Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զաբուղոն նշանուած էր. կը զարմանա՞ք:

Նշանտուքը Պատրիարքարանի մեծ դահլիճը կատարուած չէր հարկաւ: Փոխանորդ Հայրը օրհնած չէր զայն, ոչ ալ լրագիրները ծանուցեր էին:

Պարզապէս, յաւիտեան իրար սիրելու խօսք տուած էին, գիշեր մը, ծառի մը տակ, աստղերը ունենալով իրենց վկայ. եւ աշխարհիս ամենէն մեծահանդէս նշանտուքը եղած էր իրենցը:

Ամենքնիս կը ճանչնայինք Վասիլիկը, այն վտիտ դէմքով ու թնջուկ մազերով աղջիկը, որ գոյնզգոյն պատմուճաններով, արտակարգ արդուզարդերով` վերը, լեռը կուգար պտըտելու մինակը, շաբաթ իրիկունները:

Ոչ ոք կը համարձակէր աչք նետել կամ դարպաս ընել անոր. Կեսարի խօսեցեալն էր անիկա. իր բացակայ նշանածին տարածած սարսափին մէջ պլլուած` աներկիւղ կը պտըտէր ամեն տեղ. ու զինքը պահպանող այս վախը կը վայլէր իրեն. անմատչելի ըլլալը` հրապուրիչ կ՚ընէր զինքը: Մասամբ մըն ալ նշանածին փառքը իր վրայ կ՚անդրադառնար. անոր արկածալից կեանքին կապուող այս աղջիկը սովորական մէկը չէր կրնար ըլլալ. աշխարհքէն դուրս ապրող մարդուն նշանածն ալ աշխարհքէն դուրս արարած մըն էր. ու տեսակ մը պատկառանքի խառնուած ըղձանքով մը կը նայէին իրեն, ամեն անգամ որ այս լուացարարի աղջիկը, վէս ու արհամարհոտ դիցուհիի ձեւերով, իր շաբաթական պտոյտը ընելու կուգար մեր կողմերը:

Վասիլիկ` ինքը գոհ կը թուէր այս կեանքէն. մարդ մը կար մութին մէջ որ զինքը կը պաշտէր, Ռիւյ Պլասի ըսածին պէս, առանց երեւան ելլելու, առանց իր քովը գալու հրապարակաւ:

Ու մութը` իրական մութն էր հոս. կեանքը` գիշերը կ՚սկսէր իրեն համար ու գիշերը կը վերջանար. վասն զի նշանածը մութին կրնար գալ, ամենէն անակնկալ մէկ պահուն, մտքէ չանցած ծպտումի մը տակ, որուն գրկաբաց կ՚սպասէր:

Ուրիշներ կրնային ըսել որ «այսքան օր» ապրեցան. ինքը պիտի ըսէր «այսքան գիշեր»:

Լուսինին պէս խաւար պէտք էր որպէս զի փայլէր. էապէս աղջամուղջի դշխոն էր այս աղջիկը:

Ու գողը, իր յարափոփոխ այլակերպութիւններովը, ամեն գիշեր նոր սիրահար մը կը թուէր իր աչքին, եւ այսպէս ամեն հասակները ու ամեն գոյները կարգով կը ծնրադրէին իր առջեւ, դիւթական անուրջ մը շինելով ամեն ատեն: