Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բարեկամ.
       Մարդկային ընկերավարութեանց սովորութիւնն է, երբ հեռաւոր տեղէ մը գան, իրենց գտնուած երկրի բարիքներէն կամ հազուագիւտ իրերէն ընծայ մի կը բերեն բարեկամին։ Հետեւելով այսմ, երբ Պօլիս եկայ, այս անգամ ուզեցի ընծայ բերել Ձեզ իմ երկրէն։ Ի՜նչ։
       Ի՜նչ կը գտնուէր հոն, ուր ես էի. հող եւ ջուր միայն, եւ հողով ու ջրով եւեթ կեանք վարող հայ ժողովուրդ։
       Գրոց եւ բրոց ծրար մ՚ ընծայ բերի Ձեզ այն հողէն ու ջրէն, որ Հայաստանի անունը կը կրեն տակաւին, ժողովրդէ մը, որ սերունդ եւ անուն Հայութեան ունին։ Այս հողն եւ ժողովուրդ կամ, այսպէս ըսեմք, Հայաստանն ու Հայ, որ հազար անգամ խորամանկութեան ու բռնաւորութեան փորձեր անցուցեր են, փորձեր՝ խլելու այս ազգի արմատը այդ արտէն, կամ փոխելու այն հողի յատկութիւնը, որ այլեւս չբուսցընէ զՀայ եւ չերեւի Հայութեան նշոյլ մը։ Բայց հայերը մանգաղով հնձուած ժամանակ սերմերը թափեր են փոշիներուն մէջ, արմատէն խլուած ժամանակ ջեղ մը թողուցեր են քարի մը տակ, ձորի մը մէջ եւ նորէն բուսեր, ծլեր, արմատ ձգեր, ոստ արձակեր, ծաղկեր ու պտղաբերեր են անդրէն։ Անկարելի է գտնել աշխարհ մը եւ ազգ մը, որ համեմատուի հայուն եւ իւր երկրին, որ այնքան աւեր, մահ, սուր, ուրացութիւն, արիւն, գերութիւն կրած լինի ու նորէն ցայսօր ապրի։
       Իւր քաղաքականն ու կրօնականը, իւր նիւթականն ու հոգեկանը առհասարակ կողոպտուած. գանձն ու զէնքը առնելէն զկնի, մարդն ու իւր բնակարանը, տաճարներու քարերը եւ լեզուն ու մագաղաթներն անգամ գերի գնացած են, ստրկութեան ենթարկուած են։ Բայց մեր երկրի հողն ու ջուրը, օդն ու եթերքը օծուած են հրեղէն լեզուով, հրեղէն հոգւով, որք ո՛չ միայն վերաստեղծեր են զհայեր, այլ եւ վերապատմեր են հետագայից Հայաստանի նահապետաց, դիւցազանց, թագաւորաց եւ առաքինեաց անուններ ու գործերը։ Այս լեռները, հովիտները, ձորերը, գետերը, շէները, աւերները, հողմերը, աստղերը, ամենքն ալ խորհրդաւոր անուն մը ունեցած են. եւ այդ ամէն մէկ անունը կը պարունակէ իւր մէջ անձի մը կամ անցքի մը պատմութիւն, թէ առասպել համարուի այն առ այժմ եւ թէ իրական, եւ այսպիսեաց շարունակութիւնը մագաղաթներէն աւելի տոկուն եւ անջինջ մատեան մը շարունակած է. այն է՝ բնակչաց բերանացի աւանդութիւնք կամ վէպք եւ զրոյցք։
       Ասոնց մէկ նշմարն է իմ ընծայս։
       Միտքս այն չէ, որ ընդարձակեմ տեսութիւնս այս ընդարձակ եւ ցանկալի խնդրոյն վրայ, եւ ոչ քրքրել կ՚ուզեմ հնախօսութեանց թերթերն ու միտքերը։ Ոչ վ. հ. Ղ. Ալիշանեանի Յուշիկն ունիմ, ոչ Տ. Ս. Երեմիա եպիսկոպոսի Հայրենասիրութիւնը եւ ոչ ասոնց նմանները։ Անոնք արդարեւ ուժ եւ եռանդ ունեցող անձանց գործքեր են։
       Ես իբրեւ մեղու ապրած ու աշխատած եմ. զիս փեթակի մէջ կը պահէին եւ դրսէն դուռը կը ծեփէին։ Իմ օրերու մեծ մասը անլուսատես եւ փականքի տակ անցուցեր եմ, բայց երբ բաց գտեր եմ դուռը, փութացեր եմ ծաղիկներուն վազել, մասիկ-մասիկ անոնցմէ առնուլ, թուփէ թուփ թռչտելով, եւ հաւաքածներէս շատը, քամիին եւ պիծակներուն դէմ պատահելով, կորսնցուցեր եմ։ Ահա ինչ որ մնացած էր բերանս, կը ձօնեմ ազգիս բանասիրաց՝ ձեր ձեռքով մատուցանելով զայն, ո՛վ իմ բարեկամ։
       Ընծայիս վերջին մասը, որ է ԴԱՒԻԹ ՍԱՍՈՒՆՑԻՆ կամ ՄՀԷՐԻ ԴՈՒՌԸ, առանձին հրատարակելու մտադիր էի։ Գրիչ ձեռքս առի անոր իբրեւ յառաջաբանութիւն մը գրելու. միտքս զանազան յիշատակութիւններ եկան։ Թող տուի գրիչս մտքիս հոսանքին առջեւը, բայց, միշտ ձգելով եւ կարճել ուզելով, շարունակեցի, թէպէտ առանց յօժարութեան կը գրէի։ Ընկերս՝ պ. Ս. Տ. Ս., որ բանասէր եւ ուսեալ հայրենակից ազնիւ երիտասարդներէն մինն է եւ քաղցր ճաշակ ունի հայրենեաց պատկերներ եւ հնութիւնները օրինակելու, դիպեցաւ գրելուս եւ, իմ թագուցանելուս հակառակ, կորզեց ձեռքէս։ Ընթերցաւ եւ զմայլում մը ցոյց տուաւ՝ հարկադրելով, որ չյապաւեմ այդ գրածներս, այլ, ընդհակառակն, աւելի ընդարձակեմ։ Ես նոյնը թողուցի՝ ոչ թէ իրօք արժէք մը տալու համար, այլ նոյն ընկերիս պատւոյն համար միայն հաւանած եմ տալ հրատարակութեան այս գրածներս, որք բոլորովին անարուեստ, անդասակարգ լեզուով, մասն մասին չյարակցող նիւթեր են։ Թողի այնպէս՝ առանց ի գործ դնելու անոնց մէջ ձեւք եւ պերճութիւնք բառից եւ բանից, առանց Հոմերական եւ Վիրգիլիական ճարտար հիւսուածոց եւ պաճուճանքներու եւ առանց նոյնիսկ հայոց պատմութեանց եւ բանաստեղծութեանց զարդն ու նմանութիւնը անոնց տալու, այլ մերկ, պարզ եւ ինչպէս գտած ու ըմբռնած էի, նոյն վիճակով ներկայացուցի։ Մտածելով, թէ փայտերը, քարերը եւ ամենայն ակունք ու այլ նիւթերը նախքան զարուեստաւորել՝ իրենց բնական բոյսին ու կազմին մէջ թէպէտ անվայելուչ եւ անշնորհք երեւոյթ մը ունին, բայց արուեստաւորք զանոնք թանգ կը գնեն։ Եւ ինչո՞ւ ամէն արհեստական նիւթը իրեն նախնականը պատրաստողն ու վաճառողն ունի, ինչո՞ւ գրարուեստն ալ չունենայ։ Թէպէտ ժամանակէ մը հետէ կը նշմարենք առաւել Ռուսաստանի հայ բանասիրաց մէջ ծաղկեալ այս ճաշակը, ուր ժողովրդական կեանքէն նկարագիր կ՚ընեն, Հայաստանի տեղագրութիւնք, ռամկական երգերը եւ զանազան ծէսերը, վէպերը, առածները կը տպագրեն։ Ահա այս խորհրդով իմ երկրէս իբրեւ ընծայ այս գրուածքս կը նուիրեմ, զոր ընտրեցի ոչ որպէսզի այսու ես պատիւ մը կամ անուն մը ձեռք բերեմ, այլ գիտելով, թէ դուք ունիք ճաշակ այսպիսի պտուղներու, զորս քաղած եմ հայրենի մրգաստանէն այն ձեռներով, որոյ մատերը ձեզնէ քաջալերուած եղեր են գրիչը շարժելու։ Եւ ահա բարի լուսոյ առաւօտ մը կը հանդիպիմ Ձեզ՝ փոխարինել ողջունիւս հանդերձ։
       1874 սեպ. 3
       Կ. Պօլիս
       ԾՐԱԳՐՈՂ Սրուանձտեանց Գ. Վ.
