Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Եթէ հաճիք, ելնենք, քիչ մը յառաջ քալենք։ Նայէ՛ սա պատերուն վրայ փռուած մրգաբեր ծառոց ճըղերը, որ ծաղկեր են ու տեսքով եւ հոտով այս փողոցները զարդարեր են։ Վարդավառէն ետքը մինչեւ աշունը, այս պատերու տակերը ասոնց պտուղները կը փռուին` փողոցէն անցնողներուն բաժին։ Շատերը կը թափեն ջրերու մէջ. մէյմ՚ ալ տեսնես՝ ծիրան, ալուչայ, տանձ, խնձոր եւ այլն, ջրերու մէջ լող տալով, կ՚երթան։ Ի՞նչ կը քաշեն այս ողորմելի ծառերը չարաճճիկ տղայոց ձեռքը, որ քարալեխ կ՚ընեն։ Ահա արդէն ուռի ծառերուն քարեր կը զարնեն, որ մեղրածծուկ ձգեն, ծըծեն։
       Սա քովերնուս մէկ առուն նոր ջուր կապեցին, պզտիկ ճժեր, նայէ, ի՞նչ կ՚ընեն. կը վազեն ջրի ծայրը պագելու. «Ո՛վ որ յաջողի յառաջագոյն պագէ, անոր մայրը լաճ մը կը բերէ»։
       Աս մէկալ ճժերուն նայէ, որ ճչալով, քըրքըչալով կը դիմեն սա մտրըփներուն (գնչուներուն), որպէսզի անոնց միսը կսմտեն, վասնզի «մտրփի միսը կսմտողին ձեռքը կը դիւթուի, դանակ, տապար, ուրագ եւ այլն սրելու ձիրք կ՚ստանայ»։
       Այն ինչ այդ մտրըփներու կնիկները մեր տղայոց մայրեր եւ քոյրերը կը խաբեն ֆալով, թիզ չափելով, գարի ձգելով բաղդը նայելու, տղաքներն ասոնց միսերը կը փրցունեն` ծաղր առնելով անոնց դիւթութիւնը։
       Կը տեսնա՞ս` որքան ձետ-պետ (մանր ու խոշոր) տղաք կան փողոցներու մէջը, այնքանէն աւելի ալ տուները եւ այգիները կը զբօսնուն։ Վանը այս մասին օրհնուած է։
       Կը պատմեն, թէ ժամանակով Էջմիածնի նուիրակ մը յարեւելս յարեւմուտս ամէն քաղաքներ, ուր որ հայ կայ, շրջեր, եւ ամէն քաղաքի մէջ վանցիներ տեսեր է։ Հնդկաստանի էն վերջին ծայրը հասեր, լսեր է, թէ կաղ հայ մը կայ։ Երբ «Ո՞ւր տեղացի ես» հարցուցեր, «Վանցի եմ» ըսեր է։ Ուստի առած եղած է, թէ վանցւոց կաղը մինչեւ Չինաստան է հասեր։
       Բայց դու դիտէ որքան բազմաթիւ անձինք ի Պօլիս եւ յայլուր պանդխտած են, մեր գիտցածները, անշուշտ, կնոջ տէր եւ տղոց հէր են։ Վասնզի երբ հարկն կ՚ստիպէ, որ մէկը պարտուց եւ կարօտութեան երեսէն պիտի պանդխտի, անոր ծնողք կամ ազգականները կ՚աճապարեն «Աստուծոյ կամօք» աղջիկ մը կը պատրաստեն, կը նշանեն եւ պարտք մ՚ալ անոր հարսանեաց համար կ՚առնեն, կը կարգեն` «Ոտքը կապենք, որպէսզի դառնայ» ըսելով։ Արդարեւ, որքա՜ն դժուարաւ այնուհետեւ պսակեալն կը մեկնի իր առագաստէն, ու թէպէտ իւր ոտքը կ՚երթայ, բայց սիրտը կապուած կը մնայ պսականարօտին կապով. կ՚անձկայ պանդխտութեան մէջ թուղթ մը ստանալ, որոյ գլուխ գրուած է. «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ քո տան անդիւորից (ամուսնէն) շատ սիրով եւ յոյժ կարօտով բարեւ իմ երկու աչաց լոյս ազիզ գլխաւորին»։ Եթէ ինն ամիս անցեր է իրենց ամուսնութեան, նոյն թղթի մէջ այս սիրտը խշխշացնող բառերն ալ կ՚ընթեռնու. «Եւ քո նորաբոյս ծաղիկ, քո սիրոյ պտուղ, անուշահոտ վարդ Վարդանից, կամ Մանուշակից»։ Եթէ տարիներ վրայ անցեր է, կը յաւելուն. «Որ բուլբուլի պէս կը խօսի, որ հրեղէն հրեշտակի աչքեր ունի, որ արեգական պէս կը փէլկտայ, որ սարեկի պէս կը ճխայ, կը թռվռայ, որ կաքվու պէս կը գվգվայ, ա՜խ, կ՚ասի, ե՞րբ կուգայ իմ խէրիկ»… եւ այլն։ Իրաւ է, ծնող մայր, ծերունի հայր, դրացիք, բարեկամք, քորք, եղբարք, այգին, ջուր, ծառ, տուն, տեղ եւ այլն, ասոնք ամէնքն ալ կը յիշատակուին պանդխտին թղթին մէջ. եւ իւրաքանչիւրն իւր խորին ազդեցութիւնը կ՚ընէ, բայց անոնց բուն կապը, որ զիրենք կը ձգէ եւ կը վերադարձնէ ի հայրենիս, բուն բոցն ու կրակը, որ գիշեր-ցերեկ անոնց ջիգարը կը խորովէ, տան անտիւորն է եւ անոնց սիրոյն անուշահոտ պտուղն։ Ա՛յս միայն է, որ այն ամեհի Սեւ ծովու ալիքը եւ լերանց սառնամանիքը, զանազան վտանգներ եւ տագնապները կը քաղցրացնէ մեր հայրենակցաց, առ ոչինչս կը համարին Պօլսոյ փափկութիւնը, բարեկեցութիւնն ու ազատութիւնն, որոց թէեւ հարկ լինի՝ հինգ, վեց, եօթն եւ ալ աւելի անգամ դիմել Պօլիս, նորէն կը վերադառնան ու այսքան մանկանց հայր կը հանդիսանան։
       Օրհնեա՜լ պառաւունք, օրհնեա՜լ հարսունք, օրհնեա՜լ մանկունք, որ այս կապը հնարած եւ յօրինած էք եւ բուն կապն եղած էք, ապա թէ ոչ, արդ մեր շրջած այս գեղազարդ այգեստանեայց փողոցները կամ թափուր կամ անհայ պիտի գտնէինք։
       Նայէ սա մանուկը՝ իր երեսներուն վրայ էրէթիկ, ջրջրուկ (եարայ) ունի։ Մայրը ձեռքէն բռներ կը տանի Պարոնկանց տունը, որ կայծքար ու պողպատ (քար ու չախմախ) զարնել տայ եարային վրայ եւ փչել տայ, որ առողջանայ, վասնզի Պարոնկանց Ուսէփ ախբէր քանի մ՚անգամ Պօլիս գացեր եկեր է՝ Եփրատին վրայէն անցնելով։ «Ով որ դրախտի գետէն անցած ու խմած լինի, անոր տրուած կը լինի այս կերպով եարան առողջացնելու շնորհն»։
       Սա մամիկը թէզպիհը թեւն անցուցած նստեր դռան մէջ եւ, մանուկ մը առջեւն առած, անոր երկու բազուկները բռնած է ու իր բոյթերով ու մատերով տղայի բազկերակները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ի վեր եւ ի վայր մատները կը տանի ու կը բերէ։ Իր աչքերը անթարթ մանուկի աչքերուն յառած է. եւ երբեմն ալ արմունկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ, կը դառնայ տղայի երեսն ի վեր կը խաչակնքէ եւ, ձեռքը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով, բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն-երբեմն ալ երեսին կը փչէ եւ միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ՚ընէ։ Յաճախ տղան կը յօրանջէ, եւ ինքն կը յօրանջէ։ Կը մագնիսացնէ՞ կ՚էլեքտրականացնէ՞, թէ աղօթիւք հրա՜շք կը գործէ։ Վերջապէս այդ տղան հիւանդ էր եւ կ՚առողջանայ։ Քանի մը առողջապահիկ պատուէրներ կուտայ մօր եւ կը պարտաւորէ, որ այս ինչ սուրբին կամ եկեղեցւոյն, կամ խաչին, կամ մասունքին, կամ աւետարանին ուխտի տանի եւ, ըստ կարողութեան, խունկ, մոմ, մատաղ, եւ այլն, նուէրներ տայ, վասնզի տղան «Աչք առեր է» կամ «Չարոց պատահեր է»։ Իսկ եթէ վախէ յառաջ եկած հիւանդութիւն է, «վախերակ» կը բռնէ, կ՚աղօթէ եւ կը պատուիրէ, որ «ժամը տանի, եօթն գլուխ Աւետարան կարդալ տայ վրան եւ եօթն դոյլ ժամի ջրհորէն ջուր թափէ վրան, եօթն մոմ վառէ, կամ տղու հասակի չափով մոմ մը տանի Նարեկայ, կամ Տիրամօր, կամ Ս. Նշանայ»։ Աչք առածի համար նաեւ «կապոյտ ուլնիկ» մը, զոր «աչից ուլնիկ» կ՚ըսեն, կը պատուիրէ կարել տղու գտակին (գլխարկին) կամ կռնակին վրայ։ Եւ իր այս ամէն բժշկութեան, գուշակութեան, աղօթարարութեան վարձքը՝ միմիայն կտոր մը սապոն, կամ թափթափայ հաց մը, կամ բաղարջ մը, կամ քիչ մը միրգ, կամ այս տեսակ փանաքի արժողութեամբ իր մը, ի՛նչ բանի որ նա պէտք ունի, եւ ինչ բան որ տղու մայրը կարող է տալ, մինչեւ չախու, դերձան, ասեղ եւ այլն։ Իսկ եթէ տասն կամ քսան փարայ տան, իբրեւ անոր բուռնութու գին, աւելի ուրախ կ՚ընեն զինքն։
       Այս կարգի մամիկներուն կը բերեն աղօթելու ընդհանրապէս, երբ մէկը «քան զմեզ աղէկներէ» (ոգիներէ) զահահարած լինի կամ «հրեշտակակոխ», կամ «գրողի զարկած»։
       Նայէ սա երիտասարդին, որոյ բազկին կամ պարանոցին վրայ պալար մը կամ խոց մը կայ։ Կ՚երթայ աղօթել տալու, եւ մամիկը, աղօթելէն զկնի, կը փչէ, ապա քովի առուի եզերքէն եզանլեզու բանջարէն տերեւ մը կը կտրէ, վրան կը թքէ եւ, զայն դնելով խոցին վրայ, կը կապէ, կ՚երթայ ու կը բժշկուի։
       Նա տղան մատիշուրթն ըսուած վէրք մը ունի մատին վրայ։ Հաւկթի դեղնուցէ եւ մեղրէ շինած սպեղանի մը կը քսէ վրան, կ՚աղօթէ, կը կապէ եւ կը ղրկէ։
       Մէկալ տղայի ոտքը ջնջխուեր է։ Առւոյտ խոտը կը ծամէ, կը դնէ վրան, կը կապէ եւ կը ղրկէ։
       Սա մարդը տանիքէն վար ինկեր, սրունքի ոսկորը ջախջախուեր է։ Մամիկը կը մաժէ եւ տեղնի տեղը կարգադրելէն զկնի, անլուայ կտաւի վրան շրէշ կ՚անցունէ, անով կը պատէ եւ տախտակի մանր կտորներով պինդ կը կապէ, որ չը խաղան կոտրած մասերը։
       Հրաման կուտայ ադոր, որ եօթն օրէն ետքը ելնէ իր գործին աշխատէ։