Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       «Էյ նայինք, հի՞մակ ինչ ղալթ պիտի ընենք», կը մտմտար խեղճ մարդը, մինչ կամաց կամաց դէպի այն սրճարանը կը յառաջանար, ուր պարապ գրաշարները օրը քանի մը անգամ կը հանդիպէին, յուսալով, թէ կարելի է գործ մը կ՚ըլլար, զիրենք փնտռող մը կը գտնուէր։
       «Անգործութեան սակարանը» կ՚անուանէին այդ հաւաքավայրը, որպէս հեգնական հակադրութիւն «աշխատանքի սակարանին»— Պորսային։ Երբ ներս մտաւ, հոն գտնուող երկու արհեստակից.
       —Հա՜ թամամ, աղէկ եկար, մենք ալ քեզի կը փնտռէինք կոր, ըսին։
       —Խէ՞ր է, ի՞նչ կայ, հարցուց։
       Խէր էր։ Անգործ երեք բանուոր միանալով, որոշած էին «Գրաշարաց ընկերութիւն» մը կազմել, ա՛ս տպարանապետներուն, լրագրապետներուն ձեռքէն խալըս ելու համար. իրենք դատին, իրենք վաստակին, իրենք կորսնցնեն, իրենք իրենց տէր ըլլան։ Ռափայէլեան իրենց հետ ընկերակցութեամբ տառերը պիտի ձուլէր ու այլեւայլ պէտքերու համար ալ քիչ մը դրամ պիտի տար։ Պապը—Ալի ճատտէսին թիւ յիսուներկու սենեակն ալ նայած ու խօսքը վերջացուցած էին։ Մամուլի համար ալ, տպարանի մը հետ կրնային յարմարիլ։ Հիմակ կը փափաքէին Ղուկաս աղան ալ մէկտեղ առնել. իրեն պէս խելքը գլուխը, փորձ, վարպետ ընկերոջ մը շատ պէտք ունենալով։
       Հաւանութիւնը մեծ գոհունակութեամբ տուաւ։ Սրճարանէն կազդուրուած դուրս կ՚ելլար. Ծաղկազարդին այն մահաբեր շաբաթ իրիկունէն ի վեր, առաջին անգամն էր ուրախ սրտով Խասգեղ կը մտնէր։ Սրճարանը սովորականին եռապատիկը ճնկեց եւ քիչ մը քէֆ տուն դարձաւ։
       Դուռը Վարդենի տուտուն բացաւ, Ղուկաս աղան կնոջը դէմքին վրան խորհրդաւոր խնդուածք մը նշմարեց։ Սենեակ մտան, ուր սեղանը պատրաստ էր. շուտ մը Արմիկն ալ երեւաց. անո՛ր ալ երեսները անսովոր զուարթութեամբ կը փայլէին։ Անպատճառ բան մը ըլլալու էր։
       —Աս ի՞նչ ունիք նայիմ. հարցուց խնդալով։
       Հի՛չ, ճանը՛մ . բան մը չկայ, քրթմնջեց կնիկը ժպտուն բարկութեամբ մը, որ սակայն շատ բաներ կրնար ենթադրել տալ։
       Նոյն պահուն Արմիկը աներեւութացաւ. ու քիչ մը ետքը թեւերուն տակ երկու մեծ կտոր կերպաս, ներս վազեց եւ բեռը սէտիրին վրայ հօրեղբօրը առջեւը դնելով.
       Աղա ամուճա, նայէ՛, նայէ՛, կ՚աղաղակէր ինքնիրմէն դուրս ելած։
       —Քա աղջիկ, աս ի՞նչ է, ուրկէ՞ է, հարցուց, միամիտին ուրախութեանը զգածեալ սրտակից մը։
       Վարդենի տուտուն եղածը ա՛լ տեղն ու տեղովը պատմեց։
       Առտուն իր երթալէն ետքը։ Պէյլիկ ին մարդը եկեր ու վեց հարիւր ղուրուշ տուած էր. մնացած հազար ղուրուշն ալ մինչեւ ութը ինը օր բերելու խոստումով։ Անանկ խնդացեր, անանկ խնդացե՜ր էին որ։ Թագաւորին համար ալ տուվա ներ, տուվա ներ ըրած էի՜ն քի. «հէմ տէ՜, տաճկին ալ բէք քէֆը եկած էր»։ Թաղին մէջ ամէն տուն ստակ առած էր, մօտերս ալ նորէն շատ շատ կար պիտի բերէր։ Տաճկին երթալէն ետքը, դրացի աղջիկները վազեր եկեր էին, անանկ ալ աղուոր հավա՜ մը հայտէ՛ եալլահ մը ըրեր Պէյօղլու ելեր էին. Արմիկին երկու ֆիստան ցու, մէկ սքարբ ին, մէկ ալ բօթին մը առեր էին։
       —Լուի—Քէնզ, աղա ամուճա , ընդմիջեց Արմիկը ինքնիրմէն ելածի պէս։
       Իրա՛ւ օրն բարի էր. առտուն երազահանն ալ նայած էր, չարխերնին դառնալ կը սկսէր։
       —Փա՜ռք քեզ Տե՜ր, փա՜ռք մեծի ողորմութեանդ, աղաղակեց ծերունին, սիրտը ելած, երբ կինն ու Արմիկը գացին կերակուր բերելու։
       Այս անգամ ձեռքը եւ ոչ իսկ թեթեւ մը դողաց, երբ ուրբաթ առտու, մեծ սնտուկին բանալին նորէն առաւ ու երկու թուղթ եւս գրպանը խօթեց։ Ինչ կար որ, էն ուշը տասնըհինգ օրէն ամէնքն ալ պիտի ազատէր։
       Ճամբան հաշուեց, թէ Շըմէնտըֆէրը քաշուած օրը, թուղթերը արդէն իրենց տեղը վերադարձած պիտի ըլլային։ Հաստատ առաջադրեց, որ մինչեւ իսկ վեց հարիւր հազար ֆրանկն ալ զարնելու ըլլար, Արմիկը նորէն Արթաքիին պիտի տար. բախտը անորն էր։ Եւ արդէն իսկ, խօսք կապը տուած օրէն, ատ թուղթերը տղուն ստացուածքը համարած էր, ինքը պարզապէս աւանդապահ մը մնալով։
       Երբ սարաֆին խանութին առջեւը հասաւ, հո՛ն իրարանցում մը կար։ Մանչերը ասդին անդին կը վազվռտէին. «չորսը կոտրեց», ըսաւ տղայ մը, Ղալաթիայէն հեւ հեւի վազելով՝ քրտնաթոր։ Սարաֆը այս լուրէն տակն ու վրայ եղած երեւցաւ. կը պոռար, կը կանչէր, մանչերը ասդին անդին կը վազեցնէր։ Աս միջոցին Ղուկաս աղան ալ աչքին զարկաւ։
       Հա՛, դուն ալ թամամ ատենին եկար, ըսաւ, ես ալ հիմակ ծախել պիտի տայի.
