Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԲ. ՊԱՊԿԷ ՊՍԱԿ Ի ԴԱՇՏ
      
       Սիրելի՛ Թոռնիկ, ես նորէն եւ կրկին զքեզ պիտի պսակեմ. դու մի՛ կարծեր, որ եկեղեցւոյ կամ քահանայի պսակ քեզ բաւական է։ Այո՛, հոգեւորապէս եւ Աստուծոյ օրէնքով բաւական եւ շատ է։ Բայց եթէ Պապիկ այդ պսակին վրայ իւր պսակ չդնէ, դու անօթի կը մեռնիս։ Ահա աղօթարան բացուեցաւ. հրաման արա մշակներուն, թող գութան սարքեն, տանին գեղի մօտի խօզան աւաղարտ. պէտք է այժմէն վարենք, աղբենք այն արտն, եւ գարուն բանջարեղինաց պարտէզ անենք։
       Լծեցէ՛ք գութան. դու տես հիմի, Թոռնիկ, թէ ի՛նչպէս պիտի պսակեմ զքեզ։ Գնա՛ նախ գոմշուըներուն եւ եզներուն ճակատներ համբուրէ, արի գութանին մաճին քով խոնարհիր գետին` մայրենի հող համբուրէ, ձեռքս մաճին վերայ դրած եմ, համբուրէ Պապկի ձեռք եւ մաճը. ահա քառասուն տարուան մաճկալ Պապիկ, այսօր քեզ կը յանձնէ մաճկալութեան վսեմագոյն պաշտօն, զոր Տէր Աստուած Ադամայ մեր մեծ Պապկէն տուաւ, որ գործէ երկիր եւ պահէ։
       Ցորենաբոյսէ հիւսուած մի սիրուն, գեղեցիկ, բոլորակ պսակ շինեմ իմ ձեռքովս քեզ համար. բեր գլուխդ Թոռնիկ, դնեմ այս իմ պսակ. եւ այս պսակն, Պապկէդ պսակն եւ յիշատակն է, երբէք չը վերցնես գլխէդ մինչեւ մահուանդ օր։ Եւ դու էլ կը ծերանաս Պապկի պէս, այդ պսակ քո անդրանիկ որդւոյդ գլուխ դիր, եւ այսպէս որդւոց որդի թող շարունակի. այդ պսակին խորհուրդ բացատրեմ քեզ, որ լաւ ըմբռնես եւ անեղծ պահես այս աւուր յիշատակ քո մտքին մէջ։
       Ազն՛իւ Թոռնիկ, իմ խորհրդաւոր պսակիս նշանակութիւն այս է. քահանան զքեզ կը պսակէ հոգին հետ, գութանին հետ, դաշտի մշակութեան հետ. եւ ինչպէս Շուշանին հետ, դաշտի մշակութեան հետ, եւ ինչպէս Շուշանին հետ կապեց զքեզ քահանան, եւ դու տէր ես մինչեւ ի մահ, կարող չես զինքն թողուլ, այնպէս եւս Պապիկն զքեզ պսակելով կը կապէ մայրենի երկրին հետ, որ յաւիտեան չը պիտի թողուս` որ մեր հայրենի Պապկենական սեպհականութիւն է։ Ադամն ասաց եւ մարդիկ կասեն, թէ` կին մարդոց կեանքն է. միթէ հողն էլ մարդոց կեանք չէ՞, մարդիկ աշխարհիս վերայ հացով կապրին։ Շուշան քեզ զաւակներ պիտի բերէ. հողն էլ ձեզ հաց պիտի տայ, դաշտի մէջ արածող կովն ու ոչխար` ձեզ առատ - առատ կաթ պիտի տան. կաթէն իւղ ու պանիր կը շինէք. այս ամէն բարիքներուն վայելք հողն չէ՞։
       Այժմ, Թոռնիկ, ասա մշակներուն` առնեն գութան եւ տաւարներ, դառնանք երթանք ի տուն, մայրիկիդ եւ Շուշանին պէտք է յայտնեմ դաշտի պսակի խորհուրդ։
       Մտիկ արէ՛ք որ խօսիմ ձեզ, բարի տանտիկին եւ Շուշան։ Ես այսօր, նոր փեսայ ոռնիկ տարի դաշտ. գութան լծել տուի, մաճը Թոռնիկին ձեռք տուի, ձեռքս գլխուն վերայ դնելով` նահապետական օրհնութիւն կարդացի, եւ զինքն կրկին անգամ հողագործութեան հետ պսակեցի, հողին եւ գութանին հետ կապեցի, եւ գիտէ՞ք դուք, որ Պապկի պսակն անքակտելի պէտք է լինի։ Թոռնիկ այժմ երկու կին ունի, իմացէք, մի կինն Շուշանն է, որու հետ պսակուեցաւ սուրբ ամուսնութեամբ. մի կինն էլ հայրենատուր ժառանգութեան հողն է, որում հետ ես կապեցի Հայր Աբրահամու օրհնութեամբ։ Շուշանն զաւակներ պիտի բերէ Թոռնիկին համար, հողն էլ հաց պիտի տայ բոլոր ընտանեաց համար։ Կաղօթեմ, որ Աստուած պահէ Շուշանն եւ շա՜տ ապրի, բայց Շուշանն մահկանացու է, թէ մեռնի, Թոռնիկ մի ուրիշ շուշան էլ կը գտնէ։ Իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տանն ընտանիք ի միասին կը մեռնին։ Եւ ի՞նչպէս կը մեռնի հողն, որ Ադամէն մինչեւ էս օր կայ ու կը մնայ անմահ։ Խօսեմ ձեզ թէ հողն ի՛նչպէս կը մեռնի. այն անբախտ օրն, երբ Թոռնիկ ձեռք մաճէն քաշելով` հողագործութիւն չի շարունակեր. կամ հարստանալով կը բարձրամտի` այլ եւս ամօթ կը համարի գիւղին մէջ, կամ գիւղական ընկերութեան հետ ապրել. կը թողու գիւղն ու հող` կերթայ քաղաքացի կը լինի։ Եւ կամ դժբախտ օրեր կը հասնին իւր վերայ, երբ յուսալով թէ շատ հողեր ունի, պարտք անելով իրարու վերայ կը բարդէ. պարտատէր հոէեր կը գրաւէ, ո՜հ, Թոռնիկն անհոգ կը մնայ։
       Ահա այն օր հողն Թոռնիկին համար կը մեռնի, գրաւողին համար կենդանի կը մնայ։ Այն օր, այո՛։ Պապկի տան ճրագ կը մարի, Թոռնիկ տանուտէր` վարձւոր մշակ կը լինի։ Աւա՜ղ, Պապկի հարս, նազելի Շուշան` պիտի երթայ հացթուխ լինի գեղին մէջ, իրիկուան մի քանի հաց գոգնոցին մէջ դնելով` բերէ իւր ճժիկներուն։ Թոռնիկին մայր, բարի տանտիկին, դու Պապկի ետեւէն մեռիր, որ չը տեսնաս այն օր։
       Չասե՞ս, Թոռնիկ. ա՜հ, Պապիկ, ի՞նչ չար գուշակութիւն կանես Թոռնիկիդ վերայ, բերանդ բարի բաց։ Ո՛չ, Թոռնիկ, Աստուած չընէ որ գուշակութիւնն ձեր վերայ կատարուի։ Ես կաղօթեմ որ դուք այն սեւ օր չը տեսնաք. սորահամար այն սեւ աւուր տխուր կեանքի պատկեր նկարեցի ձեր աչքի առաջ։ Որպէս զի տեսնաս ու յիշես Պապուդ հեռատես գուշակութիւնն, յամենայն զօրութենէն աշխատես հողն ձեռքէդ չհանել. ոչ միայն հողն քեզ պէտք է, որ հաց կուտայ քեզ, աշխարհիս վերայ կապրիս, այլ եւ նորա համար Աստուած շատ արեւ տայ քեզ. երբ մեռնիս` գերեզմանիդ համար էլ երկու կանգուն հող պէտք է, չգիտե՞ս դու, մարդիկ գերեզմանի հողին վերայ էլ կը կռուին. վա՜յ անոր, որ կը մեռնի եւ թաղուելու տեղ չունի, զի գերեզմանի հողն եւս մարդոյն համար մի սեպհական իրաււոնք է։ Ասել կուզեմ, Թոռնիկ, մարդ իւր ծնած օրէն հողով կապրի. եւ երբ մեռնի, դարձեալ հող պէտք է, որ նորա տակ թաղուի։