       ԻԲՐԵՒ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ
       ՄԻ ՄԱՍՆ Մշեցւոց վրայ ընդհանուր տեսութիւն գրածիս (Մանզումէի միջոցաւ 1869-ին հրատարակուած)
       …Մամիկոնեանք դեռ Մշոյ աշխարհին տէր չեղած՝ այս աշխարհի զաւակը սրտի քաջութեան եւ ազատասիրութեան մէջ նշանաւոր էր։ Ես կ՚ըսեմ՝ Մամիկոնեանք եկան այս աշխարհին մէջ եւ այս աշխարհի բնակիչներով քաջութեան անունը միշտ ժառանգեցին, քան թէ զայն իրենց հետ բերին ու ասոնց տուին։ Կրօնասիրութիւնն ալ սեպհական ձիրք մ՚ էր այս տեղի Հայոց՝ թէ՛ կռապաշտութեան մէջ եւ թէ՛ ճշմարիտ աստուածպաշտութեան մէջ, եւ զայս կ՚ապացուցանէ թէ՛ քուրմերու պատերազմը Տրդատայ եւ Լուսաւորչի դէմ, եւ թէ՛ Վարդանայ, Վահանայ, Մուշեղի, Գայլ Վահանին եւ անոր կորեանց նահատակութիւնները՝ պարսից մոգակրօնութեան դէմ։
       Մշոյ հայերը պէտք էր քաջ լինէին՝ նայելով իրենց հայրենեաց դիրքին։ Այն ամեհի բարձրաբերձ լեռները մեծութիւն մը կ՚ազդէին անոնց սրտին. անտառներով, մացառներով զարդարուած սարերու գագաթներ եւ ծոցերը, նոյնպէս եւ շամբերը, որոց մէջ լեցուն գազաններ են, զիրենք կ՚ստիպէին զէնքի վարժուիլ՝ թէ՛ որսալու համար եւ թէ՛ պաշտպանուելու համար։ Այս ընդարձակ դաշտը եւ այն մեծատարած երկինքը վեհութիւն եւ վսեմութիւն կ՚ազդէին անոնց հոգւոյն, եւ այն պատուական կլիմայն արդէն զօրաւոր եւ յաղթանդամ կը կազմէր անոնց իրանները։
       Ջուրերը բոլորն ալ գետեր են, որ չորս կողմի լեռներէն սուր ընթացքով եւ գոռուն-գոչուն ձայնով կը վազեն, կը թափին Եփրատին ծոցը. եւ թէպէտ Մեղրագետն ու Եփրատ անձայն կ՚ընթանան, բայց այնպէ՛ս արագ եւ այնպէ՛ս ահարկու եւ լայնածաւալ պտոյտներով ու հոսանքներով կ՚անցնին, որ կարծես ահեղ թագաւոր մի է Եփրատ եւ անոր սպարապետն է Մեղրագետը, որք ջրային զօրաց մեծ բանակ մը առած՝ գաւառները տիրելով կը վարեն, կը դիմեն ի կռիւ ուրիշ տիրապետաց հետ։ Այսպիսի երկիր մը, որքան իւր բնակչաց նպաստաւորիչ է, այնքան ալ իւր մերձաւորաց եւ ծանօթից նախանձը կը գրգռէ, եւ այս պատճառաւ, գրեթէ շարունակ կռիւի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով, մահուանէ չվախցող մարդիկ էին Մշեցիք։
       Այս կարգի մարդիկ եղած են նաեւ այն ինքնագլուխ պէյերը, որ կը տիրէին երբեմն Մշոյ երկրին եւ միեւնոյն կերպ քաջութիւն կը գործեն եղեր թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց ձեռքի տակ եղած Հայերն ու Քիւրդերը։
       Մշոյ աշխարհ լի է եղեր բանաստեղծներով, երգասացներով, բազմաթիւ աշուղներու տեղ է եղեր այս երկիրը. եւ այս բնական հետեւութիւն է այն քաջաց եւ քաջագործութեանց, որոց դիւցազնագործութիւնները կը դիւցաբանէին եւ անոնց թանկագին մահը պէս-պէս երգերով կ՚եղերերգէին։
       Մշոյ այն գեղեցիկ հորիզոնը աչք ձգողին սիրտը ինքնին կը թրթռայ, արիւնը կ՚եռայ եւ հոգին կը բարձրանայ։
       Բայց այսօր այս նշանները ազգային չեն. Մշոյ քաջերը քրդերն են, եւ բոլոր երգեր ու խաղերն ալ քրդերէն լեզուով են։ Մեր ըրած դիտողութիւնն ընդհանրապէս է։ Իհարկէ, մասնաւորները պակաս չեն ու կը տեսնուին Մշոյ ազգայնոց մէջ։
       ……………………………………………………………………………….
       * Մշոյ վերեւն է, միւս կողմերը՝ Բիւրակնեան լերինք եւ անոնց գօտիները՝ անմահացուցիչ ջրերով եւ ծաղիկներով զարդարուած։ Ասոնց բնակիչները ի՜նչպէս կայտառ, ի՜նչպէս զուարթադէմ մարդիկ են։
       Մէկ կողմը Եփրատէս խշալով, խոխոջալով Գուռգուռէն վար կը հոսէ։ Իւր խոր եւ սառնորակ ծոցին մէջ կը կայտռին անթիւ ձկունք եւ կը խաղան վտակաց մէջ, բադն ու սագը կը ծփծփան իւր ալեաց վրայ, իւր գետափունքները լի են խոշոր եւ մանրիկ թռչուններով։ Արագիլ ամէն գեղի տուներուն երդիքը եւ բարձր շէնքերու պարիսպներուն եւ ծառերուն գլուխը իւր բոյնը դրած է, եւ հազարաւոր ճնճղուկները անոնց բոյներուն բոլորը ապաւինած։ Դաշտի խոտերուն հետ բուսած եւ ձորերու մէջ ծաղկած վարդենեաց թուփերուն մէջ սոխակներ կը ճըլուըլան։ Գարնան‚ ամրան եւ աշնան առաւօտները այնպէ՜ս սքանչելի տեսարան եւ լսարան կը կազմեն այս թռչնոց երամը, որ կ՚ըսես բնութեան տաճարին մէջ Արարչին փառաբանիչ կարգուած են ասոնք հրեշտակաց տեղ։ Արեւելեան կողմէն Գրգուռ լեռը կոթողաձեւ տնկուած կ՚երեւի, որոյ ստորոտը տարածուած է մէկ կողմը Մշոյ դաշտը, միւս կողմը՝ Վանայ ծովը։ Առաւօտեան արեգակը երբ նոր կը ծագի, իւր ճառագայթները զարնելով ծովուն ալեաց եւ դաշտի գոլորշեաց վրայ, կանանչ-կարմիր պսակ մը մանեկաձեւ կը ձգէ այս Գրգուռայ գլորակ եւ լերկ գլխին։ Կը զմայլի անոր նայողը։ Գրգուռայ թիկանց ի վեր կը բարձրանայ Նէմրութ կամ Նեբրովթ լեռը, որոյ գլուխը նման է բոլորակ սեղանի մը, մէջտեղը՝ հրաբուղխի մարմրուքը եւ անոր շուրջ՝ պսակաձեւ շարուած աղբիւրներ բարեհամ եւ ծաղկունք անուշահոտ։ Կարծես այս աղբիւրներ իբրեւ զովացուցիչ բաժակ դրուած են այս բնութեան սքանչելի սեղանին շուրջը, որոց ջրերը, ժողվելով մէկտեղ, աւազան մը կը կազմեն Նեբրովթայ գլխու սկաւառակին մէջ եւ, անկից իջնալով, ինչպէս կ՚աւանդեն տեղացիք, Մեղրագետ կը բղխէ իւր ոտքի տակէն։ Այս Նեբրովթ լեռը իւր ճակտէն կախած ունի Բէլայ դիակը՝ «ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց» եւ ի նշան յաղթանակի մեր Հայկին՝ առաջին Հայուն, առաջին յաղթողին ազատութեան թշնամւոյն։ Այս տեղն է, ըստ ամենայն հաւանականութեան, գերեզման Բէլայ, որոյ վերայ երկար խօսելու ժամանակ չէ այժմ։ Մշոյ դաշտի միւս կողմի լեռներու վրայ բարձրացած են գմբէթայարկ վանքերը՝ Սուրբ Առաքելոց վանք, Սուրբ Յովհաննու վանք եւ Սուրբ Կարապետին, որոց ամպամած եւ արեւով ոսկեզօծուած կաթուղիկէից խաչերը ամէն կողմէն հովանի կը սփռեն դաշտի գեղերուն վրայ նայելով եւ ամէնուն սիրտերը իրենց կը քաշեն…։
       Ծրագրողն