ Մի՛ դժարիր, Տէր, զի դու երկաթէ գաւազանով Մովսիսին ձեռքով ինչպէս բրտի անօթ ջախջախեցիր զիրենք, չիմացան պանդոյր ոգիները թէ դու եկեր էիր Աւետարանիդ անփուշ ու դալար քաղցր գաւազանովդ հովուել։ Քո թագաւորութիւն այս աշխարհէն չէր, այլ իբրեւ արքայական ծիրանի կարմիր քղամիթ հագուցին քեզ. գլուխդ` զոր տիերերք չկարէ ծածկել, ձորձով կը ծածկէին եւ կռուփս հանելով կը հարցանէին. «Մարգարեա՛ց, ով էր որ եհարն զքեզ»։ Դաւիթ քո այս անըմբերելի նախատանաց նախատեսողն էր. Սիօնի բարձր պալատէն քո ձաղանքները կը դիտէր եւ կը կշտամբէր իւր անմիտ ժողովուրդը. «Իմացարո՛ւք, իմացարո՛ւք, անզգամք ժողովրդոց եւ անմիտք, մինչեւ յե՞րբ ոչ առնուք ի միտ։ Որպէս զի թէ որ տնկեաց զունկն` ինքն ո՞չ լուիցէ, կամ որ ստեղծ զակն` ինքն ո՞չ տեսանիցէ։»
       Տէր, գիշերուան վերջին պահուն մինչ արշալոյս կը մօտէր, քո այպանաց թատրերգութիւնը կը լրանար. ամէն ձաղանք, հարուած ու կտակ անխնայ կատարեցին քո վրադ. կ»անցնէր վշտիդ երկար գիշեր եւ առաւօտ քեզ նոր վիշտ կը բերէր։ Գարուն էր, ծառեր եւ ծաղիկները երկնից ցօղով զուարթացած կը ծիծաղէին. իսկ դու ծառոց ու ծաղկանց զարդարիչ, թոռմած ու խամրած էին, երեսդ այլագունած էր։ Եսային քո տժգոյն կերպարնաց ճիշդ պատկերահանն է. «Մեք, ասէ, տեսաք զնա, զի ոչ գոյր նորա տեսիլ եւ ոչ գեղեցկութիւն. այլ տեսիլ նորա անարգ նուազեալ քան զամենայն որդւոց մանկան»։
       Բոլոր անձամբ ուժաթափ եղած կը թալկանայիր, ո՛վ Տէր, դու Երիքովի ճամբուն գթած Սամարացին էին, այլ ոչ ոք գթացաւ ու խնայեց քեզ։ Ահաւասիկ խաչին ծանր հեծան եւս պատրաստեցաւ։ Առաւօտ է, արեւն առագաստէն ելաւ, եւ դու լոյսդ եւ արեւդ փառաց, դու եւս իբրեւ փեսայ չարչարանաց առագաստէն ելիր։ Ո՜հ, Թափորի լուսափայլ երեսդ-քանի՞ տժգունացեալ է եւ ծով ծով աչերդ նուաղեալ։ Արեւն զքեզ տեսաւ, Տէր, իւր ճառագայթները շառագունեց Սիօնի լեռան վերայ եւ ցոյց կուտայ այժմէն թէ` ես պիտի խաւարիմ երբ հասնիմ կէսաւուր միջակէտին եւ երկնից կամարէն շեշտակի հայիմ Գողգոթայի գլուխ իմ խաչեալ Արարչին գագաթան վերայ. եւ ի՞նչպէս կարեմ լոյս տալ ապիրատ մարդոյն, երբ անստուեր Լոյսն` մահուան ստուերին տակ կը մթանայ։