Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հօրը պէս ինքն ալ օր մը յանկարծակի, սրտի կաթուածէն, ժառանգական ախտէն մեռաւ։

Եկեղեցին ու ժողովուրդը տակնուվրայ եղան այս մարդուն յուղարկաւորութիւնը ընելու համար։

Յուլիսի մէջ՝ կիրակի ցերեկ մըն էր։ Ժամուն բոլոր ջահերը ու մոմերը վառեցին, վարդապետները ու տէրտէրները հրաւիրուեցան ու եպիսկոպոս մը գտնուեցաւ որ պատուաւոր մարդու իբրեւ տիպար մէկը ներկայացուց ննջեցեալը։ Ապաքէն ժողովուրդին կարծիքն է որ պատիւը՝ ոչ այնքան կարգէ ու կանոնէ իրօք չշեղելու, քան թէ շեղումները չցուցնելու, պարտկելու մէջն է։

Ոչ ոք աշխարհիս վրայ Նիկողոս աղայէն աւելի կեանքին մէջ իր թերացումները պահած էր. ամբողջ ընտանիք մը քայքայեր, իր հարազատ զաւակներուն ոչ միայն ապրելու նիւթական միջոցները՝ այլ անուն մը ձգելու չէր յօժարեր. ատոր համար ու իր յանցանքը ատ տղոց վրայ ձգելով փախեր էր աշխարհէն։ Ընկերական նախապաշարեալ կարծիքը ոչինչ կրնար ուզել իրմէ ասկէ աւելի։

Հանրութեան առջեւ իր վայելած յարգանքէն բան մը պակսած չտեսնելու համար շարժած էր միշտ անիկա, իր բովանդակ կեանքին մէջ. իր կամքէ զուրկ մարդու նկարագիրն ալ մնացածը ըրեր էր։

Կամաց կամաց կը տանէին դագաղը այս մարդուն որ իր յանցանքին բոլոր ահաւորութեամբը կարծես թէ ծանրացած էր այս պահուս։

Յետոյ, մեռելակիր մարդիկ քօլօնեի ջուր սրսկել սկսան դագաղին վրայ. անոր շատ մօտէն գացողները թաշկինակնին քիթերնուն տարին. դիակին նեխումը սկսած ըլլալու էր, վասն զի գարշելի հոտ մը, ամեն ջանքերու հակառակ, կը ծաւալէր, դուրս կ՚ելլէր գոց սնտուկին չորս դիէն։

Ու այս ապականութիւնը, զոր կարելի չէր ըլլար ահաւասիկ պարտկել, այս մարդուն վախճանին խորհրդանշանը կը թուէր, ամեն եսասէր կեանքի վերջանալուն խորհրդանշանը, իսկոյն ժայթքելով դուրս, գերեզմանի մը մինչեւ մուտքը հասնելուն իսկ չսպասելով։

Հիմա գարշահոտութիւնը կը սաստկանար, այս աղուոր կիրակի օրը աղտոտելով. ապահովապէս ներքին արիւնահոսութիւն մը պատահած ըլլալու էր. մեռելին տէրերը ինչ ընելիքնին չէին գիտեր ալ. եկեղեցին առաջին կարգի թաւիշէ ծածկոցը՝ իր արծաթափայլ լայն խաչովը փռուած այս դիակին վրայ՝ բոլոր համակրութիւնները որ այս մարդուն կ՚ուղղուէին, չէին յաջողեր այս թարախի ու շարաւի կոյտին պղծութիւնը նուազեցնել։

Ցերեկուան մաքուր ու պայծառ արեւը վերէն կ՚իջնէր ամենուն վրայ, իր ճշմարտութեան յստակ լոյսովը ողողելով այս պատիր մարդոց տղայական շարժումները, հեգնելով անոնց մութ ու շինծու խղճմտանքին կարգն ու սարքը։

Ընտրեալ բազմութիւն մը ետեւէն կ՚երթար. ամենքը միաբերան անոր գովեստը կուտային. չարախօս մը որ անպակաս է ասանկ հաւաքումներու մէջ, փսփսաց որ լուսահոգին երկու զաւակ ունէր, երկու զաւակ զորս չէր ճանչցած. ամենքը լսեցին ասիկա. բայց այդ բազմութեան աչքին՝ ճիշդ այդ զաւակները չճանչնալուն մէջ կը կայանար այս մարդուն պատուաւորութիւնը. երես չտուին ու ծուռ նայեցան այդ շատզրուցին։

 

Կը յիշեմ յետոյ դատը որ ծագեցաւ այս մարդուն մահուընէն վերջը։

  Սօֆիկ հանըմ իր սուգը պահեց, բայց զաւակներուն իրաւունքները պահպանելու մէջ չթերացաւ. նախ Թաղ. Խորհուրդին, յետոյ Պատրիարքարան գնաց, իր զաւակներուն ի՞նչ ըլլալիքը հարցուց. ամեն տեղ իր լրբութեանը վրայ զարմացան. ի՜նչպէս Ս. Պսակը չտեսնող կին մը՝ ամուսնական եւ մայրական իրաւունքներու թեկնածու կ՚ըլլայ. վռնտեցին զինքը. ճարը հատած՝ այս մայրը Նեկտար հանըմին լուր ղրկեց. անոր եղբայրը իր զաւակներուն հայրն էր ու մեծ հարստութիւն մը ձգած էր. այդ զաւակներուն համար օգնութիւն մը ուզեց։

