Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ
Բ


Օրն ի բուն կ՚աշխատէր, իր գործին հետամուտ, շալվարին ծալքերուն մէջ ճարպկութեամբ դառնալով, աւլելու, մաքրելու, սրբելու յատկացուած գործունէութեամբ մը, խնամոտ ու հոգածու, բազմոցին վրայ թել մը, հայելիին վրայ փոշի մը չձգելու չափ:

Իր բոլոր ջանքին հակառակ, իմ սենեակս միայն չկրցաւ կարգի կանոնի բերել. օրը տասն անգամ կը շտկէր ու տասն անգամ կ՚աւրշտկէի իր բոլոր տանտիկին խնամքին արդիւնքը. զգեստներս հոս կը նետէի ու ճերմակեղէններս հոն, գիրքերս ցիրուցան բազմոցին վրայ կամ գետինը անկիւն մը ձգուած. եւ այս բոլորը հարիւր անգամ իր տեղը կը դրուէր, ժամ մը վերջը առջի վիճակին վերադառնալու համար: Մրցում մը կար կարծես իր անսպառ հոգածութեանը ու իմ անկարգութեանս մէջ: Չէր գանգատեր, եթէ երբեք իր լռիկ մնջիկ աշխատութեան անօգուտ բազմապատկութիւնը գանգատ մը չէր ինքնին իմ տուած նեղութեանս համար. ո՛չ, չէ՛ր գանգատեր, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի կը յամառէր հիմա, իր համբերատարութեամբը ամչցնելով զիս, եւ ներողամտութեան անհունութեանը մէջ ծածկելով իմ անառակ որդիի անգթութիւնս:

Կ՚զգայի որ վայելուչ չպիտի ըլլար կատակ ընել այս երիտասարդ սպասուհիին հետ. կը յարգէի իր համր գործունէութիւնը, իր անկեղծ սուգը, ու եղբօր մը պէս կը խօսէի հետը ամեն անգամ որ բան մը հրամայել պէտք ըլլար, քաղցրութեամբ, գրեթէ գգուանքով.

Քուզում Մարիա՛մ: