Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
       Մանանայս կը մատուցանեմ հայ բանասիրաց ոչ իբրեւ Սինայ անապատին երկնատեղաց նուիրական հաց, այլ իբրեւ Հայաստանի գազպին, որ երկրի ծաղկանց հիւթերէն օդին մէջ կը գոյանայ, ցօղով այգոյն կը շաղախի, արեւուն ջերմիկ ճառագայթներէն կը զանգի, կը հասուննայ եւ շաքարախմորի եւ մեղրի համով իբրեւ գինդ յակինթ կամ հատ-հատ մարգարիտ կ՚իջնայ մացառներու, տերեւոց, գազի փշոց եւ մատուտակի ոստոց վրայ ի գոյն արծաթափայլ եւ ի ձեւ նռան հատի, զոր ժողովեն մանկտիք եւ հարսունք, բլիթ-բլիթ յօրինելով, պաշար կազմեն ի քաղցր ճաշակ անձանց եւ հիւրոց ի մեծարանս։
       Ստոյգ է, թէ բազմազան են տեսակք պարունակութեան գրքոյս եւ խառնակ, բայց ես դիտմամբ ըրած եմ զայդ՝ ուզելով նիւթէ նիւթ փոփոխել փոյթ ընդ փոյթ, որպէսզի զուարճալի եւ անձանձրանալի ընեմ գործս, եւ միանգամայն բազմախուռն զրուցաց, երգելեաց եւ բանից ծանօթ՝ զընթերցողս։
       Գիտեմ, թէ զանազան ախորժակ ու ճաշակ ունեցողներն զանազան դատաստան կ՚ընեն ոեւիցէ գործոյ մը, ուստի ջանացի գէթ, որ իւրաքանչիւր ոք իւր քիմքը գոհացնելու պատառ մը ուտելիք կամ պուտ մը ըմպելիք կարողանայ գտնել այս թղթերուս մէջը։
       Հեղինակութիւն չէ։ Շատեր իրենց գիտցած եւ խօսած բաներ պիտի տեսնեն Մանանայիս մէջ։ Գուցէ եւ շատերն արհամարհեն իմ այս երկը։ Բայց եւ վստահ եմ, թէ պիտի գտնուին գնահատող ոմանք ոչ միայն նիւթոյն նկատմամբ, այլեւ պիտի գտնուին, որ ճանչնան, թէ այսպիսի գործ մը պատրաստել եւ ի լոյս ածել՝ աւելի վաստակ կ՚առթէ գրասիրի մը, քան ի նորոյ բան մը հեղինակել։
       Արժէք մը չունի ըստ ինքեան թէպէտ, բայց եւ ես իբրեւ բարձր գործ մը չեմ ներկայացներ զայս։ Այս, որ կը նմանի ծուէն-ծուէն կցկըցեալ դրօշուց, զոր կը ժողովէ կարկատողն եւ կը կազմէ գոյնզգոյն վարագոյր կամ սփռոց ի զարդ եւ ի պէտս սպասուց տանն։ Այսպէս եւ իմ Մանանայն՝ ի կարգս սպասուց գրականութեան։
       Ես գրականութեան այն շինական մշակն եմ, որ ի վայրիս եւ ի մայրիս կը թարթափի. լեռնային, դաշտային տունկեր, ծաղիկներ եւ բուսեր կը ժողովէ եւ կողովով կ՚ածէ զայն ի վաճառ ի հրապարակս քաղաքին, յորմէ առեալ քաղաքացին՝ արուեստիւ կը վերատնկէ զայն եւ կը դարմանէ ի պարտէզս եւ ի բուրաստանս ապարանից մեծատանց։
       Իսկապէս այս է իմ երկն. բանասիրաց եւ գրասիրաց համար պատրաստած նախնական նիւթ։
