Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. ՀՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՒՐ ԱՐԴԻՒՆՔ
      
       Լաւ ուշադիր եղիր, Թոռնիկ, որ լաւ հասկնաս, թէ աշխարհիս բովանդակ մարդոց սնունդ եւ կեանք հողագործութեան արդիւնքն է։ Մեր բնական լայնածաւալ երկիր իբրեւ մայր կը սնուցանէ զմեզ իւ բազմատեսակ բուսական բերքերով։ Թէպէտ երկիր ինքնին պտուղ կը բերէ, ինչպէս ասաց Յիսուս, բայց մարդ պէտք է աշխատակից լինի երկրին։ Տէր Աստուած ամէն տեսակ սեմեր իւր բարերար արարչագործութեամբ նախապատրաստեր է, բայց մարդն եւս իւր աշխատութեան մեծ բաժին ունի. պէտք է վարէ, ցանէ, ջրէ եւ պէտք եղած դարմաններ հոգայ. որպէս զի կարենայ հնձել` կասել ուժողովել ի շտեմարան. եւ այնուհետեւ վայելել իւր աշխատութեան արդիւնքը։ Այսպէս Թոռնիկ, Մայր երկրին ինքնաբեր արդիւնաւորութեան հետ, անհրաժեշտ է որ մարդոյն աշխատութիւն եւս միանայ։ Բայց պէտք է գիտնաս նաեւ որ երկրին ինքնաբերութիւն եւ մեր աշխատութիւն դարձեալ ոչինչ կարող են արդիւնաւորել, եթէ երկնից Հօր բարերարկամքը չըծագէ արեւ աշխարհիս վերայ իւր համատարած լուսով, եւ հրաման չը տայ ամպերուն որ անձրեւ տեղան լեռներուն, դաշտերուն ու մեր ցանած արտերուն վերայ։ Դու կը տեսնաս երբեմն, երբ մեք որ սովոր ենք աւելի մեր նեղութեան մէջ յիշել զԱստուած, ժողովուրդ ջերմեռանդ սրտաբեկութեամբ աղաղակ կը բառնայ դէպ երկինք. Աստուա՛ծ, անձրեւ տուր, անձրեւ։ Բարեգութ Աստուած լսելով ժողովրդի ձայնին կը թափէ երկնքից ամպերէն իւր բարի կամաց անձրեւ։
       Կը խելամտի՞ս, Թոռնիկ, երկնից արեւ եւ անձրեւ, երկրի ինքնաբերութիւն եւ մեր աշխատութիւն միանալով, բովանդակ աշխարհի մարդկանց կեանքի սնունդ կը պատրաստուի. մարդիկ կը վայելեն եւ կը լիանան թէ առաւել եւ թէ նուազ։ Մեր մշակած ցորենէն հաց, մեր սնուցած անասնոց միսը, կարագ, իւղ եւ պանիր, մեր դարմանած բանջարեղէնք, մեր փեթակներու մեղր, մեր տնկած այգիներուն խաղողն ու գինին, մեր ձեռատունկներէն հասուցած պատուական միրգեր, կերթան կելլեն մինչեւ թագաւորին սեղան եւ զայն կը զարդարեն թագաւորավայել ճոխութեամբ, աշխարհիս պետական վարիչներ, եւ համայն քաղաքաբնակ ժողովուրդներ կը վայելեն իրենց աստիճանին եւ կարողութեան չափով. անշուշտ մենք էլ մեր չափով կը վայելեմք մեր քրտանց աշխատութեան արդիւնքը։
       Թողունք հաց եւ այլ ամէն բան, զորս գիւղական ժողովուրդ կը պատրաստէ մարդոց կեանքին եւ սնունդին համար, այդ չէ միայն. եւ տես դու, որ նոյն մշակ ժողովուրդ կը պատրաստէ մարդոց մերկութեան ծածկոյթ, զոր Տէր Աստուած միայն միանգամ թզենւոյ տերեւով ծածկեց։ Այժմ թուեմ քեզ, Թոռնիկ, այն ամէն սկզբնական նիւթերը, զոր մշակելով յառաջ կը բերէ երկրագործ եւ կը յանձնէ արուեստաւորին։ Մեք կը մշակեմք բամբակ` կուտամք կտաւագործին, նա ժողովուրդին համար շապիկ կը պատրաստէ, եւ արուեստաւոր տարազագործ քանի՞ բազմազան ծաղկէնկար շիթեր կը հնարէ, որով լեցուած է աշխարհի վաճառականաց տուներ եւ շուկաներու խանութներ։