       Այսպէս, Թոռնիկ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս, երթաս ուրիշի դռներ վարձկան մշակ դառնաս, եւ էն ժամանակ ձեր վերայ կատարուի պապկի կախարդ գուշակութիւն. եւ դու խելաբերելով յիշես, աւա՜ղ, ես տանուտէր էի, նահապետ Պապկէս խրատներուն մտիկ չարի, այժմ անառակ որդւոյն պէս` վարձկան մշակ եղայ, թողլով իմ ոչխարաց հօտ, ուրիշներու նախիր կարածեմ. եւ շաբաթ մի անգամ գոնէ դուռ շրջելով նախրահացժողվեմ։
       Այո՛, Թոռնիկ, երբ գեղի տանուտիրոջ բախտին անիւ դառնայ, այնչափ նաւաստանայ` որ նոյն գեղին նախրորդ լինի, դու մի կարծեր թէ այդ վիճակ կարի դառնագոյն մի վիճակ է. վասն զի գեղի նախրորդ վարձաւոր մի մշակ է, շալակներով հաց կը տանի իւր տուն. կթան կով ունի, գոնէ մեր խանի հատ ոչխար, այծ ունի եւ իւր ընտանիք լիութեամբ կապրին։
       Բայց երբ այդ անկեալ տանուտէրին ձեռք նախրորդութիւն չիյնայ, նա ինքնին իւր նախկին վիճակ յիշելով ասէ. Ես տանուտէր էի, ի՞նչպէս կարող եմ վարձկան մշակ լինել գիւղին մէջ, լաւ է որ թողում գեղ, երթամ քաղաքներ եւ իբրեւ անծանօթ մի չքաւոր մարդ, խառնուիմ փողոցի աղքատներուն հետ` լինիմ մուրացկան։ Իսկ եթէ իբրեւ հարստութենէ ինկած «տէօվլէթտէն տիւշկիւն» յաջողիմ վիճակի Առաջնորդէն մի վկայական առնել, այդ ինձ համար մի մեծ բաշտն կը լինի. կերթամ աշխարհէ աշխարհ, եկեղեցիներուն, հարուստներուն կը դիմեմ, եւ այսպէս ժողովք անելով` դառնամ գամ պարտքս տամ եւ պահեմ իմ ընտանիք։
       Ահա, Թոռնիկ, դժնդակ եւ դառնագոյն վիճակն այս է. երբ տանուտէր մուրացկանութեան կը դիմէ, հաւատալով թէ այդ անարգ եւ անպատիւ մուրողութեամբկարող կը լինի բաւական գումար հայթայթել ու վերստին կանգնել իւր կործանեալ տունն։ Դու կը հաւատա՞ս, որ հողագործին կործանեալ տուն մուրացկանութեամբ կանգնի։ Բովանդակ ծերութեանս կեանքի մէջ ես այդպիսի բան չը տեսայ։ Վասն զի տանուտէր գեղացւոյն տան հաստատուն հիմն հողագործութիւն է. երբ տանուտէրն հողն ու հողին վաստակ թողու, նա արդէն կործանուած է եւ յաւիտեան կանգնել չունի. նա չքաւորութեամբ պիտի ապրի մինչեւ մեռնի։
       Է՜, սիրելի՛ Թոռնիկ, բաւական եղաւ, աւարտենք դաշտի պսակ եւ դաշտի դասերս։ Ես պէտք է պատմեմ նաեւ գեղի Էրէցուն եւ գեղացւոց, թող աշխարհ իմանայ, թէ Առճակու Պապիկ էսպէս մի տարօրինակ բան արած է. իւր Թոռնիկ նոր փեսան տարեր է դաշտ հողին ու գութանին վերայ պսակեր է. մարդ չի գիտեր ի՞նչ պսակ է այդ, որ առանց քահանայի, առանց խաչի եւ Աւետարանի ու ժողովրդի վկայութեան` դաշտի մէջ կատարուեր է։
       Թող մեր գիւղացիք այսպէս դատաստան անեն. Թոռնիկ, Բաւական է, որ դու լաւ հասկցար այս պսակին խորհուրդն, ես կը մեռնիմ, դու ողջ կը մնաս` կը տեսնաս, յետոյ գեղացին էլ կը հասկընայ եւ ողորմիս կուտայ Պապկի հոգւոյն։