Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վերջապէս որոշումը տուաւ. իր միամիտ սրտին մէջ իր դատաստանը ըրաւ ու անիրաւ գտաւ ինքզինքը. ո՜ւր էր թէ այդ մարդասիրութիւնը տեսած չըլլար այս տանը մէջ ու երախտիքի մը պարտքին տակ չճնշուէր հիմա. փողոցի աղջիկ մը ըլլար, անոք ու անտէր, մազերը թափած ու ոտքը բոպիկ մուրացիկ մը, սիրելու ազատութիւնը պահելով։

Ու անմիջապէս դադրեցուց իր մտերմութիւնները, մէկ հարուածով կծկեց այս փոքրիկ ամփոփուկ ծաղիկը որ իր հոգւոյն մէջ դողալով կը փթթէր, մինչդեռ դէմը երիտասարդը կը զայրանար ու կը նախատէր զինքը։ Անոր դէմ կեղծաւոր անտարբերութիւն մը ձեւացնել հարկ էր, էն դժնդակը իր պարտաւորութեանցը. ամեն նախատինքի հանդուրժեց ու ամեն աղաչանքի դէմ անդրդուելի մնաց. հառաչանք մը դուրս չթռաւ իր խեղդուկ սրտէն, բայց որքա՜ն լացաւ իր բարձին վրայ։

Ամսուան մը մէջ երիտասարդին քով ոչինչ մնաց առջի սէրէն՝ մահացու ատելութենէ մը զատ. հիմա ամեն առթիւ իր յայտնի թշնամին էր տանը մէջ, այնքան որ մայրը կը միջամտէր իր տղուն անիրաւութեանը համար, ու առանձին մնացած ատեն Թագուկը կ՚սփոփէր։

Հոգդ մ՚ըներ, աղջիկս, էրիկ մարդիկ բարկացած ժամեր ունին։

Այդ միջոցին էր որ տղան հիւանդացաւ. այն ատեն քրոջ մը անձնուիրութեամբ խնամեց զինքը, օրերով անքուն հսկեց անկողնին քով, մօրը հետ միասին փոխնիփոխ բաժնելով մէջերնին յոգնութիւնը ու կսկիծը. ու երբ հիւանդին վիճակը ծանրացաւ ու տենդը ցնորանք բերաւ, այն ատեն իր վարանումները վերստին սկսան. ի՜նչ շահած էր այս բոլոր մահացումներէն. եւ հիւանդին սնարին քով, կանթեղին արձակած առկայծ ու դողդոջուն լոյսին պէս, իր համոզումները ու տուած որոշումները երերալ սկսան։

Այն ատեն փափաք մը ունեցաւ յիշատակ մը գոնէ պահելու իր ողորմելի սէրէն. մկրատ մը գտաւ փոքրիկ, որով հիւանդին երկարած մազերէն փունջ մը կտրեց առաւ, գողի պէս չորս դին նայելով։

Հիւանդը առողջացաւ, բայց իր երեսը չնայեցաւ. ոչ իսկ յիշեց զինքը. ծնողքը ամուսնացուցին զաւակնին ու Թագուկ հարսնիքին զուարթ ու խնդումերես երեւցաւ։

Անկէ ետքը, իր պարտքը կատարած մէկու մը խղճի հանդարտութիւնը ունեցաւ. իր սէրը կը պահէր սակայն սրտին մէջ, յանցանքի մը պէս որ թողութիւն ստացած է, պարտքի մուրհակ զոր հատուցած էր իր բոլոր երջանկութիւնը տալով, եւ զոր իրաւունք ունէր ա՛լ քովը պահելու։

Այսպէս պահեց ահա տարիներով փոքրիկ մազի փունջը ու ինքը չամուսնացաւ։

Հիմա, երեսուն տարի ետքը, կեանքի հազար փոփոխումներէ վերջ, հաշտուած էր նախկին բարեկամին հետ. եղբայրութեան կապը վերստին կը միացնէր զիրենք ահագին անջրպետի մը վրայէն։ Անիկա թոռան տէր ծերուկ մըն էր կորաքամակ, մազերը ճերմկած, մինչ իր քովինները ահա այդպէս թարմ ու դեղին կը մնային, ու ատոնց պէս իր սիրտն ալ երիտասարդ ու աշխոյժ մնացած էր, իբրեւ թէ յանկարծ դադրած ըլլար բաբախելէ այն օրը՝ ուր իր սիրածէն բաժնուելու ցաւը զգացեր էր. այդ օրէն ի վեր իր սիրտը ապրած չէր ու ծերացած ալ չէր, մինչդեռ մարմինը կ՚իյնար, կը տկարանար հետզհետէ։