Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԱՍՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԵՂԱՑ ՈՄԱՆՑ
       Երեւակ թշնամի է մարդկային բնութեան, պատճառ դժբաղդութեան, երկար հիւանդութեան, աւրող ամէն բան։
       Լուսընթագ բարի է աղէկ ընող մարդոց, կեանք տուող, կենդանիներ եւ բոյսերը պահպանող։
       Հրատն չար է, սրով խոցէ մարդիկ, արեւելքը տապեցնէ արեւմուտքը չորացնէ, պատճառ է կայծակի, հովի եւ մարդկային կենաց թշնամի եւ այլն։
       Թէ Գիսաւոր աստղ ծնանի, նոր մարդ մը աշխարհիս վրայ արշաւանք պիտի ընէ, մահ է, սրածութիւն է, մեծամեծաց անկումն է‚ բազումք աղքատանան։ Թէ որ ճերմակ լինի պոչն՝ հիւանդութիւն բերէ, գլխի թմրութիւն, սաթլիճան եւ վէրէմ լինի։ Թէ կարմիր լինի պոչն՝ ջերմ բերէ եւ հիւմմայ։ Թէ ոսկեգոյն լինի պոչն՝ թագաւորաց կայսերաց մահ է։ Թէ կապտագոյն լինի պոչն՝ սաստիկ չորութիւն, սով, շնօֆօր (իւմուրճախ) լինի, եւ այլն։
       Նոյնպէս զանազան մեկնութիւնք կան գիսաւորին դրից, աստեղատան, ընթացքին մեծութեան եւ փոքրութեան վրայ, եւ այլն։ Արդէն արեւուն եւ լուսնի խաւարման, երկրաշարժին, որոտման, փայլակման գուշակութիւնները յայտնի են։