Նեկտար հանըմ խօսքը ուրիշէն փոխ չէր առներ. պատասխան տուաւ որ անոր բիճերը նայելու պարտք չունէր. այն ատեն Սօֆիկ հանըմ դատարան դիմելու ելաւ։ Ժողովները ու դիւանները իրար անցան իսկոյն, պահպանելու համար ամուսնութեան նուիրականութիւնը որ վտանգի տակ ինկած կ՚երեւար իրենց աչքերուն։

Բայց արդարութիւնը այս կնոջական վայնասուններուն առջեւ տեղի չտուաւ։

 

Դիպուածով ներկայ գտնուեցայ Մեծ Չարշիի դուռը, երբ Շէրիի պաշտօնեաներ հանգուցեալին սենեակը կը կնքէին. իրիկուան ուշ ատեն էր ու մութը կ՚իջնէր տակաւ, քարակոփ կամարներուն տակ կը թանձրանար. խույումճիները եկեր հաւաքուեր էին այնտեղ։

Նեկտար հանըմը իմացեր, վազեր հասեր էր հոն՝ լեզու ու բերան կտրած. բոլոր էսնաֆութիւնը իր աւանդական մոլոր վարդապետութիւններովը, կեղծիքով ու շահով շինուած բարոյականովը, այս պառւած աղջիկով կը ներկայանար, հայերէն-տաճկերէն խառն ի խուռն յիշոցներով լեցուն լեզուագարութեամբը։ Կը խօսէր ան, պաշտօնեաները համոզել կը ջանար. ու անոնց անկարեկիր ու անտարբեր դէմքէն չկրնալով քաջալերութիւն գտնել, հոն ժողվուած արհեստաւորներուն կը դառնար, վկայ կոչելով զանոնք իր դատին արդարութեանը, քրտնաթոր, լեզուն դուրս ինկած, գրեթէ հեկեկալով.

Ես Նիկողոս աղային հարազա՜տ, էօզ քուրն եմ. կը ճանչնաք խույումճի Նիկողոս աղան։

Բազմութիւնը կը մօտենար, հետաքրքիր կռիւ մը դիտելու, վէճի ունկնդրելու համար։

Հօրմէս մնացած է այս բոլորը, կը պոռար անիկա, Գէորգ աղայէն. եկեր ախպօրս սենեակը կը կնքեն. ի՜նչ իրաւունքով. ես ու քուրս, մէյ մըն ալ եղբօրս զաւակը ժառանգորդ ենք. այս է օրէնքը. հիմա ելեր սուտ զաւակներ կը հնարեն կոր. աս ի՜նչ անպատուութիւն իմ ախպօրս. լուսահոգին աղա մարդ էր, անանկ բան չէր ընդուներ։

Հետզհետէ ծանրացող մթութեան մէջ՝ դէմքը չէր տեսնուեր, բայց ձայնը՝ հեղձամղձուկ, խղդուող, անհետացող մոլորանքի մը պէս, վերջին անգամ նոր ոյժով մը լռութեան մէջ կը թնդար, կամարէ կամար կը թռչտէր։

Հոն եկողներէն մէկը խօսքի խառնուեցաւ.

Ես աղէկ գիտեմ որ Նիկողոս աղան երկու զաւակ ունի։

Զաւա՞կ մի ունի, բիճե՜ր չըսէ՞ք սըւոնց. ո՞վ կը ճանչնայ ատոնք…

Յուզմունքէն՝ ձայնը կը դողար ու պաշտօնեաներու ձեռքէն կը բռնէր կնքելու գործողութեան դիմադրելու համար։ Մեղմիւ, մարդիկը մէկդի կ՚ընէին զինքը, համոզելով որ իրենց պարտքը կը կատարէին ամեն բան կնիքի տակ դնելովնին, թէ այդ գործողութիւնը մէկու մը իրաւունքին վնաս չէր տար։

Բայց Նեկտար հանըմ կը յամառէր, կ՚ընդվզէր՝ իր կամքը ո եւ է կերպով քալեցնելու վարժութեանը մէջ վիրաւորուած, ու իր գէր ու կարճ հասակովը պատուարի մը պէս կենալով երկաթէ դրան առջեւ, անոր մուտքը արգիլելու գերմարդկային ջանքով մը ու ցասմնակոծ ատելութիւնը դարձնելով անոնց որ այս դատը կ՚ընէին իրեն դէմ.

Այո՛, բիճեր, պարզ բիճեր անոնք…

Յետոյ մարելիք մը եկաւ վրան, երեսը կապուտցաւ, ծռմրտկեցաւ. ջուր զարկին ու աթոռի մը վրայ նստեցուցին զինքը. աչքերը գոց էին, բայց շրթունքը դեռ քիչ մը ատեն երերացին՝ շարունակելով թոթովել նախատինքը, մինչեւ որ գոցուեցան։

Իջուածք է, ըսին հոն գտնուողները։

Ու նորէն ժառանգութիւնն էր, ախտի ժառանգութիւնը այս անգամ, որ ստացուածքի ժառանգութիւնը այդքան սաստկութեամբ պահանջող այս կինը միանգամ ընդմիշտ գոհացուց։