Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Հայաստանի լճակները եւ գետերը հրեղէն աղջիկներ ունին իրենց ալեաց մէջ. Վանայ մասին այդ հրեղինաց սրսկապանը Արջակու ծովն է թէպէտ, բայց գրեթէ ամէն լճեր ու գետերը մերթ ընդ մերթ կ՚երեւցընեն խանդով եւ սիրով յափշտակուածներուն երեւակայութեանը իրենց ըղձացած էակը. հրեղէն գոմէշ կը տեսնայ այն ջրերուն մէջ գոմէշի սիրահար երկրագործը, եւ հրեղէն ձի՝ ձիասէր երիտասարդը։ Փէրիները կը հիւսեն ամեհի եւ աշխոյժ ձիերու բաշը, եւ չար ոգիները կը լլկեն հեթանոսաց եւ անզեղջ մեղաւորաց թաղեալ մարմինները՝ մտնելով անոնց մէջը, հանելով զանոնք գերեզմանէն, շրջեցընելով գիշերները չարագործ մարդու մը կամ շան, կա՛մ գայլի, կա՛մ արջու կերպարանքով, զոր գոռնադաբ կ՚անուանեն վանեցիք, եւ գոռնափշտի՝ մշեցիք։
       Յատուկ աղբիւրներ կան տեղ-տեղ, որոց ական շուրջը բազմակերպ ծաղկունք, զանազան խոտ ու բանջար կան։ Ծերացած օձերը կուգան հոն, իրենց շապիկը կը փոխեն եւ ծաղիկներէն մէկը, զոր միայն օձեր կը ճանչնան, կը փրցընեն կ՚ուտեն. եւ անմիջապէս աղբիւրի ջուրը մտնելով՝ կը լուացուին եւ երեք անգամ կը խմեն, կ՚ելլեն՝ նորոգուելով իրենց կեանքը։ Եթէ ուշադիր լինին հովիւները կամ ցանկացողները ու պատահին օձի այս արարուածին, նկատեն ու ճանաչեն այդ ծաղիկը, թէ ո՞րն էր, ու իրենք ալ ուտեն եւ նոյն աղբիւրի ջրէն երեք անգամ խմեն, կ՚անմահանան այդ մարդիկը։
       Մշոյ լեռան կամ Սեմ սարի ստորոտը կը գտնուի Մառնիկ գեղ։ Այս գեղի բնակիչներէն հայ մը՝ Մարգար անուն, ասկէց հինգ տարի յառաջ մեռաւ։ Սա իւր կենդանութեան կը պատմէր, թէ 250 տարեկան էր ինքն։ Մենք տեսանք զինքն 1866-ին. իւր ջիղերը պինդ, երկու անգամ նորոգուած էին ակռաները, եւ դեռ այն տարիքին մէջ կը տեսնար քաջ, կը լսէր, կը խօսէր, կ՚ուտէր, կ՚ընթանար երիտասարդի մը պէս եւ ամէն առաւօտ լեռան մացառներէն չոր փայտ կը ջարդէր, կը շալկէր բերէր Մուշ, կը վաճառէր ձիւն օրերը։ Իւր անդրանիկ որդին 80 տարեկան էր եւ ալեօք ծաղկեալ, այն ինչ Մարգարը իւր մօրուքի մէջ շատ քիչ ճերմակ ունէր։
       Սա կը պատմէր, թէ. «150 տարու եղածս ժամանակ աշխարհի մեղաց մէջ ինկայ. այսինքն՝ կին առի։ Թէ՝ Ծովասարու մէկ աղբիւրի մէջ տեսայ մէկ օր, որ ցաւագար ու վիրաւոր օձ մի եկաւ լողցաւ եւ երեք թուփ ունեցող ծաղկէ մը կտրեց կերաւ, նորոգուեցաւ գնաց։ Դիտեցի, ես ալ նոյն ծաղկէն կտրեցի կերայ, նոյն ջուրը խմեցի եւ լողգցայ, աչքերս լուսաւորան. ուրիշ կերպ դարձայ։ Հովիւ էի ու ոչխարներս թողի, կթելու ժամանակն եկեր, ես ոչխարները չեմ տարեր բէր։ Ոչխարները ցրուեր են. գեղի աղջիկները ելեր են, եկեր են լեռը, ոչխարները ժողվեր են, կթեր են ու զիս չեն գտեր։ Դարձեր գացեր են, ուրիշ հովիւ մը դրեր են ոչխարի առջեւ, ու քանի մը մարդ առեր են հաց ու զատ , ինկեր սար զիս կը փնտրեն։ Ես ո՞ւր եմ։ Իմ վրէն անցեր է քանի մը օր, քանի մը գիշեր. ո՛չ մութ եմ տեսեր, ո՛չ անօթութիւն եմ իմացեր։ Ես, որ էն ջուրը խմեցի ու էն ծաղիկը բերանս դրի, տեսայ, որ բացուաւ իմ առջեւ մարմար կամարաշէն, լուսաւոր պալատ մը։ Աշխարհից ու մարդոց խելքից դուրս էր անոր շէնքն ու միջի փառքն ու բարիքն. անմահութեան տուն ու տեղ էր։ Բերնով չպատմուիր ինչ որ ես տեսայ։- Ասոնք պատմած ժամանակ ի խորոց կը հառաչէր։- Մէկ էլ ի՞նչ տեսնեմ. իմ գեղի դուր դրկից կը բօռան, կը կանչեն զիս։ Ձայն ինկաւ ականջս, դուրս ելայ, բայց շատ զղջացի։ Նեղացայ, թէ ինչո՞ւ կանչեցին զիս։ Հարցուցին, պատմեցի իրենց արածներս ու տեսածներս։ Շատ աղաչեցին, որ էդ ծաղիկը, էդ աղբիւրը ու էդ պալատի դուռը ցոյց տամ իրենց. հնար չեղաւ նորէն տեսնայի։ Այսպէս զրկուեցայ Աստուծոյ տուած շնորհքից։ Շատ լացի ու մէկ էլ գեղը չիջայ սարէն։ Իմ հաց ու զատ կը բերէին, ու ես իմ ոչխարներով կը մնայի սարը։ Շատ աղջիկներ քսուան յիս, շատ մարդ զօրեցին, թէ աշխարհ մտի, չմտայ։ 150 տարեկան էի։ Օր մը յաղթուայ մեղքից, խօսք տուի, աղջկան մը հետ պսակուանք ու ինկանք մեղաց մէջ, մեղաց զաւակ ունեցանք։ Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ, մինչեւ այսօր իմ գլուխը բարձի վրայ չդրուեր ու իմ բերան վա՜յ չկանչեր, - այսինքն հիւանդութիւն չէ տեսեր, - իմ օրերը սարերու վրայ ու իմ գործը հովուութիւն է եղեր». եւ այլն եւ այլն։
       Առասպել թող լինին այս տեսիլքները եւ ի շարս տեզէլք գնացողներուն դնենք տեսած ու լսածները։ Բայց ինքն Մարգար եթէ 250 տարեկան չկար, անշուշտ 150 տարեկանէն աւելի էր։ Ասոր ապացոյցը՝ ոչ միայն իւր տեսած փաշաները ու առաջնորդները կը թուէր ու գեղերու եւ Մշոյ շէնքերուն վրայ ծանօթութիւններ կուտար, այլ ինչքան որ հին զրոյց պատմէին Մշոյ մէջ Հայ եւ Քիւրտ ծերերը, վերջին խօսքը կ՚ըսէին. «Մառնիկու Մարգարին հարցուցէք, որ քան զիմ պապու պապն էլ մեծ է»։
       Մառնիկու Մարգարի համբաւը Մուշէն դուրս եղած գաւառներն ալ տարածուած էր, եւ Կարին նստող ռուսական հիւպատոս վսեմ. Իվանով պէյը, հետաքրքիր լինելով, 1866 թուականին գրած էր յատկապէս Մշոյ առաջնորդ վանցի Տէր-Սարգիսեանց գեր. Երեմիա եպիսկոպոսին եւ ինձ, որ կանչել տալով Մարգարը, տեսնանք զանի եւ թէ՛ այլոց համբաւածը ու թէ՛ իրեն պատմածը գրենք, ղրկենք նորին վսեմութեան. այնպէս ալ ըրինք։ Վերոյիշեալ Իվանով պէյը այժմ Հալէպու հիւպատոսն է։
       Աղբիւրներ կան, որոց ուխտի կ՚երթան քամոտ ու քոսոտ հիւանդները, այդ ջուրերով լուացուիլ կամ անոնց ջրով շաղախուած կաւը իրենց մարմնոյն վրայ քսելը՝ կը գործէ առողջութիւն։ Բայց պէտք է խունկ ու մոմ եւ յատուկ ագլօր մը մատաղ տանին. եւ այս թէպէտ շատ տեղեր կայ, բայց ես կը յիշատակեմ մէկը, որ Վանայ մօտն է, Ագրբի կը կոչեն, ուրիշ մէկը, որ Մուշն է, եւ քրդերէն լեզուով կը կոչեն գանէ դարման, որ ըսել է՝ աղբիւր բժշկութեան։
       Ծառեր եւ թուփեր, որոնք սուրբ համարուած են, գրեթէ ամէն կողմը կը գտնուին։ Անոնց վրայ կը փաթաթեն ախտաւորներն ու տենդոտները իրենց հագուստէն մէկ պատառ դրօշ եւ կը համարին բժշկեալ։
       Ծակ քարեր կան՝ նեղ եւ անձուկ։ Կանայք իբրեւ խորհուրդի եւ ուխտի կ՚երթան այն տեղերը, որոնք չբեր են, այսինքն՝ ամուլ։ Կը փորձեն զիրենք, եթէ կրցան մտնել այն ծակէն եւ դուրս ելնել, կը յուսան ուրեմն թէ պիտի ծնանին։ Զորօրինակ է, Մշոյ դաշտին մէջ Սերկու այ քարը եւ Աղձնեաց մէջ՝ Ընձաքար եւ այլն։