Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ
Ա


Արսլանպէկէն, Իզմիտի շրջակայ լեռներուն մէջ կորսուած գիւղէ մը, եկաւ մեր տունը գիւղացիի շալվարով, մազերը ժողված, առանց թել մը դուրս ձգելու սեւ եազմաին տակ. տգեղ երեւալու, հրապոյր չազդելու հաստատ ու բարբարոս կամք մը:

Գլխէն մինչեւ ոտքը զինքը ծածկող սեւերուն մէջ` դէմքը, ճերմկոտիկ աւշային անարիւն կազմուածքի դէմք մը, վատառողջ սպիտակութիւն մը, ձիւնի մաքուր ցոլացում մը ունէր, ցուրտ ու պաղ:

Աշխարհիկ արդուզարդէ ու վայելչութենէ այս խուսափումին մէջ, իր նոր մեռած էրկանը յիշատակին նուիրուած անձնազոհութիւն մը, այս երիտասարդ կինը սփոփանք մը, գոհացում մը կը գտնէր, եւ ասով` ինքնիրենը անդրաշխարհային կապ մը կը յօրինէր, կը ձեւացնէր, գերեզմանէն անդին կեցող մէկու մը, բացակայ, աներեւոյթ էակի մը հետ, դեռեւս անոր հաճելի ըլլալու, անոր նախանձոտ կամքին հպատակելու տարտամ դիտաւորութեամբ: Իր հագուստին այս կամաւոր անշնորհքութիւնը տեսակ մը պչրանք կ՚ըլլար` պահուըտած տեղէն դիտող ամուսնին հանդէպ, իբրեւ թէ երիտասարդ այրին ըսել ուզէր անոր.

Քեզի համար միայն փափաքած եմ գեղեցիկ ըլլալ եւ ոչ ուրիշի:

Տանը մէջ` իր սպասուհւոյ պարտականութեանը մէջ ամփոփուած կին մըն էր, սակաւախօս, միավանկ բառերով միայն պատասխանելով մեզի, երբ պատասխան տալը անհրաժեշտ դառնար:

Չէր խնդար, չէր ծիծաղեր ու գիշերը ճաշէն վերջը իսկոյն կ՚առանձնանար իր խուցը, մերկ, անզարդ, խստակեաց ճգնաւորի մենաստանին պէս, ու հոն կը նստէր ժամերով, ժամերով, գիւղը ձգած զաւկին համար հիւսելով անհատնում գուլպաներու զոյգեր: