Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե. ՎԻՃԱԿ ՄԵՐ ԱՐԴԻ ՀՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ
      
       Տեսնո՞ւմ ես, իմ սրատես Թոռնիկ, որ մեր գիւղական ժողովրդի հողագործութեան վիճակը նոյն հնութեան խանձարուրին մէջն է, դեռ հին հին դարերու մէջ կը թափառիմք. մեր հողագործութեան ամէն աշխատութիւններ դառնաքիրտն տանջանքն է, մեր բանեցուցած գործիքներ անտաշ, անարուեստ, եւ կոպիտ շինուածներ են, որ չէ թէ միայն զմեզ կը տանջեն, այլ առաւել մեր խեղճ անխօսուն անասուններ։
       Տե՛ս, ահա գիւղացի մշակը ցորենի օրան բարձած սայլին` արտէն կուգայ. մի զոյգ ուժեղ գոմէշներ լծած է եւ մի զոյգ եզներ, որ սայլը դժուարաւ քաշելով կէս ժամու ճանապարհը մի ժամէն հազիւ կը բերեն ի կալատեղ։ Անխիղճ սայլորդ խարազանով շըփըռ շըփըռ կը վարէ խեղճ գոմշուներ, լեզունին դուրս հանած շնչասպառ փնչփնչալով կը քաշեն. մօտ երթանք տես, Թոռնիկ, այդ կոպիտ սոսկավիթխար սայլը. չափէ սայլի երկայնութիւն եւ լայնութիւն. սայլին սռնակներով ի միասին կը դառնայ, սռնակի վերայ հեծած մառանը իւր ակներով հանդերձ եթէ կշռենք հարիւր լիտրէն աւելի է, վասն զի բոլոր թեղի ամուր փայտէ շինուած է. որ շատ ծանր է փայտերու տեսակին մէջ, ուստի սայլն ինքնին մի ահագին բեռ է եւ այս բեռան վերայ կը բառնան մինչեւ հարիւր յիսուն եւ աւելի ցորենի խուրձեր։
       Շատ կը մխիթարուիմ, Թոռնիկ, զի կը տեսնաս այժմ Վանայ գիւղական ժողովուրդ սկսած է Կարնոյ թեթեւ սայլեր գործածել, որ մեծ դիւրութիւն կուտայ երկրագործին։
       Երթա՛նք, ահա մօտ այն տեղ արտ կը վարեն, ցոյց տամ քեզ Ադամայ գութան. տես մի հաստ կորաքամակ հացի փայտ է, երեք կանգունէն աւելի երկայնութիւն ունի. եւ սորա անուն էշ կասեն Վանայ գիւղացիք, յիրաւի դանդաղ մի էշ է քաշելու համար. այս էշ փայտին յետսակողմ կցուած առատամն եւ անոր գլուխն անցուցած են երկաթէ խոփը։ Վանայ գութան մի զոյգ ամոլաձիգ գոմէշներով եւ երեք զոյգ եզներով կը հերկեն գետին. որուն բացած ակօսներ հազիւ մի մեծ թզաչափի խորութիւն ունի։ Բայց խօսիմ քեզ, Թոռնիկ, եթէ դու Մշոյ դաշտի, Ալաշկերտի եւ Արարատեան երկրի գութաններ տեսնաս, պիտի սոսկաս, ինն զոյգ կռուան գոմէշներով եւ եզներով հազիւ կը բանեցնեն այդ կոպիտ գութան եւ իրեն բացած ակօսը շատ մեծ տարբերութիւն չունի մեր գութանի ակօսէն, գիւղի քանի մի տուներ միանալով հազիւ կարող են մի գութան լծել։ Մեր Վանայ գիւղերու գութաններ, եթէ դոցա հետ բաղդատենք շատ աւելի կատարելագործուած են. վասն զի մեր գութանի հիւսներ շատ վարպետ են եւ լարաչափով այնպիսի ուղղութիւն կուտան գութանին, որ երբեմն առանց շեղելու գծի վերայ կը քալէ եւ ակօս կը բանայ։ Բայց թէ Եւրոպիոյ գութանին հետ բաղդատենք, մեր գութան ետ կը մնայ։ Վասն զի մի զոյգ գոմէշ կամ երկու զոյգ եզը, եթէ լծես Եւրոպիոյ գութանին ամենայն դիւրութեամբ գետին կը հերկէ` թէ եւ կորդ լինի, այն ինչ մեր գութան պէտք է չորս լծով բանեցնես։ Եւ գիտե՞ս, Թոռնիկ, թէ որչա՞փ տնտեսութիւն է երկրագործութեան աշխատութեան համար, երբ չորս լուծի տեղ կարենամք երկու լծով հերկել։ Մանաւանդ գիւղացի այն տուներու համար որչա՞փ ձեռնտու եւ շահաւոր է, որոնք շատ լծկան տաւարներ չունին
       Շատ ուրախ եմ, Թոռնիկ, ես լսեցի եւ գնացի տեսայ Վանայ մէջ մի ճարտար հնարամիտ հիւսն կայ ուսթայ Դաւիթ կասեն, որ ամենայն ճշտութեամբ Եւրոպիոյ գութաններուն նման կը շինէ. նմանապէս մի այլ արուեստաւոր դարբին կայ Ալէքսան անուն, նա եւս գութանի երկաթէ մասերը կը շինէ, բաւական է որ կաղապար ցոյց տաս։ Այժմ Վանայ շրջակայ գիւղացիք սկսած են այդ գութանը գործածել. գինն շատ աժան է. երեք ոսկիով մի գութան կրնայ շինուիլ։ Որչա՞փ դիւրութիւն է գիտե՞ս, Թոռնիկ, գիւղացւոց համար պատրաստի գութան գնել։ Ես գիտեմ խեղճ գիւղացին, թէ՛ գութանի համար թէ՛ սայլի համար եւ թէ մշակութեան պէտք եղած այլ եւ այլ փայտեր գնելու համար, թողլով իւր դաշտի աշխատութիւն, օրերով կերթայ կը դեգերի Վանայ ծառաստաններում. որպէս զի յարմար փայտեր գտնայ եւ այն որչա՞փ սուղ կը պարտաւորի գնել։
       Երանի՜ թէ` Վանայ մէջ մի գործարան բացուէր, ճարտար հիւսներէն եւ երկաթագործներէն. մի չափաւոր ընկերութիւն կազմելով` երկրագործութեան պէտք եղած ամէն եործիքներ պատրաստէին այդ գործարանում, ոչ միայն գութան` այլ եւ փոքր արօրներ, թեթեւ սայլեր, որոյ սռնակներ անիւներու մէջ դառնային. կասելու վերաբերեալ բոլոր գործիքներ կամնասայլ, ջառջառ եւ այլն. մանկեռ, տափան, լծներ, եւայլն։ Էն ժամանակ տեսնաս դու Թոռնիկ, թէ ո՞րչափ դիւրութիւն կը լինի երկրագործ ժողովուրդին համար։ Եւ ո՞րչափ պիտի շահի ադ փոքրիկ ընկերութիւն, ոչ միայն Վանայ գիւղացւոց, այլ եւ` դրացի գաւառներուն համար եւս` կարենայ պատրաստել. վասն զի Վանայ ծովակ մեծ դիւրութիւն կուտայ, մշակութեան գործիքներու փոխադրութեան համար։ Եթէ յաջողի այս ձեռնարկութիւն, հին գործիքներ փոխուին ի նոր. շատ պիտի յառաջանայ երկրին արդիւնաբերութիւն, որ ոչ միայն հպատակի ժողովուրդին, այլ եւ Տէրութեան հասոյթին կրկնապատիկ յաւելումն կը լինի. զի երկրին մշակութեան բարգաւաճանք Տէրութեան գանձարանին հարստութեան աղբիւրն է։
       Այսպէս Թոռնիկ, հին գործիքներ եւ միանգամայն հին ունակացեալ նախապաշարմունք ի բաց թողլով, պէտք է ընդունիմք արուեստին հնարած նորանոր գործիքներ. թէպէտ անգիտակ ժողովուրդին համար բաւական դժուարին է, այլ երբ ժողովուրդ իւր աչքով տեսնայ գործնական օրինակ, աշխատութեան դիւրութիւն եւ միանգամայն շահն ու վաստակ, նա իսկոյն կը քաջալերուի եւ հետամուտ կը լինի փորձել եւ սովորել. միթէ դու այնքան ապուշ եւ տխմա՞ր կը կարծես մեր գիւղացի ժողովուրդ, որ իւր շահը աչքին առաջ տեսնայ եւ չաշխատի ձեռք բերել։
