Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՎԷՊՔ ԵՒ ԶՐՈՅՑՔ
       Գիտութիւն կ՚ստուգէ, թէ գրարուեստը կարծուածին չափ նոր գիւտ կամ նոր արուեստ մը չէ մարդկային ազգի մէջ։ Նինուէի եւ բոլոր Ասորեստանի մէջը եւրոպացի հնախուզաց ջանքով գտնուած աղիւսները, Եգիպտոսի աղիւսները եւ գետնաթաղ վէմերը ու կոթողները, որոց ամէնքն ալ իրենց վրայ գիրեր կը կրեն, ապացուցին, թէ գրի գործածութիւնը կարի վաղ ժամանակաց գործ էր։ Սոյնպէս եւ Պարսկաստանի ու մեր Հայաստանի բեւեռագիրերը նոյն բանի վկայութեան համար մէկ-մէկ անտարակուսելի եւ անեղծանելի մատեան են։ Դեռ ժամանակ չհասաւ, որ Հայաստանի դերբուկներն եւս խրխրուէին, տեսնայինք մեր հողերու խաւերուն տակէն ի՞նչ կղմինտրներ, վէմեր պիտի ելլէին` «Ջընուըզաց» դարու պատմութիւնը լուսաւորելու համար։
       Հին եւ կարի հնագոյն աշխարհաց եւ ազգաց շարունակութիւնք, կը թուի թէ, պահած եղեր են հնդիկք եւ չինք, որոց կրօնք, լեզուն, սովորութիւնք կրնանք ապացոյց ի մէջ ածել մեր ըսածին։ Այսօր այն ամէն բաները, որ մեր մէջ կամ գիտութիւն ու կրթութիւն ունեցող ազգաց առջեւ կը համարուին առասպել, կը համարուին նախապաշարումն, կը համարուին մութ եւ խաւար, ի հնդիկս եւ ի չինս իրականութիւն է, կենցաղագիտութիւն է, բարեպաշտութիւն է, լուսաւորութիւն է։ Երկրագնդիս միջնաշխարհեան եւ արեւմտեան մասին բնակիչք շատ նոր կը թուին` նայելով յիշեալ ազգաց հնութեան եւ բնութեան, կամ, այսպէս ըսենք, մեր վայրերու բնակիչ ազգեր ի դարս դարս՝ անկումն, աւերումն, երբեմն եւս ջնջումն կրեր են։ Եղեր է նաեւ, որ ազգէ յազգ, լեզուէ ի լեզու յեղափոխուեր են։ Պատմական աչօք դիտելով՝ արշաւանքներ միշտ յարեւելից կուսէ եղած են, եւ արշաւողները հասած տեղերնին տիրութիւն եւ գաղթականութիւն հաստատած են, բայց ի հարկէ այս տեղերն ալ ազգեր եղած են, որոց վրայ կը դիմէին նոքա։ Այս տեղերը եղած ազգերը չանհետացան բնաւ, սակայն շատերը փոխուեցան յայլ։
       Պատմագէտները եւ հնագէտները յայտնապէս գիտեն, թէ ոչ միայն անյիշատակ ժամանակները, այլեւ մինչեւ վերջին դարու մէջտեղի կ՚ունենային այս կերպ դէպքեր եւ փոփոխութիւնները։
       Ո՞ր դարէն մնացած են Հայաստանի մէջ եզդիները, որ տեսակ մը արեւապաշտներ են։ Ո՞ր դարէն եւ ո՞ր կողմէն եկած ցրուած են Հայաստանի եւ Ասիոյ ուրիշ գաւառները ազգ գնչուներու։ Այս ազգանունն ալ չեմ գիտեր` ո՞րքան տարի է յօրինած են։ Այլ իրօք անոնք կը յորջորջուին «մըտրըբ, չինկեանէ, բօշայ», որք զանազան դասեր կամ ցեղեր կը կազմեն, առանձին լեզու ունին, ամենքն եւս ուր որ բնակին, միեւնոյն կեանքն ունին. բացօդեայք, վայրաշրջիկ, թափառական, կաշէգործ, մաղագործ, գուսան, նուագածու, պարող եւ կաքաւող, դիւթող եւ կախարդող։ Ոչ հպատակութիւն ունին տէրութեան մը եւ ո՛չ տուրք կը վճարեն, քանզի տուն եւ երկիր չունին։ Ո՛չ գիրք ունին եւ ո՛չ օրէնք. հին ազգ մ՚են եւ կ՚արծածնէս աւելի բազմաթիւ։ Արդեօք հնդկա՞ց մաս մը, թէ քաղդէացւոց մնացորդք են սոքա։
       Ինձ կը թուի, թէ քաղդէացւոց մնացորդք են քիլդանիք, որ առանձին լեզու եւ ազգ մի են եւ որոնցմէ բաւական մաս մը կը բնակին Տիգրանակերտու եւ Սղերդու կողմերը։
       Մեր քիւրդերէն մաս մը ասորիք եւ մաս մը հայք են, բայց այնքան բազմաթիւ են, որ կրնանք ըսել, թէ քան զհայս կրկնապատիկ, եւ ասոնց մէջ կան բաժան-բաժան մասեր։ Դաս մը ազնուականաց, որ թօռուն կ՚ըսուին, ազատ եւ ոստանիկ տուներ են` իրենց արեանառու ամբողջ սերնդով։ Մաս մը ասոնց «խոլամ» ղուլ ու ծառայ են իբրեւ պատրաստական անձնուէր զինուոր եւ կապարճակիր, որոց ձին, զէնք եւ հաց թօռուններ կը բաշխեն։ Այս կարգեր ո՛չ զօրք եւ ո՛չ տուրք կուտան տէրութեան։ Մաս մը կայ, որ բոլորովին կը տարբերին վերոյիշեալներէն, ռայայ են. տուն ունին, երկիր կը մշակեն, տուրք եւ զօրք կուտան տէրութեան եւ միանգամայն ճորտ եւ ստրուկ են թօռուններուն։ Ասոնց կրօնք մահմետականութիւն է, բայց ըստ մեծի մասին գըզըլբաշ են եւ չրասօնդուրան ։ Մեծ մաս մ՚ալ զազայ կ՚ըսուին, որ շատ բազմաթիւ են եւ առանձին լեզու ունին։ Ասոնք կը բնակին Մշոյ եւ Տիգրանակերտու կողմերը, Խընուս, Վարդօ, Ճապաղջուր, Քղի, Տուժիկ լեռը եւ այլն։ Մեր պատմութիւններ բան մը չեն ըսեր մեզի այս ազգաց վրայ եւ անոնց ի Հայաստան գալուն վրայ։ Լեզուաց ո՞ր արմատին կը պատկանի ասոնց բարբառը, կամ ազգը՝ ո՞ր ազգին, ի՞նչ բերանացի աւանդութիւններ կան մէջերնին` գիտնականաց հետազօտութեան արժանի։ Արդեօ՞ք Ճինկիզ խանին կամ Նետողաց ազգին` թաթարաց արշաւանաց բերած ու թողածներն են, թէ աւելի հին՝ Վահեւունեանց ճետերն են, որք՝ առ ահին վեհին Տրդատայ երեսանց միշտ քրիստոնեայ, իսկ ծածուկ միշտ Գիսանէին երկրպագուք կը մնային, ինչպէս գրեթէ դարերէ հետէ Տրապիզոնի լերանց մէջ ապրող «Կէս-կէս» յոյները, որ առ երեսս կը կոչուին Մահմուտ եւ Մուստաֆայ, բայց իրօք Եօրկի են եւ Եահեայ. կը թլփատուին եւ կը մկրտուին, մօլլայ ալ ունին, քահանայ ալ ունին։ Կարելի չէ՞ արդեօք մեր զազաներն ալ երկար ժամանակ քրիստոնեայ՝ միեւնոյն ժամանակ եւ Գիսանեան քրմաց պաշտօնեայ մնային` Զենովբ պատմիչին ցոյց տուած նշաններն ալ իրենց վրայ մինչեւ ցայսօր ունենալով, այն է` հերաց գիսակներ թողուլ գլխոց ի կախ, զորս արգիլեց Ս. Լուսաւորիչն` խափանելու համար քրմականաց յիշատակը։ Եւ, այսու ենթադրութեամբ, ահա ասոնց շեխեր, որոց վրայ այնքան գերբնական կարծիքներ ունին, զորս մինչեւ անգամ ի թեւս հրեշտակաց յերկինս կը ճեմեցուցանեն, կը լինին բրահմանաց յաջորդք։ Արդէն յայտնի է, որ Գիսանէ եւ Դեմետրէ երկու եղբարք ի Հնդկաց եկած են ի Տարօն, եւ իրենց անունով այն կուռքերը հաստատեր են։ Իրենց սերունդ եւ իրենց հետ եկած ժողովուրդն ալ բնակած են եղեր հազարաւոր տներով ի Կվարս, Մեղդի, Բազու, Բարեխ եւ այլն, ինչպէս կը պատմէ Զենովբ եւ այլ պատմագիրք, եւ գեղեցիկ իմն կ՚իմաստասիրէ գիտնական Մեսրովբն Թաղիադեանց ի Սօս եւ Սօնդիպի բանաստեղծութեանն։ Արդէն սոյն հանգամանքն է, որ ճենազն Մամիկոն Տրդատէն ժառանգեց զՏարօն` իբրեւ պատշաճ հատուցումն իւր մէկ քաջութեան եւ տիրասիրութեան, այն էր` Տարօնոյ Սլուկ իշխանն սպաննել, որ իբրեւ անկախ նախարար՝ ապստամբած էր հայոց հսկայ արքայէն. եւ հնդիկ տարօնեցին Արշակունւոյն դէմ ըմբոստ, հնդիկ ճենազն Մամիկոնին հլու հնազանդեցաւ։
       Եթէ այս մասը քիչ մը ընդարձակ խօսեցանք, մեր միտքն այն չէր, որ մեր ազգային պատմական հնութիւնը կրկտէինք կամ բացատրէինք, այդ ամէն մտառու ընթերցողաց յայտնի է։ Յայտնի է, թէ Հայկազանց ժամանակ քանանացիք, Արծրունի ասորիք, հրէից գաղթականք, Մարաց մեծ գերեվարութիւնը, Աժդահակեան ազգ եւ տոհմն, Գողթնեաց վիշապազունք, վեհազն Արշակունիք եւ այլն։ Ասոնք յայտնի են, որքա՞ն եւս առաւել պարսկական, յունական, ալանական, հիւսիսային եւ հարաւային ազգաց հատուածք եւ պատուաստք եկած յարած են ի մեզ։ Է որ իրենց ազգային յատկութիւնք եւ պաշտօնք ընդ երկար պահած են, է որ յեղափոխուած են ի մեզ։
       Ըստ այսմ է նաեւ ամէն ազգաց գոյութեան եւ քաղաքականութեան կենաց պատմութիւնն ու բնութիւնը։
       Դեռ միջին դարու մէջ, յԱրաբիոյ եւ ի յափանց Հնդկաց յառաջանալով, ազգերը Եւրոպիոյ հարաւն ու հիւսիս մարդակուլ ըրին, եւ այս օրուան լուսաւորութեան աշխարհի ազգերը, որ ելած են Եգիպտոսի, Բաբիլոնի, Նինուէի, Եկբադանայ սեպագիրեր եւ գրեալ կղմինտրները կը հետազօտեն, զուգադիպութեամբ մը գուցէ բուն իսկ իրենց ազգաց նախնի հայրենեաց փառքերն ի լոյս կը հանեն։
       Գերմանացիք, գիտութեան մէջ մեծ ազգ, որ ի ծագաց արեւելից եկած են գաղթական Պէրլինի արեւուն ներքեւ, իրենց հետքերը թողած են Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս Սիւնեաց աշխարհը, ուր մեծ հիւրընկալութիւն վայելած են. բաւական կեցած են, բաւական իրենց սերունդէն հոն ձգած եւ այնտեղի բնիկներէն իրենց ընկերացած՝ մեկներ են։
