Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Եր­կու տա­րի տե­ւեց այս կեան­քը. ու­զուած ա­ղա­խինն էր ա­նի­կա որ է­ֆէն­տիին տղան Բե­րա, գէշ տե­ղուանք եր­թա­լէն վազ բե­րած էր: Սուր­բիկ հա­նըմ հար­սի մը պէս հի­մա կը հա­գուեց­նէր զայն, ու ե­կո­ղին գա­ցո­ղին ա­նոր գո­վես­տը ը­նե­լէ չէր դադ­րեր:

Օ­րին մէ­կը, սա­կայն, Տիգ­րա­նու­հին հի­ւան­դա­ցաւ. գլու­խը կը դառ­նար, սիր­տը կը խառ­նուէր. այս ան­հանգս­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց քա­նի մը օր, բայց սպա­սու­հին վա­խէն բան մը չը­սաւ, բե­րա­նը չբա­ցաւ մէ­կու մը. քիչ մը ա­տեն ան­ցաւ ու ծո­ցուո­րու­թեան նշան­նե­րը եր­թա­լով շեշ­տուե­ցան: Տիգ­րա­նու­հին շուա­րած էր, ինչ ը­սե­լի­քը ինչ ը­նե­լի­քը չէր գի­տեր: Միւս ծա­ռա­նե­րը կ՚սկսէին քի­թեր­նուն տա­կէն խնդալ, կա­տակ­ներ ը­նել, չար­չա­րել զին­քը: Այդ մի­ջո­ցին ե­րի­տա­սարդ է­ֆէն­տին իր մօ­տը չէր գար, ու տա­նը մէջ ե­րե­սը չէր նա­յեր: Յան­կարծ օր մըն ալ Սուր­բիկ հա­նըմ զին­քը ու­շադ­րու­թեամբ դի­տեց, նա­յուած­քով մը որ կրա­կէ պատ­մու­ճա­նի մը պէս սպա­սու­հիին գլխէն մին­չեւ ոտ­քը շրջա­պա­տեց:

Մօ՛տ ե­կու, Տիգ­րա­նու­հի, ը­սաւ ա­նոր բիրտ ձայ­նով մը:

Եւ տես­նե­լով ա­նոր վա­րա­նի­լը.

Սա՛նկ, ա­ւե­լի՛ մօտ:

Մօ­տէն՝ յղու­թիւ­նը ակ­նե­րեւ էր. շատ մը կի­նե­րու պէս Տիգ­րա­նու­հին տգեղ­ցեր էր. ե­րե­սին մոր­թը թուլ­ցեր, կա­խուեր էր, փո­րը անշ­նորհ կեր­պով դուրս կը ցցուէր ու ա­մեն սիր­տը զար­նե­լուն՝ չա­փա­զանց մեծ­ցած կուրծ­քին յա­րոյց­քը աչ­քի կը զար­նէր իս­կոյն:

Այն ա­տեն բար­կու­թե­նէն Սուր­բիկ հա­նը­մին խել­քը գլխէն գնաց:

Փօս­տա՜լ, պո­ռաց ա­նոր ե­րեսն ի վեր, փօս­տա՛լ, տունս ան­պա­տուե­ցիր, թէ՛զ ճէ­հէն­նէմ ե­ղի՛ր:

Մա­րիամ վեր վա­զեց հա­նը­մին ձայ­նը լսե­լով:

Հա­ճի Տիւ­րի­կը կան­չե­ցէք շուտ, սա շու­նը առ­նէ տա­նի՛, կը պո­ռար հա­նը­մը:

Եր­կու ժամ ետ­քը թէլ­լա­լը գտան բե­րին ու բե­րա­նը փրփրե­լով Սուր­բիկ հա­նըմ իր զայ­րոյ­թը դուրս թա­փեց:

Կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը ա­նանկ բան մըն էր որ եր­բեմն ու վերջ ի վեր­ջոյ ան­կեղ­ծու­թեան հետ կը շփո­թուի եւ ան­կէ չի տար­բե­րիր, ինչ­պէս որ սուտ խօ­սող­ներ կան ո­րոնք ի­րենց սու­տին կը հաւ­տան:

Ա­սանկ ալ Սուր­բիկ հա­նը­մին բար­կու­թիւ­նը շին­ծու բան մը չէր, ան­կեղծ էր. եր­բեք կա­րող չէր հի­մա մտքէն ան­ցը­նել որ իր գի­տու­թեամ­բը, իր կամ­քո­վը, իր կար­գադ­րու­թիւ­նո­վը ա­մեն բան ե­ղած կա­տա­րուած էր: Իր բեր­նին մէջ ա­մեն վայր­կեան յեղ­յե­ղուող պա­տիւ, պար­կեշ­տու­թիւն բա­ռե­րուն վար­ժու­թեամ­բը՝ ցա­ւա­գա­րի մը պէս կը պո­ռար, ա­ղա­խի­նը, Հա­ճի Տիւ­րի­կը ու բո­լոր աշ­խար­հը յան­ցա­ւոր գտնե­լու կ՚ել­լէր:

Հի­մա՛, հի­մա՛, փօս­տա­լը թող կոր­սուի եր­թայ, վայր­կեան մը չեմ ու­զեր տու­նիս մէջ:

Այս ե­ղաւ իր վեր­ջին խօս­քը:

Թէլ­լա­լը Տիգ­րա­նու­հիին սե­նեա­կը ե­լաւ, մա­հուան դո­ղե­րու մէջ գտաւ զայն. սաս­տիկ ջերմ ե­կած էր վրան, ե­րես­նե­րը կարմ­րեր էին, մինչ­դեռ ակ­ռա­նե­րը ի­րա­րու կը զար­նուէին:

Միջ­նորդ կի­նը գթաց ա­նոր. բան մը հարց­նե­լու պէտք չու­նէր. ան­ցած դար­ձա­ծը գի­տէր. միայն հար­ցում մը.

Քա­նի՞ ամ­սու ես, ա՛ղ­ջի:

Չեմ գի­տեր, մրմնջեց միւ­սը:

Վար ի­ջաւ հա­նը­մին քով, բայց ա­նի­կա նո­րէն սկսեր էր ձայ­նը բարձ­րաց­նել ու ջան­քեր կ՚ը­նէր իր զայ­րոյ­թը ա­ւելց­նե­լու հա­մար. շա­րու­նակ կը յի­շէր ա­սանկ աղ­քատ կին մը իբր սպա­սու­հի իր տու­նը ըն­դու­նե­լով գոր­ծած բա­րի­քը եւ ա­սոր փո­խա­րէն, գտած ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը. աս ազ­գը ա­սանկ էր միշտ. աղ­քատ­նե­րը ա­սանկ խայ­տա­ռակ ա­րա­րած­ներ էին բո­լորն ալ. ու նստած տե­ղէն բէ­շը վեր կը քա­շէր իբ­րեւ թէ այս տիղ­մին չքսուե­լու հա­մար: Եւ յան­կեր­գի մը նման, միեւ­նոյն նա­խա­տա­կան բա­ռը կու­գար շուր­թե­րուն վրայ, թու­քի մը պէս.

Փօս­տա՜­լը, փօս­տա՜­լը, ով գի­տէ ո՛ր ծա­ռաս գլխէ հա­ներ է:

Այն ա­տեն Հա­ճին նե­ղա­ցաւ ա՛լ. ձեռ­քե­րը մէջ­քին դրաւ ամ­բար­տա­ւան ձե­ւով մը.

Ին­ծի նա­յէ՛, հա­նըմ, շտտակն ը­սե՞մ, ա­նի­կա խեղճ կնիկ ծա­ռայ մըն է, դուն քու տղուդ խօսք հասկց­նե­լու էիր. հի­մա ալ ե­լե՛ր ծա­ռա­յի հետ տես­նուեր է կ՚ը­սես. ա­սի­կա մեղք է:

Ի՜նչ, հի­մա ալ տղո՞ւս վրայ մուր պի­տի քսէք. իմ տղաս ծա­ռա­յի վրայ չի թուք­ներ. բո­լոր գե­ղին աղ­ջիկ­նե­րը, կնիկ­նե­րը իրն են:

Քու բո­լոր գե­ղիդ մէջ ալ Տիգ­րա­նու­հիին պէս ա­ղուոր մը չկայ, հա­նըմ. դուն ե­կո՛ւր իմ խօսքս մտիկ ը­րէ, իմ գլխէս շատ տաք ու պաղ ան­ցած է. բան մըն է որ ե­ղեր է. ա­սի­կա առ­նել անց­նե­լու չէ:

Բայց միւ­սը կը յա­մա­ռէր. չէր ըն­դու­ներ որ իր զա­ւա­կը տես­նուած ըլ­լայ Տիգ­րա­նու­հիին հետ:

Ու վէ­ճը եր­կա­րե­ցաւ. եր­կուս­տեք բիրտ բա­ռե­րով, նա­խա­տինք­նե­րով լե­ցուած վէճ, ո­րուն մէջ ստո­րին ու աղ­տոտ դե­րը՝ թէլ­լալ կնկա­նը դե­րը չէր:

Սուր­բիկ հա­նըմ ու­րիշ բա­նի չէր բաղ­ձար բայց միայն գայ­թակ­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի չտա­րա­ծուած մէյ մը դուրս նե­տել Տիգ­րա­նու­հին:

Հա­ճին խո­րա­մանկ էր, զգաց ա­սի­կա եւ ջա­նաց օ­գուտ քա­ղել ան­կէ, սպա­սու­հիին հա­մար քա­նի մը ղրուշ ձեռք ձգե­լով.

Ա­մեն բան ստա­կով կ՚ըլ­լայ:

Ա­նոր տա­լուս Հի­ւան­դա­նո­ցին կու­տամ, կ՚ը­սէր Սուր­բիկ հա­նըմ, կրկնե­լով այն խօս­քը զոր ի­րենց պարտ­քը վճա­րել չու­զող­նե­րը, յայտ­նի ա­ւա­զակ մը չհա­մա­րուե­լու հա­մար, սո­վո­րա­բար կը գոր­ծա­ծեն մեր մէջ:

Ան ա­տեն Հա­ճին բե­րա­նը բա­ցաւ:

Ին­ծի նա­յէ, ձեր տղաք­նե­րուն էյ­լէն­ճէին հա­մար տու­նը ա­ղուոր պէս­լէ­մէ ու­զո­ղը փա­րա տա­լէն քա­շուե­լու չէ, հասկ­ցա՞ր օ­ղուլ: Հի­ւան­դա­նո­ցիդ ստակ տա­լուդ, տղուդ ծոց­ւոր ձգած աղ­քատ աղ­ջի­կին տուր. չու­նիկ չու­նե­ւո­րիկ չէք, փառք Աս­տու­ծոյ: Աս աղ­ջի­կը տեղ մը չի կրնար աշ­խա­տիլ, զա­ւակ պի­տի բե­րէ, ապ­րուստ չու­նի, գե­ղը հի­ւանդ էր­կա­նը ղրկե­լու ստակ չու­նի:

Սուր­բիկ հա­նըմ պո­ռաց, հայ­հո­յեց, սա­կար­կեց, եւ վերջ ի վեր­ջոյ քսան ոս­կի տուաւ, բայց այն պայ­մա­նով որ նոյն վայր­կեա­նին Հա­ճին առ­նէ տա­նի Տիգ­րա­նու­հին: Ժա­մը տաս­ներ­կու­քը ան­ցեր էր: Ղա­զար է­ֆէն­տին ու տղան տուն դար­ձեր էին վեր­ջին շո­գե­նա­ւով եւ, դի­մա­ցի սե­նեա­կը նստած, ա­ռու­տու­րի վրայ կը խօ­սէին. տղան հօ­րը դէմ բա­րեւ բռնած էր գրե­թէ, հնա­զանդ ու ա­ռա­քի­նի զաւ­կի պար­կեշ­տու­թեա­նը մէջ:

Այս ժա­մուն Գա­տը­գիւ­ղէն Պո­լիս գա­լու շո­գե­նաւ չկար: Հա­ճին պար­տա­ւո­րուե­ցաւ, աղ­ջի­կը հե­տը ա­ռած, նա­ւակ մը վար­ձել Ղա­լա­թիա անց­նե­լու հա­մար:

Ա­շու­նի ի­րի­կուն մըն էր, ձմեռ­նա­մու­տի մօտ: Անձ­րեւ մը կու­գար միօ­րի­նակ եւ ա­նընդ­հատ, սեւ քօ­ղի մը մէջ պար­փա­կե­լով ծովն ու ցա­մա­քը: Նա­ւա­հան­գիս­տին մէջ շո­գե­նա­ւե­րը ան­շարժ հսկա­նե­րու պէս կե­ցեր էին ի­րենց խա­չա­ձեւ կայ­մե­րո­վը, կար­ծես թէ բա­րեւ բռնած: Ծո­վէն՝ Ղա­լա­թիան, ու ա­ւե­լի բարձ­րը՝ Բե­րան՝ ի­րենց ան­հա­մար լոյ­սե­րը կ՚սկսէին մէ­կիկ մէ­կիկ վա­ռել:

Ու սմքած՝ այս նա­ւա­կին մէջ, իր փոք­րիկ պօղ­չան թե­ւին տակ, Տիգ­րա­նու­հին, կամ­քէ ու գի­տակ­ցու­թե­նէ զուրկ, ու­շադ­րու­թեամբ մտիկ կ՚ը­նէր թիե­րուն ծո­վին մէջ մխրճուե­լու ձայ­նին, եւ հե­ռուն մու­թին մէջ վա­ռուող բի­ծե­րը կը դի­տէր, եր­բոր, ա­ռա­ջին ան­գամ, իր զաւ­կին խա­ղա­լը զգաց ո­րո­վայ­նին մէջ:

 

Գիւ­ղին մէջ Ղա­զար ա­ղա­յին տա­նը հա­մար գայ­թակ­ղու­թիւն մը չսե­պուե­ցաւ ա­սի­կա. թէեւ ճշմար­տու­թիւ­նը քիչ շատ ի­մա­ցուե­ցաւ, բայց ա­մեն­քը ը­սին որ Տիգ­րա­նու­հին ծա­ռա­նե­րէն մէ­կը գլխէ հա­նե­լուն հա­մար վռնտուած էր: Սուր­բիկ հա­նը­մին բա­րե­պաշ­տու­թեա­նը վրայ այս ա­ռի­թով ա­ւե­լի շատ խօ­սուե­ցաւ. ա­նոր տա­նը բա­րո­յա­կա­նին համ­բա­ւը քիչ մըն ալ ա­ւել­ցաւ կար­ծես: Տղուն աղ­ջիկ տալ ու­զող կի­նե­րը միա­բե­րան գո­վե­ցին մայրն ալ, զա­ւակն ալ:

Փօս­տա­լին մէկն էր, կ՚ը­սէին սպա­սու­հիին հա­մար, ա­սանկ տան մը խըյ­մէ­թը չգիտ­ցաւ:

Ա­ռու­տու­րի մէջ Ղա­զար ա­ղա­յին հետ գործ ու­նե­ցող­ներն ալ միեւ­նոյն կար­ծի­քէն էին: Ղա­զար ա­ղան, Սուր­բիկ հա­նը­մը կը մեղք­նա­յին, ա­նոնց ի գործ դրած բա­րի­քին դէմ ե­ղած ա­պե­րախ­տու­թեան վրայ կը զար­մա­նա­յին շա­րու­նակ:

Աշ­խարհք է աս, կը կրկնէին գլուխ­նին ե­րերց­նե­լով: