Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սկիզբները Վասիլիկ երջանիկ եղաւ այսպէս. Բաղդին չէ՞ր նմանէր քիչ մը այս անտեսանելի սիրահարը որ աշխարհքը կը կողոպտէր զինքը յափրացնելու համար ամեն ճոխութիւններով:

Օր մը սակայն այս ամենը ծաղրելի թուեցան իր աչքին: Իր գաղտագողի ու թաքուն երջանկութիւնը բան մը կը կորսնցնէր այսպէս ծածուկ մնալով ու չկրնալով ուրիշներուն ցուցուիլ: Երեւակայեցէք մեծագին ադամանդ մը որ յաւիտեան տուփի մը մէջ փակուած մնալու դատապարտուած ըլլայ ու չկրնաք օր մը կուրծքերնուդ վրայ դնելով դիմացիննիդ շլացնել:

Իր բոլոր վայելքները, իր բոլոր ունեցածը այս գոցուած ադամանդին տպաւորութիւնը կը թողէին: Ինքը մանաւանդ, ցուցամոլ էակ, չէր կրնար գոհանալ կեանքի այն ներքին ու լռին ներդաշնակութեամբը որ ահա իր ձեռքին տակն էր եւ որ դուրսը արձագանգ չէր ձգեր. մարդիկ կան որ դերասաններ են աշխարհիս վրայ. իրենց սեփական կեանք ու գոյութիւն չունին եւ ուրիշներուն համար կ՚ապրին միայն. հանդիսատեսներ պէտք է ասոնցպէսներուն, ու կեանքը հրապոյր չունի եթէ զիրենք դիտողներ պակսին. դերասաններ` որ յանձն չեն կրնար առնել թափուր սրահի մը առջեւ ներկայացում տալ։

Այսպէս էր Վասիլիկ. իր մեկուսացումը` լքում կը նշանակէր. ոչ ոք իր երեսը կը նայէր փողոց ելած ատեն. գեղին բոլոր երիտասարդները իր հրապոյրներէն կը դողային: Հիմա պչրանքի արուեստը կը փորձէր անոնց դէմ, թոյլ ու երերուն քալուածք մը առած էր որ նուրբ մարմինին ամեն խաղերը կը մատնէր, եւ այսպէս ցանկութեան տաք հով մը կը տարածէր շուրջը ու օձի նայուածք մը` որուն հանդիպողը կը կախարդուէր:

Օր մը տղուն մէկը կապուեցաւ անոր ու հետը ամուսնանալ առաջարկեց. այն վայրկեանէն գողին սէրը անտանելի լուծ մը դարձաւ իրեն: Ալ չկրցաւ սպասել անոր, գիշերները լուսցնել, ժամադրութիւններուն գտնուիլ, սա պարտէզին մէջ, կամ ան լերան վրայ. ամեն առթիւ գանգատեցաւ, բողոքեց, ու լացաւ. միւսը կը զարմանար. ինչո՞ւ այս արցունքը, չէ՞ մի որ առաջուան պէս կը սիրէին իրար. ի՞նչ փոյթ մնացածը. Զաբուղոն իր առանձնացած կեանքովը, միամիտ մարդու յատուկ անծալք գաղափարները կը պարզէր:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, կը հարցնէր աղջիկը:

Ասոր վե՞րջը. Զաբուղոն երբեք չէր խորհած ատոր. ընդհակառակը կը փափագէր որ վերջը չգայ:

Այն ատեն յուսահատած` յօժարութեամբ բաժանում ձեռք բերելէ այս նշանտուքէն, որ օրհնուած պսակէ աւելի ամուր ու հաստատ կ՚երեւար, դիւային խորհուրդ մը անցաւ մտքէն. գիշեր մը ոստիկանները կանչեց ու ձերբակալել տուաւ Զաբուղոնը: