Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գէորգեան Նիկողոս աղան բանը գործը տեղը խույումճի մըն էր։ Յիսունին մօտ՝ ամուրի մնացեր էր, աշխարհ չմտած իր երկու քոյրերը, Բէմպէ ու Նեկտար հանըմները կարգելու սպասումին մէջ։ Շատ թախանձեր էին իրեն, բայց չէր յօժարած ոտնակոխ ընելու կանոնը որ կը տրամադրէ թէ եղբայր մը իր քոյրերը ամուսնացնելէ վերջը միայն կրնայ ինքը ամուսնանալ։ Իսկապէս կանոնի ու աւանդութեան մարդ էր, հաւտացող անոնց սրբութեանը ու օգտակարութեանը։

Իրմէ տարիքով պզտիկ եղբայր մը, որ իրեն չափ խղճահարութեան տէր մէկը չէր, ամուսնացեր էր. բայց ձախորդութիւնը ետեւէն հասեր էր իսկոյն։ Քանի մը տարուան մէջ դրամագլուխը փճացեր ու սրտին ցաւէն մեռեր էր մարդը, Նիկողոս աղային վրայ ձգելով իր այրին ու մանչ զաւակ մը։

Նիկողոս աղան ազդարարութիւն մը տեսեր էր այս վախճանին մէջ։

Պզտիկ տարիքէն հնազանդելու վարժութիւն ունէր, դաժան հօր մը՝ Գէորգ աղային հռչակաւոր բոլոր Չարշըին մէջ անդիմադրելի կամքին տակ ճզմուելով շարունակ։ Այս հայրը, հիմա գերեզմանին անդիէն, տասը տարուան անցեալի մը անջրպետէն դեռ կ՚իշխէր իր վրայ, ամեն խնդրի մէջ իր կարծիքը, լաւ եւս է ասել, իր հրամանը կ՚արձակէր ու Նիկողոս աղան կը հնազանդէր անոր։

Տարակոյս վերցնող ամեն բանի մէջ խույումճին իր հօրը կոչում կ՚ընէր եւ չէր ուշանար պատասխանը առնելու. ինչ որ ալ ըլլար այդ պատասխանը, Նիկողոս աղան կը հետեւէր անոր, խիղճը թեթեւցած, նոյն իսկ եթէ իր գործելիքը մարդասպանութիւն մը ըլլար։

Ամեն անհատականութենէ զուրկ այս մարդը գոհ էր այսպէս ըլլալուն համար։ Տրուած պատուէրի մը ետին ապաստանելով՝ իր գոյութիւնը ամեն փորձանքէ եւ ամեն դատափետութենէ զերծ պահելու գաղտնիքը գտեր էր։

Գատըգիւղ՝ Մէօհիւրտարի կողմը կը բնակէր ան ու, առանց բացառութեան, ամենուն յարգանքը կը վայելէր իր գեղին մէջ։

Իրենց տունը, էսնաֆի աւանդական տուն էր։ Միջին յարկին վրայ էր ամենաւուր սենեակը. սէտիրը ծայրէ ծայր կը գրաւէր անոր ճակատը ու երկու դիէն պատերու շրջանը կ՚ընէր ամբողջ, Ո տառը ձեւացնելով. մաքուր, ձիւնի պէս ճերմակ մատամբօլ ծածկոց մը այդ սէտիրին ու բարձերուն տամասկօն նախանձոտ զգուշութեամբ եւ ծայրայեղ խնամքով մը ամեն աչքէ կը պահէր եւ նոյնչափ մաքուր մատամբօլէ վարագոյրներ, իրենց երկուքի ճեղքուած թերթերովը, պատուհանները կը գոցէին։ Ձախ դին պատին յենած պռօին վրայ՝ հին օրերէ մնացած մեծկակ ժամացոյցը շատոնց չէր բաներ, բայց երկու ծայրանաձեւ փոքրիկ սիւներով բռնուած բոլորակը անթարթ կերպով բացուած աչքի մը պէս կը կենար, Գէորգ աղային աչքը կարծես։ Անոր երկու դիէն ապակիէ ծածկոյթի տակ նոյն տեսակ զոյգ մը ծածկոյթներու տակ ալ հին արհեստական ծաղիկներէ շինուած պզտիկ զարդարանքներ. ասոնց ճիշդ առջին շիշ մը ջուր ու երկու դին շարուած երկու գաւաթներ ծուփ ծուփ ծփալով քռօշէէ շինուած պզտիկ ափսէներուն վրայ։

Ու իրիկունները, Նիկողոս աղան, իր յատուկ անկիւնը նստած մտիկ կ՚ընէր օրուան լուրերուն զորս իր քոյրերը կը հաւաքէին լուացարար Մարիամեն որ ամեն տուն մտնել ելլելուն համար՝ ամեն բանի տեղեակ էր։

Գիտե՞ս, Նիկողոս աղա, Պօյաճեաններուն աղջիկը կը կարգուի կոր։

Միշտ ամուսնութեան լուրով մը կ՚սկսէր շարքը, զոր Նեկտար հանըմ իրեն տունը մնալուն անիրաւութիւնը շեշտելու նպատակով առաջ կը նետէր։

Յետոյ, տղուն եւ աղջկան տարիքին խնդիրը կուգար, ու հոս՝ վէճը կը դառնանար։

Ես սանկ աղջիկ մըն էի, կ՚ըսէր Նեկտար՝ ձեռքը տախտակամածէն թիզ մը վեր բռնելով, անիկա ալ ինծի մօտ բան մըն էր։

Նիկողոս աղան չէր կրնար համբերել ասոր.

Խե՞նթ ես ի՞նչ ես Նեկտար հանըմ, ան պզտիկ աղջիկ մըն է, քսան տարու կայ չկայ։

Ու պառւած աղջիկը կը զայրանար, Բէմպէ հանըմը վկայութեան կը կանչէր։

Խօսակցութիւնը կը կենար հոս, յետոյ կը վերսկսէր.

Նշանիկ աղային կնիկն ալ իր սիրողէն զատուեր է, տանը ծախքին մեծ մասը, կնկան լաթերը մարդուն ստակովն է եղեր։

Ու գոհունակութեան հառաչանքով կ՚աւելցնէր.

Հիմա ամեն բան հասկցուեցաւ, ես ադ կնկան հագուելուն խելք չէի հասցներ կոր։

Նեկտար հանըմը այսպէս ամբողջ գեղին շրջանը կ՚ընէր, դուռ դուռ պտըտցնելով իր քինախնդիր հոգիին ատելութիւնները, մէկու մը չխնայելով։

Ամեն գիշեր մինչեւ չորսը կը տեւէր ասիկա եւ հետոյ ամեն ոք իր սենեակը կ՚առանձնանար։