Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ
Բ


Չորրորդ յարկի խցիկին կէսը կը գրաւէր իր անկողինը, լայն, խորունկ ու ընդարձակ, որ իր սաւաններուն երկբայելի ճերմկութեամբը` մտածել կուտար հոն առաջնորդուողը: Այդ անկողնին վրայ նետած նայուածքէս գուշակելով իմ վարանքս` կը համոզէր զիս, վեր առնելով, մէկիկ մէկիկ ցուցնելով վերմակը, բարձին երեսը դեռ նոր լուացուած, կ՚ըսէր ինծի, լեզու թափելով ապրանքը քշել ուզող վաճառականի մը պէս: Ու բռնի նստեցնելով զիս անկիւնին պզտիկ սէտիրին վրայ, խնդալով տղու մը պէս, գրկելով գլուխս, կ՚աւելցնէր.

Պագնեմ քեզի անգամ մը:

Նախայարձակը ինքը կ՚ըլլար, պզտիկ ձգելով իմ պատանի մարդու նոր սկսող յաւակնութիւններս:

Վարժ աղջիկ մըն էր, որ իմ անփորձ տղու վեհերոտութիւնս փարատել կը ջանար իր գգուանքներուն համոզիչ ու շքեղ փաստերը մէջտեղ նետելով:

Իր մարմնին բուրումը` չեմ գիտեր ինչ լլկող, ու անուշ հոտի մը մատուցումը կը շեշտէր:

Այս տանը մէջ, կ՚ըսէր ինծի, ամենէն պզտիկը ես եմ. Զատկին տասնըեօթս պիտի լմնցնեմ:

Ճիշդ քովս նստած էր, կատուի մը պէս պզտիկնալով, գրեթէ սեղմուելով կուրծքիս վրայ:

Հինգ վայրկեանի մէջ արդէն մտերմացած հետս` կը հարձուփորձէր զիս. ով ըլլալս հասկնալ կ՚ուզէր:

Եւ առանց սպասելու որ իմ պատմութիւնս ընեմ` ինքը իրենը կը զրուցէր ինծի, հինգ բառով պատմուելիք սովորական ու խաւարային պատմութիւնը իրենպէսներուն.

Երկու տարի առաջ մայրիկս մեռաւ, այս «իկս»ին մէջ անհուն գորովանք մը ու թախիծ մը կայ. հայրս չեմ ճանչնար. ինէ երկու տարի պզտիկ քոյր մը ու աւելի պզտիկ եղբայր մը ունիմ. մէյ մըն ալ մեծ մայր մը ունիմ. ասոնք են իմ բոլոր ազգականներս. քոյրս ու եղբայրս դպրոց դրած եմ, ամենքը ես կը պահեմ:

Այս վերջին բառին մէջ իր ընտանիքի տէր ու գլուխ եղող անձի պատասխանատուութիւնով լեցուն հպարտութեան շեշտը կը դնէ:

Ատկէ դուրս իր քրոջը խօսքը հոս` ամօթով լեցուն այս մթնոլորտին մէջ` թող չիտար որ ըլլուի. խստաբարոյ ու աչալուրջ մօր մը ձեւը կ՚առնէ դէմս. կը ծիծաղիմ քիչ մը վրան. բայց կը տեսնեմ որ իսկոյն կը խոժոռի իր աղուոր ճակատը:

Յետոյ վախնալով որ զիս չսրդողցնէ,

Գոցենք այս խօսքերը, կ՚ըսէ ինծի:

Իր շրթունքը նորէն կը փակչին իմիններուս եւ իր մարմնին բոլոր բեռը վրաս կը ծանրանայ պահ մը: