Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՍ Բ. ՏԻԵԶԵՐՔ ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ
      
       Արարեր զլուսին վասն ժամանակի, արեգակն ծանեաւ զժամ մտանելոյ իւրոյ. Սաղմոս ՃԳ. ԳԼ. ։
       ՍՐԱՏԵՍ ես, որդեակ իմ Սամուէլ, աչքդ բաց նայէ տիեզերքին վերայ. դարձիր դու խորապէս մտաքնին եղիր. զի տէր Աստուած իւրպետական աթոռը երկնից մէջ դնելով` բոլոր տիեզերքը` բնական եւ յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ. իւր օրէնքներէն անշարժ եւ անփոփոխ են եւ ոչ ոք կարող է զայն շրջել կամ խախտել. ինչպէս աշխարհիս դրական եւ քաղաքային անհաստատ օրէնքներ. զորս միոյն մատ կը գրէ եւ միւսին կ»եղծանէ։
       Բնական օրէնքով կը դառնայ արեւը, կը ծագի առաւօտ, լոյս կուտայ տիեզերաց, յերեկուն ի մայր կը մտնէ։ Արեւը մեր կեանքին եւ ժամանակին չափն ու կշիռն է. կ՚որոշէ մեր օրեր, տարին ու դարեր։ Թո՛ղ այս` իւր լուսով ու ջերմութեամբ կը կենդանացնէ մեր աշխարհ, մարդիկ նորա լուսոյն տակ կը գործեն. եթէ անլոյս մնան` կը դադարին։ «Ելանէ մարդ ի գործս իւր, ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։ Աստի կիմանանք թէ բնական աշխարհին լոյս պէտք է, որ մարդիկ գործեն. քանի՞ առաւել պէտք է լոյս մարդոյն մտաւորական աշխարհին, որ կարենան ուղղութեամբ գործել։
       Բնական օրէնքով գիշերավար լուսին մերթ կը նուազի եւ մերթ կը լրանայ, կը մեռնի եւ դարձեալ կը ծնի, իւր շրջանն երեսուն օր է. եւ այս թուով կը չափէ ամիսը, եւ տասներկու ամիսով` մի տարին կը բոլորէ։ Երկնակամարին այս երկու մեծ լուսաւորներ մեզ նման բանաւոր մարդ չեն. բայց բնական օրէնքով գիտեն կատարել Աստուծոյ կամք, ինչպէս սաղմոսելով Արարչին մեծագործութիւնը կը հռչակէ Դաւիթ. «Արարեր զլուսին վասն ժամանակի եւ արեգակն ծանեաւ զժամ մտանելոյ իւրոյ»։
       Աստեղագէտ չեմ, որ երկնից բովանդակ համաստեղութեանց վերայ ճառեմ եւ ծանօթութիւն տամ քեզ, թէ ո՞րպէս տիեզերքի անհուն տարածութեան մէջ կը շարժին կը դառնան, մերթ կ՚երեւին մերթ կ՚աներեւութանան, եւ այս ամէն անսայթաք ընթացքը բնական օրէնքով կը կատարեն եւ երբէ՛ք զիրար չեն դիմահարեր։ Դու կը տեսնա՞ս մարդիկ աշխարհիս վերայ կը շրջին, շատ անգամ իրենց գլուխը իրարու զարնելով կը պատռեն։ Երանի՛ թէ մարդոց գլուխներն եւս ճանչնային իւրաքանչիւր իրենց սահմանն ու շրջան։
       Դառնանք երկրիս վերայ։ Մեծն Ովկիանոս երբեմն իւր ահեղ ալիքներով կ՚ուռի կը լեռնանայ եւ դարձեալ դաշտանալով իւր տեղը կը խաղաղի, այդ եւս բնական օրէնքով է. զի ծովերու ամենիշխան Տէր` մանր աւազանով պարիսպ քաշեր է ու մռնչող ալիքներուն դէմ սահման դրեր է, որ անդր չանցնին ու չ՚ողողեն երկիրը։ Երանի՜ թէ այդպէս մի սահման եւս մարդոյն համար դնէր գերիշխան Տէր. եւ իւր մէջ փակէր աշխարհակալութեան ոգին. որպէս զի արեան ծովերով չ՚ողողէր խեղճ ժողովուրդը։
       Ռամիկն բնագէտ չէ որ տեսնայ, այլ միայն զարմանալով փառք կուտայ Աստուծոյ. նա չը գիտէ թէ ի՞նչպէս յամարան անձրեւ կուգայ եւ ձմերան ձիւն. մեր մամիկներ մեզ կը պատմէին թէ հրեշտակներ ալիւրի նման ձիւն կը մաղեն երկրիս վերայ, մերթ մանրիկ մանրիկ, եւ մերթ խոշոր խոշոր։
       Բայց դու գիտես, որ ծովէն ու ցամաքէն արեւուն զօրութեամբ գոլորշիներ ի վեր կը բարձրանան եւ խտանալով ամպ կը լինին. ամպերէն անձրեւ եւ ձիւն կը տեղան երկրիս վրայ, աղբիւրներ ու վտակներ յորդելով կ՚առատանան, գետերու մէջ կը վազեն, գետերն եւս կ՚երթան ի ծով կը թափին. եւ այսպէս ծովու ջրեր շրջան կ»առնուն, ոչ կը նուազին եւ ոչ կ՚առաւելուն, ինչպէս կը դիտէ մեծն Սողոմոն թէ «Ամենայն ուղխք ի ծով գնան. եւ ծով ոչ լնու. ի տեղ յոր ուղխք գնան, անդ նոքին դառնան ի գնալ»։ Ահաւասիկ զարմանալի այս անդրադարձութիւնն եւս բնական օրէնքով է, որ ծովեր ու ջրեր նոյն քանակութեան մէջ կը պահէ. որչափ եւ որքան են ի սկզբանէ անտի` նոյն պիտի մնան մինչեւ ցյաւիտեան. զի Տէր Աստուած ամէն բան չափով եւ կշռով ստեղծեր է։
       Ո՛վ, քանի՞ զարմանալի է Արարչին կարգադրութիւն, զմեզ շրջապատող տարերք բոլորն եւս բնական օրինաց տակ հնազանդելով` նորա հրամանը կը կատարեն։ Դու կը տեսնա՞ս երբ գարուն կուգայ, գիտես թէ մեռած ցուրտ հողագնդիս նոր յարութիւն կուտայ, բոլոր բուսական տարերք մայրենի հողին ծոցէն ի վեր կը զարթնուն. կը ծլին կը բողբոջին, նախ տերեւներ կը բանան եւ ապա կը ծաղկին, յամարան կը պտղաբերեն, յաշնան տերեւաթափ կը լինին եւ ի ձմերան կը դադարին գործելէ. եւ երբ ցուրտ կը ցամքեցնէ բուսականներու վերի մասն` ի ներքուստ ջերմիկ հողին տակ կը սնանին արմատներ եւ կը յղանան սերմեր, այդ եւս յաւիտենական ու բնական օրէնքով է։ Հուժկու հովերն եւս բնական օրինաց զօրութեան տակ կը հպատակին. մերթ հիւսիս կը շնչէ, մերթ հարաւ, մերթ արեւելք, մերթ արեւմուտք։ Երկնից եւ երկրի դատարկութեան մէջ գիտես թէ պատերազմ բանալով կը մրցին իրարու դէմ եւ կը յաղթահարեն զիրար։
       Դաւիթ կը դիտէր այս եւ կը հրաւիրէր տարերք, որ օրհնեն զՏէր Աստուած. «Օրհնեցէք զՏէր, հուր եւ կարկուտ, ձիւն եւ սառն, հողմ եւ մրրիկ, որք առնէք զբան նորա»։
       Այսպէս եւս ամէն շնչաւոր կենդանիք նոյն բնական օրէնքով կը վարին. տես դու, ճնճղուկ իւր բոյն ծառի ճղի վերայ կը դնէ. տնասէր ծիծառն իւր կաւակերտ բունիկ տան գերանի կողէն կը կախէ, ընտանի հաւն ի թուխս կը նստի, ամէնքն եւս իրենց ժամանակին ձագեր կը հանեն. կաթ տաով կը սնուցանեն եւ երբ մեծնան թեւաբոյս լինին` ազատ կը թողուն։
       Այն հզօր առիւծ` որ բոլոր կենդանեաց իշխող թագաւորն է, իւր պալատ անտառներու խորերն են, ուր եւ կը ծնի կորիւնները. որք երբեմն առ քաղցի կ»աղաղակեն. գուցէ Դաւիթ իւր հովւութեան մէջ տեսաւ ու լսեց նոցա մռնչիւն, ուստի կ»ասէ. «Կորիւնք առիւծոց մռնչեն եւ յափշտակեն, խնդրեն յԱստուծոյ զկերակուրս իւրեանց։ Ի ծագել արեւու ժողովին եւ ի մորիս իւրեանց դադարին»։
       Կ՚ուզե՞ս բնութեան Արարչին մեծագործ կարգադրութեան վերայ սքանչանալ, զոր նա կը գործէ բնական օրինաց ձեռքով, հիացեալ ոգւով կարդա հարիւր երեք գլուխ Սաղմոսն, որ այսպէս կ՚սկսի. «Օրհնեա՛ անձն իմ զՏէր, Տէր Աստուած իմ, մեծ եղեր յոյժ. եւ այլն»։ Այս գլուխ ծայէ ի ծայր վսեմագոյն նկարագիր մի է բնական օրինաց, զոր կը հանէ Դաւիթ օրհնելով ու փառաւորելով զմեծագործն Աստուած։
       Իսկ բանաւոր եւ ազատ մարդ, որ իւր խելքով ու հանճարով կ՚իշխէ երկրիս վերայ եւ մերթ եւս տարերաց դէմ կը մրցի, կը մեծամտի, որ հողմեր, ամպեր, ծովեր, ալիքներ, եղանակն ու ժամանակ անսան ու հնազանդին իրեն։ Բայց նա եւս բնական օրինաց իշխանութեան տակ նուաճուած է. կը ծնի, կաթով ու հացով կ՚ապրի, կ՚աճի ու կը զարգանայ. հուսկ յետոյ կը ծերանայ եւ կը մեռնի, հողէն ի մարդ, եւ մարդէն ի հող կը դառնայ անդրէն. ուստի տիրական մարդն եւս բնական օրինաց հպատակ ծառայն է։ Միայն թէ մարդն ազատակամ է, իւր կեանք եւ գործեր վարելու համար։ Միթէ առիւծն եւս ազատ չէ՞ անտառավայրին մէջ շրջել եւ իւր որսեր հոգալ։ Արծիւն ազատ չէ՞ օդային թագաւորութեանց մէջ ազատաբար սաւառնել. եւ իւր գահը դնել բարձրագագաթ լեռներու վերայ։
       Բաւ է այսքան, որդեակ իմ, ես բնախօս չեմ, որ բնական օրինաց գիտութիւնն ընդարձակ հմտապէս ճառեմ քեզ. այժմ սկսիմ համառօտել քեզ բարոյական օրէնք, որ միայն բանաւոր մարդոյն կը վերաբերի։
       Ինչպէս բնական օրինաց, նոյնպէս եւ բարոյական կամ գրաւոր օրինաց աղբիւրը նոյն յաւիտենական իմաստութիւնն է. եւ ինձ այնպէս կը թուի երբ տէր Աստուած նախամարդն ստեղծեց` նորա սրտին եւ ոգւոյն մէջ դրոշմեց մի միայն խղճի այս օրէնքը. «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։ Այս գերագոյն ու կատարեալ օրէնք մարդոյն համար շատ բնական ու բաւական էր, եթէ մարդն անեղծ պահէր զայն ու չի զեղծանէր։ Ադամէն սկսեալ մինչեւ ի Մովսէս բոլոր նահապետներ զարմերով զաւակներով հանդերձ այս օրէնքով վարուեցան, որք առ հասարակ արդար հանդիսացան աշխարհի եւ Աստուծոյ առաջ։
       Իսկ այն ազգ եւ ժողովուրդ, որ սոյն խղճի օրինաց գիրը քերեցին իրենց սրտէն, ապականելով ապականեցան ու եղծաւ մարդկութեան պատիւը։ Սորա համար Տէր Աստուած մի անգամ ջրհեղեղով լուաց երկրին երեսը, ողողեց ամբարիշտ մարդոց մեղքերը, միայն արդար նահապետ մի թողուց իբրեւ արմատ նոր սերնդեան։
       Գերագոյն օրէնսդիր Աստուած, որ զօրհանապազ մոլորեալ մարդոց ուղղութեան համար կը հոգայ. նա իւր ծառայն Մովսէս պատգամաւոր ընտրեց եւ նորա ձեռքով շատ բարոյական եւ գրաւոր օրէնքներ տուաւ իւր ընտրեալ ազգին։ Այս ընդարձակ եւ ընդհանուր օրէնքներէն կան, որ կրօնի պաշտաման կը վերաբերին, այսինքն քահանայական եւ ծիսական օրէնքներ. կան նաեւ որ մասնաւոր խրատներ եւ պատուէրներ են, որ սրտի փափկութեան եւ գթութեան կը վերաբերին, զոր օրինակ. կը պատուիրէ որ զգառն է կաթն մօր չը մորթեն. չը դպին ճնճղուկի բունին` երբ նա ձագեր հաներ է, կամ գրաւ չ՚առնել երկանի մի քարն, որ տան պիտանի գործիքն է, եւ այլն։