       Մտիկ արա, Թոռնիկ, քեզ մի փոքրիկ պատմութիւն անեմ, համոզուիս թէ մարդիկ` ի՛նչ բան որ շահաբեր է, զայն իրարու ձեռքէն յափշտակել կը ջանան։
       Կը պատմեն թէ` մի Ֆրանսացի բաւական քանակութեամբ փաթաթէս, իբր սերմ Ամերիկայէն փոխադրեր է ի Ֆրանսա եւ մի արա փաթաթէս տնկելով` յաջողած է մեծ արդիւնք առնել։ Եւ որովհետեւ իւր նպատակն այն է եղեր, որ այդ օգտակար տունկին մշակութիւն տարածէ Ֆրանսայի մէջ, ուստի իւր մշակած փաթաթէս ձրի բաշխել կուզէ ժողովուրդին, ոչինչ կարեւորութիւն չի տար ժողովուրդ գուցէ կը ծաղրեն եւս։ Դու տե՛ս ի՞նչ կանէ հնարամիտ ագարակատէր, կառավարութենէն ոստիկաններ կուզէ եւ պահապան կը դնէ փաթաթէսի արտին։ Բայց գաղտնի հրահանգ կուտայ ոստիկաններուն եթէ մանան փաթաթէսի արտ եւ գողութիւն անեն, պահապաններ այնպէս ձեւանան` որպէս թէ չեն տեսնար, թոյլտուութիւն անեն։ Մարդիկ կը տեսնան որ, պահապաններ կան արտին վերայ, ուրեմն կասեն, արտին մէջ լաւ բաներ կան ուտելու։ Կը սկսեն ճարպիկութեամբ գողնալ փաթաթէսներ, առաջ խում խում կուտեն եւ յետոյ կեփեն` կը տեսնան որ, մի պատուական բան է. հաւկիթի պէս համ ունի եւ բաւականին սնունդ կուտայ մարդոյն։ Ահա այս կերպով ոչ միայն ի Ֆրանսա այլ եւ բոլոր յԵւրոպայ կը տարածուի փաթաթէսի մշակութիւն, սովու ժամանակ ժողովուրդին համար մի ազատաբար սընունդ է։
       Տեսա՞ր Թոռնիկ, ի՛նչ վարպետ եղանակ բանեցուց հանճարեղ ֆրանսացին. իւր գիւտը գողերու ձեռքով բոլոր Ֆըրանսայի երկիրը տարածեց, թող Ֆրանսա, այսօր համայն Եւրոպա փաթաթէսի մշակութեամբ կը պարապեն, ցորենէն յետոյ ամենակարեւոր մի պէտք համարուած է սնունդի համար։
       Որչա՞փ ցանկալի կը լինէր, եթէ մեր մշաը ժողովուրդն եւս այս օրինակին հետեւելով` սովորէր մշակել այդ շահաւէտ բոյսն, որ միայն տեղ մինչեւ երեսուն քառասուն կը պըտղաբերէ. եւ երբ պատահէր որ ցորենի մշակուծիւն չի յաջողէր, փաթաթէսի մշակութիւն կը լեցնէր նորա տեղ եւ այլ եւս մարդիկ սովու դառն աղէտէն ազատ կը մնային։
       Մշակութեան գործիքներու վերայ խօսելէ յետոյ, գիտե՞ս Թոռնիկ, աւելի կարեւոր կենդանի գործիքներ եւս կան, այն է մեր լծկան աշխատաւոր անասուններ, որ քան զմեզ առաւել կը խոնջին մշակութեան ամենածանր աշխատութեան մէջ։ Բայց գիտնալ պէտք է, թէ մշակութեան համար ո՞րն է աւելի յարմարագոյն, ե՞զ, գոմէ՞շ, թէ ձին։ Մեք սովորաբար եզ եւ գոմէշ կը գործածենք, փորձառութիւն ցոյց կուտայ մեզ, որ հեզաբարոյ եզն աւելի յարմարագոյն է քան գոմէշ, գործածութեան համար մեծ դիւրութիւն կուտայ։
       Վասն զի գոմէշ մեծ զբաղմունք եւ դժուարութիւն կը յաւելու մշակին, մանաւանդ գարնան սկիզբն, երբ ի ձմերան ախոռին մէջ գերացած` յօրացած դուրս կը հանուին, քանի մի շաբաթ պէտք է, որ այդ ամեհի եւ կատաղի կենդանիներն ընտելացնես եւ ապա կարենաս նոցա սէգ պարանոցը լուծին տակ դնել։ Դու տեսե՞ր ես, թէ մշակներ ի՞նչ միջոց ի գործ կը դնեն այդ կռուան գոմէշներ իրարու հետ հաշտեցնել համար. Այնպիսի յիմար եւ կոպիտ միջոց մտածեր գտեր են, որ գոցա կռուոյ տեսարանին առաջ, մարդ չի կարող դիմանալ` երբ փափուկ սիրտ ունի։ Երկու կռուան գոմէշներ դաշտ հանելով թող կուտան, տես դու յայնժամ, թէ քանի՞ ուժգնութեամբ գլուխ գլխու կը զարնուի ահագին ճայթումով, կռուոյ վախճան այն կը լինի երբեմն, որ մին առաջին հարուած կրելով կը տեսնայ իւր տկարութիւն եւ խոյս կուտայ. մերթ եւս հաւասար ուժեր երկուստեք յամառելով չեն բաժնուեր, մինչեւ մէկին կամ միւսին ոտքը կը կոտրի կամ կոտոշն արմատէն կը թռչի։ Մի զարմանալի օրէնք կայ այս կռուաններու միջում. երբ մին յաղթող հանդիսանայ եւ միւսն կը փախչի, այլ եւս հաշտ են իրարու հետ եւ խոնարհելով կերթան ի միասին լուծին ներքեւ։
       Չզարմանանք Թոռնիկ, որ անգէտ գիւղացին գոմէշներու հաշտութեան պայմանը այսպէս կը կնքէ. միթէ աշխարհի հաշտութեան օրէնքն եւս այսպէս չէ՞։
       Թող այս, գոմէշին գործածութիւն ուրիշ կերպ աշխատութիւն եւ դժուարութիւն եւս ունի. վասն զի գոմէշներ որչափ որ պինդ եւ հաստակաշի են, բայց շատ փափուկ են եւ մեծ դարման կուզեն. ոչ ցուրտի կը դիմանան եւ ոչ տաքի, յամարան օր քանի մ»անգամ պէտք է լուանաս` ի ձմերան եւ գոնէ քանի մ»անգամ պէտք է լուանաս եւ օծես ձէթով։ Եւ գիտե՞ս, թէ քանի՞ դժուարին է զսպել այնպիսի գոմէշներ, որ չեն ընտեանար միշտ կռիւ կը սիրեն եւ կը վրդովեն միւսներուն խաղաղութիւն։ Մի մշակ պէտք է դորա հետ զբաղի առանձին եւ պահպանէ զայն, գիւղացին միայն հնարք մի ունի, այդ անզուսպ կռուանները գործածելու, եւ անմիջապէս կը հնազանդեն։ Եւ մերթ եւս գիւղացիք մեծ պարծանք կը համարեն իրենց համար, եթէ կռուան գոմէշներ ունենան. վասն զի չինական ժողովուրդն եւս իւր չափով փառասիրութիւն ունի։ Որչա՞փ կը հպարտանայ մեր Թորոս աղբար, երբ իւր գոմէշն` յաղթէ Կիրակոսի գոմէշին. տես դու էն ժամանակ Թորոսին եւ Կիրակոսին կռիւն. մանաւանդ երբ յաղթուած գոմէշին վտանգ պատահած է, կամ ոտք կոտրեր եւ կամ կոտոշ թռեր է. եւ սորա հետեւանք կը լինի ոխութիւն կամ վրէժխնդրութիւն իրարու դէմ։
       Ինձ այնպէս կը թուի, Թոռնիկ, մշակութեան ծանր եւ անտանելի գործիքներ պատճառ տուած են գիւղացւոց գոմէշ գործածել։ Բայց երբ գործիքներ թեթեւնան եւ դիւրանան, այլ եւս հարկ չի մնար գոմէշի գործածութեան։ Այո՛, անասնաբուծութեան կարգին գոմէշն եւս իւր պիտանութիւն ունի իւր կաշւոյն եւ մսին համար, հապա կոտոշն, յորմէ Եւրոպացին իւր ճարտարութեամբ շատ տեսակ բաներ կը շինէ, դանակի, չախուի` կոթեր եւ կոճակներ, իսկ մեր ձէթ ծախող` կոտոշով կը չափէ իւր ձէթ եւ միայն այսչափ է պիտանութիւն։
       Ուստի լաւագոյն է Թոռնիկ, որ գիւղացիք համոզուին եւ սովորեն, աւելի եզն գործածել մշտական աշխատութեան մէջ, որոյ դարման թէ ամարան եւ թէ ձմերան շատ հեշտ է, ոչ լուանալ կուզէ եւ ոչ օծել. բաւական է միայն քերոցով իւր կռնակ քերել եւ մաքուր պահել։ Բայց պէտք է եզներուն սերունդ ազնուացնել ինչպէս Ալաշկերտ գաւառի եզներ, որ շատ պատուական եւ հսկայ են. մեր Վանայ գաւառի եզներ շատ գաճաճ եւ անոյժ են, դորա պատճառներ կը բացատրեմ քեզ իւր տեղը։
       Բայց թէ խօսիմ` Թոռնիկ, թէ քան զգոմէշ, եւ եզն շատ մեծ առաւելութիւն ունի ձին, եթէ գիտնայինք եւ կարենայինք գործածել զայն մեր հողագործական աշխատութեան մէջ։ Գիւղացին կը խնդայ թերեւս, նա չէ տեսեր եւ չի կրնար հաւատալ, թէ բոլոր Եւրոպիոյ աշխարհ միայն ձի կը գործածէ երկրագործութեան համար, թէպէտ անհուն եզներ կը դարմանէ եւ այդ միայն` մսին եւ կաշւոյն համար է։ Ձիոյն յատկութիւններ խօսիմ քեզ, նախ որ ձիոյն կուրծքը կրկնապատիկ ոյժ ունի քան եզան վիզը, երկրորդ ձին շատ արագութիւն ունի աշխատութեան մէջ այնպէս համարենք եթէ եզ եւ գոմէշ լծուած գութեան մի օր յիսուն ակօս կը բանայ, անշուշտ ձիոյ գութեան մինչեւ եօթանասուն եւ աւելի եւս ակօսներ կը բանայ։ Մանաւանդ սայլ քաշելու եւ օրան կասելու համար, ձիոյն գործածութիւն անհամեմատ է։
       Այլ միթէ գիւղացին կը համոզուի` իւր հին աւանդական դրութիւն եւ սովորութիւն թողնել, այո՛ Թոռնիկ. գիւղացին եւս իւր իրաւունքն ունի, քանի որ կրթութիւն եւ ժամանակն ձեռնտու չեն իրեն. եւ աւելի քան զամէն իւր խոր արմատացած նախապաշարումն. այդ հնաւանդ վաղափարը իւր մտքէն խլելու համար կրթութիւն եւ հարուստ ժամանակ պէտք է։
       Բայց միթէ սպասե՞նք, որ նա կրթուի եւ մտքով հաւանի նոր յառաջդիմութեան. ո՛չ, ինչպէս խօսեցայ յառաջ, պէտք է գործնական օրինակով ցոյց տանք գիւղական ժողովուրդին, թող տեսնայ իւր աչքով. վասն զի նա որ գրել կարդալ չի գիտեր կը դժուարի մտքով ըմբռնել. աչքի տեսութեամբ եւ յայտնի օրինակով շուտով կըմբռնէ. եւ գործին շահաւէտ արդիւնք կը մղէ զինքն հետեւիլ օրինակին։ Հին աշխարհի դարերում երբ գիր չը կար, ոչ դպրոց եւ ոչ կրթութիւն. ամէն բան եւ արուեստ աչքի վարժութեամբ կը սորվէին իրարմէ. եւ նոյն իսկ արդի մեր արեւելեան աշխարհ նոյն վարժութեամբ կուսանին պարզ արհեստներ զորօրինակ, դարբնութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, հիւսնութիւն եւայլն, այն ինչ արեւմտեան յառաջադէմ աշխարհ այդ արհեստներ նախ տեսական կերպով դպրոցի մէջ դաս կ»ուտան եւ երբ դպրոցէն ելլէ աշակերտ, շատ դիւրութեամբ կուսանի գործնական վարժութիւն արհեստանոցին մէջ։