       Կը հաւանիմ եւ կը հետեւիմ յայսմ՝ Շահն. գիտնական Կ. Վ. այս մասին գրածին, զոր տես ի շարս հայ պատմագրաց, ի յառաջաբանութեան Ստեփաննոսի Օրբէլեան Պատմութեանն Սիւնեաց։
       Գերմանական ազգին կը մնայր, որ Հայաստանին բեւեռագիրերն հաւաքէր եւ ընթեռնոյր։ Թէպէտ գիտնականն Մօրթման 1871-ին քանի մը բան ասաց, այլ բան մը չհասկցուց, վասնզի Հայաստանը շրջած չէր, վասնզի միայն հայոցս գրաբառ եւ պօլսեցւոց աշխարհաբառ լեզուներով լուծել կը կարծէր. այն ինչ բեւեռագրի լեզուին առջեւ գուցէ մեր գրաբառն այնքան տարբեր, նոր եւ բոլորովին հեռու ոճեր եւ բառից կազմութեան ու հոլովմանց ձեւեր ունի, որքան արդի Պօլսոյ եւ զանազան գաւառաց աշխարհիկ բարբառն՝ գրաբառին առջեւ, մանաւանդ թէ մեր սուրբն Մեսրովբ կարգաւորեց իր քերականն եւ քերականութիւնն ըստ ալփաբետից եւ արուեստին յունաց։
       Որովհետեւ մեր ժողովուրդն աւելի հին է, քան մեր գրաբառն, ուրեմն ժողովրդեան խօսած լեզուն աւելի մօտ լինելու է բեւեռագրի լեզուին։ Իրաւ է, դարեր եւ դէպքեր փոփոխութեանց ազդեցութիւն կը գործեն ինչպէս ժողովրդեան կենաց եւ բարուց վրայ, նոյնպէս եւ լեզուին վրայ։ Բայց շատ պարզ կ՚երեւի, թէ հայ ժողովրդեան այն մասը, որ անփոփոխ մնացեր է իր դրից մէջ, կրելով եւ տոկալով ամէն արկածները, հայ անունը եւ Հայաստանը չթողլով, պահած է նաեւ իր նախնական աւանդութիւնք մինչեւ յաւուրց հեթանոսութեանց անտի։ Պահած է նաեւ, անշուշտ, հայ լեզուն ի դարուց նախնեաց։ Սակայն նկատելի է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր գաւառը զատ-զատ ոճ մը ունի խօսից, եղանակ մը ունի արտասանութեան բառից, ինչպէս նաեւ իր կենաց հանգամանքն ու պարագայքն ալ տարբեր են։ Ուստի ո՛ր գաւառի բեւեռագիր պէտք լինի կարդալ, անշուշտ նոյն գաւառի քաղաքաց, գիւղորէից, աւերակաց, գետոց, լերանց, մարդոց, գտնուած անասնոց անունները եւ բնակչաց լեզուն գիտնալու է գիտնական ընթերցողն եւ, թէ կարելի է, մինչեւ անգամ ժողովրդեան բերան եղած աւանդութիւնք եւ առասպելներն ալ լսած լինելու է։ Օրինակի համար ըսենք. Վանայ մէջ եղած բեւեռագիր մը ընթեռնլու համար կատարեալ հայ վանցի մը լինելու է, որ, «Պակրիտուր» անուն մը կարդալով, հասկնայ նաեւ, թէ այսօր եւս Վանայ մէջ «Պատուր» անուն կայ. եւ գուցէ Տիարպաքիր՝ Տուրպակրի է, քան թէ Տիգրանակերտ, զոր նորոգած լինի մեր Տիգրան երկրորդ իւր անունով։
       Խնդիր է, թէ «հա՞յր, մա՞յր» ուղիղ են, եթէ «հէր, մէր» հնչել. արդեօք ո՞ր ձեւով կարդալու է, եթէ բեւեռագրի մէջ պատահի։
       «Երիցս», որ կը նշանակէ երեք անգամ, վանցիք կ՚ըսեն «Երեք դիր»։ Ո՞վ, գաւառացիէն զատ, «դիր» բառն «անգամ» կը հասկնայ։
       «Մէկ զարնելուց շուռ իտու գետին»։ - «Եհար անդէն՝ կործանեաց յերկիր»։
