Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
9. ԻՇԽԱՆԱԶՈՒՆԻ ՄԸ ԲԱՂԴ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԻՆ ԽԵԼՔԸ
       Իշխանազուն երիտասարդ մը սիրահարած էր թագաւորի դստեր։ Երբ չյաջողեցաւ զայն կին առնել, հրաժարեցաւ քաղաքէն եւ տընէն եւ գնաց, հեռու անտառի մը մէջ կը բնակէր եւ կ՚ապրէր՝ օր ըստ օրէ որս մ՚ընելով։
       Օր մը սովորականին հակառակ երկու որս ունեցաւ։ ՚Ի դարձին տեսաւ‚ որ իւր բնակարանին մերձ նստած է աղուէս մը, որ անմիջապէս վազեց մարդուն ձեռքէն որսերն առաւ, շնորհքով մաքրեց, պատրաստեց, մէկն բերաւ մարդուն, միւսն ինքն ճաշակեց։
       Հետեւեալ առաւօտ դարձեալ որսի գնաց եւ այս անգամ երեք որս որսաց։ «Ուրեմն նոր հիւր մ՚ալ ունիմ այսօր», - ասաց։
       Եկաւ, տեսաւ ահագին արջ մը նստեր առընթեր աղուէսին։ Վազեց աղուէսն, առաւ որսերը, պատրաստեց եւ երրորդ մասն արջին հրամցուց։
       Յաջորդ օր չորս որս որսաց իշխանազունն եւ ի դարձին տեսաւ՝ ահա գայլ մը բազմեր է արջին հետ։ Դիմաւորեց աղուէսն, առաւ որսերը, պատրաստեց եւ բաժանեց։
       Միւս օր՝ հինգ որս որսաց։ Դարձաւ, տեսաւ ամեհի առիւծ մը՝ վեհափառ բազմեալ։ Աղուէսն իր պաշտօնը կատարեց ըստ առաջնոյն։
       Գիշերը լուսցաւ։ Նորէն գնաց իշխանազունն յորս եւ այսօր բերաւ վեց որս‚ վասնզի ինձ (ղափլան) գազանն եկած էր։
       Վեցերորդ օր գնաց եւ‚ եօթն որս որսալով‚ դարձաւ։ Տեսաւ՝ ահա մեծ հաւք մը, որ մէկ թեւ կը բանայ Բաղդադ, մէկ թեւն կը հասնի Բասրայ, Անկա Զմրութ կ՚ըսուի այդ թռչունն։ Աղուէսն‚ ժիր ծառայի մը պէս‚ պոչ ցնցելով‚ կը վազէ իշխանազունին ընդ առաջ։ Յարգանքներ մատուցանելով՝ կ՚առնու ձեռքէն որսերը, կը պատրաստէ եւ նախ որսորդին կուտայ, մնացեալն եւս հաւասար կը մատակարարէ իւրաքանչիւրին։
       Զարմանք եւ սարսափ բռնած է իշխանազունը, կը սոսկայ գազանաց գազանութենէն, կը հիանայ անոնց ընտելութենէն։ Բայց ի՞նչ կ՚ուզէ, ահա սքանչելի գերդաստան մը իրեն՝ ընտանիք, բարեկամք եւ ընկերք։ Կը շարունակէ մարդ իւր այս նախանձելի վիճակը եւ օրէ օր կ՚անդորրանայ։
       Ասոնց բնակավայրին մերձ կայծակնահար եղած հաստաբուն կաղնիի մը կոճ կար, որ յայսմհետէ պիտի անուանուի Աղուէսի գահ, եւ անոր առջեւ տարածուած մարգագետինն՝ ասոնց Խորհրդավայր կամ հրապարակն։
       Երբ իշխանազունն մեկնեցաւ ըստ սովորութեան երթալ յորս, պարոն աղուէսն ելաւ իր գահը, ատեանը հրաւիրեց գազանները‚ երախտագիտութեան ճառ մը խօսեցաւ եւ պարտք դրաւ իւրաքանչիւրին վրայ՝ այսուհետեւ ճանչնալ եւ կոչել զիշխանազունն իրենց ՏԷՐ եւ ծառայել անոր սրտի մտօք եւ անձնուիրութեամբ։ Կենդանիք իրենց մէկ թաթիկը բարձրացուցին եւ հաւքն իր մէկ թեւը բացաւ՝ ի նշան ուխտի հաւատարմութեան։
       -Ուրեմն, - առաջարկեց աղուէսն, - այսօրուընէ սկսելու ենք մեր անձնուիրութիւն ցոյց տալ։ Գիտէք ամէնքդ, որ մեր Տէրն մարդ է եւ ազնուական մարդ, անոր պէտք է պատուական վրան մը՝ մէջը բազմոցներ, անկողին եւ ուտելու խմելու անօթներ։ Արդ‚ այսօր այս պէտքեր պիտի հոգացուին։ Ո՞վ ձեզմէ յանձն կ՚առնու այս ծառայութիւնս ընել։
       Ամէնքն վճռեցին թէ՝ Անկա Զմրութն։ Յանձն առաւ նա, վայրիկ մի եւս, եւ ահա իր թեւոց վրայ բարձած բերաւ ամենայն ինչ։ Աղուէս կանգնել տուաւ վրան, կազմաnորեց կարասիներ եւ անկողին։ Իրիկուն դարձաւ Տէրն, դիմաւորեցին ամէնքը եւ հանգուցին ի փառանոր հանգիստ։ Որսերը մաքրեց աղուէսն եւ իշխանազունին բաժինը սանով եփեց, շնորհքով սեղան մը պատրաստեց։ Ճաշակեց Տէրն գոհութեամբ եւ դողութեամբ հանդերձ։ Լափեցին կենդանիքն ալ իրենց բաժինը։
       Հետեւեալ առաւօտ գնաց իշխանազունն ի յորս, եւ Պ. Աղուէսն տուտն երերելով ելաւ‚ բազմեցաւ ի գահ։ Հոն ժողովեցան ատենականք։ Գահակալն սկսաւ նոր առաջարկութիւն մ՚ընել։
       -Գիտէք որ, - ըսաւ, - Աստուած մարդն ստեղծեր, անոր օգնական մ՚ալ ստեղծեր է։ Այս աւանդութիւնը մեր պապերը‚ իրենց պապերէն լսելով‚ պատմած են մեզ։ Ադամ ամէն կենդանիք աչքէ անցուցեր, զոյգ զոյգ տեսեր, Աստուծմէ գանգատ ըրեր իր մինակութեան համար, ուստի Աստուած Եւան տուեր անոր։ Արդ Աստուծոյ հակառակ, բնութեան հակառակ է, որ մարդ մինակ ապրի։ Մեր Տիրոջ կնիկ մը պիտի, կնիկ մը‚ որ թագաւորի աղջիկ լինի։ Ո՞վ յանձն կ՚առնու ձեզմէ այս ծառայութիւնն ընել։
       Կը խորհին։
       -Թէպէտ յօժար ենք ամէնքս ալ, - կ՚ըսեն, - բայց միջոցներ կը պակսին մեզի, իբրեւ գազան՝ կը հալածեն, չեն թողուր մերձենալ պալատին կամ պարտիզին։
       Կ՚աղաչեն Անկա Զմրութը, որ այս պաշտօնն ալ ինքն կատարէ։
       Կը հաւանի հաւքն եւ կը խոյանայ արքունի բուրաստանը, ուր արքայադուստր ելած նազ ի նազ կը ճեմէ ծաղկանց եւ վարդենեաց այցելու։ Կը յափշտակէ զաղջիկն‚ եւ ահա աղջիկ զինք կը գտնէ ահռելի գազանաց վոհմակի մը մէջ, ուր սակայն մեծ յարգանքներ կ՚ընդունի, մանաւանդ Պ. Աղուէսն ձեւեր կը ձեւանայ, լեզու կը թափէ, կ՚ապահովէ, կ՚անդորրացնէ։
       Այսօր իշխանազունն ութն որս որսացած էր, եւ իր մտքէն կ՚անցընէր, թէ ո՞վ գիտի ինչ նոր գազան մ՚ալ եկած է իրեն հիւր կամ ընկեր։ Այլ սակայն քանի՞ մեծ եղաւ իւր հիացումն, երբ իրիկուն դարձաւ, աղուէսն սովորականէն աւելի անձկոտոր կը լինէր, կը քծնէր, կ՚երկրպագէր, եւ գազանք առ հասարակ հպատակօրէն կ՚առաջնորդէին իրեն ի վրան, ուր մտնելով՝ տեսաւ իւր սիրահար արքայադուստր։ Քանի՜ մեծ եղաւ երկոցունց ալ ուրախութիւնն։
       Թագաւոր կը լսէ‚ թէ իր դուստր յափշտակեցին։ Սպառազէն չորս սուրհանդակ կը հանէ, որ ուղղակի դէպ անտառ կուգան։ Աղուէս կը տեսնայ ի հեռուստ եւ կը գուշակէ։ Հրահանգ կուտայ արջոյն եւ գայլոյն, կ՚երթան երեք կը պատառեն, մէկն ողջ կը ձգեն, որ կը դառնայ արքային կը պատմէ։
       Արքայն ութն սպառազէն եւս կը հանէ։ Անոնց դէմ կը ղրկէ աղուէս զառիւծն եւ զինձն՝ նոյն պատուէրը տալով, որք եօթն կը պատառեն, մէկը միայն ողջանդամ կը դառնայ եւ կը պատմէ արքային։
       Արքայն բանակ կը կազմէ անտառը գալու։ Աղուէս կը գուշակէ զայն‚ ուստի ի գահ կ՚ամբառնայ, կ՚ազդարարէ գազանաց, որ երթայ իւրաքանչիւր իւր ազգը բերէ։ Հետեւեալ օր իշխանազունն‚ որսէն դառնալով‚ բոլոր անտառը գազանօք լի կը գտնէ, բայց իր ընտանիներ կ՚առաջնորդեն իրեն, եւ աղուէսը կը բացատրէ խնդիրն։ Ի վաղիւն արքայի բանակը կուգայ։ Գազանաց բանակ կը ճակատամարտի, եւ գազանք կը յաղթանակեն‚ իրենց Տէրն կը տանին, կը թագաւորեցնեն մայրաքաղաքի մէջ։ Աղուէսն փոխարքայ կը լինի, միւսներն ալ նախարար, այսպէս կը բախտաւորին ամէնքն ալ։
       Երկնուց երեք խնծոր ինկաւ։