       Ահա համ եւ հոտ հայրենեաց։ Վանայ Այգեստանեայց տեղագրութիւնը, բնակչաց վայելչասիրութիւնն եւ պէս-պէս կենցաղավարութիւնք, խաղ մանկտւոյն, նախապաշարմունք, սովորոյթք, զրոյցք ու մրոյցք։
       Հայաստանի հնութիւնք։ Գիր, բարբառ, ջընուըզ կամ ջինուազն, քանի մը ազգեր։
       Վէպք հայրենեաց։ Հէքեաթներ, առասպելներ։
       Երգք եւ նուագք հայրենեաց։ Գրական եւ ժողովրդական երգեր, տաղեր, ասացուածքներ, հանելուկներ։ Առակներու եւ առածներու վրայ, ծածկաբանութիւն, ծածկագրութիւնք եւ ծածկագիր։ Դիւթութիւնք եւ բժժանք, հետաքրքրական մի քանի կտոր բան՝ դիւթական եւ բժշկական։ Հաւախօսութիւն։ Զուարճալիք՝ ազդեցութիւնք կենդանակերպից եւ աստեղաց ոմանց։
       Ժամանակագրական։ Պատմութիւն Վանայ։ Երաժշտական։
       Հայրենեաց գաւառական բառեր։ Բոյսք եւ տունկք։ Երկրագործական բառեր։
       Ասոնք են համառօտութիւնք Մանանայիս կամ բովանդակութիւն գրքոյս։ Հմուտ ընթերցողն պիտի նկատէ իմ գրած տեսութեանց եւ յառաջ բերած ժողովրդական խօսքերուն մէջ այնպիսի կտորներ, որ ինչպէս անգիր պահուած է Հայաստանի բնակչաց բերանը, նոյնպէս եւ անոնց հետքը մեր ազգային հինգերորդ դարէն՝ ընտիր մատենագրաց մէջն եւս յիշուած է, որով կը հասկցուի, թէ անոնցմէ մաս մը ո՛րքան հին եւ վաղեմի բաներ են եղեր։ Տեղ-տեղ կը յիշատակէ Խորենացին իբրեւ «Բանս Առասպելաց»։
       Ի գրոց Խորենացւոյն։
       «… Բիւրասպի Աժդահակայ առասպելք իցեն՝ դիւաց նմա սպասաւորութեան. ուսոցն համբուրումն, եւ անդուստ վիշապացն ծնունդ, եւ յայնմհետէ չարութեան յաճախութիւն ծախել զմարդիկ ի պէտս որովայնի։ Իսկ ապա եւ Հրոդանայ ումեմն զնա կապել սարեօք պղնձեօք եւ ի լեառն տանել, որ կոչի Դմբաւընդ. այլեւ ի ճանապարհի ննջել Հրոդանայ, եւ Բիւրասպեայ քարշել ի բլուրս, եւ ի զարթչիլն Հրոդանայ եւ տանել զնա յայրս ինչ լերինն եւ կապել, եւ զինքն անդրի ընդդէմ նորա հաստատել, յորմէ պակուցեալ եւ հնազանդեալ կայ շղթայիցն, եւ ոչ զօրէ ելանել եւ ապականել զերկիր»։ Գիրք Ա. ։
       «…Անտեղի է մեզ երկրորդել զառասպելն (զազգէն Պահլաւկաց) յաղագս երազոյն փափագոյն եւ արտադրութեանց հրոյն մանուածոյ որ ի Սասանայ, եւ պատումն զհօտիւն, եւ լուսնակն՝ եւ Ախտարմաղացն յառաջասացումն‚ որ են քաւդեայք եւ որ ինչ զկնի այսոցիկ՝ պոռնկական խորհուրդն Արտաշրի հանդերձ սպանութեամբքն, եւ անմիտ հանճարաբանութիւն մոգին դստեր վասն նոխազին, եւ որ ինչ այլք ամենայն։ Նաեւ այծի դիեցումն մանկան ընդ հովանեաւ արծւոյն, եւ գուշակումն ագռաւուն, եւ գերապանձին պահպանութիւն առիւծուն՝ հանդերձ արբանեկութեամբ զայլուն»։ Եւ այլն։ Գիրք Բ. պրակ Կէ. ։