       «Դեհ Խիզան». - «Ի կողմանս Խիզանայ»։
       «Մլշկեց վէր Ասուրուն». - «Մղեաց յԱսորին»։
       «Մլի պտուղդ». - «Մոյծ յաչս քո»։
       «Ձեռն ակռկաւ ծառին». - «Կռուեցաւ ձեռն ի ծառն»։
       «Աղօթրան». - «Արեւելք եւ Արշալոյս»։
       «Ծովային». - «Արեւմուտք», եւ ըստ մշեցւոց` «Արեւպատ»։
       Հիւսիս, հարաւ բառեր երբէք չկան ժողովրդեան բերանը, այլ կա՛մ «Աջ, ձախ» գործ կ՚ածեն, կա՛մ, լերան մը ու գեղի մը սահմանը, կողմը ցուցնելով, կը հասկցունեն։
       Շատ մը այսպիսի օրինակներ կան։
       Քաւ լիցի, թէ ես գիտնական Մօրթմանին կամ ուրիշ գիտնականաց եւ լեզուագիտաց չհաւանիլ կը ցուցնեմ, վասնզի ես այս գրածներէս անդին բան մը չգիտեմ եւ ոչ ալ արուեստ մը կամ ուրիշ լեզու մը, այլ միայն մեր ազգային գիտնականաց ուշը կը հրաւիրեմ այս խնդրոյն եւ այս առաջարկիս վրայ. վասնզի կը փափագիմ ես ալ, որ այս պանծալի դարուս լուսաւորութեան սեղանին վրայ դրուած տեսնեմ նաեւ Հայաստանի հին գրականութեան կնքեալ եւ փակեալ փառաց մատեանը, յորում ազգային եւ ընդհանուր հնութեան եւ պատմութեան գանձեր կան ծածկեալ եւ զորս հայերը բանալու միայն կարող են։ Ես կ՚աւետեմ ընթերցողաց, թէ արդէն ծանուցեալ երկու գիտնականք մեծապատիւ պ. Քերովբէն Պատկանեան, որ արեւելեան լեզուաց բրօֆէսօր է ի Ս. Պետերբուրգ Ռուսաց կայսերական Ակադեմիան եւ մեծապատիւ Յովհաննէս էֆէնտի Հիսարլեան ի Պօլիս, որ քաջ հնագէտ եւ հայագէտ է, երկուքն եւս կը տքնին այս վսեմ նպատակին համար, որոց անգին բարեկամութիւնն վայելելու շնորհն ունեցած եմ. յոյս կուտան յաւիտենական մոխիրներէ եւ մթութենէ սրբել մեր հայկական ազգի պատմութիւնը սեպագրաց բանալիով, ինչպէս կան նաեւ քանի մը հնագէտ եւ պատմագէտ հետախոյզ ազգայինք։
       Այժմ, մէկ դի դնելով ազգային լեզուի խնդիրը, գրական ժամանակի եւ նախնի պատմութեան վրայ խօսինք բուն ինչ։
       Նախկին կամ հնագոյն ազգաց գրերը շատ բնական, բայց բազմազան ձեւերով են, եւ ասիկայ ծանօթ է ամէնուն, որ չինաց նշանագիրները եւ եգիպտական քանդակագրեր տեսեր են. կենդանագիր, մարդագիր, թռչնագիր, ծառագիր եւ այլ, ինչ որ բնութեան մէջ կայ, անոնց նշաններով գրեր յօրինուած կան, խորհրդական նշանակութեամբ։
       Դի՛ր դու հայոց հին ձեռագիրները, թէեւ Մեսրովբեան աւուր եւ անկից ետքն ալ եղած լինին, եւ ահա կը տեսնես հրեշտակագիր, մարդագիր, թռչնագիր, ծաղկագիր, կենդանագիր եւ այլն։ Երկու մարդ կը գծէ, երկրորդի ոտքին տակէն եղջերաձեւ նշան մը կ՚աւելցնէ, կ՚ընէ «Ա»։ Հրեշտակ մը կը գծէ` թեւերը ծալլած, ձեռքը ծաղկանոց մը կուտայ ի կախ, այն է «Ի»։ Օձ մը կը պատատէ՝ տուտը պարանոցի տակէն մտցունելով եւ դուրս հանելով, այն է«Ծ»։ Թռչնոյ մը անանկ ձեւ մը կուտայ, որ կը տեսնաս, թէ «Հ» է։ Այսպէս բոլոր մեր Այբ Բենն մինչեւ Քէն։
       Ասոնցմէ զատ կայ նաեւ փակագիր, որ երկու գիծ գծելով` ամբողջ անուն մը կամ բառ մը կը զետեղէ մէջը` մէկալ տառից գծերէն միայն մասն մասն նշանելով։ Իսկ իբրեւ սղագիր, կամ իբրեւ բուն նշանագիր` իւրաքանչիւր բառը մէկ-մէկ գծանիշով մը կը հասկցնէ, ինչպէս ձեռագիր ընթերցողներ տեսած են, աշխարհ, երկինք, երկիր, արեգակն, լուսին, աստղ, տուն, եկեղեցի եւ այլն։ Գուցէ ասոնք լինին Ս. Մեսրովբէն առաջ հայոց Դանիէլեան ըսուած նշանագիրները։
       Կայ նաեւ տեսակ մը գիր հայոց, որ աւելի նման համարելու է եգիպտականին եւ չինականին, այն է` գերեզմանաքարերու վրայ քանդակուածներն. վարսավիրայի մը տապանաքարին վրայ՝ մկրատ եւ ածելի, հիւսան՝ ուրագ եւ սղոց, դերձակին՝ չափ եւ ձեւիչ, զինուորի մը կամ քաջի մը՝ սուր եւ վահան։ Հայաստանի մէջ դեռ կան շատ գեղեր, իմ տեսածներէս Խնուսայ Գարաչօբան գեղին եւ Բաբերդու Բալախոր գեղին տապանաքարերը ոչ տնկուած խաչքար են եւ ոչ պառկեցուցած կափարիչ, այլ խոյաձեւ, ձիաձեւ, առիւծաձեւ, ցլաձեւ հսկայ քարեր, որոց կողերու վրայ սուր, տապար, հրացան եւ այլն քանդակուած։ Կայ տեղ-տեղ ալ մատաղ օրիորդ մը, հրեշտակատի մանկիկ մը, ալեւոր մը, տէրտէր մը կամ կրօնաւոր մը, որ Սաղմոս եւ Նարեկ ունի ձեռքը, սպանեալ մը կամ նահատակ մը՝ ըստ իւր կերպարանաց։ Վարդապետի եւ եպիսկոպոսի գերեզմանները յայտնի են գաւազանով եւ ճղլակ թագով։ Ո՞չ ապաքէն եւ այս ամէնը կարդալ կուտան մեզի առանց տառերու, թէ ո՞յք են եւ ո՞րպիսիք են հանգուցեալք ի նոյն տապանի։ Եւ այս եւս հնութեանց նշան մի է։
       Այսքան մը եւեթ խօսելով առ այս` կը փութամ հայրենեաց վէպերու եւ զրոյցներու վրայ եւս սակաւ ինչ գրելու։
       Տեսանք ահա մենք, թէ գիր շատ հին է մեր ազգին մէջ, բայց այդ ձեւ գրեր եւ բեւեռագրեր եւ կղմինտրները կը գործածուէին միայն մեծամեծ եւ նշանաւոր անցքերու եւ յիշատակներու, իսկ հասարակութիւն կը մնար անհաղորդ եւ անձեռնհաս։ Մի՞թէ միջին դարու մէջն իսկ, երբ այնքան դիւրացած էր ձեռագիրն ի թուղթ, դարձեալ անհաղորդ եւ անձեռնհաս չէ՞ր ժողովուրդ գրելուն եւ կարդալուն մինչեւ ցԿութթէմպէրկի տպագիրն։
