Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ամուսնութեան մը պէս ու ամուսնութենէ աւելի բան մը եղաւ ասիկա երիտասարդին համար. իր գաղտնի սիրոյն ու խոստումին տէրը մնաց. Սօֆիկէն զատ ուրիշ կին չճանչցաւ աշխարհի վրայ. ուխտ մը ասկէ աւելի սրբութեամբ չպիտի պահուէր։

Ասանկով՝ իր դատողութեան անձուկ շրջանակին մէջ կը հաշտեցնէր իր սէրը՝ հօրը դէմ ունեցած հնազանդութեան հարկին հետ. հայրը իր ամուսնութիւնը չէր ուզեր այս աղջկան հետ. ինք ալ չէր ամուսնացած ահաւասիկ. բայց կրնար հարկաւ, հիմա որ կատարեալ երիտասարդ՝ գրեթէ չափահաս մարդ էր, կին մը սիրել. եւ այս իրաւունքով Սօֆիկէն չզատուեցաւ։

Իր վաստակէն մաս մը, այնչափ միայն որ հօրը մանրազնին հաշիւներէն ճարտարութեամբ կը փախցնէր, անոր եւ քրոջը ապրուստին յատկացուցած էր։ Յետոյ ուրիշ նախապաշարում մըն ալ կապեր էր զինքը այս կնոջ. իր գործը, առուտուրը օր օրի աւելի յաջող, աւելի շահաւոր դարձեր էին. մինչդեռ իր արհեստակիցներէն շատեր հետզհետէ կ՚աղքատանային, կը փճանային։ Մեռնող կնոջ հանդէպ ստանձնած յանձնառութեան դէմ՝ նախախնամութեան կողմէ եկած փոխարինութիւն մը կը նկատէր այս բաղդաւորութիւնը։

Օր մը միայն, եւ այդ օրը շարունակ կը յիշէր, Սօֆիկ իր ծոցւոր ըլլալը իմացուց իրեն. զաւկի մը մերձաւոր ծնունդը տեսակ մը հրապարակային հանգամանք կուտար իր այնքան խնամով գաղտնի պահած սիրոյն։ Այն ատեն իր շուարումին մէջ այդ զաւակը չքացնելու համար դեղ ու դերման փնտռեց, բայց բնութիւնը անոր բոլոր հնարքները ի դերեւ հանեց, ու երբոր օրին մէկը զաւակը ծնաւ, ուրախացաւ իր հնարքներուն ապարդիւն մնալուն։ Բայց այս ուրախութիւնն ալ խիստ վաղանցուկ բան մը եղաւ. իր կեանքը հետզհետէ նոր շփոթութիւններով, նոր դառնութիւններով կը լեցուէր։ Երեխային կնունքը մեծ գործ մը եղաւ. ո՞ւրկէ կնքահայր գտնել, որո՞ւն խոստովանիլ իր գաղտնիքը. վերջապէս մկրտութիւնը եղաւ եւ իրիկունը անոր մայրը ըսաւ իրեն թէ իրենց փոքրիկ Արամը արձանագրուեցաւ ժամուն տոմարներուն մէջ իբրեւ «եկեղեցւոյ զաւակ»։

Երբոր իր հայրը, Գէորգ աղան, օր մը յանկարծ մեռաւ սրտի կաթուածէ, Նիկողոս աղան արդէն մէկզմէկէ աղուոր երկու զաւկի հայր էր ինքն ալ։

Որքան ալ գաղտնի պահած կարծէր իր կենակցութիւնը, շատերը իմացեր էին ասիկա։ Այն վրան գլուխը շնորհքով մարդը որ ատեն մը ցերեկները միայն եւ վերջն ալ շաբաթը գիշեր մը Սկիւտար կուգար Սօֆիկ հանըմին տունը, նախ ազգական մը կարծուեր էր դրացիներէն. բայց այս ենթադրութիւնը շուտով մէկդի եղած էր։ Քանի մը ընտանիքներ Սօֆիկ հանըմին երթալ գալը դադրեցուցեր էին՝ չզիջանելով պահծու կնկան մը հետ տեսնուիլ։ Անիկա սակայն իր զաւակները խնամելու, մեծցնելու ետեւէն էր միայն. իր չքացած կեանքին վրայ ափսոսալով չէր դառնացած սիրտը. շատեր իր գեղեցիկ կնոջ հրապոյրներուն հետամուտ եղած էին առանց յաջողելու. հարկաւ կը փափաքէր որ այդ մարդուն հետ, որ վերջապէս իր ճշմարիտ էրիկն էր Աստուծոյ առջեւ, Եկեղեցւոյ պսակովն ալ ամուսնանար, գոնէ իր զաւակներուն առջեւ ամօթահար չմնալու համար, գոնէ անոնց անուն մը ձգելու համար։ Բայց Նիկողոս աղան միշտ խուսափեր էր ասկէ։ Դպրոցին մէջ իր տղաքը՝ Արամը եւ Գէորգը՝ մօրերնուն մականունովը յիշուեր էին։ Երբոր խելամուտ ըլլալ սկսան անոնք, ուրիշ հոգ մը իր մայրական մտմտուքներուն վրայ աւելցաւ. պէտք էր իր տղոցը առջեւ անուն մը տալ այն մարդուն որ շաբաթը մէյ մը իրենց տունը կուգար։ Նիկողոս աղան մօրեղբայր մը եղաւ ուրեմն, եւ քիչ մը ատենի համար այս հնարքը յաջողեցաւ։ Յետոյ, ուրիշ կսկիծներ եկան. օրին մէկը Արամ դպրոցէն լալով տուն դարձաւ. կռիւի մը միջոցին տղաքը բիճ բիճ պոռացեր էին իր երեսին ու հալածեր էին զինքը։ Անկէ վերջը այդ նախատինքը տեսակ մը սովորական մակդիր եղած էր Արամին, այնքան որ ստիպուեր էին զինքը դպրոցէն հանել։