Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՌԱ
Ե


Վերջին վայրկեանները հիւանդին անուշ մրափի մը նմանեցան։ Մահը մեղմիւ եկաւ, պայծառութիւն մը բերաւ կարծես թէ այս տժգոյն դէմքին։ Գլուխը բարձին դրած, աչքերը կիսափակ՝ ճիշդ միեւնոյն մարդն էր որուն չորս ամիս առաջ շոգենաւին մէջ հանդիպած էի։ Իր ոսկիի կարմրութեամբ ցոլացող մազն ու մօրուքը՝ պատուհանէն եկող առտուան ճառագայթներուն տակ կը խայտան կարծես ու անգոյ կեանքի մը պատրանքը դեռ կուտան երեսին։ Մեռաւ. եւ ես գլխիկոր ու ապշած՝ առջի հեղ կը տեսնեմ մահը հոս աչքիս առջեւ, հանդարտ, շքեղ, գրեթէ հրապուրիչ։ Սաւանի պէս պարզուող ծովի երեսն է ան, մաքուր ու միօրինակ հանդարտութեամբ մը ծածկելով պարապութիւնը։

Սարսափը չի բռներ զիս. արհաւիրք չեմ զգար այս հրէայ երիտասարդին տեսքին քով, այլ զարմանքով կը լեցուիմ. ի՞նչ է այս պառկող մարդը։ Հարցու՞մ մըն է թէ Պատասխան մը։ Յետոյ, անզգալաբար աչքերս կը լեցուին. Սառա քովս է բայց չի լար. կը կարծեմ որ վիշտին մեծութիւնը կ՚արգիլէ զինքը արտասուելէ, այն շատ լեցուած ամաններուն պէս, որոնք շրջելով չեն թափիր։

Սեւեր հագած է որոնք իր մեղրամոմի դէմքին անփայլ ճերմկութիւնը կը ցոլացնեն. քովս կուգայ ու իր բուրումնաւէտ թաշկինակովը աչքերս կը սրբէ։

Այս վայրկեանիս, այս մահուան սենեակին մէջ բոլորովին մոռցած եմ զինքը. բայց ան՝ իր ներկայութիւնը յիշեցնել կուտայ ինծի. ձեռքս կը բռնէ նորէն, ճիշդ ինչպէս ամիսներ առաջ կեցուցած էր զիս մեկնելու ժամուս։ Կը տեսնեմ որ աչքերը անսովոր փայլով մը կը ցոլան, մութի մէջ կատուի աչքերու վառելուն պէս, դեղնորակ լոյսով մը։

Իր քովը կը նստեցնէ զիս բռնի, ու ակնարկութիւն մը ընելով իմ առջի թախանձանքներուս.

—Հիմա՛, կ՚ըսէ յանկարծ։

Եւ այս սենեակին մէջ կը բացատրէ ինծի, իրաւագէտի մը պէս փաստերով զինուած, իր կեանքի ըմբռնումը ու պարտաւորութեան գաղափարը։

Էրկանը հաւատարիմ եղած էր ցորչափ կենդանի էր անիկա. մազի չափ չէր թերացած իր անձնուիրութեան ու պարտքին մէջ։ Ի՜նչ պէտք թերանալու. չէ՞ր կրնար համբերել. անոր կեանքը՝ իւղը հատած պատրոյգի մը պէս՝ վայրկեանէ վայրկեան շիջելու վրայ էր. կրնա՞ր այնքան անսիրտ ըլլալ որ անոր մարելուն չսպասելու չափ անհամբերութիւն ցոյց տար. ո՛չ, անոր համար վերջը ըսած էր միշտ։

Ու ահա ասանկ կը մեկնէր իր պարտականութիւնները, թուաբանական հաշիւ մը լուծելու պէս։

Տրամաբանութիւն կար իր խօսքերուն մէջ, բայց սիրտ չկար ու չեմ գիտեր ինչո՞ւ պարզապէս ահարկու ու ռամիկ թուեցաւ ինծի այս ըմբռնումը՝ որ ապաքէն բոլոր աշխարհի մարդոց սովորական ըմբռնումն է։

Լաւագոյն սեպեցի անոնք որ առանց հաշիւի կը թերանան քան թէ անոնք որ Սառային պէս, հաշիւներու շնորհիւ, անթերի կը հանդիսանան մեր աչքին։

Քովիկնիս երկնցող այս դիակին մօտ այս դաւանութիւնը վրդովեց, սարսափեցուց զիս։ Խղճիս ձայնը արթնցաւ անժամանակ խօսող աքաղաղի մը պէս, ու մերժեցի զինքը։