       Այս այսպէս լինելով։ Սակայն ժողովրդեան միտքն ու բանականութիւնը չէր կարելի մնալ անգործ եւ անզգայ. նա իր տեսած, ըրած ու լսած անցքերը կը խօսէր բերանացի, կը շարադրէր, կը վիպասանէր բանացի, եւ իր զգացած սէրն ու թախիծ կ՚երգէր, կը մրմնջէր թէ՛ յանձին առանձին եւ թէ՛ յընկերութեան։ Անշուշտ, երեւակայութիւնն ալ բան մը կը յաւելուր բուն եղածին վրայ, բան մ՚ալ լսողը կը յաւելուր, երբ ինքն եւս այլում կը հաղորդէր։ Մինչեւ ցայսօր եւս վէպեր ու զրոյցներ, որ կը շինուին թէ՛ բերանացի, եւ թէ՛ գրաւոր, յօրինող վիպասանն սա ստոյգ նշանով մը կը հասկցուի ուր տեղացի լինելն։ Նա իր խօսքերը կը յօրինէ իր բնակած գաւառի բնակչաց տեղական սովորութեան եւ կլիմային եւ իր շուրջ գտնուած բնական կենդանեաց եւ վայրաց անուամբ եւ նմանութեամբ, եւ նկարագրով։ Ծով չունեցող գաւառի մը վիպասանը, ծովու վրայ գաղափար չունենալով, երբէք զայն չգործածեր իր ասից մէջը, իսկ վանցին իր տաղին, ողբին, խաղին եւ խօսքին մէջ յաճախ կը խառնէ. մերթ գեղեցկի մը աչքը ծովի կը նմանցնէ, մերթ յուզեալ սիրտը՝ ծովի ալէծուփին եւ այլն։
       Վէպն ու զրոյցը, որ ժողովրդեան բերնով «հէքեաթ» է, յօրինուած կը լինի բարոյական խրատու համար եւ իբր դիւցազներգութիւն` քաջաց քաջութիւն հռչակելու կամ այլոց օրինակ տալու համար։ Հէքեաթներու շարադրութեան մէջ միշտ կարգ մը կայ. ուղեւորութիւն հեռաւոր եւ անծանօթ աշխարհները, հրաշալի եւ ահռելի նկարագրութիւնք վայրաց եւ անձանց, դիպուածք, արկածք ի նենգութենէ ընկերաց կամ եղբարց, երբեմն եւս ի ծնողաց։
       Սիրահարականն ամէն հէքեաթի աղն է։ Բաւական ճարտար հանգոյցներ ու կապեր ունի, բարի եւ չար ոգեաց՝ ջիներու, դէւերու դերեր, անմահութեան ջրոյն եւ պտղոյն, տեղւոյն եւ կենաց միշտ հետամուտ։ Ի պաշտօն կը կոչուին կենդանիք, գազանք եւ թռչունք, որք իւրաքանչիւր մէկ-մէկ մարդ անձանց դեր կը կատարեն։
       Դիւցազունք եւ դիւցազնուհիք, երբ ի հանդէս կուգան, եւ երբ ճապուկ ճարտար լեզու մը զանոնք կը զրուցէ, մարդու մտաց առջեւ կը պզտիկնան Հերակլեայ դիւցազնութիւնք. Ոսկի գեղման հէքեաթն, Տրովադայի վէպն, Ոդիսեւսն եւ իւր կղզիներ, Երեկորեայ պարտէզներն, յորս Հոմերոս կը պանծայ. կամ Տելեմաքն ու Կալիփսէն, եւ որ իրօք ժողովրդական վէպեր են։
       Ո՞չ ապաքէն վէպ ու զրոյց են մեր Մեծին Խորենացւոյ յիշած Շամիրամայ աղուական ծնունդն ու սնունդն, անոր տարփանքն եւ արարքն։ Ի՞նչ է Աժդահակայ անունն, օձ. անոր երազին լաւ միտ դիր, անոր խորամանկ խնամութիւնը, մեր Տիգրանուհւոյ իմաստութիւնն, Տիգրանին անձին եւ քաջութեան հանգամանքը։ Վահագն՝ իր անունով. երկնից եւ երկրի որդի, երկն, ծով, կարմրիկ եղէգնիկն, բոց, հրածին, հրահեր, արեգակն ակն։ Ի՞նչ անուն է Վարդ գէս` վարդահեր, Հրաչեայն, Հսկայորդին, Գոռ, Գոռակն եւ այլն։ Ո՞վ է հայոց Տորք սարսափելի նախարարն, ո՞ր աստուծոյ տուրքն է նա, որ մէկ ձեռնով որձաքար վէմեր կը փշրէ, լեռներ կը տապալէ, բլուրն իբրեւ պարսքար մը կը նետէ, քանի՜ ահարկու է անոր կերպարանքը, քանի ՜ անսահման անոր ուժը։ Երուանդին Արշակունւոյ չար աչքերէն մարդ եւ վէմ պատառած են։ Արտաւազդն պտուղն Սաթինկան տարփանաց բարձիցն Արգաւանայ, դիւաց յափշտակութեան եւ փոխարինութեան արժանի, ի վիհս Մասեաց անոր կործանումն, ի քաջաց կալեալ կապեալ մնայ, անմահ մնայ, բայց լոյս չտեսնայ, շունք անոր շղթաներ կրծեն, դարբինք, սալը հարկանելով, անոր շղթաները հաստակռեն, որ չելնէ վախճան տայ աշխարհին։ Ի՞նչ է Սանատրուկ` շան գտած տղան։
       Իսկ Բիւրասպեանց վէպն բացարձակ առասպել կ՚անուանէ Խորենացի հայրն եւ անոր մէկ քանի մասերը մէջ կը բերէ։
       Այսպիսի առասպելաց մէջէն ծագած են եւ ի նոյն մնացած ամէն հին ազգաց նախնականութիւնը։ Ամէնուն գիտցած բանն է, թէ Աղեքսանդր Մակեդոնացին՝ Փիլիպպոսի որդին, նոյն իսկ Արիստոտէլեան օրերուն մէջ ծնած, «Վիշապի ծնունդ» է, Հռովմայ հիմնադիրները՝ «Հովուի մը այծու կաթով ի վայրիս սնած» եւ այլն։ Դիւցազանց ինչպէս ծնունդն, նոյնպէս եւ վախճան կամ փոխումն յաստեաց հրաշալի են, ո՛ր յԱստեղատունս համբարձեալ, ո՛ր յամբրոբս, ո՛ր ի ջուրս եւ ի կղզիս կը բնակի յաւէրժապէս, ո՛ր յանդունդս ի դժոխս, ո՛ր փոխակերպեալ ի ծաղիկ, ո՛ր ի ձուկն, ո՛ր ի գազանս եւ ի ցիռս վայրենիս եւ այլն։ Կան դիւցազունք ալ, որոց անուանք եւ անոնց անուամբ լերինք, աշխարհ, քաղաք, բերդ, կոթող, ջուրք անբարբառ կը պատմեն մեզ անոնց վէպերը։
       Կը խոստովանիմ, թէ իմ այստեղ գրելիք վէպերը այնքան հին եւ վսեմ չեն, բայց կրնանք օրինակ տալ բանասիրաց, որ հետեւին ձեռք բերել աւելի հնագոյնները եւ իրենց ուշադրութիւնը դարձունեն ժողովրդեան շուրջ եւ բերանը եղած ամէն զրուցաց եւ աւանդութեանց։ Կրնան ասոնցմով գրասէրներն ալ ազգային գրական վէպեր յօրինել. բաւական օտար ազգաց վէպերը յեղափոխուեցան ի մեզ, որոց կեանքն ու հանգամանքը մեզմէ օտար գոլով հանդերձ, այսօր առաւել ծանօթ են հայ ընթերցողին, քան մեր ազգային վիպական հայրենական կեանքն ու հանգամանքն։
       Յայսմ՝ առաջին հանդիսացած է Թիֆլիզի ուսումնական պ. Ղ. Աղայեան «Երկու քոյրեր» վիպասանութեամբ։ Եւ ի մեզ գիտնականն Հիսարլեան, «Նեռն եւ կատարած աշխարհի» վէպով։ Նաեւ Արեւ. մամլոյ խմբագիր մեծ. գրագէտ Մ. էֆ. Մամուրեանն «Սեւ լերին մարդ»-ով։ Իմ սիրելի բարեկամ եւ հայրենակիցս` բանասէր պ. Սեդրակ Տ. Սարգիսեանցն եւս մի պատուական նոր երկասիրութիւն յօրինած է «Շատախն ո՜ւր, Սիպիրն ո՜ւր», որ կատարեալ հայկական վէպ մի է` արդարեւ գնահատելու արժանի, զոր ի լոյս պիտի ածէ ի մօտոյ։ Գուցէ կան այլք եւս, որոց ես հանդիպած չեմ։