       Մեք կը տնկենք թթենին եւ կը հանենք շերամի այն զարմանալի խողակ, որ վաճառականաց ձեռքով կը հասնի մետաքսագործ արուեստաւորին ձեռք եւ նա հիանալի կերպասներ կը պատրաստէ, որով կը պճնին սիրամարգի նման աշխարհիս թագուհիներ եւ պալատականներ։ Հին ժամանակ այդ պերճանաց հանդերձներ միայն թագաւորական տանց եւ իշխանուհեաց համար առանձնաշնորհեալ պատիւ էր. բայց այդ` հասարակ ժողովրդի ընտանիքներն եւս նոյն ծիրանափայլ զգեստներով կը զարդարին։
       Թողլով շերամի մշակութիւն, հապա ո՞վ կը մշակէ այն պատուական կտաւատ, որոյ սերմերէն ձէթ հանելով մեր ճրագներ կը վառեմք, մերթ եւս ձէթով փիլաւ կը շինեմք, որ քան զձիթենիի իւղ շատ աւելի օգտակար է։ Իսկ կտաւատի ցօղունէն արուեստաւոր ձեռք ընտրելագոյն քան կտաւներ կը պատրաստէ, որ քան զձիւն սպիտակ կը լինի եւ մի շապիկցուն մինչեւ մէկ ոսկիի արժէք ունի։ Բայց քթանէն եւ բամպակէն եւ մետաքսէն զատ կան տակաւին ուրիշ բուսական նիւթեր, որոնցմէ հնարամիտ արուեստաւորն ոչ միայն հանդերձի համար, այլ եւ բովանդակ աշխարհի գրողներուն համար, տպագրութեան համար անհուն քանակութեամբ թուղթ կը պատրաստէ. թող բուսական խոտ` նոյն իսկ փայի տաշեղներէն անգամ թուղթ կը պատրաստուի, որ մեք զայն անպէտք համարելով կը վառեմք։
       Թողունք, Թոռնիկ, ուտեստի եւ հագուստի վերաբերեալ բաներ, որ գիւղական ժողովրդի աշխատութեան շնորհիւ կը պատրաստուին. հապա ո՞վ կը տնկէ անտառի ծառերը, եւ կը պատրաստէ աշխարհիս մարդոց բնակութեան անթիւ, անհամար շինութեան փայտեր, թող ցամաք երկրին, ծովու վերայ գնացող նաւերուն փայտերը։ Թէպէտ ի սկզբան Տէր Աստուած այս մեր աշխարհի լեռներ, դաշտեր ինքնաբոյս անտառներով զարդարած էր. բայց երկրի բնակիչ մարդիկ կտրելով սպառած են այժմ այդ հին դարերու յաւիտենական անտառներ։ Այնուհետեւ սկսեց անտառաբանութեան մշակութիւն, որ երկրագործութեան մի կարեւոր ճիւղն է։ Եւ գիտե՞ս դու, թէ այժմ տնկելով, դարմանելով որչա՞փ նորանոր անտառներ կը հասցունեն։ Երանի՜ թէ բախտ ունենայիր, Թոռնիկ, Եւրոպա երթալ եւ տեսնալ այն գեղեցիկ մայրի ծառերու եւ այլ պէս պէս որոշ որոշ անտառներ թէ հնատունկ թէ նորատունկ, զորս կը խնամէ եւ կը պահպանէ անտառապահ մշակն, գիտէ ժամանակին հինը կտրել կարգով եւ նոր մատաղ տունկ տնկել, կամ անտառի սերմեր ցանել. եւ այնչափ ճարտարութեամբ դարմանել` որ մի քանի տարուան մէջ, այդ փոքրիկ սերմիկներ մեծ մեծ ծառեր կը լինին եւ կը ծածկեն գետնին երեսը, որոց հովանեաց տակ կը հանգչի աշխատաւոր մշակը. անոյշ անվրդով քուն կը քաշէ եւ անտառին քաղցրախօսիկ սոխակներ յոգնած մշակին օրօր կը կարդան։
       Այսչափս միայն խօսելով, մտավարժ Թոռնիկ, կարծեմ լաւ հասկցար թէ` քանի՞ մեծ է եւ պիտանի հողագործութեան արդիւնք, զորս մշակ ժողովուրդ կը մատակարարէ աշխարհիս քաղաքացի ժողովուրդին։ Իսկ քաղաքացի ժողովուրդ, ընդունելով այդ ամեն վայելք, ինքը եւս գիւղացի ժողովրդոց խիստ կարեւոր պէտքեր կը հոգայ, որով համերաշխ մի փոխանակութիւն կը լինի երկուստեք, որով բարւոք կը կառավարեն աշխարհիս իրարմէ անջատեալ ժողովուրդներ, գիւղացին ի գիղ, քաղաքացին ի քաղաք։