Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ան ատենն ալ առատ մազերը կը սիրէի ու քովընտի նստած` կը դիտէի ձիւնասպիտակ ծոծրակին վրայ ժողվուած սեւ թումբը` պարտէզին մէջ տեղ տեղ դրուած կազի լապտերներու լոյսերուն տակ, շքեղ ու անբարբառ ցոլացումով, որուն աչքերս յառած կը մնային:

Ինչե՜ր չէին ըսեր ինծի այդ մազերը. իրենց անմռունչ կեցուածքը` հո՛դ, այդ բարձունքին վրայ, պարկեշտ ու վրդովիչ բան մը ունէր:

Հեռուէն` նայուածքս կը հետեւէր անոնց շնորհալի շրջագիծին, կամակ ելեւէջներուն, ըմբոստ պզտիկ թելերուն, ըմբոստ` որպէս են ամեն պզտիկները, որոնք սանտրէն փախչելով կը դառնային կ՚իյնային վար, զսպանակի գալարումներով:

Քիչ քիչ, մտերմութիւն կը հաստատէի անոնց հետ. կը ճանչնայի զանոնք, գրեթէ կը խօսէի հետերնին:

Ամենէն հաճոյալի անակնկալը եղաւ երբ ինծի դարձաւ իր դէմքը. գեղեցի՞կ. ոչ հարկաւ. բայց տարօրինակ կերպով սրտի մօտ ու համակրելի պատկեր մը, յոգնած ու տրտում նայուածքով, որ ինկած տեղը կանգ առնելու պէս բան մը ունէր կարծես:

Անո՞ր համար երկար ատեն սեւեռած մնաց վրաս. չեմ գիտեր. բայց ինծի այնպէս թուեցաւ, որ այդ նայուածքը մանրամասն հետախուզեց զիս. չափեց, ձեւեց, տեսաւ մանաւանդ զմայլած ու քիչ մը ապշած արտայայտութիւնը աչքերուս: Գոհ երեւցաւ անշուշտ այս քննութենէն, վասն զի ժպիտ մը գծագրուիլը ու աներեւութանալը մէկ եղաւ երեսին սաստիկ կարմրութեանը մէջ, այն վերջալոյսի տարտամ շառաւիղներուն նման որոնք արեւմուտքին մէջ կը հալին` համասփիւռ շէկութիւն մը ձգելով հորիզոնին վրայ: