Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մարդ մը, որուն երեսը երբեք չէինք տեսած, խաւարի մէջ ապրող դիւային էակ մը. գոյութիւն ունէ՞ր իրօք, թէ առասպել մըն էր որ բերնէ բերան կրկնուելով, տարածուելով` վերջնական ձեւ ու վաւերացում կը ստանայ, իրողութեան կարգ կ՚անցնի:

Գող մըն էր Զաբուղոն մեր գեղին մէջ. ո՛չ այն ռամիկ գողը, որ կը բռնուի շարունակ, կը ծաղրուի ու բանտերու մէջ կը փճանայ. ոչ ալ այն ահարկու աւազակը որուն գողօնին արիւն կը խառնուի ատեն ատեն:

Իր մեծ արժանիքը ճարպիկութեանը մէջ էր. օդի պէս անօսր, ոգիի մը պէս աներեւոյթ, տեղ մը չէ ու ամեն տեղ է միանգամայն:

Ամենէն աւելի ամուր փակուած դուռը, ամենէն բարձր պատը` մտնելէ չեն արգիլեր զինքը. բանալիին ծակէն, տախտակներուն ճեղքերէն ներս կը սպրդի կարծես, անշշուկ ստուերի մը պէս:

Ամեն բան գիտէ, ամեն խօսք կը լսէ ու դռնփակ նիստերը իրեն համար չեն. իրեն համար պատրաստուած ծուղակներուն մէջէն յաջողութեամբ դուրս կ՚ելլէ միշտ, վարպետ ձեռնածուի մը պէս զարմանքի մէջ թողլով զինքը բռնելու պատրաստուող միամիտները:

Երեսը շիտակ տեսնող չկար. բայց կը պատմուէր ո՞վ, կամ ի՞նչպես, չեմ գիտեր թէ երիտասարդ մըն էր այս տղան, նկնահասակ, թխադէմ ու վատոյժ տղայ մը. երկաթագործի քով աշկերտութենէ եկած էր ու կղպանքներու արուեստը պէտք եղածէն աւելի սորված էր:

Հիմա արուեստասէրի մը պէս կ՚ապրէր, գողնալով թալլելով շարունակ, աւելի սնապարծութենէ քան թէ իրական չարութենէ մղուած: Կը բաւէր որ իր ճարտարութեան փորձը տար ամենէն անմատչելի կարծուած տուները կողոպտելով, ու յօժարութեամբ ետ պիտի տար գողօնը թէ որ բռնուելու վախը չըլլար:

Կամաց կամաց մտերմութիւն մը հաստատուած էր գիւղացւոց ու այս գողին մէջ. ի հարկէ ստիպեալ` վարժուեր էինք իր ներկայութեան. այս խորհրդաւոր ու անմեկնելի գոյութիւնը, հալածական մարդու այս աստանդական կեանքը` սրտերնիս կը շարժէր, ու քիչ մըն ալ թէ որ երթայինք առաջ, պիտի սիրէինք զինքը: