Ի՞նչ
կը
խորհիս
դուն,
ձեռքդ
գլխուդ
այդպէս,
պատուհանիդ
առջեւ
նստած.
թեթեւ
քամին
մեղմիւ
կը
շոյէ
մազերդ
ու
ես
կը
նշմարեմ
հոսկէ
անոնց
վրայ
վազող
սարսուռը:
Այս
իրիկուան
դէմդ
ելլող
տղո՞ւն
կը
մտածես
դուն
ալ.
սպասուած,
օր
մը
չէ
նէ
օր
մը
գտնուած
անծանօթին`
որ
հին
բարեկամի
մը
պէս
առջի
ժամեն
մտերիմ
կ՚երեւայ
քեզի,
ինչպէս
որ
ես
ահա,
փողոցին
մէջ
պատի
մը
տակ
կեցած,
քեզի
կը
մտածեմ:
Յետոյ,
ձանձրացած
այս
միակերպ
անշարժութենէն,
փողոցին
մէջ
կը
քալեմ,
աչքս
վեր
այդ
պատուհանին
սեւեռած.
ի՞նչ
կ՚ակնկալեմ
քեզմէ,
բառ
մը,
անուշ
խօսք
մը,
որ
շօշափելի
ապացոյցը
ըլլայ
մեզ
միացնող
համակրութեան:
Մութին
մէջ՝
չեմ
կրնար
որոշել
դէմքը,
զոր
ծնօտին
դրուած
ձեռքը
կը
գոցէ,
բայց
սեւ
մազերուն
ժողվուածքը
կը
տեսնեմ
յստակ.
մունջ
կեցած
է
հոն,
չհամարձակելով
առջի
բառը
ինքը
արտասանել:
Եւ
ես,
իրմէ
ոչ
նուազ
վեհերոտ,
չեմ
խօսիր,
վախնալով
որ
չխռովեմ
այս
գեղեցիկ
երազը
ու
ձեռքէ
չհանեմ
զայն:
Հիմա,
զովութիւնը
կ՚աւելնայ.
աջ
ու
ձախ
երկարող
փողոցներուն
մէջ
կը
լսեմ
գիշերապահին
ճոկանը
որ
կը
հնչէ
ու
կ՚իմացնէ
թէ
ժամը
եօթն
է:
Վերը
անշարժ
կ՚սպասէ
ան
իր
արձանի
դիրքին
մէջ,
ու
ես
վարէն,
զինքը
դիտելով
միայն
երջանիկ
եմ
ահա:
Հորիզոնին
վրայ
պլպլացող
լոյսերը
կը
տժգունին
քիչ
քիչ.
գիշերը
աւելի
յստակ,
վճիտ
ու
թափանցիկ
կ՚ըլլայ,
ու
հեռուն`
ծովին
մութ
կապոյտը,
իր
առջի
փայլը
կորսնցուցած`
սեւ
ծածկոցի
մը
պէս
կը
տարածուի
իբրեւ
թէ
անհուն
դագաղի
մը
վրայ:
Շուրջս
տիրող
վեհութեան
ու
խաղաղութեան
մէջ
ինքզինքս
ուրիշ
աշխարհ
մը
փոխադրուած
կ՚զգամ.
մաքուր
ու
խաղաղ
երկիր
մը,
որ
իզմէ
ու
իրմէ
զատ
բնակիչ
չունի.
ամբողջ
տիեզերքը
մեր
երկուքիս
ձգուած:
Աքաղաղները
կը
խօսին.
արեւելքէն
լոյսի
հոսում
մը
կ՚սկսի.
գեղեցիկ
մազերը
վերն
են
միշտ,
պատուհանին
առջեւ,
իրենց
առջի
դիրքին
մէջ.
հովը
կը
գգուէ
զանոնք,
անոնց
պզտիկ
թելերը
կը
դողացնէ.
դէմէն`
լոյսը
կ՚աւելնայ,
կը
զեղու,
կը
շռայլուի.
արշալոյսն
է:
Վաստակաբեկ,
ժամերով
հոս
անքուն
անցընելուս
համար
չեմ
գանգատիր.
դէմս
է
անիկա,
իր
պատուհանին
առջեւ
ինծի
պէս
անքուն,
ինծի
պէս
երազող:
Քիչ
մըն
ալ
կը
կենամ
այսպէս.
յանկարծ
սեւ
մազերու
կոհակը
կը
ճշդուի
աչքիս
առջեւ.
ռեհանի
պզտիկ
թումբ
մը,
իր
մութ
կարմիր
թաղարին
վրայ
կեցած,
առտուան
զեփիւռէն
կը
սարսռայ:
Ա՞ն
էր
բաց
պատուհանին
առջեւ
ինծի
սպասողը
մինչեւ
լոյս.
կը
զարմանամ.
ի՜նչպէս
չտեսայ.
ծաղրելի
կը
գտնեմ
ինքզինքս.
կը
բարկանամ
պզտիկ
իյնալուս
համար: