Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ. ԵՐԿՐԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐ ԳԻՒՂ ԵՒ ՔԱՂԱՔ
      
       Բովանդակ աշխարհիս բնակիչներ երկու դասի կը բաժանուին, քաղաքացի եւ գիւղացի։ Քաղաքացիք մեծամեծ քաղաքներ շինելով յամարագոյն տեղեր` անոր մէջ կը բնակին։ Իսկ գիւղացիք դաշտավայրեր ընտրած են եւ իրարմէ բացագոյն փոքրիկ փոքրիկ գիւղեր շինելով միայն երկրագործութեամբ կը պարապին։ Քաղաքացւոց պարապումն արհեստ եւ վաճառականութիւն է, եւ փոքր մասն եւս երկրի վարչական կառավարութեան զանազան պաշտօններ կը վարեն։ Հարցուր Թոռնիկ, թէ ի՞նչ զանազանութիւն կայ քաղաքացւոց եւ գիւղացւոց մէջ կամ նոցա վարած կեանքի առաւելութիւն կամ նուազութիւն, բարեկեցութիւն եւ թշուառութիւն ի՞նչ են։
       Քաղաքացւոց եւ գիւղացւոց կեանքի նկարագիր շատ ընդարձակ է, ես միայն պիտի պատմեմ քեզ գլխաւոր զանազանութիւններ, որ կերեւին մեզ իրենց արտաքին երեւոյթով, մնացեալ մասեր կը թողում քեզ որ դու ինքնին խելամուտ լինիս։ Սիրելի Թոռնիկ, դու գիւղին մէջ փակուած չես, շարունակ կերթաս քաղաք կուգաս, ամէն բան աչքովդ կարող ես նկատել, որովհետեւ փոքր ի շատէ ուսում ունիս մատցի եւ չափահաս ես, կարող ես ինքնին դատել եւ կշռել թէ՛ մեր եւ թէ քաղաքացւոց կեանքը. որ իւրաքանչիւր իր քաղցրութիւն եւ դառնութիւն ունի, բարեկեցութիւն եւ թշուառութիւն ունի, առաքինութիւն եւ մոլութիւն ունի. շատ եւ բազմակերպ բարի եւ չար կողմեր ունին, վասն զի մեր կեանքը` մի խառնուրդ է, չար ու բարին ի միասին կապրին, ինչպէս ցորեն եւ որոմն ի միասին կը բուսնին եւ կաճին։
       Մեզ այնպէս կերեւի, որ քաղաքացիք շատ երջանիկ եւ բարեկեցիկ կեանք ունին. զորօրինակ կը տեսնամք Վան քաղաք, որ մեզ շատ մօտ է. վայելուչ բարձրաշէն տուները, լայնածիր փողոցներ, ուռի ծառեր տնկուած շարան շարան ջուրերուն եզերքը, որք կարկաչելով կը վազեն շատ փողոցներէն, կը մտնանք տուներու մէջ` կը տեսնամք գեղեցիկ նախշուն նախշուն օդաներ, վայելուչ կամ կարասիքներով զարդարուած։ Քաղաքացւոց սեղան շատ ճոխ է` անոյշ եւ համադամ կերակուրներով, զոր կը պատրաստեն նահապետական ընտանիք։
       Հապա Թոռնիկ, որչա՞փ մեր աչքին սիրուն եւ նազելի կերեւան պէս պէս վայլչաձեւ հագուստներ, որ շատ թանկագին են` թէ արանց եւ թէ կանանց, չը մոռնանք այն շար ի շար ոսկի մանեակներ, զորս կիներ եւ աղջիկներ կը կախեն իրենց պարանոցէն։ Թողլով այս մարմնական վայելք եւ հաճոյք, քաղաքացիք ունին նաեւ հոգեւորակ եւ բարոյական վայելքներ. նոցա եկեղեցիք եւ եկեղեցւոյ հանդերձանքներ շատ շքեղ եւ փառաւոր են, տօնական հանդէսներ, քաղցրաձայն դպիրներ, հանդիսաւոր թափորներ եւ պատարագներ եւ քան զամէն աւառել` բարեկարգ քարոզիչ վարդապետք, որք եկեղեցւոյ փառք են եւ ժողովրդին մխիթարութիւն։
       Քաղաքացիք կրօնական եւ հոգեւոր մխիթարութենէն ի զատ, ունին նաեւ մեծ մխիթարութիւն մի` այն է դպրոց եւ կրթարան. ուր կարդալ գրել կը սորվեն իրենց մանուկներ եւ աղջիկներ, սորա համար քաղաքացիք շատ մեծ առաւելութիւն ունեն մեզմէ, վասն զի կրթութեամբ միայն մարդը` մարդ կը լինի. թող կուտայ ռամկութիւն եւ բրտութիւն, պիտանի անդամ կը կազմէ մարդկային ընկերութեան, տէրութեան երկրին, իւր ժողովրդին եւ ընտանեաց։ Իսկ ընդհակառակն` աղէտ եւ անկիրթ մարդ` անպիտան եւ վնասակար է իւր տէրութեան, ժողովուրդին եւ ընտանեայց։
       Ափսո՜ս, ազնիւ Թոռնիկ, որ պապիկդ կարող չէ երկար ճառելով նկարագրել քեզ եւ ցոյց տալ թէ` ի՞նչ է գիտութիւն եւ ի՞նչ է տգիտութիւն։ Միթէ չը գիտե՞ս դու, վարժապետ քեզ չսորվեցո՞ւց թէ` գիտութիւն լոյս է, իսկ տգիտութիւն խաւար. դու չը կարդացի՞ր մեր սուրբ Եղիշէի խօսքը թէ` կոյր մարդ կը զրկուի արեւու ճառագայթներէն այսպէս նաեւ տգէտ մարդ կը զրկուի կատարեալ կեանքէն։ Ինչպէս մեզ գիւղացիքս զրկուած ենք կատարեալ կեանքէն թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս։ Բայց պէտք է լաւ նկատես Թոռնիկ, եւ այնպէս չի կարծես, որ քաղաքացւոց վիճակը հաւասարապէս բարեկեցիկ է, ո՛չ, էդպէս մի՛ դատեր։ Քաղաքացւոց մեծ մասն շատ թշուառ եւ չարաչար կեանք ունին. մեծ աշխատութեամբ իրենց օրական պարէն կը ճարեն, խիստ սակաւապետութեամբ կապրին. կարօտ են մի աման թանապուրի, մեծ բախտ է եթէ մի կով կամ մի այծ ունենան։ Կը տեսնաս իրենց տները որ մեր խրճիթներէն շատ տարբերութիւն չունին, կը տեսնաս իրենց հագուստներ մաշուած ու պատռոտաց եւ իրենց դէմք` չունի զուարթութիւն եւ կայտառութիւն. զորհանապազ ընտանեկան հոգածութենէ յոգնած, կը շրջէին դատարկ եւ անգործ, որոնք մեծաւ մասամբ իրենց ծուլութենէն ադ վիճակին հասած են։
       Կան նաեւ քաղաքացւոց դասէն այնպիսի մարդիկ, որ արտաքին ցուցամոլութեամբ իրենց ներքին յոռութիւն եւ թշուառութիւն ծածկելով` վարկ վաստակել կուզեն. նորանոր հագուստագր կը փոխեն, մեծ մեծ բաներ կը խօսեն, այնպէս որ կարծես դրամատէր վաստակաւոր եւ տուն շէն պահող մի մարդ է. բայց եթէ մտնես նորա տունը` կը տեսնաս դատարկ նոյն իսկ կարեւոր եւ կենսական բարիքներէ. ոչ տաշտին մէջ հաց կայ եւ ոչ ամանին մէջ մի դըգալ իւղ, հապա ի՞նչպէս կապրին, է՜ Թոռնիկ, այդ մի հարցաներ, միայն երեք բառով հասկցնեմ քեզ «խաբէութեամբ եւ մասամբ նորին»։ Քաղաքացիք թէեւ փոքր ի շատէ կրթուած են, ընկերական կեանքի մէջ քաղաքավարութեան շնորհ ունեն քիչ շատ, բայց օրըստօրէ անբարոյական կեանքի զեղծումներ կաւելնան իրենց մէջ։ Սիրելի Թոռնիկ, ես կը յիշեմ, աստի յիսուն տարի առաջ քաղաքացի ընտանիք մէկ մէկ նահապետական տուներ էին, երկիւած եւ Աստուածավախ, ժամասէր եւ աղօթասէր. հաւախօսին ժամհար ելած ժամանակ, տան միջի բոլոր ընտանիք կը զարթնէին, այր մարդիկ մանուկների հետ եկեղեցի կերթային. եւ այսպէս էն ժամանակի բարեպաշտ հայրերը իրենց զաւակներ տղայութեան հասակէն բարեպաշտութեան մէջ կը կրթէին` իրենց բարի օրինակներով։ Իսկ ծնողաց կրթութիւն ուրիշ բան չէր, խրատէն եւ խօսքէն աւելի, բարի օրինակն էր. եւ գիտե՞ս Թոռնիկ, մի բարի օրինակ կարժէ հազար խրատ։ Անցաւ գնած էն բարի ժամանակ, իւր հետ տարաւ այն առաքինի նահապետական մարդիկ։ Արդի ժամանակ նոր նոր մարդիկներ բերաշ աշխարհ. վասն զի ամէն ժամանակ իւր մարդիկներ ունի, այժմ աշխարհ փոխուած է. մարդիկներ յառաջդիմութիւն կը սիրեն, միայն թէ ճշմարիտ յառաջդիմութեան պայման, միջոց եւ նպատակ ի՞նչ է, զայն դեռ զգիտեն։ Մեր քաղաքացիք միայն յառաջդիմութեան մի մասն ըմբռնած են այսինքն դրամ շահել եւ հարստանալ, ի՞նչ միջոցով կը լինի թող լինի։ Ագահութեան եւ շահամոլութեան ոգին այնչափ սաստկացած է, որ շահավաճառութեան մէջ իւրաքանչիւր մարդ միայն իւր շահ կը փնտռէ. նա հաշիւ չըներ եւ չգիտէ թէ ընկերին եւ իւր շահ համերաշխութիւն ունեն եւ մարդիկ միշտ շահակից են իրարու հետ։ Բայց շահամոլութեան անյագ, անխիղճ ոգին, գիտես թէ միայն կապրի աշխարհիս վերայ եւ կասէ, ես շահեմ, ես հարստանամ, ես մեծանամ եւ վայելեմ աշխարհիս ամէն վայելք, ինձ` ի՞նչ փոյթ թէ ընկեր կը կործանի կամ աղքատ Ղազարոսի նման ինկած իմ դրան առաջ, սեղանի փշրանաց կարօտ կը քաշէ։
       Բայց Թոռնիկ թողնենք շահամոլ քաղաքացւոց նկարագիրը` դառնանք մեր գիւղ. վասն զի իմ նպատակս է միայն գիւղական կեանքի եւ աշխատութեան վերայ խօսել եւ ցոյց տալ քեզ, թէ ո՞րչափ քաղցր է գիւղական ժողովուրդի կեանք. և որչա՞փ մեծ է հողագործութեան արդիւնք, վասնզի աշխարհիս բոլոր արուեստներուն մայր երկրագործութիւն է. և իրմով միայն աշխարհս կապրի, զի մարդոյն սնունդ եւ կեանք հացն է, թողում այն բազմապատիկ այլ եւ այլ բուսական արդիւնքներ, զորս մարդ իւր ճարտարութեամբ կը պատրաստէ մեր կենաց պէտքերուն համար, եւ այնդափ որ թիւ եւ սահման չունին, որոյ վերայ առ հասարակ յետագայ դասերուն մէջ համառօտ կերպով պիտի աւանդեմ քեզ։