Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դուն նախ պատմէ ինծի, ի՞նչպէս ճանչցար, ի՞նչպէս ձեռք ձգեցիր այս կինը, պատասխանեցի իրեն. միայն մտմտուքնե՞րդ ըսելու եկար հոս. ի՛նչպէս եւ ինչո՛ւ կը սիրես զինքը. ես որ երբեք սիրած չեմ, հետաքրքիր եմ ատոր։

Սիրեցի զինքը անոր համար գուցէ որ հազարումէկ պատճառ ունէի չսիրելու համար. այո՛, հազարումէկ. իմ կեանքս, իմ սկզբունքներս, իմ ընտանեկան վիճակս, ասոնք բոլորը մէկ կողմէն, այս կնոջ բոլոր կեանքը միւսէն, իրեն մօտենալն անգամ կ՚արգիլէին ինծի։

Բրինքիբօի մէջ հանդիպեցայ անոր, միեւնոյն պանդոկը գտնուեցանք դիպուածով, ու դրացի իրարու։ Պզտիկուց գիտէի Էմման, բայց բոլորովին մոռցեր էի զինքը. ո՜րչափ գեղեցկացեր էր մեծնալով։ Առջի տեսած վայրկեանէս ամենէն բուռն տպաւորութիւնը ըրաւ վրաս։

Իրիկունը, ճաշէն ելլելնուս, անիկա էրկանը ու տղոցը հետ մասնաւոր սեղանի մը վրայ կ՚ընէր ճաշը, պարտէզին մէջ մինակը կը պտըտէր. վարանոտ քալուածք մը ունէր, ու ձեռքի անգիտակից շարժումով, որ վարժութիւն եղած է ա՛լ իրեն համար, իր սանտրած մազերուն կարգէն կանոնէն փախչելով ճակտին վրայ իյնող պզտիկ գանգուրները կը շտկէր։

Մինակը ծառերուն տակ շրջագայած ատեն անթափանցելի խորհուրդներու մէջ ընկղմած կը թուէր. տրտմութեան քօղք մը, այն ամառ գիշերին ստուերներուն պէս թափանցիկ, ոտքէն գլուխը կը պարուրէր այս աղուոր կինը. ինչո՞ւ համար տխուր էր արդեօք. ինքնիրենս ըրի այս հարցումը. քովէս անցնելուն՝ մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան. կարծեմ թէ բացայայտ զմայլանք մը կարդաց իմինիս մէջ. ո եւ է զարմանք կամ ուրախութիւն չցուցուց ասոր փոխարէն. միայն հանդարտ ուշադրութեամբ մը եւ առանց քաշուելու ինքն ալ զիս դիտեց. անկէ վերջը՝ ամեն անգամ իրարու պատահելնուս՝ այս նայուածքը չպակսեցուց վրայէս, անթարթ կերպով սեւեռած ու տրտում նայուածք մը, մինչեւ սրտիս խորը իջնելու ակներեւ մտադրութեամբ։

Ես՝ ներսէս՝ այս անտեղի սիրոյն հետեւանքները կը հաշուէի ու իմ բոլոր արիութեանս կոչում կ՚ընէի ազատելու համար անոր հմայքէն. անիկա, կարծես զգալով խուլ պայքարը որ կը մղուէր հոգւոյս մէջ, ա՛լ աւելի լուռ պչրանքով կը սեւեռէր իր նայուածքը վրաս, մարելու մօտ կանթեղի մը մէջ իւղ թափելու պէս։

Այս եղաւ մեր սիրոյն սկիզբը։ Էրիկը սակայն հիւանդ էր միշտ. կանոնաւոր կերպով շաբթուան մէջ օր մը կամ երկուք իր սենեակը մնալու ստիպուած էր ցաւին սաստկացած միջոցին եւ իր կինը քովը կը հսկէր, թողլով իր զաւակները սպասաւորի մը հսկողութեան։

Չէի սիրէր այդ մարդը։

Աննկարագիր, անպատկառ ու ամեն բան հեգնող մարդոցմէ մէկն էր, որոնց առջեւ ամեն ընկալեալ կանոններ միամտութիւններ կը համարուին։

Լուսնի գիշեր մը որոշուեցաւ որ պանդոկին բոլոր հիւրերս Կղզիին շրջանը ընենք։ Ոմանք կառքով՝ ոմանք էշ հեծած ճամբայ ելան։

Բրինքիբօն զինքը շրջապատող կապոյտ ծովին վրայ կը ցոլացնէր իր սաղարթախիտ բլուրները, իր վիլլաներուն գոյնզգոյն երեսները, իր պարտէզներուն երփնագեղ կանանչութիւնները։ Ու անհուն հայելիին մէջ որ այս աննման կապոյտէն կը ձեւանար, այս բոլորը կը դողար, կը սարսռէր ալեակի մը վեհերոտ տատանումին հետ։

  Աջէն ու ձախէն բարձրացող երգերու ժխորովը Տիասքէլօ հասանք։ Հոս լուսինը իր բոլոր պայծառութեամբը կ՚ողողէր պզտիկ սարահարթը. Բէնտիքի եզերքէն՝ ուրկէ կը բարձրանար, աննշմարելի վերելքով մը, ադամանդի կոտրտուքներով յարդարուած լուսեղէն պողոտայ մը ծովուն վրայ կ՚երկննար, կը փալփլէր, կը լայննար, կը նեղնար շարունակ։

Բազմութեան մէջ տեսայ Էմման որ վար իջած կառքէն, Խրիսթօս տանող մեծ ճամբուն կողմը կ՚երթար մինակը. այս ժամուն բոլորովին ամայի էր այդ տեղը, նոճիներուն շուքովը պատսպարուած։

Գիտես որ ձեռներէց մէկը չեմ ես, բայց ութ օրէ ի վեր այս կինը այնքա՜ն լուռ պչրանքով պաշարեր էր հոգիս, որ իրեն հետ խօսելու փափաքին դիմադրելու անկարող էի ա՛լ։

Հոդ, այդ ճամբուն վրայ, զոր կարծես ինքն ալ յարմարագոյն վայրը դատեր էր, խօսեցայ հետը առջի անգամ։

Սեւ մետաքսէ քօռսաժ մը ունէր, այս օրուան պէս միտքս է, եւ վեր ժողված ճերմակ պատմուճանին ժիւբէն տանթէլներու եռեւեփը ու փրփուրը դուրս կը ժայթքէր։ Ինքը կ՚ունկնդրէր ինծի՝ շարունակելով ժողուըտուքը իր ճակտին անհնազանդ մազերուն, մատը բերնին դնելով երբեմն, խոհեմութիւն պատուիրելու դիրքով, բայց որոշ ու մեկին պատասխան մը չտալով երբեք։

Այսպէս իր վրդովիչ կնկան դերին մէջ էր զոր Սէնքիեւիչ, իրաւամբ, Բիզայի աշտարակին կը նմանցնէ, ծռելով միշտ՝ բայց չիյնալով բնաւ։

Իր ձեռքը զոր համբոյրներով ծածկեր էի, քաշեց յանկարծ ոյժով. մեր կողմը եկող ոտնաձայն մը լսեր էր. վայրկեան մը սպասելէ ետքը մեր վախը ի դերեւ ելաւ. վարէն՝ միայն երգի եղանակներ կը հասնէին մեզի։

Հոս, անտառին խորը, գիշերը իր վճիտ անդորրութեանը մէջ շքեղ էր, բիւրեղի մը ջինջ պայծառութիւնը հագցնելով ամեն առարկաներուն։

Ծառերու երկար շարքը՝ իրենց պոչերուն վրայ յանկարծ կանգնած անհամար օձերու բանակ մը կը պատկերացնէր, խայտաբղէտ շապիկներով վիշապներ, մեր սէրը, մեր երջանկութիւնը դիտող նախանձոտ աչքերու պէս, պաշարելով մեզ չորս դիէն։ Գետինը ծածկող տերեւներուն խշրտուքէն զատ ոչինչ կը խռովէր մեր կարճատեւ առանձնութիւնը։

Էմման ինքը սթափեցուց զիս ըսելով.

Դառնա՛նք։

Յաջորդ, վաղայաջորդ ու միւս օրերը Էմման իր էրկանը հետ ա՛լ աւելի սիրով, ա՛լ աւելի մտերիմ եւ ինծի դէմ աւելի անտարբեր ու սառն գտնուեցաւ։

Հնարք մըն էր աս՝ էրկանը կասկածները չարթնցնելու համար։