       Իսկ հիմնական եւ բարոյական մեծ օրէնքներ Տասնաբանեայ պատուիրաններն են, որ բանաւոր մարդոց ընկերական կեանքին պարտուց եւ իրաւանց սահման կը դնեն. որք դարձեալ ամբողջ այս ամէն օրէնքներ խղճի օրինաց աղբիւրէն կը բղխին։
       Մովսէս իւր օրէնքով իշխեց մինչեւ ի Քրիստոս. եկաւ փրկիչ Յիսուս, որ շնորհք եւ ճշմարտութիւն էր. նա եւս իւր Աւետարանի ձայնով ու տառով նոյն խղճի օրէնքկրկնեց. «Զամենայն զոր ինչ կամիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ եւայլն»։
       Յիսուս այս աւիտենական հիման վերայ հաստատելով իւր շնորհական օրինաց բարձրագոյն շէնքը` ասաց. Մարդիկ, սիրեցէք միայն, եւ բաւ է։ Մովսէսի օրինաց ծրագիրը թերի էր, Յիսուս լրացուց զայն։ Եւ գիտե՞ս թէ ի՞նչ զանազանութիւն կայ Մովսէսին եւ Յիսուսին մէջ. միոյն օրինաց գրքէն մահ կը հոտէր, իսկ միւսոյն` Աւետարան եւ կեանք. միոյն մէջ միշտ պատժական փոխարինութիւն կար, իսկ միւսոյն միշտ շնորհք եւ ներողութիւն եւ ո՞րչափ, գիտե՞ս, մինչեւ եօթանասնիցս եօթն, այսինքն անկէտ եւ անսահման։ Մովսէս սուրն յազգերէն կախած իսկոյն յանցաւորին վճիռ կը հատանէր. Յիսուս Պետրոսին ասաց, սուրդ ի պատեան դիր, զի ես կեանք տալու համար եկայ։
       Ծունր դիր, որդեակ իմ, Յիսուսի ներող մարդասիրութեան առաջ. պարանոցդ ծռէ եւ ա՛ռ նորա քաղցր լուծը եւ փոքրոգի բեռն։ Ծանիր, որ Աւետարանի բարոյական օրէնք մեր աշխարհի վայրենի վիճակը յեղաշրջեց. մարդոյն ստրկական վիճակը բարձրացուց, գերութեան շղթաները խորտակեց եւ ասաց. «Այսուհետեւ ազատ էք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Եթէ այսօր գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն` Աւետարանի ազատութեան շնորհ է. այսպէս կը խոստովանին աշխարհիս բոլոր ողջամիտ իմաստասէրները։
       Ծունր դիր նաեւ քո մեծագոյն Արարչին առաջ, որ իւր ձեռակերտն տիեզերք այսպէս բնական ու յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ։ Եւ դու` մինչ կենդանի ես աշխարհիս վերայ, կոյր թերահաւատ մի լինիր, ինչպէս աշխարհիս անզգամներ եւ անմիտներ։ Այլ Դաւթի նման հիանալով գոչէ «Ո՛րպէս զի մեծ են գործք քո, Տէր, եւ այլն»։ Եթէ հասնի քեզ, որ Նեւտոնի չափ ներհուն լինիս, ու քննես տիեզերաց օրէնքին բնական կարգն ու շարժումն, այնչափ առաւել զարմացիր եւ օրհնէ քո զարմանագործ Արարիչը։ Եթէ ռամիկն սոսկ աչքով կը դիտէ տիեզերք, կը հաւատայ առանց գրի ու գիտութեան, յամենայն ժամ փառք կուտայ եւ լիաբերան կ՚օրհնէ իւր ստեղծող. քո պարտիքն այլ եւս կը մեծնան ու կ՚առաւելուն, երբ տիեզերաց օրէնքներ քննելով նորա գերագոյն Արարչապետ գիտութեամբ ճանչնալ կ՚ուզես. ծանիր ուրեմն, որդեակ իմ, որ հեթանոս իմաստասիրաց նման սոսկ աստուածագէտ չը լինիս առանց արժանապէս պաշտելոյ զայն։