       —Հէ՞, ի՞նչ պիտի ընէիր, հարցուց մարդը, դող ելած։
       Ծախե՛լ պիտի տայի, ես ան օրը քեզի չըսի՞ քի ֆօնտո ները կ՚իյնան կոր. քրիզ ի վախ կայ։ Ի՞նչ բերիք նայինք, չափո՛ւխ։
       Ղուկաս աղան հանեց շըմէնտըֆէր մը եւս տուաւ, իբր պարզ քաբառօ ։ Սարաֆը երեք հատ ուզեց. գրաշարը հատ մըն ալ տուաւ, յաջորդ օրը մէյ մը եւս բերելու խոստմամբ։
       «Նայէ, իշտէ ա՛ս չեղաւ» կ՚ըսէր ետ դարձած ատենը։ Յուսացած էր գոնէ երկու ոսկի եւս առնել ու գործերը տեսնալ, մինչեւ որ ամէն բան կարգադրուէր։
       Միւս օրը շաբաթ, ծոցը թուղթ մը եւս դրած, է՛ն առաջ Ղալաթիա անցնելով, Պորսա յէն շըմէնտըֆէր ներուն գինը հասկցաւ։ Հեռագիրները, «վեր» եկած էին։ Առջի օրը Եւրոպայէն սխալ լուր մը բանիք ի պէս բան մը առաջ բերած էր, քրիզ ի ալ վախ կար։ Հիմակ, մասնաւորապէս շըմէնտըֆէրները վրայ կը դնէին։
       Այս տեղեկութիւններէն քաջալերուած, ուզածը առնելու յոյսով, սարաֆին խանութը գնաց։ Վաշխառուն թէեւ առջի օրուան տագնապովը տակն ու վրայ չէր, բայց, ձեռքը շատ գործ ունենալուն, իրեն հետը չկրցաւ անմիջապէս տեսնուիլ, ուստի դուրս ելլելով, անտեղուանքը դեգերեցաւ. երկու անգամ եկաւ, միշտ մէկ երկու հոգի կը գտնուէին. ետ դարձաւ, նորէն գալու համար։
       Այդ միջոցին էր, որ երկայնահասակ, չոփ չոր, խոժոռերես ու թխադէմ մարդ մը դիմացի մայթէն անցած ատեն, մէկէն ի մէկ կանգ առաւ կայնեցաւ, երբ տեսաւ, որ գրաշարը սարաֆ ին խանութը կը մտնար։ «Աս մարդը աս տեղուանքը ի՞նչ բան ունի» մտածեց, ու դիտելու համար ինքն ալ ան կողմերը մնաց։ Տեսաւ, որ գրաշարը հոնկէ չէր հեռանար. դէպի Սուճի Պօղոս աղան կ՚երթար կու գար, կը տնտնար, ջուր կը խմէր, լրագիրները աչքէ կ՚անցընէր. ինքն ալ տեղ մը քաշուած, սկսաւ աղէկ մը դիտել։ Արթաքիին հօրեղբայրն էր։
       Երբ Ղուկաս աղան վերջին անգամ խանութը մտնելուն ա՛լ դուրս չելաւ. իրեն հետամտողն ալ գնաց դրանը մօտերը կայնեցաւ։ Աչքովը տեսաւ, որ սարաֆ ը սնտուկէն ծրար մը հանեց, Ղուկաս աղան ալ գրպանէն թուղթ մը, որ ծրարին մէջ դրուեցաւ, վրան բան մը գրուելով։ Սարաֆ ը ետքէն Ղուկաս աղային ստակ տալով, ծրարն ալ նորէն սնտուկը զետեղեց. շըմէնտըֆէր կ՚երեւային։
       Գրաշարը գործը լմնցուցած՝ երբ մեկնեցաւ, միւսն ալ հեռուէն անոր ետեւէն գնաց, տեսաւ, որ սրճարան մը մտաւ. քիչ մի սպասեց, դուրս չէր ելլար։ Ինքն ալ ճամբան շարունակեց, ինքնիրենը մռլտալով.
       —Թօհա՜ֆ բան, աս մարդը ի՞նչ կ՚ընէ, շաբաթ օրով բան գործ չունի՞ քի խահուէ ները կը պատի։ Հէմ տէ, սարաֆ ին հետ ըրած գործը ի՞նչ է։ Ա՛ն թուղթերը շըմէնտըֆէր երեւցան։ Ասոր տակը բան մը ըլլալու է։ Իրիկունը Արթաքիին հարցնեմ, նայիմ բան մը գիտէ՞։