       «…ԶԱրտաւազդայ (Արտաշիսէն) երգիչք Գողթան առասպելաբանեն, եթէ ի մահուանն Արտաշիսի բազում կոտորածք լինէին ըստ օրինի հեթանոսաց. դժուարի Արտաւազդ ասելով ցհայրն, Մինչ դու գնացեր, եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար, ես աւերակա՞ց թագաւորեմ։ Վասն որոյ անիծեալ զնա Արտաշիսի‚ ասաց այսպէս. Եթէ յորս հեծցիս յԱզատն ի վեր ի Մասիս, զքեզ կալցեն քաջք, տարցին յԱզատն ի վեր ի Մասիս անդ կացցես եւ զլոյս մի՛ տեսցես։ Զրուցեն զսմանէ եւ պառաւունք, Եթէ՝ արգելեալ կայ յայրի միում կապեալ երկաթի շղթայիւք, հանապազ կրծելով զշղթայսն ջանայ ելանել եւ առնել վախճան աշխարհի, այլ ի ձայնէ կռանահարութեան դարբնաց զօրանան ասեն կապանքն. վասն որոյ եւ առ մերով ժամանակաւ՝ բազումք ի դարբնաց զհետ երթալով առասպելին, յաւուր միաշաբաթոջ երիս կամ չորս բաղխեն զսալն, զի զօրասցի, ասեն‚ շղթայքն Արտաւազդայ»։ Եւ թէ. «Վիշապազունքն գողացան զմանուկն Արտաւազդ, եւ դեւ փոխանակ եդին»։ Գիրք Բ. պրակ ԾԸ. ։
       «Ասեն զԵրուանդայ (Արշակունւոյ)՝ ըստ հմայից դժնեայ գոլ ական հայեցուածով, վասն որոյ ընդ այգանալ՝ սովորութիւն ունել ասեն, սպասաւորացն արքունի վէմս որձաքարեայս ունել ընդդէմ Երուանդեայ, եւ ի հայեցուածէ, ասեն‚ դժնէութեան, պայթել որձաքար վիմացն, ոյժս դիւականս առ իւր ունել զօրութիւնս»։ Գիրք Բ. պրակ ԼԹ. ։
       «Ի զաւակացն Հայկայ այր խոժոռագիլ եւ բարձր, կոպտատարազ անձն եւ տափակաքիթ‚ խորակն եւ դժնահայեաց, Տուրք անուն կոչեցեալ, որ վասն առաւել ժահադիմութեան կոչէին Անգեղեայ, վիթխարի հասակաւ եւ ուժով։ Կարի աննմանագոյնս թուին եւ նմա երգ բանից վասն ուժեղութեան եւ սրտեայ լինելոյ, որ ոչ Սամփսոնի եւ ոչ Հերակլեայ եւ ոչ Սաճկին նմանին այն զրոյցք։ Քանզի երգէին նմա բուռն հարկանել զորձաքար վիմաց ձեռօք, եւ ճեղքուլ ըստ կամաց՝ մեծ եւ փոքր, եւ քերել եղնգամբքն եւ կազմել որպէս տախտակ, եւ գրել նոյնպէս եղնգամբք զարծուիս, եւ այլս այսպիսիս։ Եւ յեզեր ծովուն մեծի Պոնտոսի, դիպեալ նաւաց թշնամեացն՝ դիմէ ի վերայ, եւ ի խաղալ նոցա ի խորն իբր ասպարէզս ութն եւ տասն, եւ սա ոչ ժամանեալ, առնու վէմս եւ ձգէ զկնի, եւ ի սաստիկ պատառմանէ ջուրցն, ընկղմին նաւք ոչ սակաւք, եւ ամբարձումն ալեացն՝ որ ի պատառմանէ ջուրցն, վարէ զմնացեալ նաւսն բազում մղոնս։ Վասն Ռոստոմայ Սաճկի, ասեն Պարսիկք Ճ. եւ Ի. փղոյ ոյժ ունել» ։ Գիրք Բ. պրակ Է. ։
       Իսկ Եզնիկ բաւական մանրամասնօրէն կը նկարագրէ յիշելով. «Համբարուք, Նհանգք, Պարիկք, Յուշկապարիկք, Իշացուլք, Առլէզք, Ծովացուլք, Պայք, Վիշապք, Շահապետք վայրաց»‚ եւ այլն, «յորոց ոմանք ի կեղծս կեղծս կերպարանին ի կանանց կերպարանս, ի գրաստս, ի հեծեալս։ Մին ասէ. թէ ի մերում գիւղ Ծովացուլ զկով գործեաց, եւ զգոչիւնն հանապազ մէք լսեմք։ Եւ զԱրալիզէն՝ թէ յառաջին ժամանակսն Արալէզք լիզէին զվիրաւորս դիւցազունս եւ ողջացուցանէին։ Են վիշապք եւ օձք, որ լեռնաբերձք եւ մեծամեծք են, որս առնեն, տաճարք են նոցա իբրեւ մարդկան ի բնակութիւն, եւ ի թագաւորազգեաց եւ ի դիւցազանց ունի կապեալ առ իւրեանս կենդանի։ Արտաւազդ Հայոց՝ արգելեալ իցէ դիւաց‚ որ ցայժմ կայ կենդանի, նա ելանելոց է եւ ունելոց զաշխարհս։ Նհանգն երբեմն ի կնոջ կերպարանս երեւի, եւ երբեմն փոկ լինի եւ լուղորդաց ընդ ոտս անկեալ՝ հեղձուցանէ»։
       «Ի կալս ջորիք եւ ուղտք երեւին, ի դաշտս երագազունք ձգին, եւ հեծեալք իբրեւ զմարդիկ զհետ էրէոյ արշաւեն։ Բառնայցի ի վեր վիշապն եզամբք ինչ անուանելովք։ Բասիլիսկոս ազգ ինչ օձից՝ հայելով միայն սատակէ զմարդ կամ զանասուն, ուստի յորժամ ի ջրհորս գտանիցի, ճրագ առեալ իջանեն ի ներքս ըմբռնել, ի հայեցեալ ընդ ճրագն՝ ոչ մեղանչիցէ մարդոյն օձն»։ Եզնիկ, գիրք Ա. Իէ։
       Երկարագոյն գրուած կայ Խարամանոյ դիւաց, խաւարի շրջողաց, յաւերակս բնակողաց, չարիս պատճառողաց եւ այլն, հաւաքեալ ի կարծեաց, յաղանդոց, եւ ի քէշէն Զրադաշտին, որք մերձաւոր իմն կը համարուին Նարգիզ եւ Շողեր խաթուններու խօսքերուն։
       Ահա եւ աստեղաց ազդեցութեանց վրայ գրուածէն։ «Քաւդեայքն աստեղանշմարք զծննդոց պատճառս եւ զմահուանց՝ յաստեղաց իբրեւ ի կենդանեաց դնեն։ Որպէս թէ յորժամ ծնանիցինն՝ անդէն եւ մահունք իւրաքանչիւր ուրուք անվրէպ սահմանիցին. եւ ըստ այն ոչ յառաջել ումեք մեռանիլ հնար իցէ, եւ ոչ յամենալ։ Բաղդաւորութեանց եւ չուառութեանց զաստեղսն դնեն պատճառս։ Մինչդեռ Առիւծն‚ ասեն, յաստեղատանն իցէ, եւ ծնանիցի ոք‚ թագաւոր լինելոց է։ Եւ մինչդեռ Եզն է, եւ ծնանիցի ոք, հզօր եւ բարենշան գալոց է։ Եւ մինչդեռ Խոյն է, եւ ծնանիցի ոք, մեծատուն լինելոց է որպէս նայն թաւ եւ ասուեղ։ Եւ յորժամ Կարիճն է, եւ ծնանիցի ոք, չար եւ մեղանչական լինելոց է։ Յորժամ Կրոնոսն յաստեղատունն մտանիցէ, թագաւոր մեռանի» եւ այլն։ Եզն. գիրք Բ. ԺԳ. Ժդ։
       Նաեւ. «Յորժամ ակն մարդկան խաղայցէ, բնական ազդեցութեամբ վասն զնորոգ ոք տեսանելոյ լինի նշանակ։ Յորժամ յերանս կամ յայլ անդամս միս խաղայցէ, նշանակ հեծանելոյ ուրուք է. կամ հանդերձս ազնիւ ագանելոյ, կամ սիրելւոյն պատահելոյ, կամ գան ըմպելոյ։ Յորժամ ոտն կծիցէ կամ ձեռն‚ մին՝ ճանապարհի գնալոյ նշանակ է կամ անձրեւի, եւ միւսն՝ առնլոյ ինչ յումեքէ կամ տալոյ։ Փնչելն՝ եւ լեզուին կծել, եւ ունկանն հարկանել, եւ ըմբանին կծել ի բնական ազդեցութենէ անտի են, զոր տնկեալ է Արարչին յանդամսն, զի յորժամ ի խորհրդական զգուշութենէն զեղծիցի, բնական ազդեցութեամբն պատսպարեսցի։ Եւ յօրանջելն եւ ձգտելն կարծեցին ոմանք ի դեւէ, եւ փնչելն՝ ի հրեշտակէ» եւ այլն։ Եզն. գիրք Բ. ԺԹ. ։
       Բուսոց եւ արմատոց նկատմամբ։
       Ի ս. Գ. Նարեկացւոյ մեկնութենէ Երգոց երգոյն։ «Զկինամոմոնէ, ասեն, թէ ի սաստիկ եռանդն կաթսայի մատչի, շիջուցանէ զջերմութիւն եռացման ջրոյն որ ի նմա, եւ եթէ ի յոյժ ջերմին բաղանիս մտանէ‚ առ ժամայն իսկ զովացուցանէ զտունն. եւ այլ այնպիսի իրս անհաւատալի լսողացն ասեն. թէ մարդ որ ի քուն լինի, եւ կինամոմոն առ նմա իցէ, եւ որ հարցանէ ոք բան ընդ ննջեալն, պատասխանի առնէ, բայց միայն ի բերանոյն վերայ դիցէ զկինամոմոնն. եւ ի քուն լինի, եւ արթուն է. եւ պատասխանիս բանիցն հարցանողացն առնէ. ի քուն թուի‚ եւ արթուն է»։
       Ի ձեռագիր մատենէ։ «Մեռոնի ծաղիկք, այս է զօրութիւն։ Բայց պարտ է յայտնել զէութիւն չորիցս ծաղկանցս, թէ ուստի՞ է, կամ ո՞րպէս գտանի, եւ ո՞րպէս ունի զօրութիւն։ Հերիկն՝ յԵթովպիայ գտանի յեզր Փիսոն գետոյն, եւ ունի զօրութիւն զդեւս հալածելոյ ի մարդկանէ, եւ այս է յանդիմանութիւն դիւաց, որ տկար խոտովս խորտակի»։
       «Ոսկեղէգն՝ նորասքանչ եւ անուշահոտ ի Սինա լերին գտանի, այլ եւ զցաւսն բժշկէ, մանաւանդ զքոս եւ զսըսխայն։ Կինամոն ի Թեբաիդ գտանի. սքանչելատես եւ զարմանալի զի յորժամ ոք ի խոր քուն լինի եւ ի վերայ շրթանց դնեն, զամենայն խորհուրդս սրտին ասէ, եւ ոչ գիտէ, եւ յորժամ եռանդ ջուր հասուցանի՝ զովացուցանէ։ Զմուռն ի Բաբիլոն գտանի. խնկի նման է, որով մարմին թագաւորաց օծանի, զի անապական մնասցէ, եւ զի դառն է իբրեւ զլեղի. յորժամ ի քացախ խառնեն եւ մարդոյ տան, թմբրի. զոր եւ Քրիստոսի արբուցին։ Այսքան ծաղիկ յարդարեալ յիւղն այն յօծումն քահանայից եւ թագաւորաց»։ Եւ այլն։
       Ի գրոց Եզնըկայ։ «Ի բանջարս է ինչ՝ որ առանձինն սատակիչ է, եւ խառնեալ ընդ այլ բանջարս՝ բժշկիչ պէսպէս ցաւոց լինի։ Զմանրագորն եթէ ոք լոկ ուտիցէ, սատակիչ է, եւ խառնեալ ընդ այլ արմատս, քնածու լինի քնահատաց։ Եւ զհազար՝ եթէ ի տոթ ժամանակի ուտիցէ ոք, վնասէ, եւ եթէ զջուրն քամեալ անապակ ըմպիցէ ոք, սատակի. եւ եթէ զսերմն աղացեալ՝ ջրով ըմպիցէ ոք, ի ցանկութենէ արկանէ։ Եւ կանեփուկն թուփ ինչ է, որոյ սերմն նորա դեղ է, եւ նոյն դարձեալ կասեցուցիչ ցանկութեան։ Եւ մոլախինդ, որ առանձինն ի յայտնի ինչ ժամանակի սպանող է, նովիմբ զմաղձս հնացեալս հնարին բժիշկք հատանել։ Եւ կաղանչանան ազգ ինչ՝ առանձինն սպանող է. եւ խառնեալ ընդ այլ դեղոյ՝ մաղձադեղ է, բուժիչ ի մահուանէ»։
       Զանազան քարանց կամ ականց նկատմամբ. յԱռաքել պատմագրէն։
       «Ալմաստի խասեաթն թէ հարցանես, նա մարդն որ ռանգն մաստանայ լինի, ալմաստն տանի զռանգն. ու թագաւորաց քաղցր երեւնայ. ու խօսքն ղաբուլ լինի, ի չարէ չվախենայ. փորցաւութիւն չքաշէ. մոռացկոտ չլինի, տայիմ ֆառահ կենայ»։
       «Ասացած են իմաստունքն թէ՝ ով որ ի հետն լալ պահէ, ամէն մարազի աղէկ է. միջացաւի լաւ է. մարդկան աչաց աղէկ երեւնայ, վատ երազ չտեսնու, տղոց հետն պահել չէ լաւ, դիւաց այլ աղէկ է. ի մաջունն խառնեն՝ ուրախ առնէ. երեսի գոյնն կարմիր լինի. մատէ բանայ»։
       «Զմրուխտն՝ թէ մարդոյ որ զէհիր տուած լինին, երկու ղիրաթ ռամանի ուղտի կաթնով տան, նա ազատի Աստուծով քրտունք ի դուրս ձգէ. եւ թէ վիշապ օձ տեսնու՝ ի դիմացն բռնէ‚ օձու աչքերն պատառի, թէ կարիճ կամ օձ խայթէ, վարդեջրով հմայեն, ի վերայ քսեն, ողջննայ ցնորք չքաշէ կամ հոգայ»։
       «Մարգարիտն՝ խասեաթն սուր է ու թաց է. շաւքօռին աղէկ է՝ աչաց եռալուն, թէ ալաճայ լինի մարդ՝ սղկեն ու քացախով քսեն, ողջննայ Աստուծով»։
       «Փանզահրն ի հետ պահել շնորհաւոր է, մաթօլի հայաթ ասեն. որ շաբաթն վեց ղիրաթ հարնէ ի վերայ քարին՝ ուտէ, իւր ժամանակն հարիւր եւ քսան տարւոյ լինի. ցաւ չտեսնու, ով ուտէ կամ ի հետ պահէ՝ սրտով լինի. վատ աչք չբանի. օձ կամ իժ չխայթէ, ով որ ամէն օր կէս տանկ ուտէ, խլսի յամենայն չար վտանգէ, եւ յամենայն մահացու դեղոյ, օգտէ ամենայն գազանահարի եւ զչարութիւն խափանէ»։
       «Մարջանն՝ մոռացկոտին աղէկ է, գլուխն չժաժի, սրտի ոյժ տայ, ի թութի այն խառնեն՝ աչից աղէկ է»։
       «Աղեղն՝ չարկամին յինքն հայիլ աղէկ է, տղացկանի հետն՝ աղէկ է»։
       «Յեաշմ՝ ով հետ չպահէ՝ յայն տեղն Չին) էհտիպար չեն էներ, ով հետ պահէ, ժաժկ չի լինի, մարդոյ սիրտ չի թռնայ, կայծակի աղէկ է» եւ այլն։
       Հարկ չկայ օտար ազգաց պատմութեանց եւ ժողովրդոց դիմել այսպիսի օրինակներ հաւաքելու համար, որով լի են, մինչեւ իսկ Աստուծոյ ժողովրդեան պատմութիւնն, Աստուածաշունչ, խորշած չէ իր սրբազան էջերու մէջ զետեղել զանոնք տեղ տեղ։